Պարզ էր հարցումը։ «Մարդիկ ինչո՞ւ կը ստեն»։ Այսպէս հարցուցած էր Սեդան, երբ միասին կը հետեւէինք հեռուստացոյցի լուրերուն։ Երկրի քաղաքական գործիչներէն մէկն էր էկրանի դիմաց բացայայտ կերպով ստողը։ Սա պահուն չեմ յիշեր նոյնիսկ թէ ո՞վ էր։ Թերեւս երկրին նախագահն էր, կամ նախարարներէն մէկը, թերեւս ալ այս կամ այն քաղաքի կուսակալը կամ բարձրաստիճան ոեւէ պետական պաշտօնեայ։
Չեմ յիշեր, որովհետեւ արտասանած խօսքը, կամ աւելի ճիշդ արձակած սուտը կշիռ մը չունէր։ Այդ պահուն յատուկ էր այդ սուտը եւ շուտով պիտի մոռացուէր արտասանողի կողմէ իսկ։ Թէեւ նոր գիւտ մը չէր, բայց մտաբերեցի՝ եթէ խօսքը կշիռ չունի, խօսողն ալ չունի։ Յայտնի է որ մատնուած դիրքին մէջ միայն երկու ելք ունի, ստել կամ խոստովանիլ։ Մեր երկրի քաղաքական մշակոյթին մէջ միշտ կը նախընտրուի առաջինը։
Խոստովանութիւնը կամ մեղանչումը իր հետ կը պարտադրէ նաեւ ներողութիւն խնդրել։ Իսկ այս վերջինը եթէ համաշխարհային մշակոյթի մէջ վեհութեան նշան է, թրքական մտայնութեան մէջ տկարութեան, նուաստացման փաստ։
Կարեւոր է ընկալումներ ձեւաւորելու կարողութիւնը։ Գործը, գործին արդիւնքը այնքան մեծ նշանակութիւն չունին, որքան մարդկանց համոզելը։ Պարտինք յանձնելու թէ Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած քաղաքական շարժումը, իշխանութեան քսան տարիներու ընթացքին յաջողեցաւ երկրի հասարակութիւնը, աւելի ճիշդ ընտրողներու մեծամասնութիւնը սիրաշահիլ իր ձեւաւորած ընկալոմներով։ Նոյնիսկ տնտեսական ճգնաժամի ծանր պայմաններու մէջ, բնաւ քիչ չեն կարավառութեան քարոզչութենէն տարուողները։
Սովորական թուրքը միշտ սիրած է ինքզինք վերի արտին ցորենը կարծել։ Իշխանութեան քարոզչամեքենան ալ կը գործէ այդ կարծիքը շահագործելով։ Օրինակի համար խեղճը առանց լսելու անօթի փորան կռկռոցը, կը հպարտանայ աշխարհի մեծագոյն օդակայանին տիրանալով։ Նոյնիսկ կը կարծէ թէ աշխարհի գերտերութիւնները կը նախանձին զինք։
Այս կարծիքի ձեւաւորման մէջ, բացի իշխանութեան քարոզչութենէն, կարեւոր բաժին ունի նաեւ կրօնքը։ Դաստիարակուած է մտածելու թէ առանց աշխատանքի, առանց յաւելեալ ջանքի ինքնաբերաբար գերադաս է «կեաւուր»ի դիմաց, քանի կը դաւանէ իսլամին։ Ինք բնականաբար արժանի է ամէն ինչի, որոնց համար ուրիշներ տառապեալ աշխատանք կը վատնեն։
Այս զգացումի հետաքրքրական արտայայտութիւններէն մէկն է հաւանական ձախողութեան մը դիմաց «մենք այս բանին արժանի չէինք» ափսոսանքը։ Միտքովը անգամ չանցնէր թէ այն ինչ որ պատահած է, իր սխալ կողմնորոշումներուն հետեւանքն է։ Չհասկցայ՝ եթէ ոչ դուն, հապա ո՞վ պիտի տուժէ քո սխալ քայլի պատճառաւ։
Ցաւալի է տեսնել թէ, նոյնիսկ 6 եւ 20 Փետրուարի կործանիչ երկրաշարժները բաւական չեն ըլլար սթափելու։ Հասարակութիւնը չանդրադառնար շինարարական զեղծարարութիւններու, աւելի ճիշդ գողութիւններու հետեւանքին։ Կը նախընտրէ պատահածը վերագրել Աստուծոյ կամքին կամ ճակատագրին։
Իր ժողովուրդը լաւ ճանչցած Էրտողան աղէտէն անմիջապէս ետք խօսեցաւ ճակատագրի հրամայականին մասին, մարդկանց թելադրելով համակերպիլ պատահածին եւ չընդվզիլ իշխանութեան անճարակութեան դիմաց։
Եթէ այսքան յոռետես է ընկերային համայնապատկերը, հապա ինչո՞ւ այսքան կը տառապինք այս երկրի ապագային հանդէպ։ Պատասխանը կը ներկայանայ նոյնիսկ հաւատացեալ, յատկապէս ալ լաչակաւոր երիտասարդ կանանց զարթօնքի նշոյլներով։
Նոյնիսկ ամենաթանձր խաւարը չի կրնար արգիլել լուսաբացը։