ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Մեղք

Նկատե­լով, թէ ար­­դէն հա­­սեր է շա­­բաթ­­նե­­­րուն ամե­­նէն աւա­­գը եւ զօ­­րաւո­­րը՝ Աւագ շա­­բաթը, երբ հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րը եկե­­ղեցի­­ներու բե­­մէն իրենց քա­­րոզ­­նե­­­րու մէջ բո­­լորիս պի­­տի յի­­շեց­­նեն, թէ ինչ որ հի­­ւան­­դութիւնն է մարմնին հա­­մար, մեղքն ալ նոյնն է հո­­գիին հա­­մար, ապա ջեր­­մե­­­ռանդ աղօթ­­քով հա­­յը պի­­տի խոս­­տո­­­վանի իր մեղ­­քե­­­րը- խմբա­­կան եւ անձնա­­կան-, ու պի­­տի ըսէ «Մե­­ղայ Աս­­տուծոյ», այ­­սինքն մեղք գոր­­ծե­­­ցի Աս­­տուծոյ առ­­ջեւ, իսկ քա­­հանան թո­­ղու­­թիւն պի­­տի շնոր­­հէ բո­­լորին, ձայ­­նե­­­լով՝ «Քա­­ւեալ լի­­ցին քեզ մեղք քո», միեւ­­նոյն ժա­­մանակ, քա­­ղաքա­­կան գետ­­նի վրայ դեռ հայ­­րե­­­նիքի մէջ մօ­­տիկ ան­­ցեալի ձա­­խողու­­թիւննե­­րու եւ ռազ­­մա­­­կան պար­­տութիւննե­­րու հա­­մար կը բնտռենք մե­­ղաւոր­­ներ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, որո­­շեցի ստու­­գել «մեղք» բա­­ռի պատ­­մութիւ­­նը ու հասկնալ մեր բո­­լոր մեղ­­քե­­­րուն ար­­մա­­­տը, հա­­ւատա­­լով, թէ այս աշ­­խա­­­տան­­քով կա­­րելի ըլ­­լայ, մի գու­­ցէ, մաք­­րել ան­­ցեալի մեղ­­քե­­­րը ու զա­­նոնք հա­­կակշռած ըլ­­լալ պտղա­­բեր գոր­­ծով։

Առա­­ջին մե­­ղաւո­­րը

Թի­­ւով շատ են մե­­ղաւոր հա­­յերը։ Բայց, ու­­զե­­­ցի գիտ­­նալ, թէ ո՛վ էր գրա­­ւոր հա­­յերէ­­նի առա­­ջին մե­­ղաւո­­րը։ Բո­­լոր աղ­­բիւրնե­­րը մատ­­նանշե­­ցին մէկ անուն- Մես­­րոպ Մաշ­­տոց։ Այս սուրբն է որ գրեց մեր առա­­ջին հո­­գեւոր եր­­գե­­­րը ու իր իսկ ստեղ­­ծած նո­­րագիւտ նշա­­նագի­­րերով խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ հե­­տեւեալ ձե­­ւով.

Մեղք իմ բա­­զում են յոյժ,

Ծանր են քան զա­­ւազ ծո­­վու.

Այս յու­­զիչ քա­­ռեակը, ըստ երե­­ւոյ­­թին, բա­­ւարար չէր իր բո­­լոր մեղ­­քե­­­րը ար­­տա­­­սանե­­լու, Սուրբ Մես­­րոպ ըսաւ. «Ի խորս մե­­ղաց ծո­­վու տա­­րաբե­­րեալ ծփիմ, նա­­ւապետ բա­­րի, փրկեա՚ զիս»։

