Շատ ծանր էր եւ յայտնի է որ մենք տակաւին երկար ժամանակ պիտի դժուարանանք թօթափելու այս մեծ աղէտի թողած տառապանքը։
Ընդ հակառակը հիմա սկսած ենք լսել անհատական զանազան պատմութիւններ, որոնց դէմ նոյնիսկ երբեմն կը դժուարանանք մեր արցունքները զսպելու։
Իբրեւ թէ փրկութեան ուրախ պահ մը ըլլալով հետեւած էինք երախայի մը փլատակներու տակէն կենդանի դուրս բերման պահուն։ Փրկարարները հարց կու տային թէ ի՞նչ կ՚ուզէ։ Իրեն համար սիրելի ֆուտպոլիստի մը մարզաշապիկը ուզած էր։ Յիշեալ ֆուտպոլիստը այս լսելով խոստացաւ անձամբ այցելել եւ իր ձեռքով տալ այդ ուզած մարզազգեստը։ Կատարեց ալ խոստումը։ Հիւանդանոցի մէջ այցելեց աղէտեալ երախան, որուն երկու ոտքերն ալ անդամահատած էին։
Իսկ երեկ լսեցինք թէ այդ նոյն երախան փլատակներէն դուրս գալով հանդերձ չէր յաջողած կենդանի մնալ։ Հիմա զինք կը յուղարկաւորէին մարզաշապիկը դագաղին վրայ դնելով։ Այս մասին թուային տուեալներ կը պակսին, բայց գիտենք որ փրկուածներու կարեւոր մէկ մասը նոյն ճակատագրին արժանացան։ Մեծ ցնծութեամբ, բացագանչութիւններով դուրս եկան փլատակներէն, բայց յաջորդող քանի մը օրերու, նոյնիսկ երբեմն քանի մը ժամերու ընթացքին մահացան։
Դարձեալ 28 Փետրուարի լրատուութեան մէջ կը նշուէր երկրաշարժի 23-րդ օրը փլատակներէն ողջ դուրս եկած շունի մը մասին։ Ան ալ իսկոյն յանձնուեցաւ անասնաբոյժերու խնամքին։ Երբ մէկ կողմէն մեծ հագագով կը խմէր իրեն մատուցուած ջուրը, անասնաբոյժն ալ կը յայտնէր թէ լուրջ խնդիր մը չունի, պարզապէս սննդազուրկ օրերու բերմամբ մի քիչ նիհարած է։
Թերեւս կան մասնագէտներ բայց մեզի համար առեղծուածային է այդ անասունի հոգեբանութիւնը։ Անասունները ոչ միայն լեզու չունին, այլ իրենց ապրած վախն ու սարսափը ցոլացնող դէմքի արտայայտութիւն։ Ուրեմն բոլոր ենթադրութիւնները կը մնայ մեր երեւակայութեան։ Անասունները՝ յատկապէս շուները կանխաւ կը զգան երկրաշարժի գալուստը։ Նոյնիսկ իրենց հաջոցով կ՚ահազանգեն պատահելիքը։ Նման կանխագուշակումով իսկ ան ի՞նչ զգաց երբ երկիրը փուլ եկաւ իր գլխուն։ Ի՞նչ զգաց երբ պատահականօրէն գտաւ անկիւն մը, ուր յաջողեցաւ ողջ մնալու։ Ինչպէ՞ս անցան այդ 23 օրերը անշարժութեան դատապարտուած նման նեղ խուցի մը մէջ։ Ու վերջապէս ի՞նչ զգաց երբ մարդիկ մեծ գուրգուրանքով զինք դուրս բերին այդ խուցէն։
Մեզի համար ի զօրու եղած բոլոր խորհուրդները հեռու են իրմէ։ Ոչ պիտի բարկանայ, ոչ պիտի ընդվզի եւ ոչ ալ պիտի բողոքէ։ Եթէ յաջողի պիտի շարունակէ իր կեանքը ինչպէս որ էր նախօրօք։
Մենք որ իբրեւ մարդ էակ բնութեան մէջ կը զատորոշուինք իմացականութեամբ, կ՚արժէ խորհիլ թէ արդեօք որքանով բարիք է եւ որքանով յաւելեալ տանջանքներու դրդապատճառ։ Ո՞վ կրնայ ըսել թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը աւելի արժանի է կեանք կոչուած փորձադաշտին, բաղդատմամբ այդ խեղճ շնիկին։
Ո՞վ գիտէ թերեւս ալ հողին տակ եօթ տարուայ բեղմնաւորման շրջան մը բոլորելէ ետք աշխարհ եկած միջատ մը մեզի համազօր արժանի է իրեն շնորհուած մի քանի օրուայ կեանքը կուշտուկուռ ապրելու։
Արդար չէ անոր այդ իրաւունքը զլանալ։