ՕՍՄԱՆ ՔԱՒԱԼԱ
Երբ տարի մը առաջ կը պատասախնէի «Ակօս» թերթի ուղղած հարցումներուն, դրական զարգացում ըլլալով գնահատած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն բանակցութիւններու մեկնարկման որոշումը։ Նշած էի թէ բանակցութիւններու մեկնակումը եթէ չհասնի խաղաղութեան արդար դաշինքի մը, ալ աւելի կը խտանան պատերազմներուն պատճառ դարձած աւերները, հակառակորդի հանդէպ անվստահութիւնը եւ կանխակարծիքները։ Սակայն Արցախի պատերազմէն ետք ապրուած զարգացումները մտահոգիչ են։ Վերջապէս Լաչինի միջանցքի շրջափակումը կ՚արգելափակէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մեկնարկած յարաբերութիւնները զարգացնելու տրամադրութիւնը։ Իմ զգուշացուցած ժխտական գործընթացը կանխելու համար ալ որեւէ շարժում չենք տեսներ։
Կացութեան անպատեհութիւնը նշելու համար կ՚ուզեմ յիշեցնել Հրանդի առաջադրանքները։ Միջնակարգի եւ լիսէի աշակերտութեան տարիներուս թէեւ ծանօթացած էի հայ ընկերներու հետ, բայց առաջին անգամ 1915-ի մասին զրուցած եմ Անգլիա ուսանողութեան տարիներուս համալսարանի հանրակացարանը բաժնած պարսկահայ ուսանողի մը հետ։ Թուրքիոյ մէջ ալ այս նիւթը առաջին անգամ խօսած եմ Հրանդին հետ։ Ինչպէս գիտէք Հրանդ թապուի մը վերածուած այս նիւթը եւ Թուրքիոյ հայերուն հանդիպած խտրականութիւնը առաջին անգամ երկրի հասարակութեան ծանօթացնող հայ մտաւորականը եղած է։ Ան հայոց իրողութիւնը պարզելու ժամանակ թուրքերուն այս մեծ ոճիրով ու անարդարութեամբ առերեսուելուն կողքին երազած էր նաեւ թուրքերու եւ հայերու իրար հասկացողութեան, փոխադարձաբար բարեկամական զգացումներ զարգացնելու եւ մերձեցումներ ապահովելու գործընթացը։ Այսպէսով երկու ժողովուրդ պիտի ազատէին իրենց մարմնին մէջ տեղ գտած ժահրէն։ Այս պատճառաւ ալ ստանձնեց ո՛չ միայն հայոց, այլ խղճի տէր եւ հաւասարութեան հաւատացող բոլոր քաղաքացիներու ձայնը ըլլալու պատասխանատուութիւնը։ Եթէ չեմ սխալիր Հրանդ հարեւան ժողովուրդներ ըլլալու եւ մշակութային նմանութիւններ պարզելու բերմամբ նախապատուութիւնը կ՚ընծայէր Հայաստանի ժողովուրդին հետ մերձեցման։ Ան մտահոգ էր սփիւռքահայերուն իրենց ապրած երկիներու կառավարութիւններուն վրայ, ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու ուղղուած ռազմավարութենէն։ Համոզուած էր որ այդ արշաւը թուրք հասարակութեան մէջ կանխակարծիքները պիտի ամրացնէ։ Ան կը մերժէր երկխօսութեան պայման ըլլալով ցեղասպանութեան ճանաչումը պարտադրող քաղաքականութիւնը։ Այսպէսով ալ հասկացողութեան տարբերութիւն մը գոյացուցած էր սփիւռքահայ հասարակութեան հետ։ Կը կարծեմ թէ այս մասին սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանի հասարակութեան միջեւ մերձեցման տարբերութիւն մը առկայ է։ Զիրենք արմատներէն պոկած, պատմական հայրենիքէն զրկած 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն անուանելով տարբեր երկիրներ ցրուած սփիւռքահայերը գտան զիրենք միացնող տարր մը։ Այդ տարրը սփիւռքի քաղաքական մշակոյթի հիմնական յատկանիշն է նաեւ։
