ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Կարճ

Ամիս մը առաջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, եր­կար-բա­րակ գրած էի «եր­կար» բա­ռի գրա­կան պատ­մութիւ­նը, կաս­կած չու­նե­նալով, թէ հա­յը եր­կար միտք ու­նէր, եր­կա­րակեաց ազգ էր եւ չա­փազանց համ­բե­րատար՝ Նա­րեկա­ցիի նա­խընտրած բա­ռով՝ եր­կայնա­միտ, սա­կայն, երբ աւե­լի խո­րացայ մեր գրա­կանու­թեան եւ պատ­մութեան մէջ, նկա­տեցի, թէ հա­յուն ժպիտ­ներն են կար­ճա­տեւ, ծրա­գիր­ներն են կար­ճա­հաս, մտա­ւորա­կան­ներն են կար­ճա­լեզու եւ բա­նաս­տեղծներն են կար­ճա­կեաց, իսկ անոր եր­բեմնի, բա­ւակա­նին ըն­թարձակ եր­կի­րը՝ կար­ճո­գի զի­նուո­րական­նե­րու, կար­ճա­միտ ղե­կավար­նե­րու կար­ճա­տեսու­թեան պատ­ճա­ռով այժմ կրճա­տուեր, մնա­ցեր է ափ մը հող՝ գրա­սեղա­նիս վրայ տրտում նստած, ձեռքս ծնօ­տիս դրած, որո­շեցի գրել «կարճ» ածա­կանի հա­մառօտ պատ­մութիւ­նը, որ­պէսզի լիակա­տար հասկնանք, թէ ին­չո՚ւ նեղ մի­ջանցքի մը շրջա­փակու­մը այսքան եր­կար կը տե­ւէ եւ ին­չո՚ւ յա­ճախ կը կրճա­տուի մեր ազ­գի եր­ջանկու­թիւնը։

Ստու­գա­բանու­թիւն

Ստու­գա­բանա­կան հա­կիրճ պատ­մութիւն ու­նի բառս։ Ստո­ւար բա­ռարան­նե­րու մէջ լոկ մէկ եր­կու կար­ծիք կայ, թէ ի՚նչ է «կարճ» ածա­կանի ար­մա­տը։ Ըստ տե­սու­թեան մը՝ ան եկած է «կիրճ» բա­ռէն։ Գեր­ման լե­զուա­բան եւ արե­ւելա­գէտ Յ. Կլապ­րո­թը մատ­նանշեց գեր­մա­ներէն kurz, պարսկե­րէն chord, լա­տինե­րէն curtus բա­ռերու նմա­նու­թիւնը մեր «կարճ» ածա­կանի հետ։ Ըստ մէկ այլ վար­կա­ծի՝ «կարճ» բա­ռը զար­գա­ցած է հնա­գոյն kart- ար­մա­տէն, որ «կտրել» կը նշա­նակէ։ Դեռ եր­կար ու­սումնա­սիրու­թեան կը կա­րօտի այս նիւ­թը։

