Թուրքիոյ մօտալուտ ընտրութիւնները բնականաբար ուշադրութեան կ՚արժանանայ նաեւ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն եւ բնականաբար մամուլին։ Հետեւաբար յաճախ կը դիմեն մեզ, լսելու համար թէ հաւանական իշխանափոխութեան պարագային ի՞նչ փոփոխութիւններ կ՚ակնկալուին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու առումով։
Կը դժուարանամ բացատրելու թէ Թուրքիոյ մէջ որոշ նիւթեր կախեալ են ընտրութիւններու հետեւանքով իշխանութիւնը նուաճած քաղաքական ուժի նախընտրութիւններէն։ Իսկ կան խնդիրներ, որոնք կարծես հաստատուած են անգիր համաձայնութիւնով մը եւ կը կազմեն պետութեան հիմնաքարը։
Հայկական խնդիրը այդպիսիներէն է Օսմանեան Կայսրութեան փլուզման շրջանէն մինչեւ մեր օրերը։
Նախ տեսլական մըն էր Օսմանեան Կայսրութեան աւերակներուն վրայ հիմնել հանրապետութիւն մը։ Այս հանրապետութիւնը պիտի ունենար ազգային բնոյթ։ Ուրեմն կայսրութեան ժողովուրդներէն մէկը իր շուրջ պիտի համախմբէր մնացեալ բոլոր իսլամադաւան ժողովուրդները եւ անոնց պիտի պարտադրէր իր գերակայութիւնը։ Որոշեցին կայսրութեան տնտեսական, մշակութային ու ընկերային առումով ամենատկար տարրը երկրի տիրակալը դարձնել։ Այս հեռապատկերը իրականացնելու համար անհրաժեշտ էր արիւն թափել եւ անվարան դիմեցին այդ ճանապարհին։ Երկրի քրիստոնեայ ժողովուրդները ցեղասպանելով կամ աքսորելով վերացուցին եւ տասնամեակներու հոլովոյթով ալ մնացեալ ազգային փոքրամասնութիւնները թրքացնելով ստեղծեցին արհեստական ազգ մը։
Այս բոլորը ամուր դիրքի մէջ պահելու համար ձեւաւորուած քաղաքական ռազմավարութիւնը դարձաւ նաեւ պետութեան հիմքը։
Ուրեմն գաղտնիք չէ որ ընտրութեան արդիւնքներէն անկախ կերպով յարատեւէ այս մասին որդեգրուած ճանապարհը։
Ճիշդ է որ երկրէ ներս հետզհետէ նոր միտքեր կը զարգանան։ Այդ միտքերը կը թելադրեն անցեալի մեղքերու հետ առերեսուիլ։ Սակայն եկէք հաստատենք որ նման առերեսումը շատ սուղ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Նախկին նախարար Մեհմետ Աղար այս իրողութիւնը բացատրեց տեղէն շարժելու պարագային ամբողջ պատի մը փուլ գալուն պատճառ դառնալիք աղիւսի օրինակով։
Բացառուած չէ, մի գուցէ օրը կը հասնի եւ մէկը համարձակութիւն կը գտնէ այդ աղիւսը տեղէն հանելու, յանձն առնելով բոլոր հետեւանքները։ Բայց օրը այդ օրը չէ տակաւին։
Ընտրութիւնը երկիրը կը բերէ երկընտրանքի մը առաջ։ Կամ թալիպանանման ծայրայեղ կրօնամոլութիւն մը, կամ ալ դէպի քաղաքակիրթ աշխարհին մերձենալ ձգտող նոր ճանապարհի մը որոնումը։ Ներկայ դրութեան մէջ երկու ընտրանքներն ալ յոյսեր չեն ներշնչեր Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու առումով։ Այդ բարելաւման նուազագոյն չափանիշն է բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը եւ այդքանը իսկ յաջողութիւն համարելու շեմին ենք։
pakrates@yahoo.com