Աղէտի համար խորհրդակցական հանդիպում իսթանպուլահայ միութիւններու հետ

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը 24 Փետ­­րո­­­ւար 2023, Ուրբաթ երե­­կոյեան, ըն­­դունեց իս­­թանպու­­լա­­­հայ միու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը։ Հան­­դի­­­պու­­մին ներ­­կայ էին Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյս Դի­­ւանադ­­պիր Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղյ. Սե­­րով­­բեան, Գա­­ւազա­­նակիր Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ Ըն­­կե­­­րային Օժան­­դա­­­կու­­թեան Յանձնա­­խումբի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան հրա­­ւէրով կա­­յացած խորհրդակ­­ցա­­­կան ժո­­ղովը բա­­ցուե­­ցաւ մեր Հո­­գեւոր Պե­­տին աղօթ­­քով։

Ապա Պատ­­րիարք Հայ­­րը յայտնեց, որ փա­­փաքած էր իս­­թանպու­­լա­­­հայ միու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն եւս տե­­ղեկու­­թիւն տալ երկրա­­շար­­ժի աղէ­­տի ու աղէ­­տահար­­նե­­­րու հա­­մար տա­­րուած աշ­­խա­­­տանքնե­­րու մա­­սին։

Յա­­նուն Ըն­­կե­­­րային Օժան­­դա­­­կու­­թեան Յանձնա­­խումբի, խօսք տրո­­ւեցաւ նոյն յանձնա­­խումբի ատե­­նապետ Խա­­չիկ Ճա­­նէլի, որ ման­­րա­­­մասն բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ աղէ­­տահար­­նե­­­րու ի նպաստ կա­­տարո­­ւած մար­­դա­­­սիրա­­կան աշ­­խա­­­տանքնե­­րու մա­­սին։

Ներ­­կա­­­ներ յայտնե­­ցին, որ իս­­թանպու­­լա­­­հայ միու­­թիւններ եւս կը փա­­փաքին պաշ­­տօն ստանձնել օժան­­դա­­­կու­­թեան մար­­դա­­­սիրա­­կան գոր­­ծին մէջ եւ այս մէ­­կը կը նկա­­տեն իրենց պարտքը։

Յա­­նուն միու­­թիւննե­­րու խօսք առաւ Գէորգ Սիմ­­քէ­­­շեան եւ ըսաւ թէ ամէն մարդ, իր կա­­րողու­­թեան հա­­մաձայն կու գայ իր ներդրու­­մը ընե­­լու աղէ­­տեալ­­նե­­­րու օժան­­դա­­­կու­­թեան գոր­­ծին։ Իս­­թանպու­­լա­­­հայ միու­­թիւններ ալ եկած են իրենց պատ­­րաստա­­կամու­­թիւնը յայտնե­­լու պաշ­­տօն ստանձնե­­լու հա­­մար եւ գո­­նէ մար­­դոյժով եւ այլ ձե­­ւերով գոր­­ծակցիլ այս սուրբ գոր­­ծին։

Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ Ըն­­կե­­­րային Օժան­­դա­­­կու­­թեան Յանձնա­­խումբի ան­­դամնե­­րը յայտնե­­ցին, որ մին­­չեւ այ­­սօր, յատ­­կա­­­պէս Իս­­կենտէ­­րու­­նի ու Վա­­քըֆ­­գիւղի մեր հա­­մայնքնե­­րէն մեծ ու փոքր հա­­րիւր յի­­սուն երկսեռ ան­­դամնե­­ր քա­­ղաքս եկած են ժա­­մանա­­կաւո­­րապէս կե­­ցու­­թիւն հաս­­տա­­­տելու եւ երկրա­­շար­­ժի պատ­­ճա­­­ռած ար­­հա­­­ւիր­­քէն թօ­­թափուելու հա­­մար։

Ներ­­կա­­­ներ հար­­ցումնե­­րով ու կար­­ծի­­­քի փո­­խանա­­կու­­մով առա­­ջարկներ բե­­րին աղէ­­տահար ժո­­ղովուրդին զա­­նազան ձե­­ւերով օժան­­դա­­­կելու հա­­մար։

Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հայ­­րը իր ու­­րա­­­խու­­թիւնը յայտնեց սոյն հան­­դի­­­պու­­մին ու մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու մար­­դա­­­սիրա­­կան սոյն գոր­­ծին ցու­­ցա­­­բերած պատ­­րաստա­­կամու­­թեան հա­­մար եւ օրհնեց բո­­լորը ու յա­­ջողու­­թիւն մաղ­­թեց իրենց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