ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Հովիւ

Կաղանդ, տօ­­նածառ, ամա­­նօր… Ահա քա­­նի մը ցնծա­­գին բառ, որոնց մա­­սին կրնա­­յի ստու­­գա­­­բանա­­կան յօ­­դուած մը գրել այս բերկրա­­լից օրե­­րուն երբ կը մօ­­տենայ Նոր Տա­­րին ու կը պատ­­րաստո­­ւինք մի­­մեանց մաղ­­թել ու­­րա­­­խու­­թիւն, յա­­ջողու­­թիւն եւ առող­­ջութիւն, ու ձեր աչ­­քե­­­րը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, դժո­­ւար պի­­տի չըլ­­լար շլաց­­նել այդ երեք գո­­յական­­նե­­­րու գրա­­կան պայ­­ծառ փայ­­լա­­­տակումնե­­րով։ Սա­­կայն, տօ­­նական տրա­­մար­­դութիւնս նո­­ւազե­­ցաւ Դեկ­­տեմբե­­րի կամ Քա­­ղոցի - ինչպէս որ կը նա­­խընտրէք -այս վեր­­ջին օրե­­րուն, երբ մէկ այլ սաս­­տիկ քա­­մի կը փչէ Ար­­ցա­­­խի լեռ­­նե­­­րու եւ Լա­­չինի ճա­­նապար­­հի վրայ։ Ի՞նչ է պատ­­ճա­­­ռը, մտա­­հոգ մտա­­ծեցի. «հո­­վիւ» բառն է, որո­­­շեցի, ու ձեռ­­­նարկե­­­ցի գրի առ­­­նել այդ խաշնտես, խաշ­­­նա­­­­­­­րած, ոչ­­­խա­­­­­­­րած, ոչ­­­խա­­­­­­­րապահ, հօ­­­տապահ, հօ­­­տապան մար­­­դու գրա­­­կան դաշ­­­տի վրայ կա­­­տարած աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը, որ­­­պէսզի 2023-ին Հա­­­յոց Լեռ­­­նաշխար­­­հի մէջ ծնին մշտար­­­թուն նոր հո­­­վիւ­­­ներ քան­­­զի, քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ հա­­­յու մտա­­­ծողու­­­թեան մէջ հո­­­վիւը ժո­­­ղովուրդի առաջ­­­նորդն է ու այժմ հա­­­յու­­­թիւնը պէտք ու­­­նի անոնց լա­­­ւագոյն տե­­­սակին՝ աւե­­­լի քան եր­­­բեք։

Առա­­­ջին հո­­­վիւը

Թէեւ չենք գի­­­տեր, թէ ո՚վ էր առա­­­ջին հայ հո­­­վիւը, սա­­­կայն կաս­­­կած պէտք չէ ու­­­նե­­­­­­­նալ, թէ անաս­­­նա­­­­­­­պահ եւ լեռ­­­նաբնակ մեր նա­­­խահայ­­­րե­­­­­­­րու մէջ հո­­­վիւ­­­նե­­­­­­­րու պա­­­կաս չկար։ Իսկ անոնց անո՞ւնը. բնիկ է, կազ­­­մո­­­­­­­ւած *owi «ոչ­­­խար» եւ pā- «կե­­­րակ­­­րել, արա­­­ծեց­­­նել» ար­­­մատնե­­­րով։ Վա­­­նեցիի հա­­­մար ան «խօ­­­վիվ» էր, նոյն գա­­­ւառի Ոզմ գիւ­­­ղի հա­­­մար «խօ­­­վէվ», իսկ Մու­­­սա լե­­­րան բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար՝ «հու­­­վէվ»։

