ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ուրիշ

Հայը «ու­­րիշ» է

Երբ Հայ­­կա­­­կան Լեռ­­նաշխար­­հի վրայ այ­­սօր աշ­­խարհա-քա­­ղաքա­­կան ու­­րիշ քա­­միներ կը փչեն եւ հայ ժո­­ղովուրդը, շատ ծա­­նօթ այդ բո­­լորին, իր հար­­ցե­­­րը լու­­ծե­­­լու հա­­մար ու­­րիշ լե­­զուով պի­­տի խօ­­սի այ­­լեւս, գի­­տակ­­ցե­­­լով նաեւ, թէ ու­­րի­­­շի ապու­­րին աղ դնե­­լու, ու­­րի­­­շի բե­­րանով հաց ու­­զե­­­լու, ու­­րի­­­շի եր­­գը եր­­գե­­­լու եւ ու­­րի­­­շի հա­­ցը ու­­տե­­­լու ժա­­մանա­­կը չէ՝ ես ալ այս գի­­շեր որո­­շեցի ածա­­կան­­նե­­­րու եւ գո­­յական­­նե­­­րու նո­­ւիրո­­ւած նախ­­կին յօ­­դուած­­նե­­­րէս շատ ու­­րիշ աշ­­խա­­­տանք մը կա­­տարել ու գրի առ­­նել «ու­­րիշ» անո­­րոշ դե­­րանու­­նի պատ­­մութիւ­­նը, ու հասկնալ, թէ ին­­չո՚ւ հա­­յու ծի­­ծաղ­­ներն են ու­­րիշ, ար­­ցունքներն են ու­­րիշ, ու­­րիշ խօս­­քով՝ հա­­յը ու­­րիշ է։

Բա­­ռին «որիշ» ար­­մատնե­­րը

«Ու­­րիշ» բա­­ռի ար­­մատնե­­րու մէջ կայ ու­­րիշ, այժմ ժա­­մանա­­կավ­­րէպ բառ մը՝ «որիշ»։ Գրա­­բարեան այս բա­­ռը կը կազ­­մէ ըն­­տա­­­նիք մը, որուն ան­­դամներն են՝ որուշ, ու­­րուշ, որոշ, որո­­շել։ Հայ­­կա­­­կան հնա­­գոյն մա­­տենագ­­րութեան մէջ յա­­ճախ գոր­­ծա­­­ծուեր է «որիշ-որիշ» (այլ եւ այլ, տե­­սակ-տե­­սակ) ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը։ Այժմ ձե­­զի կը ներ­­կա­­­յաց­­նեմ «որիշ» ժա­­մանակ­­նե­­­րու մա­­տենագ­­րա­­­կան ճա­­շակը, ուր բառս մին­­չեւ 1700-ներ պա­­հեր է իր հնա­­գոյն ձե­­ւը, գո­­յակ­­ցե­­­լով իր եր­­կո­­­ւորեակ «ու­­րի­­­շեի հետ. «Որիշ մե­­ղացն», Կո­­միտաս Աղ­­ցե­­­ցի, 600, «Որիշ որիշ վա­­ճառեալովս», Անա­­նիա Շի­­րակա­­ցի, 650, «Որիշ յաշ­­խարհէ», Ներ­­սէս Լամբրո­­նացի, 1190, «Որիշ բնու­­թիւն», Մխի­­թար Գօշ, 1200, «Որիշ վան­­քեր սքան­­չե­­­լագործ», Սի­­մէոն Լե­­հացի, 1600։ Նկա­­տեցի՞ք, թէ որե­­ւէ մէջ­­բե­­­րում չկայ Աս­­տուածա­­շունչ մա­­տեանէ։ Պատ­­ճառն այն է, որ Սուրբ Գիր­­քի թարգմա­­նիչ­­նե­­­րը, «ու­­րիշ»բա­­ռի տեղ, 2308 ան­­գամ գոր­­ծա­­­ծեր են «այլ» բա­­ռը, ինչպէս նաեւ՝ այ­­լա­­­գոյն, ազ­­լազգի, այ­­լա­­­կերպ, այ­­լա­­­լեզու, այ­­լա­­­միտ, եւ այ­­լե­­­ւայլ բա­­ռեր։ Ու­­րիշ ան­­գամ կը գրեմ նաեւ «այլ» բա­­ռի ոդի­­սակա­­նը։

