Շուէտի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ մահմէտականներու սուրբ գիրքը այրելու ցոյցէն ետք ահաբեկչական սպառնալիքը պատած է Իսթանպուլի երկնակամարը։
ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան Եւորպական կարգ մը երկիրներու Իսթանպուլի հիւպատոսարանները հրապարակած յայտարարութիւններով իրենց քաղաքացիները զգուշացուցած են Պոլսոյ զբօսաշրջական բնոյթ ունեցող թաղամասերէն հեռու մնալու մասին։ Հաղորդագրութիւններու մէջ յատկապէս կը նշուին Պէյօղլու, Գատըգիւղ, Պէշիկթաշ ու Շիշլիի շրջանները, յատկապէս ալ Իսթիքլալ փողոցը։ Այս ծիրէն ներս Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հայկական հաստատութիւններու վարչութեան ուղղուած գրութիւնով մը կրկնած է նման բնոյթի զգուշացումը։ Ան նշած է թէ իր լսումներուն համաձայն ՏԱԻՇ ահաբեկչական խումբէն երեք գործիչներ ներխուժած են քաղաք, հոգեւոր կամ քաղաքացիական բնոյթով աղմկայարոյց ահաբեկչական գործողութիւն մը իրականացնելու համար։ Շիրինօղլու այս առթիւ զգուշութեան կը հրաւիրէ համայնքային վարչութիւնները երկու կամ երեք ամիս ժամկէտով հեռու մնալու հաւաքական կազմակերպութիւններ իրականացնելէ։ Ան նաեւ կը յայտարարէ թէ այս պայմաններու մէջ չեղեալ կը համարէ ԷՐՎԱՊ-ի 6 Փետրուարի ժողովը։
Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան ալ յատուկ հարցումնագիրով մը դիմած է Ներքին Գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի, այս մասին ի՞նչ կանխազգուշացման կամ կանխարգելման միջոցներ, եղանակներ մշակելուն ուղղութեամբ։
Նշենք որ կարգ մը հիւպատոսարաններ այս հրապարակումներու հետ զուգահեռաբար ժամանակաւոր կերպով դադրեցուցած են իրենց սովորական աշխատութիւնները։
Յիշենք որ յառաջիկայ երկու-երեք ամիսներու ընթացքին նախատեսուած է խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կարգ մը միջոցառումներ։ Անոնցմէ առաջինն է 12 Մարտին կայանալիք Պէյօղլուի թաղականութեան ընտրութիւնը։ Բացի այդ, նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններն ալ պիտի կատարուին ոչ պաշտօնապէս ճշդուած 14 Մայիս թուկանին։