Հա­մառօտ պատ­մութիւն
Սուրբ Գրա­յին

Աս­տո­ւածա­շունչի հա­յերէն թարգմա­նու­թիւնը առիթ տո­ւաւ, որ «կարճ» բա­ռը կարճ ժա­մանա­կի մէջ գրա­կան բառ դառ­նայ։ Եզ­նի­կի, Ագա­թան­գե­ղոսի եւ Ոս­կե­դարու այլ մա­տենա­գիր­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու մէջ տեղ գտան «կար­ճա­բերձ, կար­ճա­կեաց, կար­ճա­միտ, կար­ճազգեստ, կար­ճա­հաս, կար­ճա­պատում, կար­ճա­պարա­նոց» բա­ռերը։ Հա­յը իր Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ՝ կար­ճա­ռօտ, կար­ճա­տեաց, կար­ճունչ (կար­ճա­գիթ) բա­ռերու քով ըն­թերցեց նաեւ խրա­տական միտ­քեր եւ ար­տա­յայ­տութիւններ, ինչպէս՝ «Յա­ղօթս քո կար­ճա­միտ մի՚ լի­նիր», «Եր­կայնա­միտ՝ բազ­մա­պատիկ է խորհրդովք, իսկ կար­ճա­միտն՝ յոյժ ան­միտ է»։ Այ­նուհե­տեւ, սկսաւ «կարճ» բա­ռի գրա­կան ճա­նապար­հորդու­թիւնը դէ­պի ուշ-միջ­նա­դար եր­կա­րող։ Ահա այդ պատ­մութիւ­նը մա­տենագ­րա­կան մէջ­բե­րումնե­րով. ԿԱՐՃ. «Ո՜վ կարճ եւ հա­մառօտ խնդիր», ԿԱՐ­ՃԱ­ԲԱՆ. «Մար­կոս [գրեց] Պետ­րո­սի, նման իւր վար­դա­պետին՝ կար­ճա­բան եւ հա­մառօտ», ԿԱՐ­ՃԱ­ԲԱՆՈՒ­ԹԻՒՆ. «Կար­ճա­բանու­թեամբ բամ­բա­սել զձեզ», ԿԱՐ­ՃԱ­ԳՈՅՆ. «Հե­րակ­լի­տէս կար­ճա­գոյն ճա­նապարհ ՜ի փա­ռասի­րու­թիւն ասէ զբա­րի լի­նելն», ԿԱՐ­ՃԱ­ԺԱՄԱ­ՆԱԿ. «Որ զօ­րէնսն ար­հա­մար­հէ, կար­ճա­ժամա­նակ լի­նի», ԿԱՐ­ՃԱ­ԼԵԶՈՒ. «Լի­նել եր­կայնա­միտ, եւ կար­ճա­լեզու», ԿԱՐ­ՃԱ­ՀԱՍ. «Կար­ճա­հաս իմաս­տութեամբն հա­սեալք չքնաղ­գի­տու­թեանն աս­տուծոյ», ԿԱՐ­ՃԱ­ՄԻՏ. «Այր եր­կայնա­միտ բազ­մա­պատիկ է խորհրդովք, իսկ կար­ճա­միտն յոյժ ան­միտ է… Որ ոչ համ­բե­րէ փոր­ձութեանց, կար­ճա­միտ է», ԿԱՐ­ՃԱՄՏՈՒ­ԹԻՒՆ.«Խո­նար­հութիւն քո յաղ­թեաց կար­ճամտու­թեանս իմոյ»։ Նա­րեկա­ցիի Մա­տեանի մէջ հա­յը կար­դաց, թէ կար­ճա­միտը ու­նի «ան­վա­յելուչ եւ ամե­ներկչոտ խե­նեշու­թիւն»։ Իսկ այ­սօր մեր սի­րելի ժա­մանա­կակից աշ­խարհա­բարը կը վա­յելէ «կարճ» ար­մա­տով շի­նուած 170-ի չափ բա­ղադ­րեալ բա­ռեր, նե­րառեալ՝ մարդկա­յին մարմնի վե­րաբե­րող, քիչ մը ծի­ծաղա­շարժ, բայց նոյնքան սրա­միտ ու օգ­տա­շատ երե­սու­նի չափ բա­ռեր, ինչպէս՝ կար­ճա­բազուկ, կար­ճա­գանկ, կար­ճագլուխ, կար­ճածնոտ, կար­ճա­հասակ, կար­ճա­մատ, կար­ճաշրթունք, կար­ճա­պարա­նոց, կար­ճասրունք եւ կար­ճա­քիթ։

Կարճ մտա­ծէ եւ եր­կար կտրէ

«Կարճ» բա­ռի հետ շի­նուած ար­տա­յայ­տութիւննե­րու եւ առած­նե­րու շնոր­հիւ մեր առօ­րեայ զրոյցնե­րը կը դառ­նան աւե­լի հա­ճելի։ Հա­յը իր խօս­քը կը կա­պէ, կը բռնէ, կը կտրէ՝ կարճ, իր ու­նե­ցածը «կար­ճին կու գայ», ու­նի իր քա­ղաքա­կան ան­ցեալը գնա­հատե­լու «կարճ յի­շողու­թիւն», եւ եր­բեմն ալ կ’ափ­սո­սայ, թէ «կարճ մտա­ծեց եւ եր­կար կտրեց»։

