«Լացող դէմք խայթելու համար՝
իշամեղուները անպակաս են»
Ճապոնական ասացուածք
Ողբալի, մինչեւ իսկ համահայկական ողբերգութիւն է Բերձորի միջանցքի փակումը, յանցագործութիւն՝համամարդկային առումով։ Լացակումած է հայութեան մեծամասնութիւնը անկախ կուսակցական դիրքէն, բնակավայրէն ու դաւանանքէն, որոնց հետ մէկտեղ ցաւակից են բարի խղճի ու կամքի բազում օտարներ ի սփիւռս աշխարհի։ Ցաւօք կան հայազգի, երկրի փրկութեամբ մտահոգուածներ որ այլ գնահատական, կամ մեկնաբանութիւն կ՚ընեն տիրող ողբերգական երեւոյթներուն, հաւանական է՝ ելնելով իրենց համար նպատակայարմար տեսանկիւնէն։ Չեմ ցանկանար այն անուանել շահամոլութիւն, միայն թէ ստոյգ կարելի է այն գնահատել քաղաքական տխմարութիւն, եթէ ոչ բաւական առաջացած հաւկուրութիւն։ Դժբախտաբար այդ վիճակի են ոչ միայն երդուեալ կուսակցականներ, այլ նաեւ անոնց կոյրօրէն միացած հետեւորդներ եւ որոշ բարձրաստիճան կրօնաւորներ, որոնք ըստ կանոնի պարտաւոր էին նման քայլերէն հեռու մնալ եւ առնուազն լռելու տարրական իմաստութիւն ունենային։
Օրերս ընդդիմադիր դաշինքը կազմակերպած էր ազատ մտքերու փոխանակման հանդիպում ԱԺ-ի դահլիճը Բերձորի եւ ընդհանուր կեցութեան վերաբերեալ։ Բազում էին խօսք առնողները, բայց նոյնքան բազմազան էին անոնց ցուցադրած կարծիքը։
Անհասկանալի է, որ ոմանք կը պնդէին թէ Բերձորը փակուած է քանզի ՀՀ միջանցք խոստացած ու չէ տուած, բայց խօսք չկայ թէ ո՞վ, երբ եւ ինչպէս է խոստացած է եւ որո՞ւ խոստացած։ Մէկ ուրիշ խումբ կը պնդէ, թէ Պրահայի պայմանագրով՝ ինքնիշխան Ատրպէյճանի տարածք է Լաչինի միջանցքը եւ անոնք կ՚ընեն ինչ որ կը ցանկանան։
Ցնցող երեւոյթ էր, երբ արքեպիսկոպոս Միքայել Աջապանեանը խօսք առնելով, այդ հաւաքոյթին,համոզմունքով ակնարկեց, թէ ՀՀ իշխանութիւնները փակած են Լաչինի միջանցքը։ Անկարելի է հարց չտալ, թէ այդ կղերը, որ ընդդիմադրի համբաւ ունի, ի՞նչու եւ որո՞ւ, եթէ ոչ իր վերադասի հրամանով էր ներկայ այդտեղ եւ ի՞նչ հրաշքով ծնեց այդ հրաշալի միտքը, որ ոչ միայն տգէտ, այլ կատարեալ տխմարութիւն է։ Աւելի ազդեցիկ է երեւոյթը, երբ ներկաները համակարծիք էին, թէ միջանցք բանալու միակ միջոցը՝ դաւաճան իշխանութիւններուն արագ հեռացնելն է։ Խնդանք թէ՞ լանք։ Այն պահուն, երբ մեր այդ հոգետանջ հայրենաբնակները, այդպիսի լուծումներ կը գտնեն՝ Պուտինի գործակից Պրիմակովը այլ սպառնալի խորհուրդ կու տայ.- «Հրադադարը վստահութիւն է ներշնչած է հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն, եւ անոնք հակուած չեն զիջումներու երթալու։ Բայց մենք պէտք է հասկացնենք կողմերուն, որ անոնց յամառութիւնը կարող է յանգեցնել անցանկալի հետեւանքներու»։ Կարծեմ պարզ է պատգամը։
Մէկ այլ հայրենիքի հոգսերով հալ ու մաշ եղած, անքուն գիշերներ անցնող լրագրող Սարգիս Մահսէրէճեանը՝ թղթակից, որ ճանաչուած է իր հռետորաբանութեամբ, «Ասպարէզ»ի էջերը կը զբաղեցնէ հետեւեալ տխմար տողերով՝ «Թաւշեայ Հայաստան»ին մէջ չեն ուզէր տեսնել, թէ բարի խոստումներով երկրի ղեկը գրաւած մարդն ու գործակիցները հանգրուանաբար նորանոր անդունդներ կը փորեն եւ մեր հայրենիքը անկումէ անկում կը տանին, զայն մօտեցուցած են անէանալու վտանգին... Մեր ժողովուրդը անկումէ եւ պարտուողականութենէ հեռացնելու կոչուած բոլոր ձեռքերը վիթխարի մարտահրաւէրի մը դիմաց կը կանգնին. թօթափել տալ անձի պաշտամունքի մտածողութիւնը եւ ճանչցնել իսկական թուրքը...»։ Այս գրչակի տողերու ու փողոցի ցուցարարներու հայրենափրկիչ տգէտ կոչերու միջեւ, ի՞նչ է տարբերութիւնը։ Զարմանալի է, թէ ինչպէս բծախնդիր խմբագրապետ՝ Շահան Գալանտերհեանը կը հանդուրժէ դարաւոր պարբերականի էջերը զբաղեցնել նման անպատուաբեր գրառումներով, որ պարզամտութեան կատար են։ Բացառուած չէ, որ այդ բոլոր ճիգերը ուղղուած են մէ՛կ նպատակի ու բանի՝ ռուսի ձեռքով իշխանութիւն ստանալ՝ առանց ընտրութեան. որովհետեւ՝ արդար ու ժողովրդավար ընտրութեամբ ոչ մէկ յոյս կայ աթոռի հասնելու։ Այլապէս ոչ Արցախը, ոչ Լաչինը, ոչ Մեղրիի միջանցքը չեն հետաքրքրեր անոնց եւ պատրաստ ու յօժար են բոլորը տալու։ Մի՚այն Երեւանը բաւ է, իրենց իշխանական աթոռին եւ գանձին տիրելու, ինչպէս այն եղաւ նախկիններու շրջանին։ Այս է խնդրոյ առարկան։ Հասկացողին բարի ողջոյն։