Թուրքիան ցնցող ահռելի եւ իրարայաջորդ երկրաշարժներու պատճառած մարդկային կորուստները, պաշտօնական յայտարարութիւններով հասած են 45 հազարի։ Համատարած համոզումով ճշգրիտ թիւը կ՚ենթադրուի պաշտօնականի կրկնապատիկ, նոյնիսկ եռապատիկը։
Փրկարար աշխատանքները ամբողջովին աւարտած են եւ սկսած է շէնքերու փլատակները վերացնելու լուրջ աշխատութիւն մը։ Հիմա այլեւս կը խօսուի երկրաշարժին պատճառած նիւթական ծանր կորուստի մասին։ Այդ կորուստը եւս չէ յստակացած։ Կարգ մը կառոյցներ կը խօսին 35 միլիառդ եւ ուրիշներ ալ 85 միլիարդ ԱՄՆ տոլարի հսկայ կորուստի մը մասին։
Յայտնի է որ այս ամբողջական գումարի մէջ երկրաշարժէն ուղղակիօրէն տուժածներուն նպաստելու համար պիտի ձեռնարկուի զանազան միջոցառումներու։ Այս ծիրէն ներս Գերմանիոյ Ալեւի Միութիւններու Դաշնակցութիւնը եւ Պերլինի ալեւի համայնքը համագործակցելով ձեռնարկած են զօրակցութեան համերգներու։
Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն Գերմանիոյ Մանհայմ եւ Պերլին քաղաքներու համերգներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն անուանի երգչուհի Այնուր, Քարտեշ Թիւրքիւլեր, Արիֆ Սաղ, Եըլմազ Չելիք, Ճենկիզ Էօզքան, Թոլկա Սաղ, Մուհարրեմ Թեմիզ, Պարըշ Աթայ եւ Մենկենէ խումբերը։
Առաջին համերգը կը կայանայ 31 Մարտ ուրբաթ, Պերլինի Վերթի Միւզիք Հոլի մէջ։ Երկրորդ համերգի թուականն է 2 Ապրիլ կիրակի եւ վայրն է Մանհայմ, Ռոզեն Կարտըն Մոցարդ Սալ։
«Մարալ» կը բերէ իր նպաստը
Պոլսոյ «Մարալ» երգ ու պարի անսամբլն ալ 14 Ապրիլ ուրբաթ երեկոյ Ֆուլեա Սիւլէյման Սէպա Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ սարքելիք ներկայացման հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրէ երկրաշարժէն տուժածներու զօրակցութեան։
Խումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, Էսաեան Սանուց Միութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մըսըրլեանի եւ վարչայիններէն Պուրաք Էրիքինի ընկերակցութեամբ «Ակօս» կատարած այցելութեան ընթացքին յայտնեց թէ զօրակցութեան գաղափարը օրակարգի եկած է փորձերու ընթացքին։ «Երկրաշարժի աղէտը բոլորիս վրայ լուրջ ազդեցութիւն գործեց։ Այդ տրամադրութեան մէջ է որ օրակարգի եկաւ այս նիւթը եւ բոլոր պարողները ձայնակցեցան կատարուած առաջարկին» ըսաւ Չափքան։
«Մարալ»ի այս համերգին իբրեւ մեներգչուհի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Գարին Չուպուքչուեան Պոզքուրդ։
Բացի այդ մարալցիներ կը պատրաստուին 2011-էն ետք անգամ մը եւս մասնակցելու Համահայկական ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան։
«Եոլճու» թատերախումբը եւս
Կոմիտասի ձօնուած բեմադրութիւնով Մեծ յաջողութիւններու արժանացած «եոլճու» թատերախումբն ալ որոշած է այս տարուայ ներկայացումներուն հասոյթը տրամադրել եկրաշարժէն տուժածներուն։