ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հա՞յ թէ ծագումով հայ

Նախորդ շա­բաթ­նե­րուն «Հա՞յ թէ պոլ­սա­հայ» խո­րագ­րի ներ­քեւ այս սիւ­նա­կի վրայ քննար­կած էինք նման հար­ցումով գո­յացած միտ­քե­րը։ Այս ան­գամ ալ փոր­ձենք ըն­կա­լել ու ճիշդ դա­տել հայ եւ ծա­գու­մով հայ բա­ռերու նշա­նակու­թիւնը։

Նախ պար­տինք նշել թէ, այս հար­ցադրու­մը լոկ ներ­կայ ժա­մանա­կի թե­լադ­րանքը չէ։ Ան­ցեալին եւս եղած են հա­յեր, որոնց հայ ծա­գում ու­նե­նալը յա­տուկ նշա­նակու­թիւն չէ ու­նե­ցած իրենց գոր­ծին եւ կեան­քին մէջ։ Պատ­մա­բան­ներ զա­նազան վկա­յու­թիւններ ու­նին հռո­մի բազ­մա­թիւ կայսրե­րէն վրաց ար­քունիք, պար­սից շա­հերէն օս­մանցու սուլթան­ներ կամ վար­չա­պետեր, զա­նազան­նե­րու հայ ծա­գու­մին մա­սին։ Նոյ­նիսկ կը պնդո­ւէր թէ Պա­քին­կըմ պա­լատի վեր­ջին թա­գու­հին 1/18 հա­մեմա­տու­թեամբ հայ­կա­կան ծա­գում ու­նի։

Երբ իբ­րեւ զբօ­սաշրջիկ կ՚այ­ցե­լէք Թուրքիոյ զա­նազան վայ­րեր, խիստ հա­ւանա­կան է որ մար­դիկ լսե­լով ձեր հայ ըլ­լա­լը, իմաց տան թէ ան­մի­ջապէս հա­րեւան գիւ­ղի ամ­բողջ բնակ­չութիւ­նը հա­յերէ կը բաղ­կա­նայ։ Իսկ եթէ այս լսու­մէն տա­րուած՛ այ­ցե­լէք նշո­ւած գիւ­ղը, զար­մանքով պի­տի տես­նէք թէ հոն բո­լորը կը մեր­ժեն իրենց վե­րագ­րո­ւած հա­յու ինքնու­թիւնը, ձեզ վստա­հեց­նե­լով թէ բո­լորն ալ հա­ւատա­ցեալ մահ­մե­տական­ներ են, իսկ ազ­գութեամբ թուրք։

Ու­րեմն կը պար­զո­ւի թէ կա­րեւո­րը ան­հա­տին ինքզինք ինչպէս ներ­կա­յաց­նելն է, այլ ոչ թէ ու­րիշնե­րուն նոյ­նիսկ իրա­ւացի պնդումնե­րը։

Թուրքիոյ խորհրդա­րանի մօ­տակայ ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ հրա­պարա­կուե­ցան երես­փո­խանա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րու անո­ւանա­ցան­կե­րը։ Նա­խապէս ար­դէն իսկ յայտնի էր թէ Կա­րօ Փայ­լան աւար­տած ըլ­լա­լով իր կու­սակցու­թեան պայ­մա­նաւո­րած առա­ւելա­գոյն եր­կու շրջա­նի պաշ­տօ­նավա­րու­թիւնը, այս ան­գամ թեկ­նա­ծու պի­տի չըլ­լար։ Բայց ար­դեօք կու­սակցու­թիւնը պի­տի ու­զէ՞ր նոր հայ պատ­գա­մաւոր մը առա­ջար­կել։ Զա­նազան կար­ծի­քի փո­խանա­կումներ կ՚ըլ­լա­յին այս մա­սին, բայց ցան­կե­րու հրա­պարա­կու­մով յայտնի դար­ձաւ թէ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը այս ընտրու­թիւննե­րուն հայ պատ­գա­մաւոր պի­տի չու­նե­նայ։

Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն թեկ­նա­ծու առա­ջադ­րո­ւած է Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի բժիշկ Սե­ւան Սը­վաճըօղ­լու։ Ան կարճ ժա­մանակ առաջ կու­սակցու­թեան ընդհա­նուր ժո­ղովին ար­դէն պաշ­տօ­նակո­չուած էր Կեդ­րո­նական Գոր­ծա­դիր Խոր­հուրդի ան­դամ։ Յի­շելով այս կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն նա­խապէս ընտրոած Մար­գար Էսա­յեանը, կը տա­րուինք խոր­հե­լու թէ այս թեկ­նա­ծու­թեամբ խորհրդա­րանի մէջ հա՞յ պատ­գա­մաւոր պի­տի ու­նե­նանք, թէ ոչ ծա­գու­մով հայ։

Կա­րօ Փայ­լան եր­կու ընտրաշրջան­ներ ընդգրկող ու­թը տա­րինե­րու ըն­թացքին ար­տա­կար­գօ­րէն յա­ջող ծա­ռայու­թիւն մա­տու­ցեց, որու ար­դիւնքին աստղի մը նման փայ­լե­ցաւ թէ իր կու­սակցու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն, եւ թէ ամ­բողջ հա­յու­թեան դի­մաց։ Նման ար­դիւնքի հաս­նե­լուն մէջ կա­րեւոր գոր­ծօն մըն էր իր ան­դա­մակ­ցած կու­սակցու­թեան որ­դեգրած գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը։

Սե­ւան Սը­վաճըօղ­լու իր կող­քին նման ուժ մը պի­տի չու­նե­նայ, հե­տեւա­բար ար­դար չէ իր­մէ ակնկա­լել Կա­րօ Փայ­լա­նի նման խի­զախ ար­տա­յայ­տութիւններ։ Ընդհա­կառակ՝ հա­ւանա­կան է որ իր­մէ պա­հան­ջո­ւի պե­տու­թեան կար­գա­խօսի հա­մապա­տաս­խան ելոյթներ։

Անու­նը անա­րատ պա­հելու հա­մար կան պա­հեր, ուր լռու­թիւնն ալ նշա­նակու­թիւն կ՚ու­նե­նայ։

pakrates@yahoo.com