Հո­­­վիւը Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի մէջ

Յոգ­­­նա­­­­­­­ջան ու չար­­­քաշ «հո­­­վիւ»ը, որ վրի­­­պած էր մեր բա­­­նահիւս նա­­­խահայ­­­րե­­­­­­­րու ու­­­շադրու­­­թե­­­­­­­նէն, 405 թո­­­ւակա­­­նին ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին մե­­­ծարան­­­քի։ Սուրբ գիր­­­քը 101 ան­­­գամ յի­­­շեց «հո­­­վիւ» բա­­­ռը, 37 ան­­­գամ «հո­­­վուել» բա­­­յը, իսկ մէկ ան­­­գամ ալ «հո­­­վուա­­­կան» ածա­­­կանը. «Եւ եդ զնոսա ի հո­­­վուա­­­կան մա­­­խաղին»։ Կար­­­դա­­­­­­­ցինք նաեւ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի հե­­­տեւեալ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը. «Ձայն գու­­­ժի հո­­­վուաց», «Ես եմ հո­­­վիւն քաջ, եւ ճա­­­նաչեմ զիմսն եւ ճա­­­նաչիմ յի­­­մոցն»։ Սուրբ գիր­­­քը նաեւ խրատ-զգու­­­շա­­­­­­­ցում մը տո­­­ւաւ, թէ հո­­­վիւ­­­նե­­­­­­­րը եթէ ան­­­միտ են կը ցրո­­­ւի հօ­­­տը. «Զի հո­­­վիւքն անմտա­­­ցան, եւ զՏէր ոչ խնդրե­­­ցին. վասն այ­­­նո­­­­­­­րիկ ոչ իմա­­­ցան, եւ ամե­­­նայն արօ­­­տականքն, եւ ցրո­­­ւեցան»։ Ասի­­­կա է պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, որ հո­­­գեւոր հա­­­յերեը աղօ­­­թաս­­­րահնե­­­րու բե­­­մէն կը քա­­­րոզեն զգու­­­շա­­­­­­­նալ սուտ առաջ­­­նորդ հո­­­վիւ­­­նե­­­­­­­րէ։

Հո­­­վիւի Ոս­­­կե­­­­­­­դարը

5-րդ դա­­­րը հայ­­­կա­­­­­­­կան հո­­­վիւի ոս­­­կե­­­­­­­դարն է։ Այն ժա­­­մանակ է, որ «հո­­­վիւ» բա­­­ռը երա­­­ժիշտ սուրբե­­­րու շնոր­­­հիւ շա­­­րակա­­­նի խօսք դար­­­ձաւ։ «Զղջման իմոյ զար­­­տա­­­­­­­սուս» ապաշ­­­խա­­­­­­­րու­­­թեան շա­­­րակա­­­նի մէջ Մես­­­րոպ Մաշ­­­տո­­­­­­­ցը խնդրեց որ բա­­­նաւոր հօ­­­տի հո­­­վիւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սը ըլ­­­լայ հո­­­գատար իր մո­­­լորեալ հո­­­գիի հա­­­մար. «Ան­­­կա­­­­­­­նիմ առա­­­ջի քո, Քրիս­­­տոս, որ հո­­­վիւդ ես բա­­­նաւոր հօ­­­տի, / Խնդրեա եւ զիս, զմո­­­լորեալս, միայնդ ես բազ­­­մա­­­­­­­գութ»։ Շա­­­րակա­­­նը կ’ակ­­­նարկէ այն առա­­­կին, ուր բա­­­րի հո­­­վիւը կը թո­­­ղու իր հօ­­­տը ու կ’որո­­­նէ իր կոր­­­սո­­­­­­­ւած գառ­­­նուկը։

Հայ­­­կա­­­­­­­կան միջ­­­նա­­­­­­­դարեան գրա­­­կանու­­­թիւնը ըն­­­տիր խօս­­­քե­­­­­­­րով զար­­­դա­­­­­­­րեց հա­­­մեստս «հո­­­վիւ» բա­­­ռը, ինչպէս՝ «Հո­­­վիւ ժո­­­ղովրդոց գոլ զբա­­­րի զօ­­­րավարն», «Ոչ­­­խար ես, մի՚ քններ զհո­­­վիւն»։ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին իր Մա­­­տեանի մէջ խոս­­­տո­­­­­­­վանե­­­ցաւ, թէ ին­­­քը մո­­­լորեալ էր ու պէտք ու­­­նէր հո­­­վիւի հո­­­գատա­­­րու­­­թեան. «Բժիշկ՝ ախ­­­տա­­­­­­­ցելոյս, / Հո­­­վիւ՝ մո­­­լորեալ ոչ­­­խա­­­­­­­րիս, / Տէր՝ ապա­­­ւինեալ ծա­­­ռայիս»։ (Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին լուր ու­­­նի՞ թէ, 2012 թո­­­ւակա­­­նին պի­­­տի դառ­­­նար իր կեան­­­քը, մարդկա­­­յին կեր­­­պա­­­­­­­րը եւ գրա­­­կանու­­­թիւնը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան շար­­­ժանկա­­­րի նիւթ ու այդ ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը պի­­­տի կո­­­չուէր՝ «Հո­­­վիւը»)։ Ներ­­­սէս Շնոր­­­հա­­­­­­­լին «հո­­­վիւ» բա­­­ռը «արի» ածա­­­կանի քով դրաւ ու գրեց. «Հո­­­վիւ արիական… Բա­­­նաւո­­­րաց հո­­­վիւ արի»։

