ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Մեղք Բ.

Վայելե­ցինք 52 շա­բաթ­նե­րու ամե­նէն աւա­գը եւ զօ­րաւո­րը՝ Աւագ շա­բաթը։ Հո­գեւոր հայ­րե­րը բո­լորիս յի­շեցու­ցին, թէ ինչ որ հի­ւան­դութիւնն էր մարմնին հա­մար, մեղքն ալ նոյնն էր հո­գիին հա­մար, ապա ջեր­մե­ռանդ աղօթ­քով խոս­տո­վանե­ցանք մեր մեղ­քե­րը«Մե­ղայ Աս­տուծոյ»։ Նա­խորդ յօ­դուա­ծիս մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, կը յի­շէ՞ք, մենք փոր­ձե­ցինք հասկնալ մեր բո­լոր մեղ­քե­րուն ար­մա­տը։ Տխրե­ցանք նաեւ տես­նե­լով, թէ քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ, հայ­րե­նիքի մէջ դեռ կը բնտռենք մօ­տիկ ան­ցեալի ձա­խողու­թիւննե­րու եւ ռազ­մա­կան պար­տութիւննե­րու մե­ղաւոր­նե­րը։ Իսկ գրա­կան աշ­խարհի մէջ, կար­դա­ցինք, թէ միջ­նա­դարուն ունցեր ենք բազ­մա­թիւ մե­ղաւոր­ներ՝ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցէն մին­չեւ Սա­յաթ-Նո­վա՝ վար­դա­պետ-բա­մաս­տեղծներ, ան­փորձ աշուղներ, սի­րավառ տա­ղասաց­ներ եւ մա­տեան­ներ ըն­թօ­րինա­կող ալե­հեր, դող­դոջ գրիչ­ներ։ Իսկ այ­սօր կը ծա­նօթա­նանք ժա­մանա­կակից գրիչ­նե­րու գրա­կան-քնա­րական մեղ­քե­րուն, յու­սա­լով, թէ խոս­տո­վանան­քի ար­ցունքնե­րը եւ գար­նան անձրեւ­նե­րու ջինջ կա­թիլ­նե­րը մաք­րեն մեր բո­լոր մեղ­քե­րը ու այս աշ­խատանքը հաս­նի իր նպա­տակին։

Մեղ­քի զա­ւակ­նե­րը

«Մեղք» բա­ռը ծնունդ տո­ւաւ բազ­մա­թիւ ար­տա­յայ­տութիւննե­րու եւ դար­ձուածքնե­րու։ Զա­նոնք կա­րելի է կո­չել «մեղ­քի զա­ւակ­ներ», ինչպէս՝ գրա­բարա­խօս մեր նա­խահայ­րե­րու ըն­տիր խօս­քե­րը. «Քո է մեղն», «Ոչ իմ է մեղն», «Ի մեղս ար­կա­նել», «Խոս­տո­վանել զմեղս իւր», բո­լորն ալ ժա­մանա­կակից հա­յու հա­մար հասկնա­լի ար­տա­յայ­տութիւններ։ Մեր դա­սական լե­զուն նաեւ մե­զի ծա­նօթա­ցուց մեղ­քի փոքր ու մեծ տե­սակ­նե­րը. «Մեղք փոքր», «Մեղք թե­թեւ», «Եօթն մա­հու­չափ մեղք», «Սկզբնա­կան մեղք», «Ներ­գործա­կան մեղք»։ Իսկ այ­սօր գրա­կան էջե­րու մէջ յա­ճախ կը հան­դի­պինք «Սի­րոյ մեղք», «Երե­ւակա­յու­թեան մեղք», «Երի­տասար­դութեան մեղ­քեր», «Մեղ­քի վար­դեր», «Մեղ­քի շու­շաննե­ր» ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն, ինչպէս նաեւ այս խօս­քին, որ բազ­մա­թիւ բամ­բա­սանքնե­րու պատ­ճառ է, ան­լո­ւալի մե­ղադ­րանք եւ կեան­քի դժբախ­տութիւն՝ «Մեղ­քի զա­ւակ»։

