Հայը բազմակարծիք ազգի համբաւ ունի։ Սակայն, այսօր տեսնելով, թէ աշխարհաքաղաքական նոր անելներու մէջ կը տառապինք կարծիքներու բազմութենէն -պաշտօնական, անձնական, կուսակցական եւ հանրային-, ու միջանցքային, սահմանային ճգնաժամի այս ընթացիկ օրերուն կը տեղեկանաք, թէ մեր մասին որոշումներ իսկ կու տան առանց մեր կարծիքը առնելու, մտածեցի «կարծիք» բառի ստոյգ պատմութիւնը գրի առնել, առանց անձնական կարծիքս յայտնելու, սոսկ հիմնուելով գրական հաստատ փաստերու վրայ, որպէսզի լաւ տեղեկացուած կարծիք ձեւաւօրենք, թէ ի՚նչ է մեր բոլոր տարակարծութիւններուն արմատը։
Հայու առաջին կարծիքը
5-րդ դարուն հայը ունէր լաւ կազմուած «կարծիք»։ Ձեզի կարծիք մը տալու համար ըսեմ, թէ Աստուածաշունչի անդրանիկ թարգմանութեան մէջ ան գործածուած էր 50 անգամ, ու մեր Ոսկեղնիկը աւելի քան տասը բաղադրեալ բառեր ունէր «կարծիք» բառով շինուած։ Հայը իր Սուրբ Գիրքի մէջ կ’ընթերցէր հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Կարծիք չարենաց», «Կարծիք վշտագին», «Զի հաւատովք գնամք եւ ոչ կարծեօք»։ Նոյն օրերուն գրաբարը կը վայելէր «կարծ» արմատով կառուցուած բառերու ճոխութիւն մը։ Ահա քանի մը նմոյշ, որպէսզի ճաշակենք անցեալի պերճութիւնը. ԿԱՐԾ. «Տիրապէս դատեսցիս, եւ ո՚չ ’ի կարծ», ԿԱՐԾԱԿԱՆ. «Կարծական եղեւ մեզ այս կեանքս», ԿԱՐԾԱԿԻՑ. «Ինձ լինել քեզ կարծակից», ԿԱՐԾԵԱԼ. «Հպարտութիւն կարծեալ գոռոզին», ԿԱՐԾԵԽՕՍ. «Զնոսա կոչեմք մեք կարծեխօսս», ԿԱՐԾԵՑԵԱԼ. «Կարծեցեալ ճաճանչ»։ Բարեպաշտ հայը իր պատարագի մէջ նաեւ կ’երգէ իր հաւատամքը ու կ’ըսէ. «Որով էառ զմարմին, զհոգի եւ զմիտ եւ զամենայն որ ինչ է ի մարդ, ճշմարտապէս եւ ոչ կարծեօք»։
Կարծիքներու Մատեան
Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեանի մէջ արտայայտեց բազմաթիւ կարծիքներ, սակայն սակաւաթիւ են անոնք, որոնք հիւսուած են «կարծիք» բառով։ Կը փափաքիմ մէջբերել երկու հատը, թէ՚ որպէս ընտիր միտք եւ թէ՝ որպէս քնարական արտայայտութիւն. «Անցեալն՝ անյայտ, եւ ապառնին՝ կարծողական», «Մտեալ ընդ խղճիս տագնապ երկիւղիս, / Սոսկամ սասանեալ յամենայն կարծեաց»։
Մահուան կարծիք չունիմ
Միջնադարու հայ տաղասացը կատարելապէս կ’արտայայտէր իր ժամանակաշրջանի աշխարհիկ ոգին. վայելել երկրային կեանքը ու անոր բարիքները, պաշտել բնութեան եւ գեղեցիկին։ Վանեցի Նահապետ Քուչակը, կարծեմ 1530 կամ 1540 թուականն էր, կէս գիշերին, երբ «լուսինը կամար կապած» էր, տեսաւ, անսպասելիօրէն, յանկարծ, երազներուն ամենէն անոյշը. «Իմ եարն յերազիս եկաւ, ի սիրուն զէտ հարբած եղայ Յանկարծ ի քնուս ելայ, - լուսինկա՜յ, ու խիստ կու ցոլայ»։ Տաղասաց Խաչատուր Կեչառեցին, սարսափեցաւ, թէ այլեւս կ’աւարտի իր երկրային կեանքը. «Հանգիստ չունիմ բնաւ ի քուն եւ արթնութեան, / Կարծեմ, թէ մերձեցաւ առ իս օր մահուան»։ Իսկ մէկ այլ տաղասաց, որուն անունը չկրցայ ստուգել եւ իր մասին ձեզի սխալ կարծիք տալ չեմ ուզեր, ափսոսաց, թէ կը հեռանայ այս աշխարհէն առանց լիովին վայելած ըլլալու անոր շնորհները. «Ու մահուան կարծիք չունէի։ / Յանկարծ ցաւըն զիս էառ, / Ես ի յիս աջէբ մնացի»։
Մեկնած էր սրտէս, կարծես…