Հո­­­վիւի պար­­­զութիւ­­­նը

Հա­­­կառակ իր մար­­­զունակ կեան­­­քին, մեր «հո­­­վիւ»ը բազ­­­մա­­­­­­­թիւ բար­­­դութիւններ ու­­­նի - անոր հետ շի­­­նուած բարդ բա­­­ռերը նկա­­­տի ու­­­նիմ։ Անոնց թի­­­ւը 25-ի կը հաս­­­նի։ Խիստ պատ­­­կե­­­­­­­րալից են հո­­­վուա­­­պար­­­կը, հո­­­վուա­­­մախա­­­ղը եւ հո­­­վուակ­­­րա­­­­­­­կը, իսկ հեշ­­­տա­­­­­­­լուր են հո­­­վուա­­­փողը, հո­­­վուա­­­կան­­­չը եւ հո­­­վուեր­­­գը։ Հայ­­­կա­­­­­­­կան հո­­­գեւոր գրա­­­կանու­­­թեան մէջ Ե. դա­­­րէն ի վեր կը հնչէ «հո­­­վուա­­­կան» ածա­­­կանը՝ «հո­­­վուա­­­կան ցուպ, գա­­­ւազան, նա­­­մակ, պատ­­­գամ, ձայն, կեն­­­ցաղ» փո­­­խաբե­­­րու­­­թիւն-ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րով։ Իսկ «հո­­­վուա­­­նոց» բա­­­ռը, որ նա­­­խապէս քա­­­րածերպ մըն էր՝ ո՛չ շատ լու­­­սա­­­­­­­ւոր եւ գրա­­­ւիչ կա­­­ցարան մը՝ քրիս­­­տո­­­­­­­նէական բա­­­ռապա­­­շարի մէջ կը դար­­­ձաւ՝ եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­րան։

Հո­­­վիւի բնա­­­կավայ­­­րը

Հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխար­­­հի վրայ «հո­­­վիւ» բա­­­ռը, ին­­­չո՞ւ կը զար­­­մա­­­­­­­նաք, դար­­­ձաւ տե­­­ղանուն։ Այդ վայ­­­րե­­­­­­­րու յի­­­շողու­­­թիւնը այ­­­սօր կը մնայ բնաշ­­­խարհիկ բա­­­ռարան­­­նե­­­­­­­րու մէջ. «Հո­­­վուա­­­հայր», Նա­­­խիջե­­­ւանի մէջ ուխտա­­­վայր, «Հո­­­վուի եկե­­­ղեցի», եկե­­­ղեցի Անի մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քի պա­­­րիս­­­պէն դուրս, «Հո­­­վուի կա­­­մուրջ», կա­­­մուրջ Բա­­­սենի մէջ, Արաքս գե­­­տի վրայ, «Հո­­­վուա­­­սար», Ար­­­ցա­­­­­­­խի մէջ բլուր, Տիգ­­­րա­­­­­­­նակեր­­­տի աւե­­­րակ­­­նե­­­­­­­րէն վեր, «Հո­­­վուաց ագա­­­րակ», միջ­­­նա­­­­­­­դարեան գիւղ Սիւ­­­նի­­­­­­­քի մէջ։

