1818 թուականին, -շնորհակալութիւն Մխիթարեան վարդապետներուն, թարգմանողին եւ յոգնաջան քրաշարողներուն,- Վենետիկի մէջ լոյս տեսաւ գիրք մը՝ ափի չափ «Պատմութիւն Ռօպէնսոնի Քռիւզօէ» արկածախնդրական վիպակը, եւ հայ մանուկը այդ օր առաջին անգամ տեսաւ, որ «Ուրբաթ» բառը կրնար մարդու անուն ըլլալ։ Այն ժամանակ հայը արդէն գիտէր, թէ ուրբաթը կը խորհրդանշէր արարչութեան վեցերորդ օրը, ուրբաթ օրը Ադամն ու Եւան կերան արգիլուած պտուղը, ուրբաթ օրը Յիսուսը Յուդայի մատնութեամբ ձերբակալուեցաւ, եւ ուրբաթը Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակութեան օրն է։ Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ կը մօտենանք Աւագ Ուրբաթին՝ հզօրը եւ աւագը բոլոր ուրբաթներուն, որոշեցի հայկական գրականութեան ովկիանոսին վրայ նաւարկել ու հաւաքել «ուրբաթ» բառի ծփացող բեկորները, ինչպէս նաւաբեկութենէ փրկուած Ռօպէսնոնը ծովամոյն բեկորներ հաւաքեց ու ամայի կղզիի վրայ սկսաւ իր նոր կեանքը։
Բառը պատրաստ է
Դասական ասորերէնէ փոխառութիւն է «ուրբաթ» բառը, բունը «ուրուբաթ», որ կը նշանակէ «պատրաստութիւն»։ Ան կը նախորդէ հրէական Շաբաթին՝ հանգստեան օրուան։ Յունարէնը ունի παρασκευή, «պարասքեւի» բառը, որ նոյնպէս կը նշանակէ «պատրաստութիւն»։ Բարեպաշտ հայը առաջին անգամ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ տեսաւ եւ ընթերցեց բառս. «Ուրբաթ Զատիկի», «Ուրբաթ հրէից», «Եւ իբրեւ երեկոյ եղեւ, քանզի ուրբաթ էր որ ի շաբաթն մտանէր»։ Մեր մայրենին այնուհետեւ ստեղծեց հետաքրքրական բաղադրեալ բառեր. ՈՒՐԲԱԹԱՆԱԼ, 8-րդ դար, ՈՒՐԲԱԹԱՅՐՔ, 9-րդ դար, ՈՒՐԲԱԹԱԼԷԶ, 12-րդ դար։ 7-րդ դարուն, Անանիա Շիրակացին գրեց. «Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս ծնաւ ի Բեդղէմ, …, ԼԳ (33) ամաց խաչեցաւ, յաւուր ուրբաթ ի, ի (Զ)երորդ (6-րդ) ժամու աւուրն, ունելով լուսինն աւուրս ԺԴ (14)։ Յարեաւ յաւուր երրորդի եւ թուի այսպէս յիններորդ ժամուն կատարեցաւ։ Եւ մինչեւ ց(Է)երորդ (7-րդ) ժամ գիշերւոյն էր ուրբաթ»։
Եփած աղաւնին թռաւ, գնաց
Հայ ժողովուրդը ուրբաթ օրուայ եւ անոր զօրութեան մասին շատ աւանդազրոյցներ ունի։ Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին եւ անոր կատարած հրաշքի մը։ Կը պատմեն, թէ խումբ մը իշխաններ եւ եպիսկոպոսներ կ’որոշեն սուրբը դատի մատնել։ Հրաւիրակներ կու գան Նարեկացիի մօտ, որպէսզի զայն տանին դատարան։ Նարեկացին ողջունելով կ՚ընդունի եկողները եւ կ՚առաջարկէ, որ ճամբայ ելլելէ առաջ սեղան նստին։ Նարեկացին սեղան կը դնէ երկու խորոված աղաւնի։ Պատուիրակները կը մերժեն, «Օրը ուրբաթ է», ըսելով։ Նարեկացին իր մոռացութեան համար ներողութիւն կը խնդրէ, թէ պաքի օր է, եւ կը խնդրէ, որ ներկաներու հրամանով այդ թռչունները երկինք վերադառնան։ Պատգամաւորները, անշուշտ նման բան չէին կրնար ընել, բայց սուրբի հրամանով աղաւնիները կը վերակենդանանան ու թեւեր կ՚առնեն։ Եկուորները ականատես ըլլաով այդ հրաշքին չեղեալ կը համարեն ամբաստանութիւնը։
