Շաբաթավերջին Երուսաղէմի հայկական թաղամասի մերձաւորութեամբ կրկին անգամ բեմադրուեցաւ հրեայ ծայրայեղականներու քրիստոնեաներուն ուղղուած յարձակումներէն մէկը։
Այս անգամ ալ երկու հրեայ ծայրայեղականներ դիտումնաւոր կերպով փորձեցին կռիւ հրահրել աշխատանքէ վերադարձող երկու հայ երիտասարդներուն։ Հայ տղաք փորձեցին զսպուածութիւն պահել, կանխելու համար անոնց գրգռութիւնը։ Սակայն վերջիններս արցունքաբեր կազ սրսկելով դիմեցին փախուստի։ Հայ երիտասարդները դիմեցին տեղւոյն ոստիկանութեան։ Ոստիկանները յաջողեցան բերման ենթարկել երկու նախայարձակները։ Անոնցմէ մին միջոց մը ետք ազատ արձակուեցաւ, իսկ արցունքաբեր կազ սրսկողը ձերբակալուեցաւ։
Դէպքերը շարունակուեցան հրէից նոր խումբի մը յայտնութիւնով։ Այս վերջինները նոյնիսկ փորձեցին մագլցիլ հայկական թաղամասի պարիսպներուն անարգելու համար հոն տեղադրուած խաչը եւ հայկական եռագոյնը։ Թաղի հայ երիտասարդութեան միջամտութեամբ այս վերջինները եւս դիմեցին փախուստի։ Հայերն ալ սկսան ետեւնէն վազել։ Երբ կը մօտենային ոստիկանատուն, փախչող հրեաները սկսան աղաղակել «Ահաբեկչական յարձակում» գոռալով։ Այս լսելով ոստիկանները բերման ենթարկեցին հայ երիտասարդները։ Անոնցմէ մէկը մանաւանդ պահեցին հսկողութեան տակ։ Այդ իրավիճակը փոխուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Պատրիարքի ջանքերով։
Ծայրայեղ կրօնամոլ հրեաներու հայոց եւ այլ քրիստոնեաներու հանդէպ այս տեսակի յարձակումները սովորական երեւոյթ են Սուրբ քաղաքի մէջ։