Տա­­­ղասաց հո­­­վիւը

Բա­­­նաս­­­տեղծ հո­­­գեւոր հո­­­վիւ­­­նե­­­­­­­րը, յա­­­ճախ «եղ­­­կե­­­­­­­լի» եւ «մե­­­ղօք լի», իրենց տա­­­ղերու մէջ մեղ­­­քե­­­­­­­րու թո­­­ղու­­­թեան հա­­­մար դի­­­մեցին երկնա­­­­ւոր հո­­­­վիւին։ Տա­­­ղասաց Սու­­­քիասը խոս­­­տո­­­­­­­վանե­­­ցաւ. «Սի­­­րոյդ կող­­­կո­­­­­­­ղիմ հո­­­վիւ երկնա­­­ւոր, / Մո­­­լորեալ ոչ­­­խարս հօ­­­տիդ բա­­­նաւոր, / Նե­­­տիւք խո­­­ցոտեալ, մե­­­ղօք վի­­­րաւոր. / Ես եմ պար­­­տա­­­­­­­ւոր, / Ես եմ մե­­­ղաւոր»։ Սար­­­գիս Հա­­­լէպ­­­ցին 1600-ական­­­նե­­­­­­­րուն աղա­­­չեց. «Սրտովս եւ հո­­­գովս մո­­­լար հե­­­ռացեալ եմ ես ոչ­­­խա­­­­­­­րէն, / Հո­­­վիւ բա­­­րի, զիս խնդրեա զմո­­­լորեալս ի սուրբ քո հօ­­­տէն»։ Ստե­­­փանոս Թո­­­խաթ­­­ցին, 1601 թո­­­ւակա­­­նին քա­­­ղաքի հո­­­գեւոր հո­­­վիւ տէր Յա­­­կոբի մա­­­հուան օրը գրեց գո­­­վաբա­­­նական տաղ. «Ո՚վ տէր Յա­­­կոբ, հո­­­վիւ բա­­­րի, / Դար­­­ձուցա­­­նող մո­­­լար հօ­­­տի, / Ցրւեալ, ճա­­­պաղեալսն կո­­­չող ի մի, / Ջուր հանգստեան եւ դա­­­լարի»։ Նոյն օրե­­­րուն Սի­­­մէոն Լե­­­հացին նախ հարց տո­­­ւաւ, թէ ո՚ւր են հին օրե­­­րու քաջ ու նո­­­ւիրեալ հո­­­վիւ­­­նե­­­­­­­րը. «Ո՞ւր են նախ­­­նի հայ­­­րա­­­­­­­պէտքն այն / Եւ քաջ հո­­­վիւքն սրբա­­­զան, / Որք վասն հօ­­­տին զան­­­ձինս եդին, / Զգայլս եւ գա­­­զանսն փա­­­խու­­­ցին»։ Իսկ մենք հարց կու տանք, թէ Լե­­­հացին ին­­­չո՚ւ գրեց այդ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը։ Պատ­­­ճա­­­­­­­ռը կը գտնենք յա­­­ջորդ ցա­­­ւալի քա­­­ռեակի մէջ. «Այժմս հո­­­վիւք վարձկան եղեն, / Տե­­­սեալ զգա­­­զանս ի յետ փախ­­­չեն, / Գա­­­զանք զգա­­­ռինս յափշտա­­­կեն / Եւ պա­­­տառեալ զնո­­­սաւ ցրո­­­ւեն»։