Մեղ­քը խաղ չէ

1800-ական թո­ւական­նե­րուն «մեղք» բա­ռը սկսաւ հայ­կա­կան գիր­քե­րու վրայ յայտնո­ւիլ, որ­պէս խո­րագիր։ Այդ գիր­քե­րու տպագ­րա­վայ­րե­րու աշ­խարհագ­րութիւ­նը լայ­նա­տարած է այնքան, որ­քան լայ­նա­տարած էին մեր մեղ­քե­րը։ Այժմ ծա­նօթա­նանք այդ թուղթէ «մե­ղաւոր­նե­րուն». «Մեղ­քի մե­ծանա­լոյն եւ զօ­րանա­լոյն հա­մար», Մոս­կո­ւա, Լա­զարեանց տպա­րան, 1840, Կալ­կա­թա, 1841։ Ապա լոյս տե­սաւ դաս­տիարակ­չա­կան գիրք մը. «Մեղ­քը խա­ղալիք չէ», Զմիւռնիա, 1844։ Պոլ­սոյ Զար­դա­րեան տպա­րանը 1880 թո­ւակա­նին հրա­տարա­կեց բղջա­խոհու­թեան վնաս­նե­րը բա­ցատ­րող օգ­տա­շատ գիրք մը՝ «Օնա­նու մեղ­քը կամ գի­ջական ախ­տե­րու հե­տեւանքներ»։ Ըստ երե­ւոյ­թին պոլ­սա­հայե­րը այդ օրե­րուն Աս­տուծոյ պա­տուի­րան­նե­րէն հե­ռանա­լու վտան­քի մէջ էին։ Այ­նուհե­տեւ, 1883 թո­ւակա­նին Զար­դա­րեանը հար­կադրո­ւեցաւ մէկ այլ գիրք տպե­լու՝ «Եօթն մա­հացու մեղ­քեր»։ Իսկ դուք հի­մա կ’ու­զէք գիտ­նալ, թէ հայ­կա­կան տպագ­րա­վայ­րե­րու մէջ ո՚րն էր ամե­նէն «մե­ղաւո­րը», ո՚ւր տպո­ւեցան «մեղք» բա­ռի առա­ջին գիր­քե­րը։ Պա­տաս­խա­նը շատ հե­ռու չէ Երե­ւանէն. Շու­շի քա­ղաքն է ան։ Իսկ գիր­քեու անուննե՞րը… Ըսեմ. «Մեղ­քի մե­ծանա­լոյն եւ զօ­րանա­լոյն հա­մար», Բո­ղոքա­կան քա­րոզիչ­նե­րու տպա­րան, 1833, եւ «Մեղքն խաղ անե­լոյ բան չէ», նոյն թո­ւական։

Պոլ­սա­հայ մեղ­քեր

Պոլ­սա­հայ գե­ղապաշտ քնա­րը 1900 թո­ւական­նե­րուն «մեղք» բա­ռը ազա­տօրէն գոր­ծա­ծեց, անոր տա­լով սի­րային-քնա­րական գրաւ­չութիւն մը։ Ռու­բէն Սե­ւակը մայ­րա­քաղա­քը դի­տող Փրին­քի­փօ կղզիին մէջ, թո­քախ­տէ տա­ռապած օրե­րուն, բա­րեգ­թութեամբ գրեց. «Ին­չո՞ւ, ին­չո՞ւ զիս սի­րեցիր, Փոք­րի՚կ աղ­ջիկ, քե­զի մեղք էր»։ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը նկա­րագ­րեց «առա­ջին մեղ­քըե… «Բո­պիկ ոտ­քով մե­ռա՜ծ ու­լին քով կանգնած՝ / Լա­ցա՜ւ, լա­ցա՜ւ, եւ արիւնլուայ ձեռ­քե­րով / Իր թաց աչ­քե­րը շփեց, / Մինչ գլխուն վրայ կը թօշ­նէին յաս­միկներն, / Հրա­պու­րո­ւած կոյսն իր անուշ / Մեղ­քը լա­ցաւ»։

Կով­կա­սի մե­ղաւոր աչ­քե­րը

Հայ­կա­կան գե­ղապաշտ գրա­կանու­թեան արե­ւելեան ճիւ­ղի մէջ Վա­հան Տէ­րեանն էր այն բա­նաս­տեղծը, որ եր­գեց մեղ­քի քաղցրու­թիւնը։ «Մթնշա­ղի անուրջներ» ժո­ղովա­ծուն մեղ­քի «ան­ծայր ծով» է։ Եթէ թեր­թենք այդ գիր­քի էջե­րը, կը հասկնանք թէ ո՛վ է մե­ղաւոր եւ ո՛վ է ան­մեղ։ Ահա քա­նի մը տո­ղիկ. «Ես սի­րում եմ քո մե­ղաւոր աչ­քե­րը խոր, / Գի­շերի պէս խորհրդա­ւոր»։ Ի՜ նչ պարզ է. աչ­քերն են մե­ղաւոր, սեւ եւ խոր աչ­քե­րը. «Քո մե­ղաւոր, խորհրդա­ւոր աչ­քե­րը մութ, / Որ­պէս թո­վիչ իրիկ­նա­մուտ… Քո աչ­քե­րի ան­ծայր ծո­ւում մեղքն է դո­ղում»։ Օր մը Տէ­րեանի սի­րած կոյ­սը, որ­պէս «հրա­պոյր», մօ­տեցաւ անոր, խո­նար­հե­ցաւ եւ այդ թո­քախ­տա­ւորին տո­ւաւ համ­բոյր մը։ Համ­բո­յը մե՞ղք է։ Տէ­րեանը կը պա­տաս­խա­նէ. «Մթնում բոր­բո­քուեց մի ար­նոտ համ­բոյր, / Մեղ­քի պէս թո­վիչ, ցա­ւի պէս խե­լառ»։ Իսկ մեղ­քը, ըստ Տէ­րեանի, հար­կա­ւոր էր աղ­տե­ղած սիր­տե­րու հա­մար։ Տղան մե­զի տո­ւաւ հե­տեւեալ խրա­տը. «Մի ափ­սո­սա մեղ­քիդ հա­մար - սիր­տը մաք­րող սուրբ հուր է նա»։