Մեղ­­քի տոպ­­րա­­­կը

Հա­­յը կը «գոր­­ծէ» մեղք, ապա ջեր­­մե­­­ռանդ աղօթ­­քով մեղ­­մօ­­­րէն կ’ըսէ. «Հա­­ւատամք… ի քա­­ւու­­թիւն եւ ի թո­­ղու­­թիւն մե­­ղաց»։ Գի­­տենք, թէ բազ­­մա­­­թիւ են մեղ­­քի դրդա­­պատ­­ճառնե­­րը, բայց անոր լե­­զուա­­կան ար­­մա­­­տը մէկ է, «մեղ», միավանկ մը որ կը նշա­­նակէ՝ սխա­­լիլ, խա­­բել։ Այս բա­­ռը սերտ կա­­պեր ու­­նի «մո­­լորիլ, մո­­լորու­­թիւն» բա­­ռերու հետ։ Հա­­յը, իր բա­­զում մեղ­­քե­­­րը ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու հա­­մար մտայ­­ղա­­­ցաւ նաեւ բազ­­մա­­­թիւ պատ­­կե­­­րալից բա­­ռեր, ինչպէս՝ մե­­ղապարտ, մե­­ղադիր, չքմեղ, չքմե­­ղանք, սա­­կաւա­­մեղ, երկրա­­մեղ, մեղ­­սա­­­թաթաւ, մեղ­­սա­­­կից։ «Մեղք» բա­­ռի մեծ­­կակ եւ ծան­­րակշիռ տոպ­­րա­­­կի մէջ մտան նաեւ բազ­­մա­­­թիւ դար­­ձո­­­ւածքներ. «Մեղք հա­­մարել», «Մե­­կուն մեղ­­քը առ­­նել», «Մեղ­­քը գալ», «Մեղ­­քը վի­­զը»։ Հա­­յը, պա­­տահե­­ցաւ նաեւ, որ «իր վրայ առաւ» ու­­րի­­­շի մեղ­­քը, եւ «մտաւ» մեղ­­քի տակ՝ այ­­սինքն ու­­րի­­­շի դժբախ­­տութեան պատ­­ճառ դար­­ձաւ։ Իսկ «մե­­ղաւոր» դար­­ձո­­­ւածքնե­­րու առա­­ւել պատ­­կե­­­րալիցն է «Մեղ­­քի տոպ­­րակ», այ­­սինքն՝ շատ մեղ­­քեր գոր­­ծած մարդ։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կ’առա­­ջար­­կեմ աւե­­լի չքրքրել այդ տոպ­­րա­­­կը, վախ­­նա­­­լով, թէ այլ մեղ­­քեր անսպա­­սելիօրէն յոր­­դին անոր խոր­­քե­­­րէն։ Այժմ անցնինք յա­­ջորդ խո­­րագի­­րին։

Ես ի՞նչ «միխկ» գոր­­ծե­­­ցի

Ի՜նչ մեղք, որ հայ հե­­ղինա­­կը «մա­­քուր» հա­­յերէ­­նով գրեց բազ­­մա­­­թիւ պատ­­մութիւններ։ Երա­­նի անոնք աւե­­լի յա­­ճախ եւ առա­­տօրէն օգ­­տա­­­գոր­­ծէին գա­­ւառա­­ցիի հա­­րազատ լե­­զուն։ Այն ժա­­մանակ աւե­­լի հա­­մեղ լե­­զու կը լսէինք ու կը սոր­­վէինք, թէ հա­­յը Ալաշ­­կերտի, Հա­­ճընի եւ Մշոյ մէջ կը գոր­­ծէր «մեխք», Թիֆ­­լի­­­սի մէջ «միղ» եւ «միխկ», Մու­­սա լե­­րան, Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի մէջ «միխք», Գո­­րիսի, Ար­­ցա­­­խի մէջ «մէխկ», իսկ Սե­­բաս­­տիոյ եւ Պոլ­­սոյ մէջ «մէխք»։ Շնոր­­հա­­­կալ ենք թա­­տերա­­գիր Գաբ­­րիէլ Սունդու­­կեանին, որ իր թա­­տերա­­խաղե­­րը Կով­­կա­­­սի բար­­բա­­­ռով գրեց. «Վա՛, միխկ չէ՞… խիղճ էրե­­խեր­­քը միխկ ին… Խիղճ ախչկան միխկ չէ՞»։