Ու­­րի­­­շի ձեռ­­քով
ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ

«Ու­­րիշ» բա­­ռը ծնունդ տո­­ւաւ տե­­սակ-տե­­սակ պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու, որոնք սրա­­միտօ­­րէն կը խօ­­սին ընե­­րային մեր կեն­­ցա­­­ղի, թե­­րու­­թիւննե­­րու, քա­­ղաքա­­կան նեղ, եր­­բեմն ալ ան­­յարմար, վի­­ճակ­­նե­­­րու մա­­սին։ Հա­­յը իր կեան­­քի եր­­կար ճա­­նապար­­հի ըն­­թացքին եր­­բեմն խու­­սա­­­փեցաւ, եր­­բեմն ալ են­­թարկո­­ւեցաւ անոնց, ինչպէս՝ Ու­­րիշ երգ եր­­գել, Ու­­րիշ լե­­զուով խօ­­սիլ, Ու­­րիշ աչ­­քով նա­­յիլ, Ու­­րի­­­շի հա­­ցը ու­­տել, Ու­­րի­­­շի ապու­­րին աղ դնել, Ու­­րի­­­շի խօս­­քով շար­­ժիլ, Ու­­րի­­­շի ձեռ­­քով կրա­­կէն շա­­գանակ հա­­նել…։ «Ու­­րիշ» բա­­ռը յար­­մար եկաւ նաեւ հիաց­­մունք ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու հա­­մար. «Սա­­նամի աղ­­ջիկն ու­­րիշ էր», ինչպէս գրեց ար­­ձա­­­կագիր եւ գրա­­կանա­­գէտ Խա­­ժակ Գիւլնա­­զարեանը։

«Էօ՚րիշ»բար­­բառներ

«Ու­­րիշ» բա­­ռը այլ եւ այլ գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ հնչեց ինչ-ինչ ձե­­ւերով։ Եթէ ճամ­­բորդէք Հաւ­­րա, Խար­­բերդ, կամ Նոր Նա­­խիջե­­ւան՝ բա­­ռը պի­­տի հնչէր «ու­­րուշ», Վա­­ճայ լի­­ճէն հա­­րաւ-արեւ­­մուտք, Մոկք գա­­ւառի մէջ՝ «հիւ­­րիշ», Վա­­նի եւ Շա­­մախի մէջ՝ «իւ­­րիւշ», Գո­­րիսի մէջ՝ «օ՚րիշ», իսհ Ար­­ցա­­­խի մէջ՝ «էօ՚րիշ»։

