ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կը նշենք իւրաքանչնիւր տարի Յունուար ամիսով մեզի համար մեկնարկած կ՚ըլլայ Հրանդ Տինքի յիշատակման միջոցառումներու եղանակը։ Կը հարկադրուինք տարբեր բնոյթներով զանազան միջոցառումներու մասնակցելու։ Այս տարի ալ երեւոյթը տարբեր չէր եւ ըլլայ երկրի տարածքին, ըլլայ սահմաններէ դուրս ներկայ գտնուեցանք բազմաթիւ ոգեկոչման միջոցառումներու։
Այս տարի այդ ամբողջին մէջ կար նաեւ յատկանշական նոր օրինակ մը, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Տակաւին նախորդ տարուայ Նոյեմբեր ամիսէն ստացանք հրաւէր մը, հայ յեղափոխական Արմենակ Պաքըրճեանի յիշատակման մասնակցելու համար։ Պարտինք նշել թէ Արմենակ Հրանդ Տինքի ամենամտերիմ ընկերներէն էր եւ սպաննուած էր ոստիկանութեան հետ մտած բախումի մը ընթացքին։ Իր կուսակցական ընկերները որոշած էին 29 Դեկտեմբերին զինք ոգեկոչել Նուրճան Եըլտըրըմի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ֆիլմի մը ցուցադրութիւնով։ Ֆիլմի խորագիրն էր «Ճակտին վրայ թուրի վէրք՝ Արմենակ»։ Ֆիլմը յաջող նկարահանումով մը կը ներկայացնէր Արմենակ Պաքըրճեանի կենսագրութեան յատկանշական դրուագները, յատկապէս պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելով անոր Զմիւռնիոյ բանտէն փախցուելու դէպքին։ Ընկերները որոշած էին զինք բանտէն փախցնել յատուկ ծրագրուած գործողութիւն մը կիրարկելով։
Այս հետաքրքրաշարժ ներկայացումէն ետք թէ այդ օր այդ գործողութեան մասնակիցներէն Ֆերիտուն Պերքին եւ թէ ֆիլմի հեղինակ Նուրճան Եըլտըրըմ ելոյթներ ունեցան։ Ապա խօսափողը յանձնուեցաւ մեզի, ուր անդրադարձանք մանաւանդ ալ Սուրբ Խաչ Դպրեվանք վարժարանի նշանակութեան Արմենակի նման երիտասարդներու ձեւաւորման մէջ։
Այդ տարիներու Սուրբ Խաչ Դպրեվանքը իբրեւ յատկապէս գաւառէն եկած հայութեան գիշերօթիկ վարժարան իր աշակերտները կը պատրաստէր ժամանակի զարգացումներէն տեղեակ մտաւորական երիտասարդներ ըլլալով։ Այդ գործընթացին մէջ մինչեւ օրս երանութեամբ կը յիշատակուին վարժարանի ուսուցչաց կազմէն որոշ անուններ։
Վարժարանի շնորհած տրամադրութեան բնական շարունակութիւնը դարձած էր Օսմանպէյի մէջ հիմնուած սանուց միութիւնը։ Թէ Հրանդ եւ թէ Արմենակ իրենց գաղափարական պաշարը կուտակած ու զարգացուցած էին այս միջավայրի մէջ։
Մենք ակնարկեցինք նաեւ մի այլ կարեւոր հանգամանքի, որ ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճի համար ունէր ինքնաքննադատական բնոյթ։ Հայ, թուրք եւ քիւրտ հասարակութեան որոշ տարիքը անց անհատներէ բաղկացող ներկաներու բազմութեան մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէին թէ կանայք եւ թէ երիտասարդութիւնը։ Ակնարկեցինք այս տարօրինակ պատկերին, նշելով թէ հոս է 68-ի սերունդը, 78-ի սերունդը ու ապա հարց տուինք. «Ապա ո՞ւր է 88-ի կամ 98-ի սերունդը։ Նոյնիսկ 2008-ի սերունդը։ Եթէ 2008-ին ծնածները այսօր 15 տարեկան են, կ՚արժէ յիշել որ մենք՝ այս դահլիճի մեծամասնութիւնը կազմողներս, այդ նոյն տարիքներուն արդէն ունեցած էինք մեր հիմնական գաղափարական կառոյցը, որ զարգացաւ տարիներու ընթացքին։ 2013-ին Իսթանպուլ «Կէզի» զբօսայգիի պաշտպանութեան համար մեկնարկած եւ ապա ամբողջ երկրին տարածուած դիմադրական շարժումի մղիչ ուժը դարձեալ նոյն երիտարադրութիւնն էր։ Ուրեմն կարելի է հետեւցնել թէ անոնք մեզի թուացածին նման բոլորովին անտարբեր չեն ընկերային հարցերու նկատմամբ։ Պարզապէս մենք ենք որ կառչած մնացինք 50 տարի առաջուան իմացութիւններուն, հասկացողութիւններուն եւ անոնցմէ բխող պատգամներուն։ Դժուարացանք յարատեւ զարգացումին հետեւելու եւ պատճառ դարձանք որ անդունդ մը գոյանայ սերունդներու միջեւ»։
Աւարտին զանազաններ կիսեցին մեր հաստատումները, իսկ ոմանք ալ հիասթափութիւն ապրեցան 50 տարի առաջուայ բարքերուն կառչած մնալով։ Կասկած չկայ թէ Արմենակը եւ իր գաղափարակից ընկերները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն հաւատացած պայքարին, մինչեւ օրս կը շարունակեն մեր ճանապարհը լուսաւորող փարոսներ մնալու։
Պարտիմ նշել թէ այդ օր պատշաճ կերպով յիշատակուեցան նաեւ Լեւոն Էքմեքճեան եւ Հայր Մանուէլ Վրդ. Երկաթեան, իբրեւ անարդարութեան դէմ պայքարող հերոսներ։