718-րդ մեղ­­քը

Հա­­յը որ ազատ ու ան­­տարբեր կ’ապ­­րէր լեռ­­նե­­­րու իր հե­­թանոս կեան­­քը, 301 թո­­ւակա­­նին բռնեց Աս­­տո­­­ւածա­­շունչ մա­­տեանը ու տե­­սաւ, թէ գո­­յու­­թիւն ու­­նին մեղ­­քեր, ան­­հա­­­մար, պատ­­ժե­­­լի, գո­­յու­­թիւն ու­­նէր նոյ­­նիսկ «սկզբնա­­կան» մեղք մը։ Սար­­սա­­­փած շա­­րու­­նա­­­կեց ըն­­թերցել Գիր­­քը ու տե­­սաւ եօթը մեղք, բո­­լորը մա­­հացու… բղջա­­խոհու­­թիւն, որկրա­­մոլու­­թիւն, ծու­­լութիւն, ագա­­հու­­թիւն, բար­­կութիւն, հպար­­տութիւն եւ նա­­խանձ։ Գիր­­քը խօ­­սեցաւ նաեւ այսպէս. «Մեղք մեր բազ­­մա­­­ցան առա­­ւե՚լ քան զգլուխս մեր», «Ցան­­կութիւնն յղա­­ցեալ՝զմեղս ծնա­­նի, եւ մեղքն կա­­տարեալ՝ զմահ ծնա­­նին»։ Սուրբ գիր­­քի մէջ գրո­­ւած, յի­­շուած մեղ­­քե՞րը… Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, որն ասեմ, որն խոս­­տո­­­վանիմ, այնքան շատ են- 718 հատ։ Ահա քա­­նի մը զգա­­յացունց օրի­­նակ. մեղք ձե­­ռոց, մեղք մա­­հաբեր, մեղք՝ մա­­հապար­­տութեան, բե­­րանոյ, խորհրդոց, ան­­ձին իմոյ, անօ­­րինաց, կա­­մայ, ակա­­մայ եւ վեր­­ջի­­­նը՝ «մեղք դստեր»։

Տի­­րամայր քա­­ւիչ մե­­ղաց

450 թո­­ւակա­­նին պատ­­մա­­­հայր Մով­­սէս Խո­­րեան­­ցին Սուրբ Մա­­րիամ աս­­տո­­­ւածած­­նին նո­­ւիրեց բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն մը ու Աս­­տո­­­ւածա­­մօր ապա­­ւինե­­ցաւ որ­­պէս հո­­վանի եւ որ­­պէս մեղ­­քե­­­րու քա­­ւիչ. «Սիւն լու­­սոյ եւ ամպհո­­վանի, սուրբ կոյս, / Անի­­ծից լու­­ծիչ եւ քա­­ւիչ մե­­ղաց»։ 8-րդ դա­­րուն բա­­նաս­­տեղծու­­հի եւ երաժշտու­­հի Սա­­հակդուխտ Սիւ­­նե­­­ցին իր անու­­նի տա­­ռերով յօ­­րինեց Աս­­տո­­­ւածա­­մօր նո­­ւիրո­­ւած մե­­ղեդի մը։ Անոր վեր­­ջին տան՝ «Տ» տա­­ռի վրայ ազ­­նո­­­ւու­­հի Սիւ­­նե­­­ցին ըսաւ. «Տո՛ւք զփառս ի բար­­ձունս… / Եւ փրկեաց զա­­րարածս ի մե­­ղաց. / Օրհնեա՛լ ես դու ի կա­­նայս, / Բերկրեալ տի­­րամայր եւ կո՚յս»։ Իսկ ԺԱ. դա­­րուն, Վա­­նայ ծո­­վու ափե­­րուն, Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին գրեց «Տաղ Յայտնու­­թեան» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւ­­նը եւ մե­­զի սո­­րուե­­ցուց, թէ Տի­­րամայ­­րը մեղ­­քե­­­րու լու­­ծիչ է. «Կոյս Մա­­րիամ՝ տա­­ճար բա­­նին. / Աւե­­տի՚ս տանն Ադա­­մայ, / այ­­սօր լու­­ծան անէծք մե­­ղացն»։

