Համայնքային ընտրութեան ընդհանուր եզրին տակ իրականութեան մէջ այս համայնքին ընդհանուր դիմագիծն է որ կը պարզուի հետզհետէ տարեվերջին հասնող այս օրերուն։ Կը տիրէ մրցակցութիւն մը, որ իր բոլոր փուլերով կը նկարագրէ պոլսահայութեան թերի կողմերը։ Այո մեր թերացումն է այսօր խնդիրները եւ իրար հասկնալու դժուարութիւնները։ Չենք կրցած մեր կեանքը դժուարացնող ազդակներու ճշգրիտ ախտաճանաչումը կատարել։ Տիրող մրցակցութեան ետին կանգնած դրդապատճառները, երբ նկատի կ՚ունենանք յաճախ կրնանք խորհիլ թէ պաշտօններու տեղափոխութիւնը որքանով պիտի արդարացնէ հասարակութեան ակնկալութիւնները։ Տակաւին կը շարունակենք որոշ թեկնածուները փառաբանելու համար պնդեալ թէ անոնք գործի կեանքի մէջ յաջողած մարդիկ են։ Կարծես թէ մեր համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու մէջ նախապէս պաշտօն ստանձնողները այդ նոյն բաղանքէն չէին եկած։
Այս շաբաթավերջին կը կայանայ երկու կարեւոր ընտրութիւններ։ Մէկն է Պիւյիւքտերէի հետզհետէ անհաւատալի գայթակղութիւններով կազմակերպուած թաղականութեան ընտրութիւնը եւ միւսն ալ Փանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի խնամակալութիւնը ճշդելու համար կատարուելիք ընտրութիւնը։ Մանաւանդ Մխիթարեանի ընտրարշաւի շուրջ կը տիրէ տգիտութիւնով սնուցուած ցեխարձակում մը։ Մարդիկ առանց գիտնալու թէ ինչ կը նշանակէ համայնքային հաստատութիւն եւ ինչ կը նշանակէ միաբանութիւն, կը փորձեն այս ընտրութիւնը միայն կաթողիկէ դաւանողներու եւ համայն հայութեան բանալու բանավէճը հասցնել միջդաւանանքային պառակտումի մը։ Այս ընելու պահուն կը բանան անցեալի տետրակները եւ այդտեղ կիսատ մնացած հաշիւներու հաշուեփակը կը փորձեն կապել այսօրուան։ Մինչդեռ տասնամեակներ առաջ աւարտին հասած խնդիր մըն է այդ, որուն հրահրումը ոչ ոքի կը նպաստէ։ Ընդ հակառակը այդ քաշքշուկը միայն ձախողութիւն կը պատճառէ բովանդակ հայութեան։ Նախ եւ առաջ յիշենք որ Մխիթարեան վարժարանը միաբանութիւն մըն է, որուն վարչութիւնը կը ձեւաւորուի նշեալ միաբանութեան կարգադրութիւններով։ Այս առումով երկուքն ալ կաթողիկէ համայնքի հաստատութիւններ ըլլալով հանդերձ մեծ տարբերութիւններ կան օրինակի համար Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի եւ Մխիթարեան Վարժարանի օրինական հանգամանքներուն միջեւ։ Սուրբ Յակոբը բառին բուն իմաստով համայնքային հաստատութին մըն է՝ իսկ Մխիթարեանը միաբանութիւն մը։
Միւս կողմէ դարձեալ պարտինք յիշել թէ այս բոլորը բնութագրողը ոչ թէ մեր աւանդութիւններն են, այլ երկրի իբրեւ թէ հանրապետական շրջանի թելադրանքներուն պատշաճեցուած նոր օրէնքները։ Թուրքիոյ քաղաքացիական օրէնքը վերջ դրած է Օսմանեան Կայսրութենէ ժառանգուած բոլոր կարգ ու կանոններուն։ Օրինական այդ զանցառութեան մէջ անտեսուած է միաբանութեան ուրոյն հանգամանքը։ 1970-ականներուն էր, երբ վարդապետները կամ մայրապետները պաշտօնազուրկ եղան Մխիթարեան կամ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու վարչութիւններէն։
Ճիշդ է որ վարժարանի խնամակալութիւնը ստանձնելու պատրաստ երկու ցանկերուն ալ առաջնահերթութիւնը կը բխի Մխիթարեան վարժարանի պատկանելութենէ։ Ոչ կաթողիկէ տարրերն ալ այդ պատկանելութիւնը կ՚արդարացնեն այս երդիքին տակ մանաւանդ ալ, սանուց միութեան սահմանումին մէջ երկար տարիներ իրենց տարած նուիրեալ աշխատանքով։
Անոնք իրենց այդ յատկութիւնով կարելի է միաբանութեան արժանաւոր անդամները համարել։ Այս ընթացքը խաթարողը ոչ թէ ոմանց դժկամութիւնն է, այլ երկրի օրէնքներուն միաբանութիւն ընկալումը վերացնելը։
Յուսանք խնդրին լուծումը կը գտնուի տրամաբանութեան թելադրանքին համաձայն եւ խուսափելով անտեղի մեղադրանքներէ։
pakrates@yahoo.com