ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ամենաթանկն ու ամենաաժանը

Այս շա­բաթ ու­զե­ցի խորհրդակ­ցիլ մար­դու կեան­քի նշա­նակու­թեան մա­սին։ Կա­րելի է զար­մա­նալ այդ նշա­նակու­թեան որ­քան յա­րաբե­րական բնոյթ մը ու­նե­նալուն։ Բժիշ­կի մը հա­մար թան­կա­գին է կեաքի ար­ժէ­քը, չէ որ ան պատ­րաստուած է իր ամ­բողջ ու­ժը կեանք փրկե­լու սրբա­զան ուխտին հա­մար վատ­նե­լու։

Որ­պէս սկզբունք բժշկին եւ առ­հա­սարակ բուժծա­ռայու­թեան բո­լոր սպա­սար­կութիւննե­րուն պաշ­տօն ստանձնողի հա­մար նշա­նակու­թիւն չու­նի փրկած կեան­քի ինքնու­թիւնը։ Անոր կնքած հի­փոկ­րա­տեան եր­դումը կ՚ար­գի­լէ ինքնու­թեան հա­մաձայն վա­րուի­լը։ Պահ մը են­թադրենք թէ արիւ­նարբու ահա­բեկիչ մը անվտան­գութեան ծա­ռայու­թեան պաշ­տօ­նեանե­րու հետ մտած զի­նեալ բա­խու­մէն ետք ձեր­բա­կալո­ւի ծան­րօ­րէն վի­րաւո­րուած ձե­ւով։ Ար­դի իրա­ւաբա­նու­թեան պա­հանջն է զայն իս­կոյն փու­թացնել հի­ւան­դա­նոց եւ յանձնել բժիշ­կի խնամ­քին։ Այդ պա­հուն բժիշ­կը իրա­ւունք չու­նի կեան­քը փրկել փոր­ձած մար­դուն գոր­ծած ոճիր­նե­րը հա­շուի առ­նե­լու։ Անոր կը վի­ճակի միայն դադ­րեցնել արիւ­նա­հոսու­թիւնը, վե­րանո­րոգել վէր­քե­րու պատ­ճա­ռած աւե­րը եւ ի վեր­ջոյ այդ վէր­քե­րը սպիաց­նե­լով վե­րակեն­դա­նաց­նե­լ կեանք մը։ Մի գու­ցէ այդ ապա­քինած ան­ձը օրէնքնե­րու սահ­մա­նած ամե­նածանր պա­տիժով պի­տի հա­տու­ցէ իր չա­րագոր­ծութեան հե­տեւան­քը։ Այստեղ տրա­մաբա­նական ոչ մէկ հա­կասու­թիւն կայ։ Օրէն­քի զար­գա­ցած հաս­կա­ցողու­թիւնը նոյ­նիսկ մա­հապա­տիժ կա­տարե­լու պա­հուն պայ­ման կը դնէ կա­խաղան ել­լո­ղի առողջ ըլ­լա­լը։ Ու­րեմն բժշկա­գիտու­թեան մէջ ամե­նաթանկն է մար­դու կեան­քը։

Նոյն հա­սարա­կու­թեան ըն­կա­լումնե­րով, ար­դա­րադա­տու­թեան նոյն հա­մակար­գի հաս­տա­տումնե­րով եւ օրի­նաւո­րապէս ըն­դունո­ւած կարգ ու կա­նոնով ամե­նաաժանն է նաեւ մար­դու կեան­քը, եթէ խնդի­րը դի­տենք փո­խանակ բժիշ­կի, զօ­րավա­րի մը աչ­քե­րով։ Ան դիրք մը գրա­ւելու ծրագ­րա­ւորու­մը ընե­լու ժա­մանակ են­թադրա­բար կը կռա­հէ թէ քա­նի զի­նուոր­ներ պի­տի զո­հուին այդ դիր­քին տի­րանա­լու հա­մար։ Այս պա­րագա­յին իր ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տին է տո­ւեալ դիր­քը, իսկ զի­նուոր­նե­րը զո­հուե­լու պատ­րաստ երի­տասարդնե­րէ բաղ­կա­ցող ուժ մը միայն։ Եթէ իր վա­րած գոր­ծո­ղու­թիւնը յա­ջողու­թեամբ պսա­կուի, այ­սինքն կա­րողա­նայ նո­ւաճել դիր­քը զո­հուած զի­նուոր­նե­րու թի­ւը նշա­նակու­թիւն մը պի­տի չու­նե­նայ։ Օրի­նակը բե­րինք սե­փական բա­նակի զո­հերով։ Ու­րեմն կա­րելի է են­թադրել թէ այդ նոյն հրա­մանա­տարի հա­մար որ­քան չնչին է հա­կառա­կոր­դի զո­հերու նշա­նակու­թիւնը։ Խա­ղի կա­նոնը կը թե­լադ­րէ կա­րելի եղած ամե­նանո­ւազ զո­հերով կա­րելի եղած ամե­նամեծ զո­հեր ապա­հովել հա­կառա­կոր­դի շար­քե­րէն։ Եւ եր­կուստեք է այս հաս­կա­ցողու­թիւնը պա­տերազ­մի դաշ­տին վրայ։ Բո­լորը կ՚ու­զեն նո­ւազ կո­րուստներ ու­նե­նալով մեծ զո­հեր ապա­հովել։ Ու­րեմն վեր­յի­շենք յօ­դուա­ծի խո­րագի­րը՝ մարդկա­յին կեան­քը փո­խաբե­րական իմաստ ու­նի կա­խուած ըլ­լա­լով թէ որ ար­ժե­համա­կար­գով կը դի­տենք։

Սոյն խորհրդա­ծու­թիւննե­րը ըրինք կե­նաց ու մա­հու հա­կադ­րո­ւած­քին մէջ։ Խնդի­րը կա­րելի է վեր­լուծել աշ­խա­տան­քի եւ այդ աշ­խա­տու­թեան կե­ղեք­ման յա­րաբե­րու­թիւնով եւս։ Այստեղ մարդկա­յինը աշ­խա­տան­քի ար­դար վար­ձատրու­թիւնն է։ Իսկ ան­մարդկա­յինը կամ հա­կամարդկա­յինը այս աշ­խա­տան­քին անխնայ կե­ղեքու­մը ի նպաստ յա­ւելեալ շա­հի։ Այս բո­լորին մէջ որ­քան ճղճիմ է իբ­րեւ էակ մար­դու հե­ղինա­կու­թիւնը։

pakrates@yahoo.com

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