Մե­­ղաւոր գրի­­չը

Իր խու­ցի մէջ մա­­տեան­­ներ ըն­­թօ­­­րինա­­կող ճգնա­­ւորը ամէն ան­­գամ, որ գիրք մը աւար­­տեց, յի­­շատա­­կարա­­նի մէջ խօ­­սեցաւ իր ան­ձի մա­սին, թէ ինչքան մե­­ղաւոր եւ անար­­ժան մարդ է ին­­քը. «Ով անձն իմ եղ­կե­լի, զա­մէն կե­ցար մե­ղօք իլի (լե­­ցուն)», Հե­թում գրիչ, 1297, «Մե­ղօք իլի Ստե­փա­­նոս գրիչս յի­շեայ», Ստե­փա­­նոս գրիչ, 1484, «Ես Յո­վա­­սափ մե­ղօք ի լի. / Չգոր­ծե­ցի մաս մի բա­րի», ծաղ­կող եւ գրիչ Յո­վա­­սափ սար­կա­ւագ Սե­բաս­տա­ցի, 1535, «զՏա­ռա­­պեալ գրողս զան­պի­տան Յա-կոբս, որ եմ մե­ղօք ի լի», պատ­միչ, ժա­մա­­նա­կա­­գիր, աշ­խար­հագ­րա­գէտ Յա­կոբ Կար­նե­ցի, 1639։ Յի­­շատա­­կարա­­նը յա­­ճախ կ’ու­­նե­­­նար «գրա­­ռաջք», այ­­սինքն նա­­մակի, թուղթի (կարճ նա­­մակ), կոն­­դա­­­կի, հրո­­վար­­տա­­­կի նա­­խաբան-սկսո­­ւածք, որ ուղղո­­ւած կ’ըլ­­լար պա­­տուի­­րողին կամ ստա­­ցողին եւ կը գրո­­ւէր այնպէս, թէ գրի­­չը ինքն իրեն աւե­­լի ցած կը դա­­սէ գո­­վեր­­գե­­­լով հաս­­ցէատէ­­րը։ Ահա «մե­­ղաւոր» ձե­­ռագ­­րի մը օրի­­նակը. «Ես անար­­ժան, / Մե­­ղօք լցեալ եմ զա­­նազան, / Զերդ նաւ ի ծովն ալե­­կոծ­­ման»։

