Թռիչքի Բ. ոտքը
Տեսնելով, թէ անօթաչու սարքերու խոխորտացող թռիչքներու դարաշրջանն էր, ըմբռնելով նաեւ, թէ Հայաստանը ռազմավարական նոր տեսակի թռիչքներ կատարելու հրամայականի մը առջեւ կը գտնուէր, եւ Ստեփանակերտի արծիւի թռիչք յիշեցնող օդակայանը, դեռ կը մնար թեւածալ՝ ես ալ անցեալ շաբաթ ուզեր էի հասկնալ, թէ ի՚նչ էր հայու հին եւ նոր թռիչքներու ելակէտը եւ որոշեր էի «թռիչք» բառի գրական սաւառնումները համադրել։ Այսօր, կատարենք մեր թռիչքի Բ. ոտքը, ուր ձեզի ներկայանան 20-րդ դարու մէջ հայ մտքի արձանագրած պատուաբեր թռիչքները՝ գրատպութեան, մեծ պաստառի եւ երգարուեստի մէջ։
Թեւաւոր արտայայտութիւններ
«Թռիչք» բառը իր ծիներու մէջ ունի սլանալու գաղափարը։ Հետեւաբար, չենք զարմանար լսելով բազմաթիւ թեւաւոր արտայայտութիւններ, թէ՚ ստեղծագործական եւ թէ՝ ռազմական ասպարէզներու մէջ։ Ահա քանի մը թեւաւոր խօսք, որոնք մեր առօրեայ զրոյցները կը հարստացնեն... Հայը ամենէն յուսահատ վիճակի մէջ իսկ, մեր քաղաքական պատմութիւնը վկայ, կը սիրէ «թռիչք առնել», «թռիչք գործել», իսկ հայ օդաչուն կը կատարէ «կոյր թռիչք», «հորիզոնական թռիչք», «մարտական թռիչք», «ստուգողական թռիչք», «վերասլաց թռիչք», «ցուցադրական թռիչք», «ուսումնական թռիչք»։
Գիրքերու թռիչքը
«Թռիչք» բառը իր ամենամեծ սլացքը կատարեց հայկական գրատպութեան լայն տարածութեան մէջ, թէեւ շատ ուշ, բայց շատ բարձր։ Հարիւրաւոր հայկական գիրքեր, իսկ սա զարմանալի է, բոլորը 1923 թուականէն յետոյ, իրենց անունի մէջ կրեցին «թռիչք» բառը։ Ահա այդ երկարահաս ոդիսականը քանի մը տողի մէջ… Այդ գիրքերուն առաջինը՝ «Անսանձ թռիչքներ», Նիւ Եորք, 1923, օդային ոյժերու դասագիրքը՝ «Թռիչքային պատրաստութեան 1936 թ. կուրսը», Երեւան, 1937, մանկապատանեկանը՝ «Սոնիկի թռիչքը», Երեւան, 1939, դպրոցական միջին եւ բարձր տարիքի համար գրի առնուածը՝ «Ընդհատուած թռիչք», Երեւան, 1979, հայ ասպետներու կեանքին եւ մարտերուն ձօնուածը՝ «Թռիչք դէպի անմահութիւն», Երեւան, 1986, գեղարուեստական ոգիով գրուածները՝ -բոլորը Երեւանի մէջ անկախութեան տարիներուն լոյս տեսած՝- «Հոգու թռիչք», «Հրաշէկ հոգու թռիչքով», «Տասներկու արծուային թռիչք», «Թռիչք սիրոյ գրկում», «Պողպատեայ թռիչք», «Թռիչքների երկինք», «Անվայրէջք թռիչքներ», «Ես հաւատում եմ մեր հայրենիքի նոր թռիչքին», «Արթուրը - արծուի թռիչք էր նա», եւ ամենէն հեռահասը՝ «Երկնային նժոյգների թռիչքը», Աշխաբադ, Թուրքմենական պետական հրատարակչատուն, 2011։ Իսկ այժմ դուք կ’ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ո՚ր 70-ամեայ հատորն է այս թեւաւոր հաւաքածոն ամբողջացնող ամենէն բանաստեղծական եւ ամենէն անգտանելի հրատարակութիւնը՝ «Թռիչք ։ Բանաստեղծութիւններ», Պաքու, Ադրբեջանի պետհրատ, 1955։
Եռօրեայ թռիչք
«Թռիչք» բառը օր մը, 1965 թուականն էր, խորհրդային շրջանին, դարձաւ հայկական եռօրեայ թերթ։ Հայաստանի համայնավարական կուսակցութեան Մարտունի «շրջկոմի» եւ աշխատաւորականներու հրատարակութիւնն էր ան։ Լուսաբանեց շրջանի գիւղատնտեսկան եւ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու, երկրագործական փորձակայանի, ինչպէս նաեւ՝ Լիճքի ձկնաբուծարանի աշխատանքները։ Թերթը ունեցեր է մշակոյթի, դպրոցական եւ առողջապահական կեանքի, մարզական հարցերու նուիրուած էջեր, ինչպէս նաեւ գրական անկիւններ։
