Յովսէփ Թօքաթի նախապէս հրատարակուած հայ արծաթագործներու արհեստական աւանդութեան առումով յիշուած Վան քաղաքը, այժմ ուրոյն ուսումնասիրութիւն մը ըլլալով լոյս տեսած է «Ինքիլափ» հրատարակչատան մատենաշարէն «Վանի Անհետացած Աշխարհը» խորագրով։
Այս ուսումնասիրութեան մէջ հեղինակը տարածքաշրջանի աշխարհագրական, ազգագրական, եւ մշակութային իւրայատկութիւնները կ՚ուսումնասիրէ, մեկնարկելով հեթանոսական շրջաններէն մինչեւ Օսմանեան Կայրսութեան վարչակազմի մէջ ունեցած դերակատարութիւնը։
Յովսէփ Թօքաթ ծնած է Քղէի Ճերմակ գիւրը եւ եօթ տարեկանին ընտանեօք գաղթած է Իսթանպուլ։ Գիրքի նախաբանին մէջ ան կը նշէ թէ Վանը իր սրտին ու յիշողութեան մէջ որքան մեծ տպաւորութիւններ թողած է։ «Պատմութեան գրականութեան մէջ որոնումներու ոդիսական մըն էր, որուն պտուղը եղաւ այս գիրքը»։