Ջուր կու գայ վերի քարէն
Հայ ժողովուրդի մէջ կայ մէկ այլ հաւատալիք, թէ Վանայ բերդի մօտ, Մհերի դուռ կամ Ագռաւի քար կոչուած սրբազան քարաժայռի մէջ փակուած է աշխարհի անարդարութիւններէն խռոուած Փոքր Մհերը։ Ըստ այդ զրոյցի ամէն տարի, Համբարձման ու Վարդավառի գիշերները, երբ երկինքն ու երկիրը կը համբուրուին, Մհերը իր հրեղէն նժոյգով դուրս կու գայ. «Ուրբաթէ ուրբաթ,— կ’ասեն,— Ջուր կը գայ, կաթի էդ քարէն։ Կ՚ասեն՝ Մհերի ձիու ջուրն է։ Ու ամէն ճամբորդ՝ ուրբաթ օրեր կը լսի Քուռկիկ Ջալալու խրխնջոցն էդ քարէն»։
Հրաշագործ տառը
1180—1245 թուականներու ապրած աստուածաբան Յովհաննէս Գառնեցի վարդապետը շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան համար աղօթք մը գրեց։ Ժողովուրդի մէջ կար հաւատալիք, թէ այդ աղօթքները հրաշագործ էին։ Ահա Գառնեցիի վեցերորդ աղօթքը. «Նորին Աղօթք վասն ուրբաթի աւուր ։ Էապէս բարի եւ ամենակարող զորութիւն, Տէր իմ եւ Աստուած իմ…»։ Յարգելի ընթերցող, պատահական չէ, որ աղօթքը սկսեր է «Է» տառով, քանզի իւրաքանչիւր աղօթք կը սկսի հեղինակի անուան համապատասխան տառով. Յ, Ո, Վ, Ա, Ն, Է, Ս։
Բծախնդիր եւդոկիացիներ
Ինծի ծանօթ եւդոկիացիներու թիւը շատ չէ։ Սակայն, անոնց մասին կազմած եմ հետեւեալ գաղափարը. Եւդոկիացի հայը, եւ յատկապէս անոնց նախնիները, բծախնդիր, գիտական միտք ունցող մարդիկ ըլլալու են։ Պատճառը այն է, որ Եւդոկիա քաղաքի զաւակ երկու տաղասաց, Ստեփանոս Թոխաթցին եւ Մինաս Թոխաթցին իրենց պատմագրական բանաստեղծութիւնները սկսեր են ճշգրիտ թուականով։
1558-1630 թուականներուն ապրած Ստեփանոս Թոխաթցին, որ արտադրած է պատմական հաւաստիութիւն ունեցող, իրական ու մանրամասն նկարագրութիւններով ճոխ բանաստեղծութիւններ, Կաֆացի քահանայի մը նուիրած գործը կը սկսի այսպէս. «Եւ չորեք թիւ յաւելորդի, / Քսան եւ հինգն մայիսի, / Օրն էր ուրբաթ մեծի շարժին։ / Կայր քահանայ մի կաֆացի, / Աստուածատուր տէր մղտեսի»։ Իսկ 1510-1621/22 թուականներուն ապրած Մինաս Թոխաթցին, «Գովասանք հերիսի» երգիծական ոտանաւորի մէջ ըսաւ, թէ Փետրուար ամիս մըն էր, օրը Ուրբաթ, եւ ինքը օտար երկրի մէջ կարօտ մնացեր էր հերիսային. «Ի թւականիս հազար ամի / Եւ տասն ՚ւ երկու թիւ աւելի, / Եւ ի յամսեանն փետրվարի, / Օրն էր ուրբաթ , հինգ համարի։ / Բայց ես ղարիպս Թոխաթցի, / Մինաս անուն մեղաց գերի, / Եկի անկայ Լովաց երկրի, / Կարօտ մնացի ես հերիսի»։ 1600-ականներու մէկ այլ տաղասաց, Կարնոյ Սալաձոր գիւղի մէջ ծնած Դաւիթ Սալաձորցին «Գովասանք ծաղկանց» տաղի մէջ նկարագրեց, թէ Հայր Աստուած ինչպէ՚ս ստեղծեց բնութիւնը.
