Շիշլիի քաղաքապետարանը վերջերս թափ տուած է Պոլսոյ կարեւորագոյն թաղամասերէն հանդիսացող իր պաշտօնավարման շրջանին մէջ մշակութային ու գեղարուեստական միջոցառումներու։ Մեր նախորդ համարներուն մէջ անդրդարձած էինք քաղաքապետարանի գործող լրագրողներու յիշատակման օրուայ առթիւ կազմակերպած ասուլիսին։ Քաղաքապետարանը Ամանորի նախօրէին ընթրիքի յատուկ ընդունելութիւնով մը պատուած էր նաեւ փոքրամասնութիւններու պատկանող մամուլի գործիչները։ Այդ ընթրիքին արդէն յայտարարած էր թէ քաղաքապետարանի ջանքերով պիտի բեմադրուէր «Եոլճու» թատերախումբի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած «Կոմիտաս» բեմադրութիւնը։
Ուրեխութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք թէ այդ ծրագիրը պիտի կատարուի այս ուրբաթ ժամ 20.30-ին, Ճեմիլ Ճանտաշ համերգասրահին մէջ։ Նշենք որ այս բեմադրութիւնը նախապէս բազում անգամներ կրկնուած էր Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ գործող Մեսրոպ Մութաֆեան մշակոյթի սրահի բեմին վրայ։
Բարձր գնահատանքի արժանի է քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի նախաձեռնութիւնները, որոնք կը գերազանցեն քաղաքապետական ծառայութեան սահմանները եւ կը նպաստեն նաեւ թաղեցիներու մշակութային կարիքները հոգալու։
Նոյն ծիրէն ներս պէտք է նկատել նոյն թաղամասի նախկին քաղաքապետներէն դերասանուհի Ֆաթմա Կիրիքի յիշատակման միջոցառումը։ Կիրիք եւս կը յիշուի այս թաղի մէջ իր ունեցած կարեւոր ծառայութիւնով։ Ան բացի շարժանկարի կարող դերասանուհիի կերպարէն, կը յիշուի նաեւ քաղաքապետի իր լուրջ ու կառուցողական ծառայութիւնով։ Կիրիք յաջողած էր թաղի սովորական բազարը կայուն տեղ մը փոխադրել եւ այդ վայրին մէջ ալ բնական սննդամթերքի, հնավաճառութեան եւ կանանց ձեռագործութեան յատուկ տաղաւարներ կազմակերպել։ Շիշլիի այս առանձնայատկութիւնը թաղին յատուկ նշանակութիւն մը եւս կը շնորհէ։
Քաղաքապետարանը վերջապէս իր այս շարքի գործունէութիւններուն նոր օղակ մը եւս ագուցած եղաւ հանրածանօթ լրագրող Ուղուր Մումճուի մահուան տարելիցին առթիւ կազմակերպած միջոցառումով։ Մումճու Թուրքիոյ մէջ ծանօթ է հետազօտիչ լրագրողութեան աւանդի մը հիմնադիրը ըլլալով։ Ան չէր արտօնէր որ իր մշակած նիւթերը մոռացութեան մատնուին օրաթերթի էջերուն վրայ։ Յարատեւ կերպով կը շարունակէր իր պրպտումները եւ այսպէսով ալ ապահոված կ՚ըլլար զանազան գայթակղութիւններու բացայայտումը։
Անցեալին ականատես եղած էինք ամբոխավար մերձեցումներով հասարակութիւնը սիրաշահիլ փորձող քաղաքապետներու կերպարին։ Մուամմէր Քեսքին լուրջ հակադրանք մըն է, այդ փաղանգին դիմաց, որ կ՚ընէ իր պարտականութիւնը ամբողջական գիտակցութիւնով։
Մենք եւս կը շնորհաւորենք քաղաքապետը, իր հիմնական ծառայութիւններու կողքին մշակութային այս ձեռնարկներու կատարումին համար։