Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղականութեան երկարատեւ ու յամառ ջանքերը վերջապէս պսակուեցան խայտառակութեան արտակարգօրէն փայլուն աւարտով մը։ Կարծես թէ քայլ առ քայլ հիւսուած յաջողութիւն մըն է այս, որու հետեւանքով գործող թաղականութիւնը յաջողեցաւ քանի մը ամիս եւս պահել իր աթոռը։ Բան մը՝ որուն չէր արժանացած Պիւյիւքտերէի թաղական Մուրատ Սիւմէ։
Իսկապէս ալ պոլսահայ համայնքի համար ամօթալի այս երեւոյթը բոլորս կը դնէ պատասխանատուութեան դիմաց։ Ներկայ խայտառակութեան հեղինակները պաշտօնէութեան բոլոր շրջանին արդէն իսկ պարզած էին իրենց անբարոյ գործելաոճը։ Սակայն շատեր այս խայտառակութիւնը տեսնելով հանդերձ փոխանակ զայն հրապարակելու, փորձած էին համերաշխութիւն գոյացնել։ Պէյօղլուի թաղականութիւնը ոչ թէ այս օր, այլ երկար տարիներէ ի վեր շարունակած էր իր անկարգ աշխատութիւնը եւ ընդմիշտ վնասած էր համայնքին։ Իսկ համայնքը սկսելով ամենավերին մակարդակէն, մեծ հանդուրժողութիւն ցուցաբերած էր այս վարչութեան հանդէպ։ Մեր թաղականներու եւ «բարերար»ներու փաղանգը շատ երկար տարիներ մեծ ջանք վատնած էր անիմաստօրէն «Պապա» հռչակուած նախկին ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանը փառաբանելու համար։ Յաճախ միամիտօրէն հաւատացած էր թէ ատենապետ Աբիկը ինք բարի էր, բայց շրջապատուած չար մարդկանց կողմէ։ Այս պահուն ոչ ոք կը յիշէ մօտ անցեալի այն դժբախտ զարգացումները, երբ Աբիկ Հայրապետեանի գլխաւորած կազմը դարձեալ իր աթոռը պահելու համար չէր վարանած այս համայնքի աւելի քան 600 անդամներուն դէմ բանտարկութեան պահանջով դատ բանալու։
Պարտինք նշելու թէ ամբողջ համայանքի վիճակող այս պատասխանատուութեան մէջ առաջին կարգի վրայ պէտք է համարուի բոլոր այն տարրերը, որոնք անցեալին մեծ ոգեւորութեամբ կանգնած էին այս կազմի կողքին։ Յիշենք Լուսաւորիչ Երգչախումբի անդամները, որոնք կազմակերպեալ ձեւով աշխատեցան այժմու խայտառակութեան հեղինակ թաղականներուն ի նպաստ։ Անոնք իրենց կողքին ունեցան նոյն երդիկին տակ գործող ուրիշ խմբակցութիւն մը, որն էր Մարալ Պարախումբը։ Անոնք ալ իրենց անդամական կազմով նեցուկ կանգնած էին այս տխրահռչակ կազմին աջակցելու համար։
Այսօր երբ իրենց շահերը հակառակը կը պահանջէ, բոլորն ալ դիրք բռնած են այս կազմին դէմ իրենց կորսնցուցած առիթներուն վերատիրանալու համար։
Իսկապէս ցաւալի երեւոյթներ։ Վերջին հաշուով կարելի է ըսել թէ այս համընդհանուր խայտառակութեան պատկերին մէջ ամենաբարեբաստիկ զարգացումը եղաւ ընտրութեան յետաձգումը։ Բարեբախտութիւն է որ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը իրեն հասած բողոքի դիմումները գնահատելով արգիլած է ընտրութեան խամաճիկ յանձնախումբի ճշդած թուականին ու ճշդած պայմաններով ընտրութիւն կատարելը։ Եթէ այս որոշումը չի հասներ, խիստ հաւանական էր շատ աւելի ծանր հետեւանքներու հետ առերեսուիլ։ Ընտրութիւնը արգիլելու որոշումը այս անգամ բարեբաստիկ եղած է մեր համայնքի հաշուոյն։
Վերջապէս պարտինք գիտակցիլ թէ ո՛չ թէ թաղականութեան, այլ աւազակներու խումբի մը մասին կը խօսինք։ Ցաւալին այս բոլորին քայլ առ քայլ յառաջանալուն դիմաց մեր միասնական անփութութիւնն է։ Արդէն իսկ չէինք կրցած արդարացնել մեր համայնք կոչումը, քանի որ ընտրութիւններու մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ ցած եղած էր եւ ընտրողներու միայն 20 տոկոսը մասնակցած էր ամբողջ համայնքի մը ապագան հետաքրքրող այս ընտրութիւններուն։
Յուսանք թէ կրկնութիւնը ունենայ նաեւ բարեբաստիկ հետեւանք եւ գոնէ այս անգամ թօթափենք այդ անփութութիւնը եւ հաւաքական գիտակցութեամբ վերջակէտ մը դնենք այս անբարոյ ընթացքին։
pakrates@yahoo.com