ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ողջո՜յն, ողջո՜յն...

Եթէ ոչ տա­կաւին, վերջ ի վեր­ջոյ պի­տի թօ­թափենք սա ահ­ռե­լի երկրա­շար­ժի պատ­ճա­ռած կսկի­ծը:Պի­տի հա­մակեր­պինք կեան­քի բնա­կան եռու­զե­ռին։ Պի­տի շա­րու­նա­կենք քարշ տալ ամե­նօրեայ հո­գերը, մին­չեւ որ հաս­նինք աւար­տին։ Այո՝ ամե­նօրեայ հո­գեր, որոնք շատ ան­գամ ալ ահ­ռե­լի անի­մաստ են կեան­քի այս կար­ճա­տեւ եր­թին մէջ, բայց ու­նին մեզ հա­լու­մաշ ընե­լու զար­մա­նալի նե­րու­ժը։

Ամէն ին­չէ ան­կախ կեր­պով, օրը պի­տի շրջի եւ մենք առա­ւօտեայ լու­սա­բացը տես­նե­լով, հոգ չէ թէ ներ­սուց, պի­տի ող­ջունենք այդ լոյ­սը «Սա­լամ քեզ արեւ, դու միակ բա­րի» ըսե­լով։

Այս տո­ղերը կը գրո­ւին առա­ւօտեայ այդ առա­ջին լոյ­սի յայտնու­թեան պա­հուն, երբ իմա­մը մզկի­թի աշ­տա­րակէն առա­ջին աղօթ­քի կը կան­չէ հա­ւատա­ցեալ­նե­րը։ Այս պա­հուն այդ լոյ­սի շո­ղը տա­կաւին չէ հա­սած մեր նկու­ղա­յին բնա­կարա­նը։ Օգ­նութեան կը փու­թայ ելեկտրա­կան լու­սա­ւորու­թիւնը:(Ինչ լաւ է որ ճար ու­նինք)։

Բա­ցուող օրը յա­տուկ է, ու­նի մեծ նշա­նակու­թիւն։ Արե­ւը բա­րեւե­լէ ետք, այ­սօր պար­տինք յի­շել ու ող­ջունել Գլա­րա Զետ­քի­նի անու­նը։ Ան որ կա­նանց կրկնա­կի կե­ղեք­ման դէմ պայ­քա­րի դրօ­շը բարձրա­ցուց։ Ապա պար­տինք յի­շել այդ դրօ­շը վեր պա­հելու հա­մար նո­ւիրու­մով պայ­քա­րող հայ կա­նայք: Զա­պէլ Եսա­յեանը, Սի­պիլը, Էլ­պիս Կե­սարա­ցեանը, Հայ­կա­նոյշ Մար­քը յի­շենք այս առա­ւօտ։

Հետզհե­տէ յի­շենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քէն մա­զապուրծ փրկո­ւած ու վերստին կեանք կեր­տած մեր ան­գիննե­րը՝ Արու­սեակը, Աղաւ­նին։ Իրենց հետ յի­շենք Լուսնդա­կը, Արե­ւը, Աստղի­կը...

Ահա մատ­նո­ւած ենք յի­շատակ­նե­րու տա­րափին։ Մօրս Սի­րանոյ­շի հետ կը յի­շեմ վա­ղամե­ռիկ մօ­րաքոյ­րերս Սիւ­զա­նը, Վիկ­տո­րը, Հայ­կա­նոյ­շը։ Կ՚ու­րա­խանամ մտա­բերե­լով հինք քոյ­րե­րու կրտսե­րագոյ­նը՝ Մայ­տան, ան որ քե­ռիս Մե­րու­ժա­նի հետ կը շա­րու­նա­կէն Վար­դան պա­պիս գեր­դաստա­նը: (Մար­գար պա­պուս գեր­դաստա­նը վերջ գտաւ Ներ­սէս պա­պու­կի դուստրե­րու՝ Տի­րու­հիի ու Լու­սի­նէի մա­հերով):

Իւ­րա­քան­չիւր անուն իր հետ կը յու­շէ նո­րերը։ Սերնդա­փոխու­թիւնով կը փո­խուին նաեւ անուննե­րը։ Սօ­սին մօ­րաքրոջ յի­շատա­կին Սիւ­զան է նաեւ: Վիկ­տորն ալ կը շա­րու­նա­կէ իր հօ­րաք­րոջ յի­շատա­կը։ Հա­պա Մի­լենը՞...Թա­րան եւ Թա­լիան նման աւան­դութիւն մը չու­նին, անոնք մեր նո­րաձե­ւու­թեան խորհրդան­շաններն են պար­զա­պէս, ինչպէս Մա­րալը եւ ապա Արի­նը։

Եթէ ոչ արե­նակ­ցա­կան կա­պավ, իր վար­քով հա­րազատ հօ­րաքոյր մըն էր Մագ­րուհին, որուն շա­ռաւիղ­նե­րով՝ Շու­շա­նով ու Աղաւ­նիով կը պա­հեմ նոյն հա­րազա­տու­թիւնը։

Իմ Սե­դան, Սկու­հիի եւ Ար­շա­լոյ­սի կրտսե­րագոյ­նը. Ան ալ իր կար­գին Սեդ­րա­կի յի­շատա­կի վե­րապ­րումն է, ուշ իմա­ցայ։ Ան չէ տո­ւած այս յա­տուկ օրո­ւայ առ­թիւ յի­շելի անուն մը, բայց հոգ չէ, ան­դին ու­նիմ Ալի­նը եւ Զե­փիւ­ռը։

Պար­տիմ յու­շել նաեւ սա­նիկ­նե­րու բա­ղան­քը, սկսե­լով մեծ հօրս՝ Մար­գա­րի սան Անա­հիտէն մին­չեւ Իր­ման եւ ապա Թա­մարը ու Անին։ Ապա հաս­նիմ իմ սա­նիկ­նե­րուն՝ Նա­րինին, Նազ­լո­ւին, Փա­րիզին եւ վեր­ջա­պէս Լու­սին Սուլթա­նին։

Քիչ անց կը հաս­նիմ խմբագ­րա­տուն, ուր կը հան­դի­պիմ այնքան սի­րելի գործնկեր­նե­րու, մին կրա­ֆիկ, միւ­սը հա­շուա­պահ զոյգ Սե­լին­նե­րու, դար­ձեալ կրա­ֆիկ Լե­տայի, խմբա­գիր ու թարգմա­նիչ ան­զուգա­կան Վար­դուհու, հա­յերէն էջե­րու ժրա­ջան աշ­խա­տակից Լուսյէ­նի, խո­հարար Սե­դայի ե Հրանդ Տինք հիմ­նարկի ան­հա­մար կա­նանց։

Պա­հի տրա­մադ­րութեամբ ող­ջունենք Մար­տի 8-ը՝ Կա­նանց հա­մաշ­խարհա­յին օրը Չա­րեն­ցեան ներշնու­մով:

Եւ հո­գիս հի­մա՝ ռա­դիօ-կա­յան՝

Իր հրա­կար­միր երգն է ու­ղարկում

Հե­ռո՜ւ ու հե­ռո՜ւ,—

Բո­լո՛ր սրտե­րին, որ ապ­րում են, կան

Բո­լո՛ր կող­մե­րում։

Եր­գում է հո­գիս, հրե­ղէն հնչում։