Օրերը այնպէս բերին եւ Թուրքիոյ մէջ կարգ մը անուններ տիրող անարդարութեան խորհրդանիշը դարձան։ Առաջին հերթին կարելի է յիշել Եդեսիոյ մէջ անարդարութեան դէմ յամառ պայքար մղող մայր ու որդի Շենեաշարները։ Անոնք ամէն օր իրենց մատնուած անիրաւութեան դէմ արդարութիւն պահանջով բողոքի ցոյց կը կատարեն քաղաքի դատարանի մուտքին։
Իսկոյն կը յիշենք նաեւ անարդար վճիռներով աւելի քան վեց տարի է որ ազատազրկուած քաղաքական գործիչ մը յանձին Սելահատտին Տեմիրթաշի։ Տեմիրթաշ փաստաբաններու միջոցաւ բանտախցիկէն ուղարկած պատգամներով կը ցնցէ երկրի քաղաքական օրակարգը։
Խորհրդանշական անուն մըն է դարձեալ գործատէր ու հասարակական գոծիչ Օսման Քաւալա։ Ան ալ բոլորովին անհիմն մեղադրանքներու ու զրպարտութիւններու հետեւանքով դատապարտուած է ցմահ բանտարկութեան։ Ցկեանս բանտարկութիւնը Թուրք պատժական օրէնքի մէջ ծանրագոյն պատժամիջոցն է։ Իրեն վերագրուած բոլոր մեղադրանքները վերացական են եւ զուրկ փաստերէ։ Բոլորը գիտեն թէ Քաւալա բանտը կը մնայ ոչ թէ գործած յանցանքներուն, այլ նախագահ Էրտողանի վրիժառութեան թիրախը ըլլալուն համար։
Այս առումով իր անունը յաճախ կը նշուի քաղաքական վերլուծաբաններու կողմէ։ Այստեղ ուշադրութեան կ՚արժանանայ պարզ երեւոյթ մը։ Բոլորն ալ անոր ենթարկուած անարդարութիւնը շեշտելու պահուն կարիքը կը զգան «իր կարծիքները չբաժնելով հանդերձ» նախադասութիւնով խօսքի սկսելու։ Մարդ ակամայ կը մտածէ թէ ուրկէ՞ կը ծագի նման վերապահութեան մը կարիքը։
Քաւալա իր բնազդով բաւականին զուսպ անձ մըն է։ Շատախօս չէ եղած եւ պոռոտախօս երբեք։ Ան իր դիրքորոշումը ցուցաբերած է գործով, այլ ոչ թէ խօսքով։ Իր հիմնած «Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութիւնը վերջերս հրապարակեց այդ ընկերութեան 20-ամեայ գործունէութեան մասին տեղեկագիր մը։ Այդ տեղեկագրի մէջ տեղ գտած նիւթերը ոչ թէ քաղաքական, այլ ընկերային ու մշակութային բնոյթ ունին։ «Անատոլու Քիւլթիւր» անցնող ժամանակահատուածին մէջ զբաղած է մշակութային ժառանգի պահպանման, մայրենի լեզուներու գործածութեան ազատութեան եւ տարբեր մշակոյթներու ներկայացման ուղուած միջոցառումներով։
Համարեա բոլորն ալ մտաւորական բարձր մակարդակի այդ նախաձեռնութիւններէն ո՞ր մէկուն դէմ առարկութիւն ունին արդեօք «իր կարծիքները չբաժնելով հանդերձ» նախադասութիւնով խօսքի սկսողները։
Դժուար չէ կռահել թէ այդ նախադասութիւնը ինքնապաշտպանութեան համար գործածուած կանխամիջոց մըն է միայն։ Մարդիկ կը զգուշանան արդարներուն զօրակցելէ, խուսափելով այն վտանգին դէմ, իրենք ալ կրնան նոյն մեղադրանքին մատնուին։
Եկէք մենք բացառուինք այդ զանգուածէն եւ ամենայն յստակութեամբ պաշտպանենք արդարութիւնը։ Ինչպէս վերեւ ալ նշած էինք Օսման Քաւալա շատախօս մը չէր։ Իր կարծիքները կը ցոլանան արտադրած գործերով միայն։ Եւ այդ գործերու բոլորն ալ մեզի համար խիստ արժէքաւոր են։ Հետեւաբար առանց վերապահութեան պիտի պաշտպանենք Քաւալան, Տեմիրթաշը, Քոզաղաչլըն, Մըզրաքլըն, Չիղտեմ Մաթերը կամ Միճելլա Եափըճըն եւ իրենց նման հազարաւոր քաղբանտարկեալները։
Ամանորի այս առաջին յօդուածը ձօնենք իրենց եւ բարի գործի համար պատժուած բոլորին։
pakrates@yahoo.com