Երբ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կը պատրաստուի հիմնադրութեան 100-ամեակը նշելու, այս կարեւոր դարադարձի շեմին Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութիւնը կազմակերպեց երկրօրեայ խորհրդաժողով մը։ 4 եւ 5 Փետրուար թուականներուն Պաքըրգիւղ, Ճեմ Գարաճա մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայացած բանախօսութեան առաջին օրը հաշուեյարդարի մը բնոյթը ունէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան անցած հարիւրամեայ պատմութեան ընկերաքաղաքական դիմագիծի մասին։
Կուսակցութեան համանախագահներ Փերվին Պուլտան եւ Միթհատ Սանճարի բացման ճառերէն ետք մեկնարկեց առաջին նիստը, որուն ատենախօսներն էին Մուրատ Պելկէ, Նեճմիյէ Ալփայ, Օյա Պայտար, Ռըզա Թիւրմեն եւ Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտեր։ Այս նիստին ատենախօսները ակնարկելով նաեւ հանրապետութեան հռչակման նախորդող տարիներու քաղաքական զարգացումներուն, նորակազմ պետութեան հիմնադրութեան համար յենակէտ նկատեցին 1915 եւ 1923 թուականներու միջեւ գործադրուած ցեղասպանութիւնները եւ ազգային պետութիւն հիմնելու ծառայող գաղափարախօսութիւնը։ «Դարի մը հաշուեյարդարը» խորագրեալ այս նիստին ժողովավարն էր Սիւրէյյա Գարաճապէյ։
Յաջորդող երեք նիստերէն առաջին երկուքը դարձեալ քննարկեցին հիմնադրութեան գործօնները։ Այսպէս Այշէկիւլ Տեւեճիօղլուի ժողովավարութեամբ Պարըշ Իւնլիւ, Համիթ Պոզարսլան եւ Թանըլ Պորա, Զէրրին Քուրդօղլուի ժողովավարութեամբ։
Էօզկիւր Էօզթիւրք, Հիւլյա Օսմանաղաօղլու եւ Այհան Եալչընքայա զեկոյցներ ներկայացուցին քննարկելով քափիթալիստ համակարգի զարգացումը, հայրիշխանական համակարգի դէմ կանանց պայքարը ժողովրդավարութեան դէմ յարուցուած արգելքները եւ նման բնոյթի զանազան տեսութիւններ։
Օրուայ չորրորդ եւ վերջին նիստի խորագիրը ճշտուած էր «Հանրապետութեան Սահմանադրութեան ոդիսականը» ըլլալով։ Այստեղ ալ Սեւիլայ Չելենքի ժողովավարութեամբ Մուրատ Սեւինչ, Տինչէր Տեմիրքենթ եւ Լեւենդ Քէօքեր զեկոյցներ ներկայացուցին քննարկելով 1921, 1924, 1961 եւ 1982-ի սահմանադրութիւնները։
Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան համար նախատեսուած էր դարձեալ չորս նիստեր, որոնք այս անգամ նիւթ կ՚ունենային Թուրքիոյ Հանրապետութեան երկրորդ հարիւրամեակի մասին զանազան կանխատեսումներ։ Այսպէս Ֆարուք Ալփքայայի ժողովավարութեամբ Նիւլկիւն Թոքէր, Պեքիր Աղըրտըր, Էլչին Աքթոփրաք, Ֆիւսուն Իւսթել եւ Ճենկիզ Չիչէք զեկոյցներ ներկայացուցին։
Այս ժողովի խորագիրն էր «Բ. դարու շեմին ժողովրդավարութիւն եւ հանրապետութիւն»։ Օրուայ երկրորդ նիստը համարեա նոյն բովանդակութիւնը ունէր, ուր Փերիհան Քոճայի ժողովավարութեամբ Ճան Սոյէր, Ֆերտա Գօչ, Նուրայ Սանճար, Քենան Քալյոն եւ Հայտար Էրկիւլ քննարկեցին հանրապետութեան ժողովրդավարական դիմագիծ ստանալուն արգելք հանդիսացող գործօնները։
Օրուան երրորդ եւ չորրորդ նիստերը եւս ուղղուած էին կանխատեսումներու։ «Ինչպիսի՞ ապագայ մը, ինչպիսի՞ հանրապետութիւն մը» խորագրեալ այս երկու նիստերէն Օնուր Համզաօղլուի ժողովավարութեամբ կայացող առաջինին մէջ Եիւքսել Կենչ, Ասլը Օտման, Մուսթաֆա Ասլան եւ Թայյիպ Թեմել նկարագրեցին կանանց, բանուորներու, ալեւիադաւաններու եւ քիւրտերու ակնկալութիւնները։ Նոյն խորագիրով երկրորդ նիստի ժողովավարն էր Շեպնեմ Օղուզ։ Այս անգամ կուսակցութեան երիտասարդ ուժերէն Լիվան Օրման զեկուցեց երիտասարդութեան ակնկալութիւնները նիւթ ունենալով։ Էճեհան Պալթա նիւթ առաւ հասարակութեան բնապահպանման նիւթերու հետ ապրած փորձութիւնները։ Բագրատ Էսդուգեան ելոյթ ունեցաւ նիւթ ունենալով երկրի ազգային փոքրամասնութիւններու հանրապետութեան հանդէպ ակնկալութիւնները ու հեռանկարները։ Օրուայ վերջին զեկուցողը եղաւ Հալուք Լեւենդ, որ խօսեցաւ երկրի տնտեսութեան ժողովրդավարացման կարելիութիւնները եւ հնարաւորութիւնները նիւթով։
Երկօրեայ այս խորհրդաժողովը ինքնին ապացոյց մըն էր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան երկրի ապագայի հանդէպ ստանձնած պատասխանատուութեան։ Կարելի է ենթադրել թէ այս կուսակցութիւնը երկրի քաղաքական դաշտի վրայ ակադեմական նման բարձր մակարդակով ժողով մը կազմակերպելու կարողութեան մէջ եզակի է։ Այս հատատումը ալ աւելի կը շեշտուէր դահլիճը ամբողջովին լեցնող ունկնդիրներու պարզած ընդհանուր տպաւորութիւնով։ Ափսոս որ ժողովի աւարտէն ժամեր անց պատահած երկրաշարժը արգելք եղաւ այս լուրջ խորհրդաժողովի արձագանգներուն մամուլի եւ հեռուստակայաններու օրակարգին մաս կազմելուն։ Միայն որոշ հեռուստակայաններ երկօրեայ ժողովը ամբողջութեամբ ներկայացուցին իրենց հետեւողներուն։ Այս պահուն կը սպասուի ժողովի եզրափակիչ պաշտօնական տեղեկագրի հրապարակումը։