ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Աղտ

Ափ մը աղտ

Մա­քուր ժա­մանակ­նե­րու մէջ չենք ապ­րիր։ Յո­ռետես մէ­կը չեմ, սխալ մի՚ հասկնաք։ Բայց, ի՞նչու այս հա­մոզու­մը։ Պարզ է. աչք նե­տեցէք օրա­թեր­թե­րուն, հե­ռատե­սիլին կամ ըն­կե­րային սան­ձե­րուն։ Հոն կը տես­նէք քա­ղաքա­կան, բնա­պահ­պա­նական, ռազ­մա­կան, լրա­տուա­կան ապա­կանում, եթէ նա­խընտրէք՝ կեղտ, արատ, բիծ, տիղմ, մրուր եւ ցեխ, ինչպէս նաեւ՝ աղ­տա­լից զրպար­տութիւններ, աղ­տոտ ռումբեր, տռփա­կան աղ­տե­ղու­թիւններ, աղ­տա­պիղծ կեն­ցաղներ։ Նկա­տելով, թէ բո­լորը «աղտ»ար­մա­տէն սե­ռած են, որո­շեցի չա­լարիլ ու չգա­նիլ՝ ձեռ­քերս խո­թել կեղ­տի մէջ, իջ­նել հին ու նոր աղ­տե­րու յա­տակը, ու գրա­կան «աղ­տո­տու­թիւննե­րու» անա­ղարտ պատ­մութիւն մը գրի առ­նել։

Աղ­տին ոս­կե­դարը

Բնիկ հայ­կա­կան բառ է «աղտ» միավան­կը։ Ճար­պիկ է ան։ Որ­պէս սեւ մուր՝ կը յայտնո­ւի ափի մէջ, ոտ­քի տակ, եր­բեմն ալ մտքէն ու հո­նիէն ներս, անհրա­ւէր ու ան­տես։ «Աղտ» ար­մա­տը սի­րէ ճիւ­ղա­ւորուիլ ու բազ­մա­նալ։ Ան յա­ջողած է դառ­նալ «աղ­տաղտ», «աղ­տա­ջուր», «աղ­տեալ», «աղ­տե­ղանք», «աղ­տե­ղի» եւ «աղ­տե­ղանք»։ Ագա­թան­գե­ղոսի, Փար­պե­ցիի եւ այլ մա­տենա­գիր­նե­րու գոր­ծե­րուն մէջ կան աղ­տե­ղի, աղ­տա­նալ, աղ­տե­ղանալ, աղ­տե­ղասէր եւ աղ­տեալ բա­ռերը։ Այդ օրե­րուն Ագա­թան­գե­ղոսը խրա­տեց. «Ի բա՚ց թօ­թափես­ջիք զա­մենայն աղտ չա­րեաց», Փար­պե­ցին ըսաւ. «Աղ­տե­ղեալ զկրակն՝ զձեզ առ ան­միտս ու­նէին»։

Աս­տո­ւածա­շունչի աղ­տե­րը

Հա­յոց թարգմա­նիչ սուրբե­րը, որոնք իրենց շուրթե­րը պղծած չէին անէծ­քով կամ այլ չար խօս­քով, գրիչ­նե­րը թա­թախե­ցին Աս­տո­ւածա­շունչի «աղ­տե­րու» մէջ։ Սուրբ Գիր­քի անդրա­նիկ թարգմա­նու­թեան մէջ կան՝ 15 «աղտ», 16 «աղ­տե­ղու­թիւն», 5 «աղ­տե­ղի», 4 «աղ­տաղտուկ», 2 «աղ­տե­ղանա­լ» եւ 2 «աղ­տե­ղացու­ցա­նել»։ Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ կար­դա­ցինք թէ Հայր Աս­տո­ւած պի­տի լո­ւար Սիոնի եւ Երու­սա­ղեմի զա­ւակ­նե­րու աղ­տե­րը. «Զի լո­ւաս­ցէ Տէր զաղտն ուստե­րաց եւ դստե­րաց Սիոնի եւ զԵ­րու­սա­ղեմի»։

Աղ­տո­տեցա՞ւ գա­ւառա­բար­բա­ռը

«Աղ­տոտ» խօս­քեր լսել կ’ու­զէ՞ք։ Դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, պէտք է որ ճամ­բորդէք Պո­լիս, դե­ռեւս նաեւ Համ­շէն, Սե­բաս­տիա, Ակն կամ Կա­րին- եթէ վեր­ջիննե­րու մէջ դեռ հա­յերէն խօ­սող­ներ գտնէք, ուր բա­ռը պա­հած էր իր հա­րազատ ձե­ւը։ Իսկ Ագու­լի­սի մէջ բա­ռը աղա­ւաղո­ւելով դառ­ձեր էր «էխտ», Գո­րիսի մէջ «յէղտ», Ջու­ղա­յի մէջ «յեխտ», Զէյ­թունի եւ Հա­ճընը մէջ «օղդ»։