Միւս կողմէ Հայաստանէ ներս՝ ուր ազգային մշակութային ինքնութիւնը բնորոշողը մշակութային ժառանգին յարատեւութիւնն է, 1915-ը հասարակական յիշողութեան մէջ նման նշանակութիւն չունի։ Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ առարկութիւններ կը ներկայացնէին Հայաստանի կառավարութեան Թուրքիոյ հետ ստորագրած արձանագրութիւններուն մէջ 1915-ի վերաբերեալ ակնարկութիւն մը չունենալուն համար։ Այս ալ կ՚ապացուցէ թէ Հայաստանի նախապատուութիւնները տարբեր են։
Հայաստանի պատմութեան մէջ աւելի կարեւոր տեղ ունի 1920 թուականին զօրավար Քազըմ Գարապեքիրի հայոց Ղարսէն ու Կիւմրիէն մեծ կորուստներով նահանջելուն պատճառ դարձած զինուորական գործողութիւնները։ Այդ բախումներէն անմիջապէս ետք Խորհուրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ «Բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դաշինք» ստորագրուեցաւ։ Ղարսի պայմանագրով վերջ գտաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու մասին տարակարծութիւնը։ Հայաստան անդամակցելով Խորհրդային Միութեան, ենթարկուեցաւ նաեւ ազգային զգացումներու արտայայտութիւնը արգիլող գաղափարախօսութեան մը ճնշումներուն։ Այսպէսով կանխած եղաւ երիտասարդ սերունդներու մէջ թրքատեացութեան սերմանումը։ Սակայն ինչպէս պատահած էր Թուրքիա- Յունաստան պատերազմի աւարտին, այս անգամ երկու հասարակութիւններու միջեւ մերձեցում մը եւ խաղաղաութեան միջավայր մը չգոյացաւ։ Երկու հարեւան ժողովուրդ, Խորհրդային համակարգին ալ ազդեցութեամբ իրարմէ հեռու մնիացին։ Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն ետք Արցախի խնդրի բռնկումով եւ հայ զինեալ միաւորումներու շրջակայ տարածքները գրաւելով յարաբերութիւններն ալ տակաւին չսկսած սառեցան։
Արցախեան վերջին պատերազմով Թուրքիա 1920-էն այս կողմ առաջին անգամ ըլլալով ուղղակիօրէն կողմ եղաւ հայոց դէմ պատերազմին։ Այս ալ իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ Հայաստանի ժողովուրդին վրայ։ Պատերազմի պատճառած բռնութեան, պարտութեան հոգեբանութեան, 1920-ի կռիւներուն յիշողութեան եւ 1915-ի մասին պատումներուն հասարակական յիշողութեան մէջ նոր իմաստ ստանալուն ականատես կ՚ըլլանք։ Այդ պատճառով ալ կ՚ուզեմ կէտ մը եւս աւելցնել անցեալ տարի «Ակօս»ին ղրկած պատասխաններուս։ Եթէ շուտափոյթ կերպով արդար եւ ընդունելի խաղաղութեան ենթահող մը չգոյանայ, Հայաստանի մէջ թուրքերու հանդէպ նախապաշարներով լեցուն նոր սերունդներու պիտի հանդիպինք։
Անցեալին իրարու թշնամացած հասարակութիւններու բարեկամութիւն զարգացնելը քաղաքական հասունութիւն ալ կը բերէ։ Ավտորիտար եւ ազգայնական հոսանքներուն շահագործած թշնամութեան ընկալումի տկարացումով ժողովրդավարական մշակոյթի մը զարգացման առջեւ ցցուած արգելքներն ալ կը հարթուին։ Կը հաւատամ թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հասարակութիւնները նման զարգացումի մը կարիքը ունին։