Տեսնելով, թէ անօթաչու սարքերու խոխորտացող թռիչքներու դարաշրջանն է, ըմբռնելով նաեւ, թէ Հայաստանը ռազմավարական նոր տեսակի թռիչքներ կատարելու հրամայականի մը առջեւ կը գտնուի, եւ դեռ Ստեփանակերտի օդակայանը, որ արծիւի թռիչք յիշեցնող շէնք է, մինչեւ այսօր կը մնայ թեւածալ՝ ես ալ այս գիշեր, գրասեղանիս առջեւ նստած ուզեցի հասկնալ, թէ ի՚նչ է հայու հին եւ նոր թռիչքներու ելակէտը եւ որոշեցի համադրել «թռիչք» բառի գրական սաւառնումները, գիտակցելով անշուշտ թէ «լեզուն պայթիւններ կամ յանկարծական թռիչքներ չունի» (դասագիրք մը)՝ այսօր պիտի փորձեմ մէջբերել մեր մտքի պայծառ թռիչքները՝ Ոսկեդարէն մինչեւ այն երգը, ուր կարօտակէզ հայ զինուորը մտքով թռիչք մը կ’ուզէ կատարել դէպի տուն։
Հայու առաջին թռիչքները
Հնագոյն pter- «փետուր, թեւ, տերեւ» արմատն է, որ «թռիչք» բառին թեւեր տուաւ։ Այս արմատով շինուած են յունարէն, հնդկերէն, խեթերէն, գերմաներէն այն բոլոր բառերը, որոնք կը նշանակեն՝ փետուր, թեւ, տերեւ, թռչուն եւ լողակ։ Այնուհետեւ, հայու միտքը կատարեց ոստում մը՝ Ոսկեդարուն սկսաւ լայնատարած թռիչքներ կատարել։ Հայկական մատենագրութեան մէջ ունինք «Թռիչս սրաթեւ» եւ «Ի թռիչս մտաց» գեղեցիկ արտայայտութիւնները։ Ե. դարուն Ղազար Փարպեցին հնարեց «երկնաթռիչ» ածականը, այնուհետեւ հարստացանք «քաջաթռիչ» եւ «երկրաթռիչ» բառերով։ Իսկ երբ Աստուածաշունչ մատեանի հայերէն թարգմանութիւնը բացինք՝ «Երգ երգոց» գիրքի մէջ ընթերցեցինք՝ «թռիչք նորա իբրեւ զթռիչս բոցոյ հրոյ» խօսքը։ Իսկ այսօր ժամանակակից հայերէնը կը վայելէ «թռիչք»ով թեւաւորուած քսանի չափ բաղադրեալ բառեր, ինչպէս՝ թռիչքագիրք, թռիչքադաշտ, թռիչքաթաղանթ, թռիչքաժամ, թռիչքատարածութիւն եւ թռիչքուղի։
Գրական թռիչքներ
Հայ մտաւորականի համար «թռիչք» բառը լոկ թեւերու շարժում չէր, այլ՝ մտքի եւ հոգիի սլացում, խոյանք, սրարշաւ ընթացք, խիզախում, շարժում, շունչ, զարգացում, առաջընթաց, գիւտ, ստեղծագործութիւն եւ զարգացում։ Յատկապէս 19-րդ դարուն, երբ մեր ազգը կ’ապրէր զարթօնքի շրջան մը, ու քայլ կ’առնէր ազգային ազատագրական շարժումը, «թռիչք» բառն ալ, իր արեւելահայ եւ արեւմտահայ թեւերով սլացաւ. ամէն արձակագիր, ամէն բանաստեղծ իր մտքի պայծառ գիւտերը, իր անձնական իմաստասիրութիւնը, իր ապրումները արտայայտելու համար գործածեց «թռիչք» բառը։ Ահա հայկական գրիչի երկդարեան «թռիչք»ները.
