ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Վերյիշումներ

Ձմեռը հալուել, դարձել է առու,

Դարձել է առու, դարձել է վտակ,

Արաքսի հունով, նա գնում է հեռու,

Գնում է լցւում է, ծովը անհատակ։

Յոգնած թեւերը, քսելով ամպին,

Կրծքին դեռ խոնաւ, ծուենը նրա,

Արագիլն իջել, Արաքսի ափին՝

Հանգստանում է, մի ոտքի վրայ։

Երկինք ու երկիր, մեզ ձայն են տալիս,

Դռները բացէք, գարուն է գալիս...

Դռները բացէք, դռները բացէք, գարուն է գալիս,

Գարուն է գալիս...

Աղբիւրն աղբիւրին, իր գիրկն է կանչում,

Իրար են փարւում, հովերն արթնացած,

Ծաղկունքից արբած, բնութիւնն է շնչում,

Քանդում է մեղուն ժիր, ակնամոմը թաց։

Հողն է մայրութեան, հրճուանքից դողում,

Թող որ յաւիտյան, միշտ ազատ մնայ,

Թող որ ոչ մի ծիլ, չմնայ հողում,

Ոչ մի բոյն հաւքի, թափուր չմնայ։

Երկինք ու երկիր, մեզ ձայն են տալիս,

Դռները բացէք, գարուն է գալիս...

Դռները բացէք, դռները բացէք, գարուն է գալիս,

Գարուն է գալիս...

Հայ երգարուեստի երանելի օրերէն մեզի հասնող, հետզհետէ դասականացած այս երգը անզգալաբար կպչած է շրթներուս, յատկապէս 19 Մարտէն այս կողմ, երբ երկրաշարժի պատճառած սուգի հոգեբանութենէն կ՚անցնինք դէպի գարնանամուտ, խորհրդանշական Նեվրուզի տրամադրութեան մէջ։

Բազում խորհուրդներ իրար կը յաջորդեն մտքիս մէջ։ Համօ Սահեանի բառերով, Ալեքսէյ Հեքիմեանի երաժշտութեամբ ու Ռուբէն Մաթէոսեանի կատարումով հրաշալիօրէն ընդլուծուած այս երգը մտածել կու տայ թէ մեր երգարուեստը ուրկէ ուր հասաւ կամ աւելի ճիշդը ուրկէ ուր իջաւ։ Իրենց հետ յիշեմ նաեւ Համօ Սահեանի, Լուտվիկ Դուրեանի, Սլիվա Կապուտիկեանի, Յովհաննէս Շիրազի եւ նմաններու անունները, որոնց խօսքերով հիւսուած էին հրաշք երգեր։

Դիտելով մերօրեայ օճառի փրփուրի արժողութիւն եւ ծանրութիւն ունեցող երաժշտութիւնը, կարելի չէ չափսոսալ արձանագրուած նահանջին դիմաց։ Ինչպէս յաջողեցանք քանի մը տասնամեակի մէջ դաւաճանել Խաչատուր Աւետիսեաններու, Ալեքսանտր Աճեմեաններու, Հենրիկ Անասեաններու, Ալեքսէյ Հեքիմեաններու թողած ժառանգին։ Ան ալ իր կարգին շարունակութիւնն էր Գուսան Աշոտի, Շահենի, Շերամի հետզհետէ Ճիվանիի, Սայաթ Նովայի կամ Նահապետ Քուչակի։ Երգն ու բանը իրարու հետ համընկնած, գրական ու երաժշտական արժէքի մը վերածուած էին անոնց ստեղծագործութեան մէջ։

Ինչպէ՞ս յաջողեցանք այս հսկայ աւանդը մէկ կողմ դնել եւ այսօր վաղանցիկ ու անորակ գործերով հանդէս գալ։ Այս ժամանակներուն մէջ ալ ունեցանք արժանի երգահաններ, ինչպիսին են Արա Գէորգեանը կամ Արդիւր Մեսճեանի նման երաժիշտներ՝ որոնք բացառութիւն կը կազմեն մեր դիտած ընդհա­նուր պատ­կե­րին մէջ։

Ան­հա­տապաշտ գա­ղափա­րախօ­սու­թեան մը հե­տեւանքն է այս աղ­քա­տացու­մը։ Նա­խորդնե­րը կը փոր­ձէին տիեզե­րական պատ­գամներ փո­խան­ցել մարդկանց։

Կը յի­շեմ Ճեյ­մըս Քոզալեանի «Արեւաշող դաշտերու մէջ մեր դալար, եղբայրութեան երգն ենք հիւսել ոսկեբառ» տողերով սկսող երգը, որ կ՚երգէինք 20-ական տարիքներու մեծ ոգեւորութեամբ ու խանդավառութեամբ։

Գիտեմ թէ ժամանակը փոխուած է, բայց կը շարունակեմ ափսոսալ այդ փոփոխութեան պարտադրած ճղճիմութեան դիմաց։

Ո՛վ ինչպէս որ կ՚ուզէ մեկնաբանէ, ես պիտի մնամ անդրդուելի եւ երկունքով պիտի յիշեմ «էն ժամանակները», երբ ամէն ինչ ուրիշ էր։

Երանի մեզի որ վայելեցինք։

pakrates@yahoo.com