Կար­ճը գիւ­ղի մէջ

Ինչպէս յա­րաբե­րական է եր­կա­րը, մե­ծը եւ փոք­րը, նոյ­պէս է՝ կար­ճը։ Հայ­կա­կան ամէն գիւղ, քա­ղաք, գա­ւառ, եթէ հոն դեռ մնա­ցեր են հա­յերէն խօ­սող­ներ, իւ­րա­յատուկ ձեւ ու­նէր «կարճ» ըսե­լու։ Պոլ­սե­ցին, ռո­տոս­թօ­ցին, սե­բաս­տա­ցին, մու­սա լեռ­ցին այս բա­ռը պի­տի հնչէին՝ գարջ, վա­նեցին, ջու­ղա­յեցին՝ կառճ, ալաշ­կերտցին, մշե­ցին՝ կառջ, համ­շէնցին՝ գայջ, իսկ ագու­լիսցին՝ կօռճ։

Կարճ մար­դը

Կարճ բա­ռի փա­ղաք­շա­կան «կար­ճիկ» ձե­ւը օր մը, ճշգրտօ­րէն 12-րդ դա­րուն դար­ձաւ հայ­կա­կան արա­կան անուն եւ այս անու­նէն առա­ջացաւ Կար­ճի­կեան ազ­գա­նու­նը։ Ահա գրա­կան առա­ջին վկա­յու­թիւնը. «Կար­ճիկ, որ­դի Կա­րապե­տի, հայր Աղո­ւանից Ստե­փան­նոս կա­թողի­կոսի եւ հո­րեղ­բայր Գրի­գորի­սի, որ Աղո­ւանից կա­թողի­կոս օծո­ւեց պա­տանի հա­սակում 1139 թո­ւակա­նին»։ Իսկ հայ­կա­կան ժա­մանա­կակից կեն­սագրա­կան հան­րա­գիտա­րան­նե­րը կը յի­շեն 20-րդ դա­րու կար­կա­ռուն Կար­ճի­կեան­ներ, ինչպէս՝ Հա­յաս­տա­նի Առա­ջին Հան­րա­պետու­թեան ելեւ­մուտքի եւ խնա­մատա­րու­թեան առա­ջին նա­խարար Խա­չատուր Կար­ճի­կեանը, Ս. Պե­տեր­բուրգի ռազ­մա-բժշկա­կան ճե­մարա­նի նեար­դա­յին հի­ւան­դութիւննե­րու բա­ժան­մունքի դա­սախօս, խորհրդա­յին բա­նակի գլխա­ւոր նեար­դախտա­բան, ռազ­մա­կան նեար­դախտա­բանու­թեան մաս­նա­գէտ Ստե­փան Կար­ճի­կեանը, եւ բա­նաս­տեղծ, հրա­պարա­կախօս, թարգմա­նիչ, լրագ­րող Համ­լէտ Կար­ճի­կեանը։

