ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Օնուր Եասեր Ճան ոստիկանութեան թմրեցուցիչներու բաժնի պաշտօնեաներու կողմէ բերման ենթարկուած, ապա ազատ արձակուած էր։ Այս դէպքէն անմիջապէս ետք անոր անձնասպանութեան դիմելը դատական խնդրի վերածուած է։ 2 Դեկտեմբեր 2022-ին կայացող նախորդ նիստին դատախազութիւնը պահանջած էր նարքոթիկ բաժնի ոստիկաններուն ուղղեալ ծանր տանջանքի մեղադրանքներու վերաբերեալ թղթածրարը։ 3 Փետրուարին կայանալիք յաջորդ նիստի ընդառաջ Օնուր Եասեր Ճանի քոյրը Էզկի Սեւկի Ճան դատական գործընթացը պատմեց «Ակօս»ին։
Ան նշեց թէ դէպքը պատահած էր 13 տարի առաջ եւ ծնողներուն ու իր յամառ պայքարին հետեանքով այսօր կը դատուին մեղաւորները։ «Սակայն նշեմ որ Հաքան Այտընի գլխաւորած ոստիկանական խումբը ոչ թէ գործադրած ծանր տանջանքներուն, անարգանքներուն եւ ճնշումներուն հետեւանքով եղբօրս մահուան պատճառ ըլլալնուն, այլ այս բոլորը քօղարկելու եւ պաշտօնական փաստաթուղթերու վրայ զեղծարարութիւններ ընելու մեղադրանքով կը դատուին։ Ափսոս որ ծնողքս այս հանգրուանը անգամ չկրցան տեսնել։ Անոնք հաւատացած էին արդարութեան կայանալուն։ Բայց յուսահատ եղան։ Պետական համակարգը անգամ մը եւս մեծ բծախնդրութեամբ գործադրեց իր պաշտօնեաներու հանդէպ որդեգրած անպատժելինութեան սկզբունքը։ Այս բոլորը նկատի ունենալով իմ ակնակալութիւններն ալ շատ մեծ չեն։ Սակայն այս վերջին երկու նիստերու ընթացքին զգալիօրէն բարձրացած է հասարակութեան եւ մամուլի զօրակցութիւնը։ Եղբայրս, մայրս կամ հայրս ճանչցողներէն եւ նոյնիսկ անծանօթներէ զօրացութեան պատգամներ կը ստանամ։ Այս բոլորը կը խրախուսէ զիս իմ շարունակած պայքարին մէջ։ Այս ջանքերուն որոշ արդիւնքի մը հասնելուն համար կը կարօտիմ զօրակցութեան յարատեւութեան։ Մեր փաստաբանները յառաջիկայ դատավարութիւններուն ալ պիտի շարունակեն տանջանքներով անձնասպանութեան պատճառ դառնալու մասին մեղադրանքը։ Չենք կրնար յօժարինլ եղբօրս մահուան պատճառ եղողներուն միայն զեղծարարութեամբ մեղադրուելուն» ըսած է Էզկի Սեւկի Ճան։ Ան նաեւ նշած է թէ 3 Փետրուար ուրբաթ օր Չաղլայանի դատարանին մէջ պիտի կայանայ նաեւ Շաբաթօրեայ Մայրերու դատավարութիւնը։ «Երկու դատավարութիւններու համար ալ զօրակցութեան կը կարօտինք շեշտելով եզրափակած է իր խօսքերը»։