Մեր արեւելեան թեւը
Արաքս գետի արեւելեան ափին Աւետիք Իսահակեանը հասկցաւ՝ «Առանց թռիչքի կեանքը գին չունի», ապա պատկերալից բանատող մը յօրինեց. «Քեզ լսելու համար ժամանակը խորտակում է իր թռիչքը»։ Եղիշէ Չարենցը արտայայտեց իր ժամանակի շունչը. «Ստեղծագործ մտքի թռիչք ամեհի՝ ճգնութեան պէս անձուկ ու թովիչ»։ Չարենցը հաւատք ունէր, թէ Հայաստանը մտած էր նոր փուլ. «Երկրիս թռիչք ու բախտ նոր»։ Ռաֆֆին մէկ նախադասութեան մէջ մեկնաբանեց, թէ հայը ինչո՚ւ կաշկանդուած եւ զուսպ է. «Հայ մարդու միտքը, սիրտը, կրքերը եւ բոլոր ոգեկան զօրութիւնները… Երբեք եւ ոչ մի րոպէ չեն ունեցել ազատ շունչ… Ազատ թռիչք»։ Վիպագիրը ապա բացատրեց, թէ ի՚նչ ճանապարհով տեղի կ’ունենայ ազգերու զարգացումը. «Ամէն մի վերանորոգութիւն որեւիցէ ժողովրդի կեանքի մէջ լինում է աւելի հիմնաւոր եւ աւելի օգտաւէտ, երբ ժողովուրդը հասնում է նորան իւր կանոնաւոր զարգացումով եւ ո՚չ թռիչքներ գործելով»։ Ղազարոս Աղայեանը հիացումով նկարագրեց Մեսրոպ Մաշտոցի թռիչքը. «Հայաստանի հիւսիսային սարսարուտ գաւառներից մէկի մէջ կայ Հացիկ անունով մի գիւղ… Իւր ծննդարանին անուանակից գիւղում բոյն դնելով՝ հրեղէն Մեսրոպը իւր թռիչքն այդտեղից ուղղել է մերթ դէպի Սիւնիք եւ մերթ դէպի Աղուանք»։ Իսկ պատմաբան, բիւզանդագէտ, միջնադարեան հայոց պատմագրութեան երկերու թարգմանիչ Կարէն Իւզբաշեանը մէկնաբանեց. «Ազգային գրի շնորհիւ հայերի հոգեւոր զարգացումը միանգամից հսկայական թռիչք կատարեց, հասաւ սկզբունքօրէն այլ՝ մինչ այդ անհասանելի աստիճանի»։
Անպարտելի թռիչք
Իսկ այժմ, յարգելի ընթերցող, հարկ կը համարեմ յիշատակել սպայ-բանաստեղծ երիտասարդ մը, որ համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն ցոյց տուաւ, թէ որքան բարձր կրնայ ըլլալ հայկական ոգիի թռիչքը։ Ձեզի կը ներկայացնեմ «Ալագեազի տղերքը» գրական խմբակի հիմնադիր, Ալեքսանդրապոլի եւ Թիֆլիսի հայկական մամուլի աշխատակից, համաշխարհային գրականութեան եւ իմաստասիրութեան քաջ ծանօթ գրասէր, «Հեքիաթ արեւի տակ» քնարական արձակ բանաստեղծութեան հեղինակ (1912), Թիֆլիսի սպայական զինուորական դպրոցի ուսանող (1913-14), Կովկասեան ռազմաճակատի մէջ իր ցուցաբերած խիզախութիւններու համար «Գեւորգիեւեան խաչ» շքանշանի արժանացած (1914), ապա 1915-ի գարնան Ղաբաբայիթի բարձունքի ճակատամարտի մէջ ցուցաբերած քաջագործութիւններու համար «Ղաբաբայիթի արծիւ» կոչուած սպայ, Կարնոյ արշաւանքի ժամանակ, 23 տարեկանին նահատակուած՝ հոգիով ըմբոստ բայց նոյնքան քնարերգակ բանաստեղծ Իսահակ Իսահակեանը։ Մականունի նմանութի՞ւնը Աւետիք Իսահակեանի հետ… Այո, «Վարպետը», երիտասարդ Իսահակի ազգականն էր։ Պատանի Իսահակը, կանխատեսելով իր կեանքի բարձրաթռիչ ճանապարհը՝ 13 տարեկանին գրեց. «Ճակատս հպարտ, / Քայլերս հաստատ, / Թռիչքս անպարտ, ապա տղան շարունակեց յղանալ, Հայացքս ազատ. / Կամքս ամրակուռ, / Հոգիս անսասան, / Խօսքս հուր ու սուր»։
Մեր արեւմտահայ թեւը