Հայր արարիչ, Տէր կենդանի…
Եօթն օր ստեղծուածք արիր,
Երկուշաբթի բաժանեցեր,
Երեքշաբթի՝ բուս ու բանճար,
Չորեքշաբթի՝ գազանք, անասունք,
Հինգշաբթի՝ կէտք, թռչունք, սողունք,
Ուրբաթ Ադամ ստեղծեցեր։
Ուրբաթ, դուն հեռու կեցիր
Աշխարհաբար հայերէնը ունի «ուրբաթ» բառով շինուած դարձուածքներու համեստ հարստութիւն մը։ Թէեւ յաճախ չենք գործածեր զանոնք, բայց հետեւեալ երեքը պատկերալից են. «Ուրբաթը շուտ եկաւ քանց շաբաթը», կամ «Ուրբաթը շաբաթէն շուտ եկաւ», անակնկալ (գէշ) բան մը պատահեցաւ եւ ան խանգարեց որոշուած գործը, ծրագիրը, «Այնքան կու տամ, որ ուրբաթէ ուրբաթ կը գժուիս», սաստիկ կը ծեծեմ, «Ուրբաթ օրուայ շորով է, շաբաթ օրուայ փորով է», նոյն մարդն է, չէ փոխուած։ Հայը ունի նաեւ բաղադրեալ բառեր, որոնք նոյնքան հետաքրքրական եւ զաւեշտական են. ՈՒՐԲԱԹԱԴԷՄ (կամ՝ ուրբաթերես), տխուր, ՈՒՐԲԱԹԱԽՕՍ, չափազանց քիչ խօսող, ՈՒՐԲԱԹԱՆԱԼ, սուգի օր դառնալ, ՈՒՐԲԱԹԵԼ, օրը անբաւարար սնունդով անցնել, քաղցած կամ կիսաքաղց մնալ։
Այսօր օրփա՞թ է, թէ՝ իւրբաթ
Ուրբաթ բառը տարբեր տարբեր ձեւերով հնչեց հայկական գաւառներու մէջ։ Ալաշկերտի հայը, շաբաթ մը յետոյ, պիտի ըսէր՝ այսօր աւագ «ուրպատ» է, զէյթունցին եւ հաճընցին պիտի ըսէին «ոյբօթ», գորիսցին՝ «օրփաթ», արցախցին՝ «էօրբmթ», տիգրանակերտցին՝ «ուրթmթ», ագուլիսցին՝ «էօոբmթ, էրբmթ», իսկ ասլանպէկցին՝ «իւրբաթ»։ («m » արտադրէ «ա» եւ «է» միասին)
Ուրբաթ օրը համեցէք
Հայկական ժամանակակից գրականութեան մէջ սակաւաթիւ են այն ստեղծագործութիւնները, ուր յիշուած ըլլայ «ուրբաթ» բառը։ Բացառութիւն է Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» բանաստեղծութիւնը, ուր քեռի Քուչիի ապսպրած գլխարկը պատրաստ պիտի ըլլար ուրբաթ օր.
