ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կրօնքի թելադրած տմարդութիւնը

Թուրքիա որ­քան որ կը յանձնո­ւի կրօ­նամոլ հա­մակար­գի մը ճի­րան­նե­րուն, այնքան յա­ճախա­կի կը դառ­նան տմար­դի վե­րաբեր­մունքնե­րու մա­սին լու­րե­րը։ Նախ հաս­տա­տենք թէ իշ­խա­նու­թիւննե­րը որ­քան ալ յա­ւակ­նութիւն ու­նե­նան Թուրքիան որ­պէս մեծ եւ կա­րեւոր եր­կիր ըլ­լա­լով ցոյց տա­լու, ան բա­զում երե­ւոյթնե­րով յե­տամ­նաց է։ Ի զուր եղած են հան­րա­պետա­կան շրջա­նի ար­դիակա­նաց­ման եւ արեւմտեան բար­քե­րու մեր­ձեցման ջան­քե­րը։ Ժո­ղովուրդի ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը առանց դոյզն իսկ գի­տակ­ցա­կան մեկ­նա­բանու­թիւն մը ու­նե­նալու, յի­մարօ­րէն են­թարկո­ւած է իս­լամ կրօն­քի թե­լադ­րանքնե­րուն։ Սա ինքնին քաօսա­յին վի­ճակ ստեղ­ծե­լու յար­մար երե­ւոյթ մըն է, քա­նի որ մին­չեւ օրս եր­բեք չէ յստա­կացած այդ կրօն­քի թե­լադ­րանքնե­րը։ Ընդհա­կառա­կը իւ­րա­քան­չիւր հա­ւատա­ցեալ եւ աւե­լի շատ ալ հո­գեւո­րական իր ըն­կա­լումնե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ իբ­րեւ կրօն­քի թե­լադ­րանք։ Նոյ­նիսկ ամե­նածայ­րա­յեղ մեկ­նա­բանու­թիւննե­րը դիւ­րաւ կը գտնեն այդ յի­մար միտ­քե­րուն հե­տեւող զան­գո­ւած­ներ։

Երե­ւոյ­թը շատ տար­բեր չէր քրիս­տո­նէու­թեան հա­շուոյն եւս։ Միջ­նա­դարեան ըն­կա­լումնե­րու մէջ քրիս­տո­նէու­թիւնն ալ նոյն կեր­պով կը շա­հագոր­ծո­ւէր քա­ղաքա­կան շա­հերու հա­մար։ Բայց կա­րեւոր տար­բե­րու­թիւն մը ըստ որու, քրիս­տո­նէու­թիւնը ապ­րե­ցաւ վե­րած­նունդի շրջան մը։ Բո­ղոքա­կան հո­սանքնե­րը ուշքի բե­րին քրիս­տո­նէու­թիւնը եւ այսպէ­սով մա­նաւանդ ալ պե­տական հա­մակար­գէն վերջնա­կանա­պէս դուրս բե­րին կրօ­նի գոր­ծօ­նը։

Այս օրե­րուս մա­մու­լի էջե­րուն մէջ կը հան­դի­պինք սահմռկե­ցու­ցիչ լու­րե­րու։ Վեր­ջերս պար­զո­ւեցաւ թէ աղան­դա­ւոր մը իր վե­ցամեայ դուստրը ամուսնա­ցու­ցած է իր աղան­դի ուխտա­ւոր 29 ամեայ ան­ձի մը հետ։ Այս սահմռկե­ցու­ցիչ դէպ­քը պար­զո­ւեցաւ, երբ երի­տասարդ կի­նը խոս­տո­վանե­ցաւ ըն­տա­նեկան յար­կի տակ պա­տահած այս տմար­դութիւ­նը։

Պարսկաս­տա­նի մէջ իբ­րեւ թէ հա­սարա­կու­թեան բա­րոյա­կան ար­ժա­նիք­նե­րը պահ­պա­նելու պաշ­տօ­նակո­չուած յա­տուկ ոս­տի­կանա­կան ջո­կատ­նե­րու գոր­ծած ոճի­րը այդ երկրէ ներս ալ շատ մեծ հա­կազ­դե­ցու­թիւն յա­ռաջա­ցուց։ Եր­կու ամի­սէն եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր շա­րու­նա­կուող բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը վեր­ջա­պէս իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը պար­տադրեն որոշ ետ­քայլ ընե­լու։ Սա­կայան հա­մաշ­խարհա­յին մահ­մե­տակա­նու­թիւնը կը կա­րօտի աւե­լի լուրջ հա­շուե­յար­դարներ դի­մագ­րա­ւելու։

Ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րուն բո­լորո­վին անի­մաստ դար­ձած են կա­նանց հան­դէպ այ­րիշխան դրդումնե­րով կա­տարո­ւած ոտնձգու­թիւննե­րը։ Կի­նը ան­բա­ւարար կամ թե­րի հա­մարող բո­լոր հաս­կա­ցողու­թիւննե­րը ժա­մանա­կավ­րէպ են եւ դա­տապար­տո­ւած կոր­ծա­նու­մի։ Բայց այ­սօր ալ բնաւ քիչ չեն այդ յե­տամ­նա­ցու­թիւնը շա­հագոր­ծե­լու ձգտումնե­րը։ Մա­նաւանդ արեւմտեան աշ­խարհէն յատ­կա­պէս ալ ար­դի դրա­մապաշտ հա­մակար­գէն եկած շա­հագործման եղա­նակ­նե­րը ար­գելք են հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան այդ տմար­դի մտայ­նութիւ­նը վերջնա­կանա­պէս խոր­տա­կելուն դի­մաց։ Յի­շենք որ ամե­րիկեան քա­ղաքա­կանու­թեան հնա­րած «կա­նանչ գօ­տի»ի տե­սու­թիւնով իբ­րեւ թէ Խորհրդա­յին միու­թիւնը ան­դա­մալոյծ ընե­լու մի­տող ռազ­մա­վարու­թիւնը այ­սօր իր հունձքը կու տայ Փա­քիս­տա­նի, Աֆ­ղանստա­նի եւ այլ եր­կիրնե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ճի­հատա­կան ահա­բեկ­չութիւ­նով։

Ո՞ւր տես­նո­ւած է թէ չա­րիքէն բա­րիք ծնի։

pakrates@yahoo.com