ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Արձագանգէք աղաղակին

Վաղեմի ընկերներէս Արտաշէս Չաւուշեան իբրեւ անեկդոտ պատմած էր Մելքոնեանի ննջարանին մէջ սեւամորթ հայերու հետ ծանօթանալու պահը։ Արտաշը պատկերացում իսկ չունէր թէ աշխարհի երեսին կան սեւամորթ հայեր ալ։ Սեւամորթ եւ բոլորովին հայախօս։ Հայախօս ըսելով այս անգամ կը յիշեմ սիրելի Լուիզ Պաքարի մէկ վկայութիւնը, որ կարդացած եմ «Ակօս»ի էջերուն վրայ։ Ան ալ կը պատմէր Մեսրոպ Պատրիարքի հետ դէպի Հռոմկլայ ելած ճամբորդութեան ընթացքին Պիրեճիքի մօտակայ Սէյլեք գիւղի մէջ հանդիպած տարեց հայուն, որ անթերի հայերէնով մը դիմաւորած էր մեր պատրիարքը եւ կոյր աչքերով առաջնորդած իր խնամած այգին։ Նուրի էր այդ ծերունիի անունը։

Այս օրինակները վերյիշելով կը տարուիմ մտածելու թէ Աստուած իմ, աշխարհի վրայ հայու ի՞նչ կերպարներ կան, որոնք հեռու են մեր ընկալումներէն։

Երեքշաբթի օր Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ինծի համար շատ սիրելի ու արժէքաւոր Հաքան Պաքըրճըօղլուի յուղարկաւորութեան ընթացքին եկեղեցին եւ բակը ամբողջովին լեցուցած զանգուածի դէմքերուն նայելով կրկին անգամ մտաբերեցի նոյն հարցումը։

Եթէ խնդրին նայինք պոլսահայ համայնքի մակարդակով, կարելի է ենթադրել թէ մեզմէ շատեր դոյզն իսկ պատկերացում չունին Ատըեամանի Գահթա գաւառին մէջ բնակութիւն պահած շուրջ 20 հազար հայերու մասին։ Հազիւ այս վերջին տարիներուն է որ անոնք յաջողեցան իրենց զաւակները Գալֆայեան կամ Դպրեվանքի նման Պոլսոյ վարժարաններ ուղարկել։ Իսկ այսքանը, նոյնիսկ այդ աշակերտութեան արձանագրած յաջողութիւնները բաւարար եղա՞ն այդ զանգուածին տեսանելի ըլլալուն համար։

Եթէ Մեծ Եղեռնէն այս կողմ երկրի խորքերուն իրենց գոյութիւնը պահած հայեր կան, եթէ կ՚ուզեն տեսանելի ըլլալ եւ կը մերժուին կամ կ՚արհամարուին իրենց հայախօս չըլլալուն, հայերէն անուն չունենալուն պատճառաւ, ուրեմն իբրեւ համայնք մեծ խնդիր մը ունինք։

Արդար ըլլալու համար նշենք թէ Պատրիարքական Աթոռը որոշ հոգատարութիւն ունի գաւառի հայութեան հանդէպ։ Այս համոզումին կը հասնինք ոչ միայն վերջին երկրաշարժի աղէտէն ետք ցուցաբերուած աջակցութեան, այլ Եոզղատի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականաց գրասենեակի կարգադրութիւններուն սպասող քանի մը տասնեակ իրաքահայերու օրինակն ալ նկատի ունենալով։

Վերադառնանք Ատըեամանի Գահթա եւ Կերկեր գաւառներու հայութեան։ Ասորի եկեղեցին այստեղ ունի եպիսկոպոսական աթոռ։ Տարածքի բոլոր քրիստոնեաներու հոգեւոր ծառայութիւնը իրեն կը վիճակի։ Իսկ մեր եկեղեցին նոյնիսկ կը զլանայ այցելու հոգեւորականով իսկ ծառայութիւն մատուցել։ Մանաւանդ ալ նշենք որ գաւառի հայութեան ընդհանուր հովիւ նշանակուած Տէր Աւետիս Թապաշեան ինք եւս Ատըեամանցի է։ Սակայն ի վիճակի չէ ինք իր գլխուն հովուապետական այցելութիւն կատարելու։

Ուրեմն մեզի կը վիճակի Պատրիարքարանը հրաւիրել իր պաշտօնին թելադրած առաքելութիւնը կատարելու։

Սրբազանք ու պարոնայք, նաեւ տիկնայք եւ երեխէք, գիտցէք որ կորած հարազատներ ունիք այս երկրի տարածքին եւ անոնք կը սպասեն իրենց ճիչը լսող խիղճերու արձագանգին։

pakrates@yahoo.com