Մաք­րա­մաքուր խոր­հուրդներ

Վա­նայ Ծո­վը շրջա­պատող անա­պակ բնու­թիւնը եւ ջինջ ջու­րե­րը դի­տելով, Նա­րեկա­վան­քի առաջ­նորդ, մա­տենա­գիր, աս­տո­ւածա­բան, իմաս­տա­սէր, մէկ­նիչ եւ ման­կա­վարժ Անա­նիա Նա­րեկա­ցին խոր­հուրդնե­րու մա­սին գրեց ու մե­զի բա­ցատրեց, թէ կան «աղ­տե­ղի» խոր­հուրդներ եւ անոնց պատ­ճառներն են չա­րախօ­սու­թիւնը, բամ­բա­սան­քը, ատե­լու­թիւնը, հպար­տութիւ­նը, աշ­խա­տան­քէ եւ աղօթ­քէ ծու­լա­ցու­մը, երկրա­ւոր հոգ­սե­րը, պոռնկա­կան խոր­հուրդնե­րը, եւ այլն, որոնք, ըստ վար­դա­պետի, կը մտնեն եւ կը խա­ւարեց­նեն մեր միտ­քե­րը։ Լսե­լով այս թան­կա­գին խոր­հուրդնե­րը, վար­դա­պետի ազ­գա­կան եւ աշա­կերտ Գրի­գորը (Նա­րեկա­ցի) «աղտ»բա­ռը գոր­ծա­ծեց ամե­նամա­քուր էու­թիւննե­րը նկա­րագ­րե­լու եւ գրա­կան ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւններ ստեղ­ծե­լու հա­մար, ինչպէս՝ «անաղտ մաք­րութիւն» եւ «անաղտ անբծու­թիւն»։

Ան­մա­քուր տա­ղասա­ցը

Միջ­նա­դարու հայ տա­ղասա­ցի իւ­րա­քան­չիւր երկ կար­ծես սրտի խոր­քե­րէն բխած խոս­տո­վանու­թիւն մը ըլ­լար։ Բազ­մա­թիւ բա­նաս­տեղծ հայ­րեր ըսին, թէ իրենք մեղ­քե­րու մէջ աղ­տե­ղած են։ Հո­գին աղ­տա­զեր­ծե­լու այդ ջան­քին մէջ Ազա­րիա Ջու­ղա­յեցին զղջաց. «Աղ­տե­ղացայ մե­ղօք լցեալ աշ­խարհի», Վար­դան Այ­գեկցին մրմնջաց. «Խաբ­մամբ չա­րին աղ­տե­ղացայ, եւ յԱս­տուծոյ շատ հե­ռացայ», Սու­քիասը ափ­սո­սաց. «Որ­պէս ոս­կի ի քիթ խո­զի աղ­տե­ղացայ», Յա­կոբ Թո­խաթ­ցին ինքզինք քննա­դատեց. «Յա­կոբ Թո­խաթ­ցի մե­ղօք զա­ռածեալ, / Ծե­րացար ՚ւ ի դուռն մա­հու հա­սար… / Աղ­տե­ղի մե­ղօք լցեալ Յա­կոբէ ու Կա­րապետ Բա­ղիշե­ցին աւա­ղեց. «Գոր­ծովս եմ աղ­տեղ ու չար»։

Եդե­սիան աղ­տե­ղացաւ

Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հայ­րա­պետը, որ «Այ­սօր ան­ճառ Լու­սոյն ծա­գումն» շա­րակա­նի մէջ ըսեր էր՝ «Զոտս լո­ւացի ի հնոյ աղ­տից», «Թուղթ Ընդհան­րա­կան» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ մե­զի յի­շեցուց Անա­նիա Նա­րեկա­ցիի խրատ­նե­րը. «Եւ մի՚ ար­բե­նայք գի­նեաւ յո­րում զեղ­խութիւն եւ յի­մարու­թիւն է, որ է մայր պոռնկու­թեան եւ ամե­նայն պղծու­թեան եւ անի­րաւու­թեան եւ վիճ­ման եւ աղ­տե­ղի բա­նից անար­գա­նաց»։ Շնոր­հա­լին իս­կա­պէս կը հա­ւատար, թէ պատ­կա­ռելի եւ պայ­ծա­ռագոյն Եդե­սիա քա­ղաքը ան­հա­ւատ­նե­րու կող­մէ գրա­ւուե­ցաւ ու մա­րեցաւ այդ խրատ­նե­րուն չան­սա­լու եւ պա­տուի­րան­նե­րէն հե­ռու աղ­տա­ւոր կեանք հե­տեւե­լու պատ­ճա­ռով։ «Ողբ Եդե­սիոյ» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ան քա­ղաքի ձայ­նով խօ­սեցաւ. «Զպա­տուի­րանն մո­ռացայ եւ յօ­րինացն հե­ռացայ / Բազ­մա­տեսակ մե­ղօք լցայ եւ չար գոր­ծովք աղ­տե­ղացայ»։

