ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բնութիւնը կը թելադրէ մարդկային դաստիարակութիւն

Բնութեան պար­տադրած իւ­րա­քան­չիւր աղէտ ինքնին ապա­ցոյց մըն է նաեւ մարդ էակի ան­ճա­րակու­թիւնը ստու­գե­լու առու­մով։ Վեր­ջին երկրա­շարժն ալ կա­րելի է այս տրա­մադ­րութիւ­նով գնա­հատել, քա­նի որ բազ­մա­հազար մար­դիկ ան­կո­ղին մտան իրենց մտքին մէջ ծրագ­րե­լով յա­ջորդ օրո­ւայ գոր­ծե­րը, որոնք ի հի­մանէ ընդհա­տուե­ցան անսպա­սելի մի­ջամ­տութիւ­նով մը, որ կը կո­չենք երկրա­շարժ։ Եղե­լու­թիւնը շատ յստակ նկա­րագ­րող բառ մըն է այս, քա­նի որ իս­կա­պէս ալ եր­կիրն է շարժման անցնողը իր բո­լոր ուժգնու­թեամբ ։ Թէեւ մար­դիկ դա­րերու հո­լովոյ­թով յա­ջողած են բնու­թեան այդ ու­ժի աւե­րիչ, մարդկա­յին կեան­քի սպառ­նա­ցող հե­տեւանքնե­րը որոշ չա­փով կան­խե­լու, բայց չեն կրցած ամ­բողջո­վին ար­գելք ըլ­լալ երկրա­շար­ժին։

Սա­կայն միւս կող­մէն նոյն մարդկա­յին միտ­քը ու­նի շատ լուրջ թե­րացում մը, որ կը յա­ռաջա­նայ դար­ձեալ մարդկա­յին աղ­տէ մը, որ կը կո­չենք ագա­հու­թիւն։ Մէկ կող­մէն կը զար­գա­նայ ճար­տա­րագի­տու­թիւնը եւ կը յա­ջողինք աւե­լի ամուր շէն­քեր կա­ռու­ցե­լու, բայց մէկ կող­մէն ալ նոյն հա­մեմա­տու­թեամբ կ՚աճի շա­համո­լու­թիւնը ու ագա­հու­թիւնը, որ դի­տումնա­ւոր կեր­պով երկրա­շար­ժի գօ­տիի վրայ կը կա­ռու­ցէ բազ­մա­յաղկ շէն­քե­րով լե­ցուն թա­ղամա­սեր։ Կար­ծես նո­ւիրա­բերո­ւած զո­հարան­ներ բնու­թեան դի­մաց։

Ահա շա­բաթ մըն է որ դէմ առ դէմ ենք այս տե­սակի երե­ւոյ­թի մը հետ եւ կ՚ապ­րինք սիրտ ցա­ւեց­նող տեսարաններ։ Այո, սիրտ ցա­ւեց­նող են այս պա­տահած­նե­րը, քա­նի որ բիւ­րա­ւոր մարդկանց հետ միասին նոյն պա­հուն կը կի­սենք երկրա­շար­ժէն ժա­մեր անց հրաշ­քի հա­մազօր փրկու­թեան երե­ւոյթներ։ Փոր­ձութեամբ գի­տենք թէ նման դէպ­քե­րու ըն­թացքին յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նեան լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւննե­րը կը դի­մեն մեզ եղե­լու­թիւննե­րու մա­սին բո­վան­դա­կալից տե­ղեկու­թիւն ստա­նալու հա­մար։

Բո­լորը գի­տեն թէ միշտ պատ­րաստա­կամ եղած ենք այդ ուղղու­թեամբ մե­զի դի­մող բո­լոր թղթա­կից­նե­րուն հան­դէպ։ Որ­քան ալ մատ­նո­ւած ըլ­լանք ծան­րա­բեռ­նո­ւած աշ­խա­տան­քի, միշտ փոր­ձած ենք գո­հաց­նել մեր պաշ­տօ­նակից­նե­րու հար­ցումնե­րը։ Բայց վեր­ջերս պա­հելով հան­դերձ այդ պատ­րաստա­կամու­թիւնը, կը ցա­ւինք լսե­լով կարգ մը հար­ցումնե­րուն էական նշա­նակու­թիւնը։ Չեմ հասկնար թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տրա­մադ­րութիւ­նով մեր պաշ­տօ­նակից­նե­րը մէկ կողմ մը դնեն բազ­մա­հազար մարդկա­յին կո­րուստնե­րը եւ իրենց ու­շադրու­թիւնը կը կեդ­րո­նաց­նեն միայն զո­հերու ազ­գա­յին ծա­գու­մին։ Այդ ընե­լու պա­հուն ալ կը նկա­տենք իրենց ընդհա­նուր տգի­տու­թիւնը թէ Թուրքիոյ եւ թէ հայ ժո­ղովուրդի հան­դէպ։ Օրի­նակի հա­մար մեր զրու­ցա­կից­նե­րը յա­ճախ կը հարցնեն հայ­կա­կան թա­ղամա­սի վի­ճակը։ Կը դժո­ւարա­նամ իրենց բա­ցատ­րե­լու թէ Թուրքիոյ մէջ հա­յերը կեթ­թո­յաց­ման երե­ւոյթ մը չու­նին եւ մար­դիկ կ՚ապ­րին բազ­մա­յարկ շէն­քե­րու մէջ զա­նազան ազ­գութիւննե­րու հա­րեւա­նու­թեամբ։ Այ­սինքն եթէ հա­յեր գո­յու­թիւն չու­նե­նան այս տա­րածքնե­րու մէջ, երկրա­շար­ժը եւ անոր պատ­ճա­ռած ող­բերգու­թիւնը առ­հա­սարակ նշա­նակու­թիւն մը պի­տի չու­նե­նար իրենց հա­մար։ Կ՚ար­ժէ հերցնել թէ եթէ երկրա­շարժ չըլ­լար հա­յոց այդ ցի­րու­ցան բե­կոր­նե­րը ի՞նչ նշա­նակու­թիւն կ՚ու­նե­նային սփիւռքա­հայու­թիւն ըսե­լով միայն Կլեն­տէ­լի պատ­կե­րացում ու­նե­ցող մեր պաշ­տօ­նակից­նե­րուն հա­մար։

Ինչպէս ըսինք գրու­թեան սկիզ­բին իւ­րա­քան­չիւր աղէտ նոր փոր­ձա­դաշտ մըն է մեր թե­րու­թիւննե­րուն հետ առե­րեսո­ւելու առու­մով։

pakrates@yahoo.com