20-րդ դարու հայկական քնարը, 1908-1915 ժամանակաշրջանի եօթը երանելի տարիները նկատի ունիմ, կարծեց, թէ կը թռչէր։ Ազգային եւ անձնական կարծեցեալ ոգեւորութեան մէջ մեր բանաստեղծները կարծես, թէ գրեցին հոգիներ պարուրող մեր ամենէն նուրբ քերթուածները։ Սակայն քիչեր գործածեցին «կարծիք» բառը։ Բացառութիւն է Վահան Թէքէեանը։ «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութեան մէջ տեսանք նաւ մը, որ եկած էր մեծ աղէտէն մեզ փրկելու. «Ու հեռուն, կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նաւ մ’է ծփուն»։ Թէքէեանը, կարծեմ սխալ չըլլար, եթէ ըսեմ թէ պղատոնական սիրոյ ասպետ մըն էր։ Ան գոհ էր լոկ գեղեցիկի յիշատակներով։ Եւ օր մը, գիշեր էր, մենութեան խաղաղ ժամերուն, յանկարծ, «իր գրկին մէջ, կուրծքն ի» վեր հիւր մը յայտնուեցաւ. «Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ. / Կարծես մէկնած էր սրտէս, եւ գաղտնաբար այս գիշեր / Ետ կը դառնայ, իր հին տեղն ու հին գգուանքը կ’ուզէ»։ Այդ օրերուն Գրիգոր Զոհրապը հեղինակեց նորավէպ մը ու զայն կոչեց՝ «Կարծեմ թէ»։
Մէկը ինձ է երազում,
կարծես, թէ…
Հայկական գեղապաշտ գրականութեան արեւելեան ճիւղի մէջ, Վահան Տէրեանն է գրեց անուրջներով, ցնորքներով եւ երազներով ձեւաւորուած կարծիքներ։ Տէրեանի «Մթնշաղի Անուրջներ» ժողոուածուն, անկասկած, ընտիր փունջ մըն է անձնական վառ ու յուզական կարծիքներու. «Կարծես կանչում է ինձ մի քնքոյշ ձեռք… Իմ մոլոր ճամբին դու անկարծ իջար… Գուցէ դու յանկարծ «պատահմամբ» դուրս գաս, կարօտս, գուցէ, դու յանկարծ զգաս… Արձակ դաշտերի ամայութեան մէջ նա մեղմ շշնջաց, կարծես թէ սիրոյ քնքոյշ խօսք ասաց նիրհող դաշտերին… Կարծես թէ մէկը ինձ է երազում», 1908։
Անհնար կարծիքներ
Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն, հասարակութիւնը կը կարծէր, թէ Պարոյր Սեւակը անհնար պահանջներ ունի։ Առանց ոեւէ մէկուն կարծիքը հարցնելու յօրինելու վարժ բանաստեղծը զայրացած գրեց. «Ես ուզում եմ, ձեր կարծիքով անհնա՞րը… Թո՚ղ, այդ դէպքում, կանայք ծնեն առանց ցաւի՜, Երկրները պատերազմեն, սակայն առանց արեան ծովի՜, Հրդեհները առանց հրի՜ թող ճարակեն, Մարդիկ իրար առողջութեա՜մբ թող վարակեն»։ Ապա շարունակեց սեւակեան կարծիքներու ալիքը. «Ես կարծում եմ. երբ որ ջուրը / Վարարում է, ելնում ափից, / Թոյլտուութիւն չի վերցնում / Իրեն հսկող նեղ քարափից… Ես կարծում եմ. պաղն աւելի / Լաւ ես զգում ամրան շոգին»։
Միջազգային համաժողով
կարծեցիք
Պոլսահայ արդիական բանաստեղծութեան ամենէն կարծիքաւոր բանաստեղծը Զահրատն էր անկասկած։ Անոր գործերու մէջ կարդացինք բազմաթիւ անկարծելի եւ խոհական միտքեր, ինչպէս՝ «Խիճերն ադամանդ կարծող միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանք», «Արդէն ամէն ինչ յանկարծ կը պատահի արագութիւններու այդ կարգուսարքին մէջ», «Չար հոգիս դուն– որ գեղեցկութեամբդ թափանցիկ, կարծել կու տաս, թէ նոյնքան ալ դիւրին է թափանցել / մտերմութեանդ», «Շատեր զիս փշաթել՝ երկաթէ դուռ կը կարծեն»։ Ապա Զահրատը բացատրեց, թէ ո’վ էր իր գրական հերոսը՝ Կիկօն. «Կիկօ - խոնարհ - մօտ էր հողին այնքան / Որ դուք զինք / արմատ կարծեցիք»։ Իսկ օր մը ծանօթացանք Կիկոյի, - ներեցէ՚ք արտայայտութիւնս -, յետոյքին հետ.