Փրկա­րար աղ­տո­տը

Դուք տե­սա՞ծ էք, թէ աղ­տո­տու­թիւնը փրկու­թիւն կը բե­րէ։ Բա­րեպաշտ հա­յը որ կը հա­ւատար, թէ մա­քուր եւ առա­քինի կեանքն է փրկու­թեան ճամ­բան, օր մը, Ար­փիար Ար­փիարեանի «Կար­միր Ժա­մուց» վի­պակը վկայ, հասկցաւ, թէ կեն­դա­նինե­րու ամե­նէն աղ­տո­տը հայ­կա­կան ամ­բողջ գիւղ մը կրնար փրկել։ Կը յի­շէ՞ք պատ­մութեան այն դրո­ւագը, ուր Տէր Յու­սի­կը լսե­լով խո­զին օգ­տա­կարու­թիւնը, կ՚որո­շէ իր գիւ­ղին մէջ խոզ պա­հել, ու օր մը զի­նուոր­ներ կու գան եւ կ՚ու­զեն, ըստ սո­վորու­թեան, ձրիաբար կե­րակ­րո­ւիլ, սա­կայն անոնք յու­սա­խաբ կ՚ըլ­լան խո­զէն զատ ու­րիշ անա­սուն չտես­նե­լով, Տէր­տէ­րը կը հաս­նի ու կ՚ըսէ, թէ իրենք աղ­քա­տու­թեան պատ­ճա­ռով այդ «աղ­տոտ» կեն­դա­նին կը պա­հեն։ Իրոք այդ «աղ­տոտ» կեն­դա­նիի համ­բա­ւին շնոր­հիւ Խո­զերու գիւ­ղէն անցնող զօր­քե­րը այնտեղ կանգ չեն առ­ներ, հար­կա­հաւաք­նե­րը խո­հեմու­թեամբ նախ կը կշտա­նան ապա գիւղ կու գան, իսկ ոչ մէկ գիւ­ղա­ցի անոր հա­մար տուրք վճա­ռելու պար­տա­կան կ’ըլ­լայ, քան­զի «աղ­տոտ կեն­դա­նին» ան­տէր կեն­դա­նի կը հա­մարո­ւի։

Քնա­րի աղ­տո­տած լա­րերը

Հա­զուա­դէպ երե­ւոյթ է, որ հայ­կա­կան քնա­րեր­գա­կը«աղտ»բա­ռը եւ անոր ածա­կան­նե­րը օգ­տա­գոր­ծած ըլ­լայ ազ­նիւ միտ­քեր եւ զգա­ցումներ ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար։ Այդ սա­կաւա­թիւ քեր­թողնե­րէն մէկն է Պետ­րոս Դու­րեանը։ 1871 թո­ւակա­նին, իր մա­հուը­նէ քա­նի մը ամիս առաջ, դա­լուկ, նո­ւաղ նա­յուած­քով տղան, որ կը հա­ւատար, թէ աշ­խարհը «Ցա­ւերու մեծ մայր մ՚է», ձանձրա­ցած իր «աղ­տոտ» մար­մի­նէն, անա­պակ ու ազատ շունչի կա­րօտով գրեց. «Ո՜հ, կը թօ­թուեմ ես այս աղ­տոտ / Ձորձն հոգ­ւոյս՝ կեանքս՝ մինչ իսկ այ­սօր, / Հող կը հագ­նիմ, հո՜ղ սգա­ւոր»։ Գրի­գոր Զոհ­րա­պի գրա­կան հե­րոս Ար­մե­նիսա­յի հա­մար հա­յու­թիւնն էր «աղ­տոտ»։ Զօհ­րապ հե­տեւեալ ձե­ւոր կը բա­ցատ­րէ, թէ Մար­մա­րա Ծո­վու Հալ­քի կղզիի բնա­կիչ այդ խորհրդա­ւոր հա­յու­հին, ին­չու գոհ էր կա­թոլիկ մնա­լէ. «Կա­թոլի­կու­թիւնը անո՚ր հա­մար գո­հացում տո­ւած էր իր սրտին, որով­հե­տեւ ատով՝ օտար կրօն­քէ աւե­լի՝ օտար ազ­գութեան մը կը պատ­կա­ներ ու հա­յու­թեան աղ­տը միան­գամ ընդմիշտ կը թո­թափէր իր վրա­յէն»։ Պա­րոյր Սե­ւակն ալ նկա­տեց, թէ կ’ապ­րի աղ­տո­տած մի­ջավայ­րի մէջ ու աղօթք առա­քեց Մա­րիամ Աս­տուածած­նին. «Բա­րեխօս եղիր իմ եւ իմ մի­ջեւ / Օգ­նի՜ր ինձ, Մա­րիա՚մ, / Անա­ղարտ մնամ / Ա՚յն ճահ­ճանման աղտ-աղար­տի մէջ»։ Արա Նախշքա­րեանը «Բա­գինիդ առաջ» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ըսաւ, թէ աղտ ու աղար­տէն մաք­րո­ւելու հա­մար հարկ է միայն սէր. «Որ­պէս սուրբ նշխար / ես շուրթիս կ’առ­նեմ շուրթդ սի­րավառ, / Եւ կը մաք­րո­ւեմ աղտ ու աղար­տից»։

