ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հա՞յ, թէ պոլսահայ

Պատ­մութեան բե­րած պայ­մաննե­րու հե­տեւանքն է, հա­յը զրկո­ւեցաւ իր հայ­րե­նի երկրէն, երբ ցրո­ւեցաւ աշ­խարհով մէկ։ Ներ­կա­յիս աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թեան միայն մէկ եր­րորդն է որ կ՚ապ­րի սե­փական երկրի մէջ։ Մնա­ցեալ­ներս նախ ակա­մայ եւ հետզհե­տէ կա­մաւոր հա­մակեր­պած ենք մեր ապ­րած եր­կիրնե­րու ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան ընդհա­նուր հա­կումնե­րուն։ Այս բո­լորին մէջ ամե­նադ­ժո­ւար պայ­մաննե­րը կը դի­մագ­րա­ւեն Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցի հա­յերը, կամ աւե­լի տա­րածուն եզ­րով պոլ­սա­հայե­րը։

Հա­մաշ­խարհա­յին բե­ւեռա­ցումնե­րը կը պար­տադրեն նաեւ տար­բեր աշ­խարհա­հայեացք։ Ամե­րիկա­հայը եւ ռու­սա­հայը բո­լորո­վին իրենց ապ­րած երիր­նե­րու թե­լադ­րած պայ­մաննե­րու բեր­մամբ որ­դեգրած են շատ տար­բեր տես­լա­կան­ներ։ Նոյ­նը կա­րելի է ըսել Մի­ջին Արե­ւել­քի, Հա­րաւա­յին Ամե­րիկա­յի եւ Արեւմտեան Եւ­րո­պայի հայ գա­ղութնե­րու հա­մար ալ։

Բայց մենք վե­րադառ­նանք պոլ­սա­հայու պայ­մաննե­րուն։ Անոր ապ­րած երկրին մէջ պե­տական քա­ղաքա­կանու­թիւնը, որ կը ձե­ւաւո­րէ նաեւ հասարակ­ու­թեան հա­մոզումնե­րը, հիմ­նո­ւած է հա­յատեացու­թեան վրայ։ Սա 1915-ի մեծ ոճի­րի պատ­ճա­ռած յան­ցա­գոր­ծի հո­գեբա­նու­թե­նէն ձեր­բա­զատո­ւելու մի­ջոց մըն է նաեւ։ Թուրք պե­տական միտ­քը իր մեղ­քը ար­դա­րաց­նե­լու մի­տու­մով կը փոր­ձէ զո­հը մե­ղադ­րել։

Այս պայ­մաննե­րու մէջ հայ­կա­կան սփիւռքի օր­րա­նը հան­դի­սացող պոլ­սա­հայը ստանձնած է ամ­բողջ սփիւռքի մե­ծագոյն աւան­դութիւ­նը պա­հելու առա­քելու­թիւնը։ Սա­կայն երկրի կամ­քէն ազ­դուելու երեւոյ­թը հոս ալ կը պար­տադրէ իր յատ­կութիւննե­րը։

Այս բո­լորը կը խոր­հիմ դի­տելով Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ հա­մար նա­խորդ կի­րակի կա­տարո­ւած թա­ղական խոր­հուրդի ընտրու­թիւնը։ Նա­խորդ վար­չութիւ­նը բո­լորո­վին կորսնցու­ցած էր հայ ինքնու­թեան պա­հան­ջած մտայ­նութիւ­նը։ Իր հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող Շիշ­լիի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատան մէջ Կո­միտաս վար­դա­պետի քան­դա­կի տե­ղադ­րումը ար­գի­լած էին պատ­ճա­ռաբա­նելով թէ Կո­միտա­սի կեր­պա­րը քա­ղաքա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Ի՛նչ զար­մա­նալի է որ այս տո­ղերու գրո­ւելուն նա­խոր­դող օր «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան մէջ այ­ցե­լու­թեան եկած էր Շիշ­լիի քա­ղաքա­պետա­րանի կա­մաւոր աշ­խա­տակից մը։ Ներ­կա­յացու­ցած էր Ապ­րիլ ամ­սո­ւայ մէջ քա­ղաքա­պետա­րանի կող­մէ Կո­միտաս վար­դա­պետի որ­գե­կոչ­ման ծրա­գիրը։ Եկած էր այս մա­սին մեր կար­ծիքնե­րը լսե­լու։ Նշենք որ Շիշ­լիի քա­ղաքա­պետա­րանը մօտ ան­ցեալին իր թա­ղի մէջ հիւ­րա­խաղի մը հրա­ւիրած էր «Եոլ­ճու» թա­տերա­խումբը, իրենց բե­մադ­րած «Կո­միտաս» թա­տերա­խաղը բե­մադ­րե­լու հա­մար։

Ահա եկե­ղեց­ւոյ նախ­կին թա­ղակա­նու­թիւնն ալ այդ նոյն Կո­միտա­սի քան­դա­կը կ՚ար­գի­լէր երկրի իշ­խա­նու­թեան հա­ւանա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւնը նկա­տի ու­նե­նալով։ Զար­մա­նալի հա­կասու­թիւն, երբ նոյն գե­րեզ­մա­նատան մէջ թուրք ազ­գայնա­մոլ գորշ գայ­լե­րու խորհրդան­շով զար­դա­րուած շի­րիմի մը դէմ ոչ մէկ առար­կութիւն եղած է թա­ղակա­նու­թեան կող­մէ։

Բա­րերա­րի մը պա­տուէ­րով Էրոլ Սա­րաֆեանի քան­դա­կած Կո­միտա­սը այժմ տե­ղադ­րո­ւած է Պատ­րիար­քա­րանի պար­տէ­զի մէկ ան­կիւնը։ Իսկ յա­տուկ պատ­րաստո­ւած պա­տուան­դա­նը իր վրա­յի փո­րագ­րութիւ­նը սրբո­ւելէ ետք գործա­ծուե­ցաւ բո­լորո­վին տար­բեր նպա­տակով։

Այս պա­հուն նո­րըն­տիր թա­ղակա­նու­թեան փոր­ձա­դաշ­տը պի­տի ըլ­լայ հա­յո՞ւ, թէ պոլ­սա­հայու գի­տակ­ցութիւնը։

pakrates@yahoo.com