Արդի հասարակութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է սեռային խտարականութիւնը։ Հասկացողութիւն մը, որ ձեւաւորուած է այրիշխան համակարգի մը պահանջներուն բերումով։
Պոլսահայ աւանդութիւն մըն է Սուրբ Ծնունդի եւ Սուրբ Զատկի նման տաղաւարներուն այցելել Պատրիարքարան եւ այնտեղ միասնաբար շնորհաւորել տօնը։ Բազմութիւնը նուազեցնելու համար շնորհաւորութեան այդ այցելութիւնները կը կայանան որոշ ծրագրով մը, եւ օր մըն ալ կը նշանակուի համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու այցելութեան համար։ Ճիշդ ալ այս «տիկնանց կազմեր» եզրն է որ կ՚արժէ լուսարձակի հակ դնել։ Կանանց համար յատուկ օր նշանակելը բացի բազմութիւնը կանխելէ, ունի նաեւ աստիճանակարգի իմաստ ալ։ Արդարեւ յաճախ կը հանդիպինք երիտասարդները կամ կանայք որոշում կայացնելու իրաւասութիւն ունեցող կազմերէ դուրս բերելով «օժանդակ մարմին» սահմանափակումով ներկայացնելու երեւոյթին։ Իմաստը հետեւեալն է՝ պարոնայք որոշում պիտի կայացնեն եւ տիկնայք ալ այդ որոշումի գործադրման համար պիտի օժանդակեն իրենց։ Եթէ այս է հիմնական պատկերը եւ այդ պատկերին թելադրանքը, նախ եկէք խոստովանինք որ անյաջող վարչամեքենայի մը մասին կը խօսինք։
Մէկ կողմ դնենք ընդհանուր ընկալումները եւ նիւթը սահմանենք մեր համայնքի վարչական փորձառութեան հետ։ Ամենայն յստակութեամբ կարելի է ըսել որ անյաջող եղած է այրիշխան համակարգը։ Շատ անգամ «գործի ասպարէզի մէջ յաջողած մարդիկ» կոչումով փառաբանուած այրերը խորհրդանշանն են օրէ օր հիւծող համայնքի մը։ Միայն համակերպելով պետութեան անօրինութիւններուն դէմ խնդրողական դիրքը որդեգրած այրերու համակարգը առկայ նահանջի գլխաւոր պատասխանատուն է։ Այդտեղ պատասխանատուութեան բաժին ունին նաեւ բոլոր այն կանայք, որոնք պահանջատէր ըլլալու փոխարէն համակերպած են իրենց սահմանուած հատուածով։ Մինչդեռ արդի գիտակցութիւնը պիտի պահանջէր շատ աւելին։ Կինն ալ իր ներդրումը պիտի ունենար ընկերային կեանքի բարեփոխման համար մղուած պայքարին մէջ։ Շատ անգամ այրերը գերազանցող ուսում ստացած կինը ինչո՞ւ համար պիտի սահմանուի «տիկնանց կազմ» եզրի թելադրած ճղճիմութեան մէջ։ Ինչո՞ւ կինը նոյն համարձակութեամբ բաժին պիտի չստանձնէ յառաջընթացի մէջ։
Վերջերս գոյացած է ալ աւելի հետաքրքրական պատկեր մը։ Որոշ համայնքային հաստատութիւններու վարչութեանց մէջ կանայք սկսած են բարձր համեմատութիւնով ներկայանալու։ Ուրեմն այդ կազմերը ներկայացնող կանայք արդեօք ո՞ր տարազով պիտի մասնակցին պատրիարքական շնորհաւորութեան արարողութեան, համայնքային վարի՞չ, թէ «տիկնանց կազմ»։
Համաշխարհային փորձով գիտենք թէ կեանքի բոլոր ոլորտներու նման ընկերաքաղաքական ապրումներու մէջ ալ կիները դոյզն իսկ չեն զիջեր այրերուն դիմաց։ Ուրեմն ի՞նչ է նշանակութիւնը «տիկնանց կազմ» բացատրութեան։ Քաղաքակրթութիւնը յաղթահարել սկսած է այս նահապետական ընկալումը։ Եթէ մենք ալ պիտի ուզենք համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ արժանի բաժինը ունենալ, պարտաւոր ենք վերացնելու տիկնանց կազմ, երիտասարդած կազմի նման անհիմն ու ժամանակավրէպ ընկալումները։
Ցաւալին այն է որ այս մէկը կը սպասենք հասարակութեան ամենաաւանդապաշտ հաստատութենէն՝ եկեղեցիէն։
pakrates@yahoo.com