Ու­­րիշ ճշմար­­տութիւն

Հայ­­կա­­­կան քնա­­րեր­­գութեան մէջ կար­­ծես ու­­րիշ փայլ մը առաւ բառս ճիշդ այն օրը, երբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորի­­չը իր ձեռ­­քով, ըստ Վա­­հան Թէ­­քէեանի, մե­­զի հա­­մար վա­­ռեց Արա­­գածի կան­­թե­­­ղը. «Ան կը շո­­ղայ առան­­ձին, այնքան ան­­ջատ միւսնե­­րէն, / Որ ու­­րիշ ձեռք մը կար­­ծես զա­­նի վա­­ռեց գաղտնօ­­րէն»։ Թէ­­քէեանի երկրորդ «ու­­րի­­­շը» յայտնո­­ւեցաւ 1926 թո­­ւակա­­նին, այն լուռ գի­­շերը, երբ բա­­նաս­­տեղծը հա­­շուե­­յար­­դա­­­րի նստե­­ցաւ իր կեան­­քի եւ արարքնե­­րու հետ. «Հա­­շուե­­յար­­դար. ի՜նչ մնաց. կեան­­քէն ին­­ծի ի՞նչ մնաց. / Ինչ որ տո­­ւի ու­­րի­­­շին. տա­­րօրի­­նա՜կ, ա՚յն մնաց»։ Պոլ­­սոյ մէջ մէկ ու­­րիշ գրող, Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը, կեան­­քի հա­­րուած­­նե­­­րէն ցնցո­­ւած, յու­­սա­­­հատ, գրեց. «Բա՜ւ է. բա՜ւ է. արդ աւա­­սիկ խոր­­տա­­­կուած՝ / Թէ մար­­դէն, թէ օրէն­­քէն, / Ու­­րիշ յոյ­­սի մ՚յոյս չու­­նիմ»։ Յոգ­­նա­­­բեկ Ինտրան, որ ու­­նէր խոր նե­­րաշ­­խարհ, բայց ո՚չ պայ­­քա­­­րելու ոյժ՝ նոյն քա­­ղաքի մէջ 1904 թո­­ւակա­­նին, վհա­­տելով աշ­­խարհի ու­­նայնու­­թե­­­նէ, մտա­­ծեց նո­­ճի դառ­­նալ ու հա­­ղոր­­դո­­­ւիլ Անդրաշ­­խարհի հետ. «Մե­­ղաւոր տղու խռով­­քով կը սպա­­սեմ / Որ մեռ­­նե­­­լով՝ ես ալ դառ­­նա՜մ նոճ մ’ու­­րիշ»։ Իսկ 1905-ին ան փա­­փաքե­­ցաւ, որ լոկ նո­­ճինե­­րը հա­­ռաչեն, ո՚չ՝ ու­­րի­­­շը. «Ու­­րիշ ամէն խոհ թող լռէ, ու մի­­նակ / Նո­­ճեաց այս լուռ երազն յԱն­­հունն հա­­ռաչո­­ւի»։ Մինչ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը, որ գա­­ղափա­­րախօ­­սական բո­­լորո­­վին տար­­բեր ճա­­նապարհ բռնած էր «ու­­րիշ» բա­­ռով եր­­գեց ազ­­գա­­­յին պատ­­կա­­­նելիու­­թեան հպար­­տութիւ­­նը. «Իմ կա­­րօտած սրտի հա­­մար ո՛չ մի ու­­րիշ հէ­­քիաթ չկայ…», իսկ եթէ իր առա­­քելու­­թիւնը մնար անա­­ւարտ՝ «Ու­­րիշ աշուղ կ՚ասէ աշ­­խարհի խա­­ղը, ինչ որ ես չեմ ասէ- նա կ՚ասի վա­­ղը»։ Նո­ւաղած, դա­­լուկ քեր­­թողնե­­րու դա­­րաշրջա­­նին, երբ քնա­­րի լարն էր անոյշ՝ հա­­յը հար­­կադրուեցաւ ու­­րիշ լե­­զուով խօ­­սելու։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը, 1905 թո­­ւակա­­նին Գիւմրի քա­­ղաքի մէջ, խօ­­սեցաւ ա՛յդ ճշմար­­տութեան մա­­սին. «Տէր կամ ստրուկ պի­­տի լի­­նիս,- / Ճշմար­­տութիւն չկայ ու­­րիշ… Լուծ կամ լծկան պի­­տի լի­­նիս,- / Ճշմար­­տութիւն չկայ ու­­րիշ… Մո՚ւրճ կամ զնդա՚ն պի­­տի լի­­նիս.- / Ճշմար­­տութիւն չկայ ու­­րիշ»։