Մամ­լոյ աղ­տը

Հայ­րե­նի մա­մու­լի մէջ յայտնո­ւած վեր­նա­գիր­ներ մերթ ընդ մերթ կը յի­շեց­նեն, թէ մա­քուր չէ մեր շրջա­պատը։ Ահա քա­նի մը ցնցիչ խօսք. «Կո­ռուպցիան դա աղտ է, եւ դան­դա­ղեց­նում է մեր պե­տու­թեան զար­գա­ցու­մը», «Հա­ղար­ծին գիւ­ղի կո­յու­ղաջրե­րը լցւում եւ աղ­տո­տում են Աղստեւ գե­տը», «Երե­ւանում օդի աղ­տո­տուա­ծու­թեան ցու­ցա­նիշ­նե­րը գե­րազան­ցում են թոյ­լատրե­լի խտու­թեան սահ­մաննե­րը»։

Նոր աղ­տեր

Նկա­տելով, թէ բազ­մա­թիւ չեն «աղտ»ար­մա­տով շի­նուած բա­ռերը ու անհրա­ժեշտ են մեր օրե­րու աղ­տե­րը նկա­րագ­րող պատ­կե­րալից ածա­կան­ներ, մտա­ծեցի քա­նի մը նոր բառ յօ­րինել, ու ըն­թերցո­ղիս ծա­ռայու­թեան յանձնել. «Աղ­տա­լեզու», «Աղ­տա­բերան», «Աղ­տա­բար­բառ» հայ­հո­յող, անշնորհք խօս­քեր ար­տա­սանող, «Աղ­տա­միտ» ան­մա­քուր մտա­ծումներ պա­րու­նա­կող, զեղծ ու զա­զիր միտ­քեր տա­ծող, «Աղ­տա­բարոյ» ապա­կանած ու մո­լորեալ վար­քա­գիծ ու­նե­ցող, «Աղ­տազրաւ», «Աղ­տա­մոյն» աղ­տի մէջ կոր­սո­ւած, մա­հացած, խեղ­դուած, «Աղ­տա­թաթախ» աղ­տի մէջ մխրճո­ւած (բա­ռացի, թէ փո­խաբե­րական)։

Հրա­ժեշտ աղ­տին

Երբ, յար­գե­լի ըն­թերցող, նկա­տէք, թէ աղտ ու աղար­տով էք շրջա­պատո­ւած, խոր­հուրդ կու տամ լսել հին հայ­րե­րու խրատ­նե­րը ու առիթ տալ սէ­րը պա­րու­րէ ձեզ, - կամ ջերմ շրթունքը, ըստ Նախ­շա­քարեանի, - որ­պէս բու­ժիչ մի­ջոց­ներ։ Իսկ փոր­ձէք ձեր երազ­նե­րու մէջ եր­բեք չտես­նել աղտ, քան­զի, ըստ հայ­կա­կան երա­զահան գիր­քե­րու ան մա­հուան նշան է։ Մին­չեւ յա­ջորդ հան­դի­պում, ձե­զի կը մաղ­թեմ անա­ղարտ օրեր։