— Աչքիս վրայ, քեռի Քուչի, / Մի գդակ ա, հո մի քուրք (մուշտակ) չի։ / Քու թանկագին խաթեր համար / Ուրբաթ օրը համեցէք, տար։ Նոյն օրերուն ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանը «Մուշ-Տարօն» աշխատասիրութեան մէջ արձանագրեց ժողովրդական սովորութիւն մը, թէ «…Սուրբ Խաչի պահոց ուրբաթ օրը, առաւօտեան ժամասացութիւնից յետոյ, կանայք խաղող, ձմերուկ եւ հաց առած գնում են գերեզմանատուն, օրհնել տալիս գերեզմանը, եւ ցրում այդ մրգերն ու հացը քահանային, ժամհարին ու աղքատներին»։
Ուրբաթի գիրքը
Հայկական գրատպութիւնը եղաւ «ուրբաթ» բառի ամենէն փայլուն ասպարէզը։ Յարգելի ընթերցող, արդարացի է այս հաստատումս, քանի որ հայկական առաջին տպագիր գիրքին անունն է՝ «Ուրբաթագիրք»։ Այնուհետեւ լոյս տեսան հոգեւոր գիրքերու բոյլ մը. «Ճառ վասն աւագ ուրբաթու», Կալկաթա, 1828, «Քարոզ աւագ ուրբաթ օրին համար», Շուշի, 1833, եւ «Քարոզ տօնական ի խորհուրդ աւագ ուրբաթու», Թէոդոսիա, 1869։
Երեւանի ուրբաթները
Հայաստանի մէջ բացի «աւագ» (եւ դպրոցի վերջին օրը) ըլլալէ, ի՞նչ այլ նշանակութիւն ունի ուրբաթ օրը։ Այս հարցումը պատասխանելու համար, յարգելի ընթերցող, կ’առաջարկեմ մտովի պտոյտ մը կատարել մայրաքաղաքի մայթերու վրայ ու տեսնել, թէ ի’նչ գովազդներ են տեղադրուած շէնքերու, պատերու կամ բանուկ պողոտաներու վրայ։ Առաջինը համակրելի է արուեստասէր հասարակութեան մահար, Ռուսական արուեստի թանգարանը հանդէս կը գայ «Երաժշտական ուրբաթներ առցանց ծրագրով», երկրորդը գրաւիչ է տաքարիւն զոյգերու համար, «Լատինական ուրբաթներ», իսկ վերջինը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան ճամբորդած առեւտրային նորոյթ է, «Սեւ Ուրբաթ - Զեղչեր մինչեւ %15»։
Զնգուն ուրբաթներ, բոլորիդ
Յարգելի ընթերցող, «ուրբաթ» բառին նուիրուած յօդուածս կ’աւարտեմ Կոմիտաս վարդապետի կողմէ ձայնագրուած, բազմաթիւ տաղանդաւոր երգիչներու եւ նուագախումբերու կողմէ մինչեւ այսօր ալ բեմերու վրայ փայլով ժողովրդական զնգուն ու խանդավառ երգով մը։ Այս երգի տրամադրութիւնը պատճառ ըլլայ, որ «ուրբաթերես, ուրբաթադէմ եւ ուրբաթանալ» բառերը հեռու մնան ձեր կեանքէն, ուրբաթը դառնայ նոր սկիզբ, ինչպիսին էր ծովագնաց Ռօպէնսոնի պարագան։ Իսկ այժմ, ես չեմ կրնար ձեզի խոստանալ կենսուրախ «լատինական ուրբաթներ», սակայն կրնամ մէջբերել Վարդապետի նոյնքան խանդավառ երգը.
Էսօր ուրբաթ է, պաս է,
Դէ, հէ, զնգը, զնգը, դէ, հէ, ջան,
Սրտիկ արծաթէ թաս է,
Դէ, հէ, զնգը, զնգը, դէ, հէ, ջան։
Ջուր կու գայ վերին սարէն,
Սարն ոլորելէն,
Կը թափի մարմար քարէն,
Կաթ-կաթ ծորելէն։