Դու ու­­րի­­­շինն ես…

Արիական պայ­­քա­­­րի եւ խո­­յան­­քի թո­­հու­­բո­­­հի մէջ ու­­ժասպառ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցը եր­­գեց հա­­մամարդկա­­յին եւ անանձնա­­կան սէ­­րը. «Տո՜ւր ին­­ծի, Տէ՜ր, ու­­րա­­­խու­­թիւնն անանձնա­­կան, / Եւ ես՝ հան­­գոյն երփնա­­լուցկի վա­­ռող ման­­կան՝ / Զայն գու­­նաժպիտ տես­­նեմ ու­­րիշ դէմ­­քի մը վրան»։ Մե­­ծարեն­­ցի «Ծիածան» եւ «Նոր Տա­­ղեր» գիր­­քե­­­րու հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն միայն տա­­րի մը յե­­տոյ, 1908-ին, Թիֆ­­լի­­­սի մէջ լոյս կը տես­­նէր Վա­­հան Տէ­­րեանի «Մթնշա­­ղի անուրջներ» ժո­­ղոուա­­ծուն։ Բա­­նաս­­տեղծը այդ գիր­­քի թախ­­ծոտ եւ մե­­լամաղ­­ձոտ էջե­­րուն մէջ, հա­­կառակ իր տան­­ջանքին, հա­­կառակ իր հիւ­­ծող մարմնին, երա­­զեց ու­­րիշ յոյս մը. «Հե­­ռու երկրի լու­­սէ հով­­տում / Օրերն ու­­րիշ երգ են հիւ­­սում… / Ու­­րիշ արե­­ւի փայլ / Ծա­­ւալում է անանց հան­­գիստ»։ Տէ­­րեանը վառ պա­­հեց մէկ այլ կեան­­քի եւ սի­­րոյ յոյ­­սը. «Կը զգամ համ­­բոյրը ու­­րիշ օրե­­րի… Դու իջ­­նում ես որ­­պէս յուշ, որ­­պէս ու­­րիշ կեան­­քի լոյս»։ Իսկ ինչպէ՞ս ընտրել կա­­տարեալ ու­­րի­­­շը՝ նման­­նե­­­րու մէջ. Զա­­րեհ Խրա­­խու­­նին «Կա­­թիլ­­ներ» քեր­­թո­­­ւածի մէջ բա­­ցատ­­րեց. «Ջու­­րի կա­­թիլ մը կը սա­­հի կը հան­­դի­­­պի ու­­րի­­­շի մը ու / կ՚ըսէ - / Գի­­տե՞ս ինչ բան / Քու մէջդ ինչ բան ամե­­նէն շատ / Ամե­­նէն շատ կը սի­­րեմ - / Դուն ոչ մէ­­կուն եւ ոչ մէ­­կուն կը նմա­­նիս»։ Խրա­­խու­­նիի գրչըն­­կեր Զահ­­րա­­­տը «Լաց» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ ըսաւ, թէ ինք չու­­զեց «ու­­րիշնե­­րէ վեր» ըլ­­լալ, փա­­փաքե­­ցաւ «ու­­րիշնե­­րու հետ» եւ «ու­­րիշնե­­րուն պէս» մնալ եւ «ու­­րի­­­շներէն վար»՝ միշտ լա­­ցաւ «ու­­րի­­­շին հա­­մար»։ Իսկ Պա­­րոյր Սե­­ւակը, օր մը հասկցաւ, թէ խա­­բուած է. «Դու ու­­րի­­­շինն ես / Ա՜խ, դու այդ ինչպէ՞ս ես ու­­րի­­­շինը եղել, / Իմ սի­­րելի՛, ասաԲ…»։

Ախր, ու­­րիշ տե­­ղեր…

Հա­­յը ին­­չո՞ւ է այսպէս,- հարց տո­­ւած էի ես, ինքնա­­գոհ, ինքնա­­բաւ եւ ինքնամ­­փոփ՝ ան կ՚ար­­հա­­­մար­­հէ ու­­րիշ աշ­­խարհներ՝ իր եր­­կի­­­րը կը վե­­րածէ պաշ­­տա­­­մունքի առար­­կա­­­յի։ Այս հար­­ցումին պա­­տաս­­խա­­­նը գտայ Հա­­մօ Սա­­հեանի բա­­նատո­­ղերու մէջ. «Ախր ես ինչպէ՞ս ու­­րիշ տեղ մնամ։ / Ախր ու­­րիշ տեղ հայ­­րեններ չկան, / Ախր ու­­րիշ տեղ հո­­րովել չկայ… / Ախր ու­­րիշ տեղ / Հո­­ղի մէջ այսքան օրհնու­­թիւն չկայ»։