Գրա­կան հա­մառօ­տագ­րութիւններ

«կարճ» ածա­կանի գոր­ծա­ծու­թիւնը, աւաղ, հա­զուա­գիւտ է հայ­կա­կան գե­ղարո­ւես­տա­կան գրա­կանու­թեան եւ քնա­րեր­գութեան մէջ։ Հա­զիւ քա­նի մը անդրա­դարձ այս բա­ռին կու տան գրա­կան փայլ, այնքան սա­կաւա­թիւ, որ կար­ծեմ, թէ կը կա­րողա­նամ բո­լորը հա­մառօ­տագ­րել այս պար­բե­րու­թեան մէջ։ Ահա մեր հա­մեստ միավան­կը ըստ լա­ւագոյն հե­ղինակ­նե­րու. «Է՜յ ագահ մարդ, էյ ան­հոգ մարդ, միտքդ եր­կար, կեանքդ կարճ… Ու­զե­ցի հաշ­տո­ւել հզօր մա­հի հետ. Ան­ճար, ակա­մայ սկսայ մտա­ծել, թէ մա­հը լաւ է, միայն մենք՝ տգետ, մենք խեղճ, կար­ճա­միտ», Յով­հաննէս Թու­մա­նեան, «Որո՞ւն հա­մար քունն սփո­փիչ, կարճ մահ մը չէ», Ռու­բէն Սե­ւակ։ Գա­րեգին Նժդե­հը, շա­տերու հա­մաձայ­նութեամբ հե­ռատես ռազ­մա­կան եւ պե­տական գոր­ծիչ, մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ ին­չո՚ւ հայ մտա­ւորա­կանու­թիւնը լուռ ու ան­զօր էր հա­կառակ իր լայ­նա­լիճ պա­շարին. «Ոս­կեքսակ հա­յը չկանգնեց ոս­կեգրիչ մտա­ւորա­կանի թի­կունքում, եւ այդ՝ վեր­ջի­նի լե­զուն կարճ, խօսքն անլսե­լի եղաւ»։ Խա­չիկ Դաշ­տենցը «Ռանչպար­նե­րու Կան­չը» վէ­պի մէջ գրեց, թէ ո՚վ կը զո­հուէր ագ­գի ազա­տագ­րութեան հա­մար. «Կարճ է հայ­դուկի կեան­քը. նա այ­սօր կայ, վա­ղը՝ չկայ»։ Ղա­զարոս Աղա­յեանը խա­ւարի մէջ ապ­րող ազ­գի լու­սա­ւորու­թեան հա­մար խրատ տո­ւաւ հայ ման­կա­վար­ժե­րուն. «Դաս­տիարա­կելու հա­մար ոչ թէ եր­կար ժա­մանակ է հար­կա­ւոր, այլ կարճ ժա­մանա­կի խե­լացի օգ­տա­գոր­ծում»։ Լե­ւոն Շան­թը «Հին Աս­տո­ւած­ներ» ստեղ­ծա­գոր­ծութեան մէջ իմաս­տա­սիրեց. «Ին­չո՞ւ կը վախ­նաս խա­ւարէն։ Խա­ւարը խա­ւար է կար­ճա­տես աչ­քե­րուն։ Բո­լոր մեծ յղա­ցումնե­րը խա­ւարի ծո­ցէն են գո­յացել, բո­լոր մեծ խո­րու­թիւննե­րը միայն խա­ւարի մէջ կա­րելի է տես­նել»։ Պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տը քա­նի մը տո­ղով մեկ­նա­բանեց ըն­կե­րային ան­հա­ւասա­րու­թիւննե­րու հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը. «Ոմանց պա­րանն եր­կար կ՜ըլ­լայ մին­չեւ յա­տակ կը հաս­նի / Ապրումնե­րուն գե­ղեց­կա­գոյ­նը կը զա­տէ խո­րերէն / Ոման­ցը կարճ եւ այնքան կարճ որ փո­խանակ զուտ նիւ­թի / Միայն փրփուր պղպջա­կով անոնց դոյ­լը կը լե­ցուի»։ Իսկ մեր օրե­րու Կիւմրե­ցի բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կագիր Յով­հաննէս Շան­թը չա­փեց կեան­քի տե­ւողու­թիւնը. «Կեան­քը այս կարճ մի ակնթարթ, իսկ մենք՝ հիւ­լէ ան­հունի մէջ»։

Հայ­րի­կի կարճ քա­րոզը

Խրի­մեան Հայ­րի­կը 1894 թո­ւակա­նին «Պա­պիկ եւ թոռ­նիկ» գիր­քի մէջ ակնկա­լեց ար­դար պե­տու­թիւն մը. «Տէ­րու­թեան ար­դար օրէնք, եւ իշ­խա­նական ձեռք միայն կա­րող են կար­ճել վաշ­խա­ռու­նե­րու ձեռք, որ ծան­րա­ցած է երկրա­գործ պար­տա­պան ժո­ղովուրդին վե­րայ»։ Ապա Հայ­րի­կը քա­րոզա­շունչ խօսք ուղղեց կար­ճա­միտ մե­ծահա­րուստնե­րուն. «Շռայ­լութիւն, մսխանք, պեր­ճութիւն կու գայ կը տի­րէ ագա­հին տան վե­րայ, շատ չի տե­ւեր, շռայ­լութեան ժա­մանակ կարճ է, շու­տով կը դա­տար­կո­ւին ոսկւոյ սնտուկներն, կ’եր­թայ շռայ­լութիւն՝ կու գայ կը տի­րէ մշտնջե­նաւոր աղ­քա­տու­թիւն»։