Հո­­­վիւի քնա­­­րը

19-րդ դա­­­րու հայ բա­­­նաս­­­տեղծը գեղջկա­­­կան կեան­­­քը գո­­­վեց։ Հո­­­վիւը, ըսաւ ան, ծա­­­ռի մը շու­­­քի տակ, առո­­­ւակի մը ափին նստած իր սրին­­­գը կը նո­­­ւագէ, մինչ հօ­­­տը դա­­­լարի վայ­­­րե­­­­­­­րու մէջ կը ճա­­­րակի։ Ո՞վ մտայ­­­ղա­­­­­­­ցաւ քնա­­­րական, բայց ո՛չ միշտ իրա­­­կան, այդ պատ­­­կե­­­­­­­րը։ Հայր Ղե­­­ւոնդ Ալի­­­շանը ու­­­նի իր բա­­­ժինը։ Վե­­­նետի­­­կի բա­­­նաս­­­տեղծ հո­­­վիւը 1845 թո­­­ւակա­­­նին «Բազ­­­մա­­­­­­­վէպ» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի մէջ լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յեց երեք պատ­­­մո­­­­­­­ւածք, որոնք ամ­­­փո­­­­­­­փուած էին «Հո­­­վիւք Շի­­­րակայ» ընդհա­­­նուր խո­­­րագ­­­րի տակ։ Հե­­­տեւեալն է գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թիւնը. գիւ­­­ղա­­­­­­­կան կեան­­­քը դրո­­­ւատե­­­լի է, հո­­­վիւը ու­­­նի ազատ ու եր­­­ջա­­­­­­­նիկ կեանք։ Եր­­­կու տաս­­­նա­­­­­­­մեակ յե­­­տոյ Պետ­­­րոս Դու­­­րեանը գրեց ու Յա­­­կոբ Վար­­­դո­­­­­­­վեանի թատ­­­րո­­­­­­­նի մէջ բե­­­մադ­­­րեց իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ գործ մը, որուն անունն էր «Վարդ եւ Շու­­­շան կամ Հո­­­վիւք Մա­­­սեաց»։ Գե­­­ղապաշտ շրջա­­­նին պա­­­տիւ էր «հո­­­վիւ» կո­­­չուիլ։ Սիաման­­­թօն Մես­­­րոպ Մաշ­­­տո­­­­­­­ցի բե­­­րանով աղօ­­­թեց. «Օգ­­­նէ՚ ին­­­ծի, մե­­­ծապար­­­գե՜ւ իմաս­­­տութիւն, / Ես՝ ան­­­ցուպ հո­­­վիւ մեծ քա­­­րոզիդ, / Ես՝ եղ­­­կե­­­­­­­լի մահ­­­կա­­­­­­­նացու, ես՚ տժգոյն տնտես / Հայ­­­կազնեան ահեղ ցե­­­ղին»։ Ռու­­­բէն Սե­­­ւակը հարց տո­ւաւ սի­­­րոյ գա­­­ղափա­­­րը հե­­­տապնդող փոք­­­րիկ հո­­­վիւին. «—Փոք­­­րիկ հո­­­վիւ, փոք­­­րիկ հո­­­վի՜ւ ուխտագ­­­նաց / Ըսէ՝ որո՞ւ ձգե­­­ցիր / Ոչ­­­խարներդ ցա­­­նու­­­ցիր»։ Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը ող­­­բաց ան­­­փորձ ճեր­­­մակ աղջկան ու­­­լի­­­­­­­կին. «Բայց իր զո­­­հէն նոր ծա­­­ղիկ­­­ներ չբու­­­սան, / Եւ ինք չե­­­ղաւ թի­­­թեռ­­­նե­­­­­­­րու հով­­­ւուհի»։ Իսկ երբ կար­­­դա­­­­­­­ցինք Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանի «Լեռ­­­նե­­­­­­­րի հո­­­վիւը» ար­­­ձակ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը, հասկցանք, թէ զո­­­ւարթ էր անոր հո­­­վուա­­­կան սրին­­­գի ձայ­­­նը, միայն տխուր էին անոր թուխ ու կրա­­­կոտ աչ­­­քե­­­­­­­րը, որով­­­հե­­­­­­­տեւ ան հայ­­­րե­­­­­­­նիքէն եւ իր ոչ­­­խարնե­­­րէն վտա­­­րուած Սա­­­սու­­­նի լեռ­­­նե­­­­­­­րու հո­­­վիւ էր։