Ու­­րիշ մե­­ղեդի­­ներ

Հայ­­կա­­­կան եր­­գա­­­րուես­­տը ու­­րիշ մէկ աշ­­խարհ է։ Հայ­­կա­­­կան ժո­­ղովրդա­­կան եւ գու­­սա­­­նական եր­­գե­­­րու ձայ­­նա­­­դարա­­նի մէջ յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դուք կը լսէք իմաս­­տա­­­սիրու­­թիւն, սէր, կա­­րօտ, թա­­խիծ, ինչպէս նաեւ՝ ծի­­ծաղ։ Այժմ ականջ տանք եր­­գե­­­րու շա­­րանի մը, սկսե­­լով Սա­­յաթ Նո­­վայի գո­­հար­­նե­­­րէ. «Ամէն մարդ չի կա­­նայ խմի, իմ ջուրն ու­­րիշ ջրէն է, / Ամէն մարդ չի կա­­նայ կար­­դայ, իմ գիրն ու­­րիշ գրէն է… Ի՞նչ կո­­նիմ հե­­քիմըն, ի՞նչ կո­­նիմ ջա­­րէն / Քու տո­­ւածն ու­­րիշ դիղ է, ո՛ւրիշ դիղ… Աղա­­չում իմ, ու­­րիշ ճար ու դիղ չու­­նիմ… »։ Ու­­նինք սի­­րային եր­­կու եր­­գեր, ուր «ու­­րի­­­շը» վտանգ է, չար է. «Ին­­չո՞ւ հա­­մար խռո­­վել է, / Գու­­ցէ ճամ­­բին մո­­լորո­­ւել է, / Կամ թէ ու­­րի­­­շին սի­­րել է», Գու­­սան Աշոտ, «Ես սի­­րեցի, ու­­րիշն առաւ», Կո­­միտաս։ Բայց Թա­­թուլ Ալ­­թունեանի «Քա դե՚ եսիմ» կա­­տակեր­­գի մէջ աղ­­ջի­­­կը կ’ու­­զէր, երա­­նի՜, որ յայտնուէր մէկ ու­­րի­­­շը. «Ըն­­կե­­­րու­­հի.— Աղ­­ջի՛, ին­­չի՞ մարդ չես առ­­նի։ Աղ­­ջիկ.— Քա դե՚ եսիմ, եսիմ, եսիմ. Մէ­­կը ու­­զեց, ես չհաւ­­նայ, / Ու­­րիշ ու­­զող հը­­լա չկայ»։

Ու­­րի­­­շը չպատ­­մէ մեր
պատ­­մութիւ­­նը

Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող խօ­­սեցանք «ու­­րիշ» բա­­ներու մա­­սին, երբ փչող ու­­րիշ քա­­միներ կը պար­­տադրեն, որ ու­­րիշ կե­­ցուածք առ­­նենք ամ­­բողջ ազ­­գով, ու­­րիշ կերպ մտա­­ծենք, չսպա­­սենք, չակնկա­­լենք, չյու­­սանք, որ ու­­րի­­­շը լու­­ծէ մեր հար­­ցե­­­րը ու կեր­­տէ մեր ապա­­գան։ Յօ­­դուածս յար­­մար կը գտնեմ Ար­­ցա­­­խին եւ ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թեան նո­­ւիրո­­ւած «Դե­­ւանիկ», «Վեր­­ջին բնա­­կիչը» եւ «Դրախ­­տի դար­­պա­­­սը» շար­­ժանկար­­նե­­­րով յայտնի բե­­մադ­­րիչ Ճի­­ւան Աւե­­տիսեանի մէկ խօս­­քով. «Պէտք է փոր­­ձենք մեր պատ­­մութիւ­­նը մենք պատ­­մենք, ինքներս պատ­­մենք, չթո­­ղենք ու­­րի­­­շը պատ­­մի»։