Մե­ղաւո­րի կարճ լե­զուն

«կարճ» բա­ռը, գե­ղեցիկ է տես­նել, թէ տե­ղաւո­րուե­ցաւ մէկ-եր­կու առա­ծի մէջ։ Հա­յը, ըստ երե­ւոյ­թին նկա­տելով, թէ ստա­խօսը ու­նի մարմնա­կան թե­րու­թիւն՝ ըսաւ. «Սու­տի ոտ­քը կարճ է»։ Իսկ Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդը եր­կու առած շի­նեց, որ­պէսզի յա­ճախ գոր­ծա­ծէ զա­նոնք եւ պինդ մնայ իր լեռ­նե­րու վրայ. «Նեղ օրո­ւայ ումբրը կարճ կ’ինի» (Նեղ օրը կարճ կը տե­ւէ)։ Իսկ անար­դար մե­ղաւո­րի հա­մար ան ըսաւ. «Մե­ղաւե­րեն լու­զուն կարճ կ’ինի» (Մե­ղաւո­րի լե­զուն կարճ կ’ըլ­լայ)։ Այժմ սպա­սենք, որ ար­ցախցին հնա­րէ կծու խօսք մը ալ այն անա­ռակ մար­դուն հա­մար, որ թէ՛ մե­ղաւոր է եւ թէ եր­կար լե­զու ու­նի։

Գրատ­պութիւն

«Կարճ» բա­ռը առա­ջին օրե­րէն՝ 1600-նե­րէն սկսեալ յայտնո­ւեցաւ հայ­կա­կան գրատ­պութեան մէջ։ Ահա անոր մի­ջազ­գա­յին ոդի­սակա­նը. «Ի կար­ճա­ռօտ վար­դա­պէտու­թե­նէ քրիս­տո­նէից», Հռոմ, 1623, «Տո­մար կար­ճա­ռօտ», Վե­նետիկ, 1755, «Նոր այբբե­նարան… Եւ կար­ճա­ռօտ ախոր­ժե­լի խօ­սակ­ցութիւնք ինչ տաճ­կե­րէն եւ հա­յերէն», Տրիեստ, 1786, «Տասն եւ վեց կար­ճա­ռօտ քա­րոզ­ներ», Շու­շի, 1833, «Կար­ճա­ռօտ պատ­կեր Նա­բոլէոն Պո­նաբար­թէին վա­րու­ցը», Կ. Պո­լիս, 1847, «Ազ­գայնա­կան հար­ցը եւ մարքսիզ­մը», Ալէք­սանդրա­պոլ, 1907։ Այս գիր­քի եր­կու հե­ղինակ­նե­րէն մէկն է Յով­հաննէս Կար­ճի­կեանը, կը յի­շէ՞ք, Հա­յաս­տա­նի Առա­ջին Հան­րա­պետու­թեան ելեւ­մուտքի նա­խարա­րը։ Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր հո­գեւոր գրա­կանու­թիւնը զի­ջեց գի­տական հրա­տարա­կու­թիւննե­րուն՝ 1940 թո­ւակա­նին լոյս տե­սաւ դա­րի շունչը ներ­կա­յաց­նող գիրք մը՝ «Ծրա­գիր կար­ճա­լիքա­յին ռա­դիոկա­պի ռա­դիստնե­րի պատ­րաստման դա­սըն­թացնե­րի»։

Կար­ճը­լիկ աղ­ջիկ

Հայ­կա­կան եր­գա­րուես­տի մէջ, ուր գե­ղեցիկ տղան «չի­նար» ծա­ռի պէս եր­կար հա­սակ պի­տի ու­նե­նար, «կարճ» բա­ռը յար­մար եկաւ անոր եարին հա­մար։ Ըստ հայ­կա­կան գեղ­ջուկ եր­գի, «կար­ճը­լիկ» աղ­ջի­կը հա­մով է- Կո­միտասն է վկայ։ Վար­դա­պետի գրա­ռած քաղցրիկ եր­գը մէջ­բե­րելէ առաջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, կը մաղ­թեմ, թէ ազ­գիս բո­լոր նեղ օրե­րը ըլ­լան կարճ ու չա­րը չու­նե­նայ եր­կար լե­զու.

«Ա՛յ աղ­ջիկ, ծա­մո՜վ աղ­ջիկ,

Վա՜յ, ծա­մով աղ­ջիկ,

Շա­քարից հա­մով աղ­ջիկ.

Կար­ճը­լիկ, կուրճու­լիկ,

Վա՜յ, հա­մով աղ­ջիկ»։