Իմաս­­­տուն հո­­­վիւը

Հա­­­յը ու­­­նե­­­­­­­ցաւ հօ­­­տին նո­­­ւիրո­­­ւած պար­­­կեշտ եւ պաշ­­­տե­­­­­­­լի հո­­­վիւ­­­ներ։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, կար­­­դա­­­­­­­ցէք Յա­­­կոբ Պա­­­րոնեանի Ազ­­­գա­­­­­­­յին Ջո­­­ջերու «Ներ­­­սէս Վար­­­ժա­­­­­­­պետեան» հա­­­տուա­­­ծը ու դուք կը հասկնաք, թէ ի՚նչ է քաջ հո­­­վիւը. «Իւր անձն իւր ոչ­­­խարնե­­­րուն վրայ դրած է։... Շատ կրօ­­­նաւոր­­­ներ… կ՚ել­­­նեն իրենց ժո­­­ղովրդեան վրայ կը նստին եւ անոնց ան­­­տա­­­­­­­նելի բեռ մը կ՚ըլ­­­լան. Վար­­­ժա­­­­­­­պետեան աշ­­­խա­­­­­­­տած է միշտ իւր արա­­­ծած հօ­­­տին լու­­­ծը թե­­­թեւցնե­­­լու»։ Կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել «Մենք ենք մենք մեր սա­­րերը» շար­­ժանկա­­րի մէջ ար­­տա­­­սանո­­ւած իմաս­­տուն խօս­­քը. «Հո­­վուի խօս­­քը խօսք է»։ Բայց, Վա­­նի, Վա­­րագա­­վան­­քի, Ար­­ծո­­­ւի Վաս­­պուրա­­կանի, Մշոյ Սուրբ Կա­­րապետ վան­­քի, Կար­­նոյ, Խար­­բերդի, Բա­­ղէշի եւ Տրա­­պիզո­­նի քաջ հո­­վիւ Գա­­րեգին Սրո­­ւանցտեան­­ցը մեզ զգու­­շա­­­ցուց. «Ող­­բա­­­ցէք այն ժա­­մանակ, երբ ժո­­ղովուրդն ան­­գէտ եւ անզգայ՝ իբ­­րեւ ոչ­­խար ան­­մեղ, բայց ան­­բան, երբ իշ­­խանն փա­­ռամոլ եւ օտա­­րին անձնա­­տուր, երբ զի­­նուորն եւ զօ­­րապետ վատ եւ նեն­­գա­­­ւոր, երբ կրօ­­նաւորն մարմնա­­սէր, Եպիս­­կո­­­պոսն իր պա­­տուոյ հա­­մար, քա­­հանայն՝ ար­­ծա­­­թի հա­­մար կը փո­­խարի­­նեն ազգն ու կրօն­­քը… ող­­բա­­­լու է այն ախ­­տա­­­կիր ժո­­ղովուրդը, ող­­բա­­­լու է այն ան­­կա­­­րեկից հո­­վիւն ու առաջ­­նորդը»։

Գրա­­գէտ հո­­վիւը

Հայ հո­­վիւը տաս­­նեակ մը հնա­­տիպ գիր­­քի մէջ յայտնո­­ւեցաւ որ­­պէս վեր­­նա­­­գիր։ Անդրա­­նիկ հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը, կը հասկնաք, հո­­գեւոր նե­­րածու­­թիւն ու­­նէին։ Ահա այդ ըն­­տիր հա­­ւաքա­­ծոյի նմոյշնե­­րը. «Յի­­շատա­­կարան քա­­հանա­­յական վա­­րուց կամ մե­­ծի հո­­վուա­­պետի Յի­­սու­­սի Քրիս­­տո­­­սի խրատք ոգէ­­շահք առ հո­­վիւս եկե­­ղեց­­ւոյ իւ­­րոյ եւ առ այլ քա­­հանայս», Վիէն­­նա, 1852, «Թուղթ հո­­վուա­­կան», Կ. Պո­­լիս, 1854, «Ալ­­պեան հո­­վիւ», Թիֆ­­լիս, 1895, «Փա­­շան՝ հո­­վիւ - Արե­­ւելեան զրոյց», Թիֆ­­լիզ, 1896, «Թուղթ հո­­վուա­­կան ուղղո­­ւած Արաբ­­կի­­­րու վի­­ճակի եկե­­ղեցի­­ներուն ու ժո­­ղովուրդին», Կ. Պո­­լիս, 1900, «Հո­­վիւին խրատ­­նե­­­րը ուղղուած Ատա­­նայի ու ամ­­բողջ թե­­մական ժո­­ղովուրդին», Կ. Պո­­լիս, 1908, «Հո­­վուա­­կան սրինգ», Զմիւռնիա, 1909, «Փոք­­րիկ հո­­վիւ գի­­տու­­նը», Ֆրու­­մոասա, 1931, «Հո­­վուա­­կան թուղթ առ պրա­­զիլա­­հայս», Սան Փաւ­­լօ, 1938, «Էջեր Յ. Թու­­մա­­­նեանի Անուշ հո­­վուեր­­գութե­­նէն», Փա­­րիզ, 1937։ Իսկ 1906 թո­­ւակա­­նին «հո­­վիւ» բա­­ռը հա­­սաւ իր գրա­­կան փառ­­քին։ Այդ օր Թիֆ­­լի­­­սի մէջ, Եզ­­նիկ քհ. Երզնկեանի խմբագ­­րութեամբ բառս դար­­ձաւ թեր­­թի անուն. «Հո­­վիւ- Հո­­գեւոր, բա­­րոյա­­կան, պատ­­մա­­­կան, հա­­սարա­­կական եւ ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան շա­­բաթա­­թերթ»։