Մե՞ղք է սի­­րել

Միջ­­նա­­­դարու հայ տա­­ղասա­­ցը եր­­գեց աշ­­խարհա­­բար լե­­զուով, սի­­րեց աշ­­խարհը, գա­­րու­­նը, իր եարը, վե­­րակեն­­դա­­­նացած բնու­­թիւնը եւ երկրա­­յին կեան­­քի բա­­րիք­­նե­­­րը։ Այդ եր­­գիչնե­­րէն Ղա­­րիպ Մկրտի­­չը ի՜նչ խօս­­քեր հիւ­­սեց իր եարի հա­­մար… Ահա Մա­­յիս ամ­­սո­­­ւան մէջ գրած իր եր­­կա­­­րաշունչ գո­­վասան­­քէն քա­­նի մը զմայ­­լե­­­լի տո­­ղիկ­­ներ, «Վարդ ու մա­­նու­­շակ դու անու­­շա­­­հոտ / Խելքս կու տա­­նիս / Երեսդ լուս կու տայ / Խնծոր ես / Կու փայ­­լիս ներ­­քեւ տե­­րեւին / Ծա­­ռայ լի­­նիմ, ա՛ռ դու զիս զգե­­րիս ի մէջ (նե­­րեցէք խօսքս) ծծե­­րուդ / Հո­­գի՛, ծոցդ գզած բամ­­բակ, ճեր­­մակ, քնքուշ է / Լե­­զուդ անուշ է»։ Ղա­­րիպ Մկրտի­­չի (եւ իր սի­­րածի) հա­­մար «մեղք» բա­­ռը սի­­րային զրոյ­­ցի մեղմ եւ ան­­մեղ մէկ մաս­­նիկն էր։ Այդ պատ­­ճա­­­ռով տա­­ղասա­­ցը ըսաւ. «Դու մի՛ մեռ­­նիր, մեղք ես, մեռ­­նիմ քեզ հա­­մար… Աջապ ես քե­­զի մեղքդ չե՞մ ի գար, երբ կա­­նան­­չիդ վրայ կար­­միրդ հա­­գար»։ Բայց, հայ տա­­ղասա­­ցը, չես գի­­տեր ին­­չո՛ւ, ծե­­րու­­թեան տա­­րինե­­րուն, կար­­ծեց եւ հա­­ւատաց, թէ մեղք էր սի­­րելը, ին­­քը մեղ­­քե­­­րով է լե­­ցուած՝ դար­­ձած է, իր խօս­­քով, «աղ­­տոտ մե­­ղաւոր» մը, եւ ի՜նչ մեղք, հրա­­ժարե­­ցաւ իր քնա­­րէն ու յան­­ցա­­­ւորի նման տրտմե­­ցաւ. «Աղ­­տե­­­ղացայ մե­­ղօք լցեալ աշ­­խարհի», Ազա­­րիա Ջու­­ղա­­­յեցի, «Ծե­­րացար եւ ի դուռն մա­­հու հա­­սար… / Աղ­­տե­­­ղի մե­­ղօք լցեալ Յա­­կոբ», Յա­­կոբ Թո­­խաթ­­ցի, «Վաղն դժոխքն է ինձ ի դէպ, որ եմ լցեալ մե­­ղօք ան­­դէպ», Քո­­թան Խլա­­թեցի։ Թո­­րոս Պոլ­­սե­­­ցին խո­­նար­­հած զղջաց. «Ես Թո­­րոս մե­­ղօք լցեալ, / Ելեալ Սե­­բաս­­տիա եկեալ, / Դա­­տարկ անուն ար­­ժա­­­նացեալ, / Գոր­­ծոց բա­­րեաց թա­­փուր մնա­­ցեալ»։ Աւե­­տիք Վար­­դա­­­պետ Եւ­­դո­­­կացին գրեց հե­­տեւեալ ինքնաքննա­­դատու­­թիւնը. «Անի­­րաւ միտք եւ ան­­պի­­­տան մար­­մին իմ / Թու­­լա­­­ցան բա­­րեաց, որ դի­­զացան մեղք իմ»։ Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թան տա­­ղասա­­ցը, նա­­խոր­­դը եւ աւա­­գը Սա­­յաթ Նո­­վայի, մեղ­­մա­­­բար ըսաւ, թէ ար­­ցունքը կը մաք­­րէ բո­­լոր մեղ­­քե­­­րը. «Նիստ, քո մեղ­­քերդ լաց, Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թան, / Աշ­­խարհս ան­­ցա­­­ւոր է, չէ մնա­­ցական»։

Կը խրա­­տենք չմե­­ղան­­չել

Աշու­­ղը ժո­­ղովուրդ դաս­­տիարա­­կող մարդ է։ Հե­­տեւա­­բար, իր պար­­տա­­­կանու­­թիւնն է բո­­լորին խրա­­տել մեղ­­քե­­­րէ հե­­ռու մնալ։ 1300 թո­­ւակա­­նին Ֆրի­­կը խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ, թէ աձ­­րե­­­ւի կա­­թիլ­­նե­­­րու չափ մեղք ու­­նէր. «Կու տի­­րէ առ իս շատ մեղք զինչ անձրեւն»։ Ապա, բո­­լորիս տո­­ւաւ եր­­կու խրատ, որ մենք ալ չթրջո­­ւինք իրեն նման. «Մար­­դիկ, մի ան­­հոգ կե­­նաք, զձեր մե­­ղաց աղտն լո­­ւացէք… Ողոր­­մե­­­ցէք աղ­­քա­­­տաց ու նաց­­մով (անոնց հետ) զմեղքն քա­­ւեցէք»։ 16-17-րդ դա­­րերու հայ տա­­ղեր­­գու Ազա­­րիա Ջու­­ղա­­­յեցին բա­­ցատ­­րեց, թէ մենք շատ զգոյշ պէտք է որ ըլ­­լանք երբ գի­­նիի սե­­ղան նստինք. «Յոր­­ժամ որ դու գի­­նի նստիս, շատ մի՛ խօ­­սիր, / Զքո ըն­­կե­­­րոջն աղէկն ասա, վատ մի՚ ասեր, / Զայ­­լոց մեղք հրա­­պարա­­կաւ մի՛ բամ­­բա­­­սեր»։ Իսկ ի՞նչ կը պա­­տահի, երբ մար­­դը չան­­սայ վար­­դա­­­պետ հայ­­րե­­­րու խրատ­­նե­­­րը։ 1500 թո­­ւակա­­նին որ­­դե­­­կորոյս Աս­տուա­­ծա­տու­րը դող­դոջ ձեռ­­քե­­­րով գրեց «Ողբ ի վե­րայ ման­կանց» եր­կը, ու դժբախտ հայ­­րը մա­­հը ըն­կա­լեց որ­պէս երկնային պա­տիժ. «Էրէկ ես ու­րախ էի, / մի­թէ տէր էի աշ­խար­հիս, / Րո­տեալ եմ մե­ղօք իլի, / առա­ւել քան զծովն աւա­զի»։

