Մարտինի Նուսայպին (Մծբին) գաւառի ասորիաբնակ գիւղերու մերձակայ տարածքները վերջերս կը փոխանցուին պետական շինարարական ընկերութիւն ԹՕՔԻ-ի տրամադրութեան։ Խորհրդարանի ասորի պատգամաւոր Թումա Չելիք այս մասին իր դժգոհութիւնը յայտնեց։ Նիւթը երեւան ելաւ, երբ գիւղի բնակիչներէն մէկը Պետական Գանձին դիմելով ուզեց գնել գիւղի տարածքներէն մէկը։ Պետական Գանձը պատասխանեց որ տարածքը Անգարա կատարուած աճուրդով մը փոխանցուած է ԹՕՔԻ-ին։
Թումա Չելիք Քաղաքաշինութեան Նախարար Մուրատ Քուրումին ուղղեց հետեւեալ հարցումները.
1 Մարտինէ ներս որքա՞ն տարածք ԹՕՔԻ-ի փոխանցուած է։
2 Այս տարածքներէն որքա՞նը վաճառուած եւ ի՞նչ գումար գանձուած է։
3 ԹՕՔԻ Մարտինի մէջ քանի՞ բնակարան կառուցած է։