Հո­­վիւի եր­­գը

Հո­­վիւը, որ բնու­­թեան հա­­րազատ եր­­գիչն է - բա­­րի ոչ­­խարներն են անոր վկան - հայ­­կա­­­կան եր­­գա­­­րուես­­տի մէջ ան­­տես պի­­տի մնար, եթէ Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանը բա­­րեխղճու­­թեամբ չյօ­­րինէր «Հո­­վուի եր­­գը». «Ես հո­­վիւ եմ զով սա­­րերում… / Քեզ հա­­մար եմ փչում շո­­ւին / Զով ար­­շա­­­լոյ­­սին, / Որ դու լսես ու մօտս գաս, / Շրջենք միասին»։ Մենք եր­­կու ըն­­տիր եր­­գի խօսք կը պար­­տինք նաեւ Թու­­մա­­­նեանին եւ Կո­­միտա­­սին. «Շո­­ւին փչեց հո­­վիւն ահա, աղ­­ջիկն ու սէրն անո՜ւշ, անո՜ւշ… Լուսնակն անոյշ, հովն անոյշ, վա՜յ, լէ՜, լէ՜, լէ՜, լէ՜, հո­­վիւի փողն էր անոյշ»։ Իսկ հայ­­կա­­­կան դպրո­­ցի մէջ ամէն ու­­սուցիչ իր աշա­­կեր­­տին հա­­ճոյ­­քով եր­­գել կու տայ «ա՜յ, խեղ­­ճ» հո­­վիւին եր­­գը. «Հո­­վիւը սա­­րում տխրեց, սի­­րոյ եր­­գը նո­­ւագեց»։

Շան­­թա­­­հար հո­­վիւը

Հայ­­րե­­­նի մա­­մու­­լի մէջ հո­­վիւը այ­­սօր այնքան ալ քնա­­րական վի­­ճակ­­նե­­­րու մէջ չ’ապ­­րիր։ Հո­­վիւը, Հայր Ալի­­շանի 150 տա­­րի առաջ յօ­­րինած քնա­­րական, գե­­ղապաշտ կեր­­պա­­­րէն շատ հե­­ռու է։ Նե­­տենք ակ­­նարկ մը. «Հո­­վիւ­­նե­­­րի գե­­րեվար­­ման վտանգ կայ, 39 բնա­­կավայր դար­­ձել է սահ­­մա­­­նամերձ», «Հա­­յաս­­տա­­­նում հո­­վիւ­­նե­­­րի պա­­կաս կայ», «Ջա­­ջու­­ռում հո­­վիւ­­ներ են կայ­­ծակնա­­հարուել», «Շի­­րակի մար­­զում հո­­վիւ­­ներ են կայ­­ծակնա­­հարո­­ւել նրան­­ցից մէ­­կի վի­­ճակը ծանր է»։

Երբ Նոր Տա­­րին կը մօ­­տենայ ու մենք կը պատ­­րաստո­­ւինք մի­­մեանց եր­­կար եւ եր­­ջա­­­նիկ նոր տա­­րիներ մաղ­­թե­­­լու, թող 2023 թո­­ւակա­­նին մեր բո­­լոր հո­­վիւ­­նե­­­րը, հո­­գեւոր, քա­­ղաքա­­կան, ռազ­­մա­­­կան, ըլ­­լան քաջ, բա­­րի եւ մշտար­­թուն։ Այժմ ձե­­զի հրա­­ժեշտ կու տամ մէջ­­բե­­­րելով մէկ այլ բա­­րի հո­­վիւի, Մով­­սէս Խո­­րենա­­ցիի յօ­­րինած Սուրբ Ծննդեան օրհնու­­թեան շա­­րակա­­նով, որ­­պէսզի, նոր ու բա­­րի հո­­վիւ­­ներ ծնին հա­­յոց աշ­­խարհի մէջ.

Խոր­­հուրդ մեծ եւ սքան­­չե­­­լի,

Որ յայսմ աւուր յայտնե­­ցաւ,

Հո­­վիւքն եր­­գեն ընդ հրեշ­­տակս՝

Տան աւե­­տիս աշ­­խարհի։