Ինչ կարծեցիք -
Դրօշազարդ զբօսանաւ
Թէ կրկէսի հսկայ վրան խայտաբղէտ -
Դուք Կիկոյին յետոյքը ինչ կարծեցիք
- Տաս - տասներկու կտոր գոյն գոյն կարկտան -
Միջազգային համաժողով կարծեցիք։
Ժամանակակից կարծիքներ
Այսօր հայը կարծիք յայտնելու դժուարութիւն չունի։ Հայը, շնորհիւ «կարծիք» բառով շինուած բազմաթիւ պատկերալից խօսքերու, իր մտքի եւ զրոյցներու մէջ կը կազմէ, կը յայտնէ, կը ներկայացնէ, կ’ունենայ կարծիք։ Հայը ունի «հասարակաց», «նախաժաման», «ազատամիտ», «անձնական» կարծիքներ։
Մամուլը կը կարծէ, թէ
Հայկական մամուլը մեզի ցոյց կու տայ, թէ հայրենիքի մէջ աշխարհային ի՚նչ կարծիքներ շրջանառութեան մէջ են ու գրաւիչ են ընթերցողի համար. «Չեմ կարծում՝ բանակի սպառազինութեան համալրման հարցերը հրապարակային պէտք է քննարկենք», վարչապետ Ն. Փաշինեան, «Հինգ ամիս չէի ընդունում, որ ողջ եմ, կարծում էի տեսիլքի մէջ եմ», ժամկէտային զինծառայող Սերգէյ Համբարձումեան, «Կարծում եմ երրորդ համաշխարհային պատերազմն անխուսափելի է», Մանկավարժականի նախկին ռեկտոր, «Չեմ կարծում, որ գերութիւնից վերադարձածներին պէտք է բանակից ազատել», պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան։
Ու թէ յանկարծ երգս քեզ
չհասնի
Հայկական երգարուեստի մէջ խիստ հազուագիւտ է «կարծիք» բառի օգտագործումը, թէեւ հայը սիրած է վառ կարծիքներ յայտնել իր սիրածի մասին։ Լոկ երկու երգ իր մէջ կը պարունակէ «կարծիք» բառը։ Առաջինը, Մարտին Մկրտչեանի կատարած «Յանկարծ» երգն է, որ սիրոյ տաղ է. «Ես այսօր նոր սէր գտայ յանկարծ / Դու այսօր իմը դարձար յանկարծ թէ ինչպէս չիմացայ / Իմ սրտի հուրը հանգած վառեցիր նորից յանկարծ…»։ Իսկ Նունէ Եսայեանի «Ու թէ յանկարծ» երգը, որ Արտյոմ Սարգսեանի կատարմամբ նոր կեանք ստացեր էր, հեռացած սիրոյ յուզիչ պատմութիւն է, աշխարհին յայտնի… Մինչ, յարգելի ընթերցող, ձեզ առանձին կը ձգեմ այդ երգի խօսքերով, կը մաղթեմ որ կարծիքները ձեզ յուսախաբ չընեն, իսկ մեր ազգը միակարծիք թող ըլլայ իր անելներու առջեւ.
Մոռանալ չեմ կարող իմ սէր…
Ու թէ յանկարծ երգս քեզ չհասնի
Չեմ տխրի այդքան կը պահեմ ես գաղտնի
թող մնայ ինձ հետ սէրը իմ յօրինած
քեզ համար անյայտ աշխարհին յայտնի։