Այս շաբաթ կայանալիք վերջին ընտրութիւններով աւարտած պիտի ըլլանք պոլսահայ պատմութեան հետաքրքրական շրջաններէն մէկը եւս։ Իսկապէս ալ բազում երեւոյթներով աննախադէպ եղաւ այս ընտրաշրջանը։ Ամենամեծ հաստատաութիւններու համար բնակչութիւն չունեցող թաղերու մէջ ընտրասնտուկ տեղադրել, աղքատ թաղերու մէջ եօթը կամ ինը թեկնածուներ գտնելու դժուարութեան փոխարէն հարուստ թաղերէ ներս 90 թեկնածուներով ընտրութեան երթալ, եւ տակաւին ինչեր ու ինչե՜ր։
Այս շաբաթ Կ՚ուզեմ ծանրանալ անոնցմէ մէկուն՝ Փանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի ընտրութեան նիւթին։ Այս հաստատութիւնը նախապէս միաբանական ընկալումով կը պաշտօնակոչէր իր վարչութիւնը։ Օրէնքներու փոփոխութեան հետեւանքով այսօր գոյացած է ուրիշ իրողութիւն մը։ Միաբանական այդ կառոյցը այժմ վերածուած է համայնքային հաստատաութեան եւ այստեղ նշուած համայնքն ալ ուրիշ մը չէ, այլ միայն ու միայն քաղաքի հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը։
Իրողութիւնը այսպէս ըլլալով հանդերձ յայտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց սանցազերծուած թշնամանքէն ձերբազատուելու առիթ մը գտած ըլլալով արծարծեցին բոլորովին այլ իմաստ ներկայացնող քարոզչութիւն մը։ Այդ քարոզչութեան մէջ շռայլուած մեղադրանքները զուրկ էին տրամաբանութենէ, բայց ոչ ոք կարեւորութիւն ընծայեց խնդրի այդ երեսակին։ Ընդ հակառակը վերստին բացուեցան հին տետրակներ եւ փորձուեցաւ այդ տետրակի էջերէն նոր թշնամութիւններ դուրս գալ։
Ոմանք յիշեցին Մեսրոպ Պատրիարքի Հայաստանի անկախացման յաջորդող օրերուն օրակարգի բերած բանավէճերը։
Յիշենք թէ կաթողիկէ հոգեւորական մը Հայաստանի անկախացումէն ետք ըսած էր թէ Հայաստան խոպան հող մըն է եւ պէտք է մշակել զայն։ Այս ելոյթը այդ օրերուն մարդորսութեան արշաւ մը ըլլալով ընկալուած էր, որուն դէմ բուռն հակազդեցութիւն ցուցաբերած էր Մեսրոպ Պատրիարքը։
Ապա կաթողիկոսի ընտրութենէն ետք այս անգամ ալ մեր համայնքէն ներս ծագած էր Էջմիածնի եւ Անթիլեասի օծուած միւռոնները ընդունելու մասին շինծու բանավէճ մը։
Այսօր կը տեսնենք նման բնոյթի մեղադրանքներ, որոնք դոյզն իսկ նկատի չեն ունենար ազգային գիտակցութիւն կոչուած արժանիքը։ Պարտինք յիշել թէ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը երբ Թուրքիոյ մէջ ամենացածր մակարդակով իսկ ըլլայ ներկայացուցչութիւն մը պիտի բանար, բազում կալուածներ ղեկավարող Հայ Առաքելական Եկեղեցին դժուարացած էր գրասենեակ մը տրամադրելու եւ այդ կարիքը ապահովուած էր հայ կաթողիկէ համայնքի տրամադրած գրասենեակով։ Դիւանագիտական այդ հաստատութիւնը ազգայինի մը տրամադրած ժամանակաւոր գրասենեակէն ետք մինչեւ օրս կը գործէ այդ երդիկին տակ։
Նոյնը պատահեցաւ այս անգամ ալ հայաստանցի երախաներու ուսման վայր մը փնտռելու պահուն։ Մեր կեղծ ազգայինները այդ ժամանակ ալ դժկամեցան եւ կարիքը հոգած հայ աւետարանչական համայնքը։
Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ խտրականութեան մասին խօսիլը արդէն ինքնին խտրականութիւն մըն է։ Կրօնքը իր դաւանանքներով ինքնութեան բնորոշիչ տարրերէն մէկն է միայն։ Անդին ունինք աւելի հսկայ տարր մը, որն է ազգային պատկանելութիւնը։ Անկախ անկէ թէ այս պատկանելութիւնը կը յայտնուի առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանչական հակումներու մէջ։
pakrates@yahoo.com