Քա­­նի մը մե­­ղաւոր կը փնտռո­­ւի

Այ­­սօր, Աւագ շաբ­­թո­­­ւան նա­­խաշե­­մին, երբ կը պատ­­րաստո­­ւինք մրմնջել մեր մեղ­­քե­­­րը, եւ երբ հայ­­րե­­­նիքի մէջ դեռ քա­­նի մը մե­­ղաւոր պէտք է լո­­ւալու հա­­մար մօ­­տիկ ան­­ցեալի քա­­ղաքա­­կան եւ ռազ­­մա­­­կան մեղ­­քե­­­րը՝ քրքրե­­ցինք «մեղք» բա­­ռի առա­­ջին հա­­զարա­­մեակի պատ­­մութիւ­­նը՝ 5-րդ դա­­րէն մին­­չեւ 1500 թո­­ւակա­­նը։ Յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը ծրագ­­րեմ, որ խոս­­տո­­­վանու­­թիւնն ըլ­­լայ Թէ­­քէեան­­նե­­­րու, Վա­­րու­­ժաննե­­րու եւ Տէ­­րեան­­նե­­­րու գոր­­ծած քնա­­րական մեղ­­քե­­­րու։ Հրա­­ժեշտ տա­­լէ առաջ ան­­շուշտ կը փա­­փաքիմ հայ­­րե­­­նի մա­­մու­­լի նպա­­տակա­­յար­­մար խո­­րագիր­­ներ մէջ­­բե­­­րել. «Փա­­շինեան-Ալիեւ հեր­­թա­­­կան հան­­դի­­­պու­­մը չի կայա­­նայ. ո՞վ է մե­­ղաւոր», «Ո՞վ է մե­­ղաւոր զօ­­րամա­­սի հրդե­­հի հա­­մար», «Ում են քա­­ղաքա­­ցինե­­րը հա­­մարում Մար­­տի 1-ի գլխա­­ւոր մե­­ղաւոր», «Պա­­տերազ­­մի պար­­տութեան մէջ մե­­ղաւոր է Ար­­ցա­­­խի ԱԱԾ-ն»։

Չա­­փաւոր մեղ­­քը

Մին­­չեւ մեր յա­­ջորդ հան­­դի­­­պու­­մը, թող «Ինչքան որ ու­­ժերս նե­­րել, / Նե­­րել եմ մեղ­­քերդ» եւ «Ո՞ւմ սուտ մեղ­­քով ես մեղքդ հեր­­քե­­­լու» տո­­ղերու հե­­ղինակ, Պա­­քու քա­­ղաքի «Խորհրդա­­յին գրող» ամ­­սագրի գրա­­կան աշ­­խա­­­տող, Կաս­­պեան նա­­ւատոր­­մի նա­­ւաս­­տի Հա­­մօ Սա­­հեանը ըլ­­լայ մեր վեր­­ջին հիւ­­րը ու պատ­­մէ իր սի­­րածի մեղ­­քե­­­րը՝ այժմ եր­­գի վե­­րածո­­ւած բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ.

Դու ու­­զե­­­ցիր, որ ինձ

Քո մեղ­­քե­­­րով չա­­փեմ

Ու մեղ­­քի տակ մնամ,

Քո մեղ­­քե­­­րի վրայ…