Մե՞ղք է սի­րել

Կոս­տան Զա­րեանը, «Նա­ւը լե­րան վրայ» վէ­պի հե­ղինա­կը, ազա­տամար­տի­կի յու­շա­տետ­րի հի­ման վրայ գրի առաւ «Տատ­րա­գոմի հա­րսը» լայ­նա­շունչ բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Պատ­մութեան մէջ Սա­նանը, մար­տի­կի նոր հարս, որ ու­նէր նուշ աչ­քեր, եօթը տա­րի սպա­սեց որ փե­սան տուն գայ։ Տղան ուխտ է ըրած իր հրա­ցանի հետ, որ ցկեանս պէտք է որ մնան ան­բա­ժան։ Օր մը Սա­նանի կամ­քը կը թու­լա­նայ ու կը սի­րէ՝ օտար տղայ մը։ Լու­րը լեռ­նե­րու վրայ կը տա­րածո­ւի եւ աղ­ջի­կը կը յայտնո­ւի լեռ­նե­րու դա­ժան Աստո­ւած­նե­րու սահմռկեց­նող դա­տարա­նին առ­ջեւ. Սա­նանը ինքնա­պաշտպա­նու­թեան եւ իր մա­հացու մեղ­քը ար­դա­րաց­նե­լու ան­յոյս փորձ մը կը կա­տարէ ու կ’աղեր­սէ. «— Ես սի­րեցի… մե՞ղք է սի­րել… ես ոչ ոքի եր­դում չտուի / Մնալ այ­րի, մնալ մի­նակ, ընդմի՜շտ մի­նակ… / Ես սի­րեցի, մե՞ղք է սի­րել»… Կիւմրե­ցի բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կագիր եւ թարգմա­նիչ Մկրտիչ Ար­մէ­նը «Հեղ­նար աղ­բիւր» վի­պակի մէջ կար­ծես կը փոր­ձէր Սա­նանին պաշտպա­նել. «Ո՞վ ասաց, թէ սէ­րը մեղք է, ո՞վ է գրել այդ օրէն­քը»։ Իսկ իրա­նահայ բա­նաս­տեղծ, լե­զուա­բան եւ թարգմա­նիչ Վա­րան­դը «Մեղք մեղ­րա­թոյր» քեր­թո­ւածի մէջ մեղ­րա­համ ու ան­մեղ իրիկ­նա­պատ­կեր մը նո­ւիրեց մե­զի. «Նստած՝ դա­տարկ քո աթո­ռին նա­յում, / Կա­րօտում եմ քաղցր ժպիտդ մեղ­սոտ, / Մեղ­քոտ աչ­քե­րիդ մո­մերն վառվռուն, / Թաւ շշուկնե­րիդ, երան­գը մեղ­րոտ»։

Վեր­ջին մեղ­քը

Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, յու­սամ մաք­րե­ցինք մեր մեղ­քե­րու հա­շիւը ու պատ­րաստ ենք նոր կեան­քի մը։ Որ­պէս հրա­ժեշտ կ’առա­ջար­կեմ կրկին հրա­ւիրել Նա­ղաշ Յով­նա­թան տա­ղասա­ցը, նա­խոր­դը եւ աւա­գը Սա­յաթ Նո­վայի։ Ան էր, որ նա­խորդ յօ­դուա­ծի մէջ մեղ­մա­բար ըսած էր, «Նիստ, քո մեղ­քերդ լաց, Նա­ղաշ Յով­նա­թան, / Աշ­խարհս ան­ցա­ւոր է, չէ մնա­ցական», հա­ւատա­լով, թէ ար­ցունքը կը մաք­րէ բո­լոր մեղ­քե­րը։ Իսկ այ­սօր մեր սի­րելի տա­ղասա­ցը, խօ­սի սի­րոյ մեղ­քի մա­սին, թէ գե­ղեցի­կը, հայ, թէ օտար, մար­դուն կը դարձնէ մե­ղաւոր մը՝ անոր ­սի­րու­նա­տես պատ­կե­րով հար­բած.

Ես Նա­ղաշն եմ, մե­ղաց ծով եմ,

Նո­ցա սի­րովն գի­նով եմ,

Խա­պար չեմ, թէ ինչպէս գո­վեմ

Վրաստա­նայ գո­զալ­ներն։