Աղէտի գօտիէն 30 աշակերտ համայնքային դպրոցներու մէջ

Թուրքիոյ հա­րաւա­յին հա­տուա­ծի 11 քա­ղաք­նե­րը աւե­րող երկրա­շար­ժը իր ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցաւ նաեւ երկրի ուսման հա­մակար­գի վրայ։ Երկրա­շար­ժէն փլան բազ­մա­թիւ դպրոց­ներ։ Աշա­կեր­տութիւ­նը ստի­պուե­ցաւ կան­գուն մնա­ցած դպրոց­ներ փո­խադ­րո­ւելու։ Հա­թայ նա­հան­գի հայ բնակ­չութե­նէն 150 հայ­րե­նակ­նիցներ երկրա­շար­ժէն ետք տե­ղափո­խուե­ցան Իս­թանպուլ։ Անոնց առա­ջին օգ­նութեան փու­թա­ցողը եղաւ Պատ­րիար­քա­րանի ըն­կե­րային օգ­նութեան յանձնա­խումբը։ Յանձնա­խումբէն կը տե­ղեկաց­նեն թէ երկրա­շար­ժի գօ­տիէն եկած մօտ 30 աշա­կերտներ իրենց ու­սումը պի­տի շա­րու­նա­կեն հա­մայնքա­յին վար­ժա­րան­նե­րու մէջ։

Այս մա­սին զրու­ցե­ցինք Գա­րակէօզեան Վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­հի Նա­րօտ Վե­րոնիք Քու­րո­ւօղ­լո­ւի հետ, որ մե­զի փո­խան­ցեց հե­տեւեալ տե­ղեկու­թիւննե­րը։ «Նկա­տի ու­նե­նալով որ երկրա­շար­ժը ազ­դած է իրենց հո­գեբա­նու­թեան վրայ, նախ­քան աշա­կերտնե­րու գա­լուստը կա­տարե­ցինք որոշ նա­խապատ­րաստու­թիւններ։ Հո­գեբա­նական Խորհրդակ­ցութեան Բաժ­նի ման­կա­վարժնե­րը ամ­բողջ ու­սուցչաց կազմը իրա­զեկե­ցին այս ուղղու­թեամբ։ Նոյնպէս աշա­կեր­տութիւնն ալ որոշ գի­տակ­ցութիւն կազ­մեց սեր­դա­կից­նե­րու հետ յա­րաբե­րուե­լու եղա­նակա­ներուն մա­սին։ Այժմ որոշ պատ­կե­րացում ու­նինք անոնց գերզգա­յուն եղած նիւ­թե­րու վե­րաբե­րեալ։ Մե­զի եկող աշա­կերտնե­րը որոշ չա­փով ծա­նօթ էին Մու­սա Լե­րան բար­բա­ռով հա­յերէ­նի։ Այժմ մե­զի կը մնայ այդ առտնի խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն պատ­շա­ճեց­նել ար­դի արեւմտա­հայե­րէնի։ Մեր առ­ջեւ ու­նինք հոգ չէ թէ գա­ւառա­բար­բա­ռով, բայց հա­յախօս այս աշա­կեր­տութիւ­նը գրա­ճանաչ դարձնե­լու խնդի­րը։ Այս մա­սին ալ որոշ բա­րեփո­խումներ կա­տարե­ցինք շա­բաթա­կան դա­սապա­հերու առու­մով եւ հի­մա ծրագ­րած ենք շա­բաթա­կան եօթը դա­սապահ դա­սարա­նէ դուրս դէմ առ դէմ հա­յերէ­նի ուսման ծրա­գիր մը իրա­կանաց­նե­լու» ըսաւ տնօ­րէնու­հի Քու­րո­ւօղ­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