Արաքսէն եւ Թիֆլիսէն շատ հեռու, Պոսֆորի ափերուն վրայ մէկ այլ թափ էր առած հայկական միտքը, Լեւոն Փաշալեանի խօսքով՝ ան «յոյսի թռիչքներ» ունէր։ Այդ օրերուն Երուխանը գծեց մտքի թռիչքի սահմանները. «Երեւակայութիւնը թռիչ կ՚առնէր, անջրպետներ կը կտրէր կ՚անցնէր»։ Քաղաքի Փրինքիփօ մեծ կղզիի մէջ «հեթանոս» գարունով ջերմացած Զարիֆեանը իր վերազարթնած հոգիով արբշիռ՝ արեւը վայելող զոյգ մը սիրահար ծաղիկ տեսաւ. «Սիրահար զոյգերն անոնց, թռիչքներով խօլական, / Սիրոյ ցաւը հեշտանքի վերածելու կը ճգնին»։ Այդ ժամանակաշրջանի համար Յակոբ Օշականը կատարեց հետեւեալ վերլուծումը, թէ արեւմտահայ քերթողութիւնը, Դուրեանի շնորհիւ «նրբահիւս, բարձրաթռիչ, չափազանց փափկացած կաղապար մը» գտած էր, ապա բացատրեց, թէ «…Թէեւ քիչ մը դժուար, բայց ո՚չ անկարելի է, հետեւիլ Դուրեանի մտքի թռիչքին։ Հիւծախտը՝ սպառելով մարմնոյն կարելի թռիչքները , կ՚արձակէ հոգին անհուն արձակութեամբ մը»։ Այս համոզումի լաւագոյն ապացոյցը պիտի ըլլար ընթերցել վաղամեռիկ բանաստեղծի տողերը. «Անշուշտ ճակտիս վրայ, մահու / Դալկութիւն մը կը պլպլար, / Եւ մահու թռիչ մ՚ունէի, / Լսեցի մօրս հեծեծում»։ Լեւոն Շանթի «Երազ օրեր» վիպակի մէջ երիտասարդուհի Վարդուհին հայրենասէր Երուանդին խոստովանեցաւ այսպէս. «Իմ կրթութեանս մէջ շատ կան օտար գծեր, օտարով ոգեւորութիւն, գուցէ եւ օտար զգացումներ։ Ձեր կեանքը որոշ նպատակ մը ունի. դուք կեանքի մէջ որոշ բան մը կը փնտրէք, դուք գիտէք, որ դեր մը ունի. հայ ըլլալու, հայութեան ծառայելու գիտակցութիւնը. ձեզի համար կեանքը կոչում մըն է. եւ ատոր համար ալ ձեր հոգին թռիչք ունի. դուք թեւեր ունիք. հայու թեւեր. օտար ժողովուրդի թեւերով մարդ չի կրնար թռչիլ։ եւ ատով է բարձր ձեր հոգին»։ Իսկ ըստ Զապէլ Եսայեանի մեր հոգիները «շղթայուած» էին. «Հոգին շղթայուած է մեր անձնական ցաւին եւ ուրախութեան մէջ։ Ամէն անգամ որ անիկա անհանգիստ իր գերութենէն, ուզէ թափահարել. իր թռիչքը կը խորտակուի»։ Սակայն, գրագիտուհին տեսնելով Խորհրդային Միութեան բազմաթիւ ազգերու նուաճումները, դրական համոզումով մը գրեց. «Հեռանկար ունեցող ժողովուրդ մը անհրաժեշտօրէն դուրս կու գայ իր մտաւորական կեանքի անձուկ սահմաններէն։ Ոչ մէկ պատճառ չկայ, ընդհակառակը, որ մեր մտաւորական կեանքը չստանայ համապատասխան թռիչք»։
Թռիչք դէպի տուն
Տիկին Եսայեանի կանխատեսումը իրականացաւ։ «Թռիչք» բառը եւ ստեղծագործ հայ միտքը հայրենիքի մէջ պատուաբեր սլացումներ արձանագրեցին գրատպութեան, մեծ պաստառի եւ երգարուեստի մէջ։ Յաջորդ յօդուածի մէջ պիտի խօսիմ այդ բոլորի մասին ու պիտի աւարտեմ մեր ճանապարհորդութիւնը, իսկ այժմ՝ ներկայ թռիչքը ընդհատեմ երգով մը, ուր հայ զինուորը թռիչք մը կ’երազէ… Համաշխարհային Բ. Պատերազմի օրերուն յօրինուած, շրջան մը ձայնասփիւռէն եւ հեռատեսիլէն հաղորդումը արգիլուած, բազմաթիւ ունկնդիրներու կողմէ որպէս «ժողովրդականէ երգ համարուած, խօսքերը Գեղամ Սարեանին, երաժշտութիւնը Աշոտ Սաթեանին պատկանող Մարտիկի յուզիչ երգն է ան. «Թռչէի մտքով տուն, ուր իմ մայրն է արթուն, / Ա՜խ, իմ մայր թանկագին, տուն կու գամ ես կրկին, / Կը սփոփեմ քո հոգին / Համբոյրով սրտագին, կը սեղմեմ քեզ իմ կրծքին…»։ Յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ որ ձեր մտքի բոլոր թռիչքները յաջողութեամբ աւարտին եւ Հայաստանը, իր բոլոր արծուաթռիչ օդակայաններով իր արժանի թռիչքը կատարէ երկնակամարի վրայ։