2020 եւ 2021 թուականներուն ամբողջ աշխարհին տառապանք պատճառող պսակաձեւ ժահրի համավարակը եթէ ոչ բոլորովին, բայց գոնէ մեծաւ մասամբ 2022-ին է որ թուլացաւ եւ համաշխարհային մարդկութիւնը փորձեց կրկին վերագտնել սովորական ընթացքը։ Ինչ ողբալի է որ այդ սովորական ընթացքի մէջ անպակաս էին մարդ էակին իր տեսակին հանդէպ անխնայ հալածանքը։ Ուկրաինայէն մինչեւ Արցախ ականատես եղանք պատերազմի սրտի զարկերուն։ Չարիքը մերթ անհատական եւ շատ անգամ ալ պետական ահաբեկչութեան երեսակով եկաւ օրակարգ կազմելու։ Սակայն այս դժոխային համայնապատկերին մէջ իսկ իւրաքանչիւր նորածինի արձակած առաջին ճիչը յուսադրութեան նոր նշան մը պիտի ըլլայ։ Նորածինի առաջին ճիչը, լացն ու կոծը բացառութիւն մը ըլլալով ուրախութիւն կը պատճառեն։ Մենք ալ կու գանք մեր վրայ իջած ձանձրոյթը թօթափել նորածինի մը առաջին ճիչով եւ այդ տրամադրութիւնով ողջունել Ամանորը։ Մաղթենք որ բարեբեր ըլլայ 2023-ը, սկսելով մեր հարազատ ընտանիքէն, համաքաղաքացիներուն, համաերկրացիներուն եւ ամբողջ աշխարհի արդար վաստակով ապրող հասարակութեան համար։