Թռիչքը պաստառի վրայ
Թռիչքը երկու անգամ դարձաւ շարժանկար։ Հայկական այդ ստեղծագործութիւնները երկու ողբերգական պատմութիւն կը պատմեն։ Առաջինը 1959 թուականին նկարահանուած, ի հարկէ սեւ-ճերմակ, «Թռիչք անդունդի վրայով» ֆիլմն է, ուր կոպիտ ու մեծամիտ գլխաւոր ճարտարագէտի մեղքով ելեքտրական բարձր լարման գիծի շինարարութեան աշխատանքի ընթացքին աշխատաւոր մը կը զոհուի։ Իսկ երկրորդը, որ իր ներածութեան բերումով կոչուեցաւ «Անաւարտ թռիչք»՝ 3 Մայիս 2006 թուականին Երեւան-Սոչի թռիչքի ինքնաթիռի աղէտի զոհերու յիշատակին նուիրուած ֆիլմ, որ ունի՝ երեք ձայնասկաւառակի, երկու տեսասկաւառակի եւ 15 տեսահոլովակի հեղինակ, «Հայաստանի ձայնը» նախագիծի երաժշտական մարզիչներէն Քրիստինէ Պեպելեանի կողմէ կատարուած նոյնանուն երգը. «…Ու նորից գիշեր, նոյն անձրեւն է լալիս, / Ես նորից եկայ, դու նորից չես գալիս… / Հասկացել եմ ես, որ անցեալը մեր / Անաւարտ թռիչք էր՝ իմ սէր։ / Ու հիմա արդէն երազներն էլ չկան… / Ու արդէն գիտեմ, որ անցեալը մեր / Անաւարտ թռիչք էր՝ իմ սէր»,
Երազի կիսատ թռիչքը
Հայկական երգարուեստը քանի մը թռիչք կատարեց, սակայն հակառակ «թռիչք» բառի տուած բարձրադիր յոյսերու եւ ոգեւորութեան, աւա՜ղ այդ երգերը մնացին որպէս վիշտի եւ կարօտի յուշեր։ Հայաստանի մէջ 1998, 1999, 2002, 2003 եւ 2006 թուականներուն «Լաւագոյն երգիչ», 2002-ին «Լաւագոյն նախագիծ», «Լաւագոյն ալբոմ», 2003-ին «Լաւագոյն տեսասկաւառակ», 2012-ին «Տասնամյակի երգիչ», ապա «Մի վախեցիր», «Սպանուած աղաւնի» եւ «Խաչագողի յիշատակարանը» շարժանկարներու երաժշտութեան համար «Լաւագոյն կոմպոզիտոր» մրցանակներուն արժանացած Հայկօն, երգի խօսքերու հեղինակ Րաֆֆի Ալթունեանի համագործակցութեամբ իմաստալից երգ մը ձօնեց 44-օրեայ պատերազմին զոհուած ռազմական օդաչու, գնդապետ Արմէն Ներսէսեանի յիշատակին. երգի անունը՝ «Թռիչք վերջին անգամ»։ «Քո թռիչքդ յաղթական՝ յոյզ էր… / Թռիչք վերջին անգամ / Ջնջեց դարձի ճամբան / Դու կը սաւառնես միշտ երկնքում / Հայոց արծուի պէս՝ միշտ յաղթական»։ Իսկ Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի եւ Կոմիտասի թանգարանի նախագծող, երաժիշտ, բանաստեղծ, երգիչ, նկարիչ, 2018-2020 թուականներուն Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը «Թռիչք» երգի մէջ յաջորդ կեանքին կտակեց իր բոլոր կիսատ թռիչքները։ Այդ յուզիչ երգի խօսքերով ձեզի հրաժեշտ տալէ առաջ, յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ որ ձեր մտքի բոլոր թռիչքները յաջողութեամբ աւարտին եւ Հայաստանը արժանի թռիչք կատարէ իր երկնակամարի վրայ.
Կիսատ թռիչքը երազիս
Եւ լուռ տրոփը լոյսերի,
Այն ինչ այսօր չհասկացայ,
Այն ինչ աստղի ես չհասայ
Եւ ինչ հէքիաթ որ չապրեցի,
Բնաւ առանց տագնապների
Յաջորդ կեանքին ես յանձնեցի։