Կարճ խօսքով…
Զարմանալի է հայը… Իր պատմութիւններն են երկարապատում, իր բառերն են երկարակազմ, եւ իր մայրենին է երկարակեաց։ Հայը ունի երկարամօրուս պատրիարքներ, կը լսէ երկարաշունչ ճառեր եւ կը կատարէ երկարաձիգ ժողովներ։ Հայուն բացման խօսքերն են երկար, ծէսերը երկար, միտքը երկար եւ ըստ յոյներու՝ իր դրացիական այցելութիւններն են երկար։ Կարելի է երկա՜ր խօսիլ նաեւ այդ առոգանութեան ալիքաձե՜ւ նշանի մասին, որուն անո՜ւնն է՝ երկար, բայց խօսքը չերկարեմ, ի՞նչ է պատճառը,- մտմտացի. «երկար» բառն է, որոշեցի, ու մտածեցի անոր պատմութիւնը գրի առնել, ո՚չ շատ երկար, լոկ հազար բառ, երբ այսօր հայոց հանրապետութիւնը աշխարհաքաղաքական երկար նեղուցէ մը կ’անցնի, երկար ձմեռ մը սպառնալիք է Արցախի բնակիչներուն համար ու կը պատրաստուինք մօտ օրէն իրարու մաղթել երջանիկ, առողջ ու յաջող երկա՜ր տարիներ։
Երկար պատմութիւն
«Երկար» բառը երկար տարիներ է որ կ’ապրի իր ժողովրդի հետ։ Անոր երկարամեայ պատմութեան ստուար մատեանի առաջին էջի վրայ նախ գրուեցան «երկարաձիգ» ածականը եւ «ընդերկար» մակբայը, ապա Ղազար Փարպեցին անոր շնորհեց բայ մը՝ «երկարել»։ Ե. դարուն «երկար» ածականը արդէն կը գործածուէր թէ՚ որպէս ժամանակի տեւողութիւն եւ թէ՝ որպէս տարածութիւն։ 10րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին ըսաւ, թէ Տէրը «երկայնամիտ» է եւ ունի «երկար տեսողութիւն»։ Յաջորդ դարերուն «երկար» ածականը ծնունդ տուաւ 125 բաղադրեալ բառերու։ Բոլորը յիշելու համար երկար ժամանակ պէտք է, ուստի կը բաւարարուիմ պատկերալից վեցեակ մը մէջբերելով- երկարաբազուկ, երկարաթարթիչ երկարածնօտ, երկարապարանոց, երկարակտուց, երկարափետուր։
Երկար կեանք
«երկար» բառը յարմար եկաւ բարեմաղթութիւններ շնորհելու համար։ 1272 թուականին գրիչ Աւետիսը երբ աւարտեց Կեռան թագուհիի պատուիրած աւետարանը, գիրքի յիշատակարանի մէջ ան Լեւոն արքային եւ անոր Կեռան թագուհիին ուղղեց բազմաթիւ օրհնութիւններ, ապա աղաչեց, որ «փրկիչ մարդկան եւ թագաւոր միշտ յաւիտեան» Տէր Քրիստոսը Հեթումին՝ 11 տարեկան թագաժառանգ երեխային պարգեւէ երկար կեանք. Եւ զՀեթում սոցին որդի, թագաժառանգ Հայոց սեռի, պահեա կենօք երկար ելի»։ 1600-ներուն տաղասաց եւ մատենագիր Ղազար Թոխաթեցին ըսաւ, թէ մարդը ճանապարհորդ մըն է, ու բարերար Աստուած անոր շնորհէ երկար տարիներ. «Պարգեւեսցէ զքեզ ժամանակ երկար»։ Նոյն օրերուն բանաստեղծ, աշուղ, նկարիչ եւ ծաղկող Նաղաշ Յովնաթան «Խրատ պէտքական հասարակաց» տաղի մէջ մեզի բացատրեց երկար ապրելու գաղտնիքը.
«Ո՜վ մարդ, որ կամիս կեանքդ երկարի.
Եւ խաղաղ մնաս վերայ աշխարհի,
Թող չար խօսելոյ լեզուդ դադարի,
Փախիր ի չարէ եւ արա զբարի»։
«երկար» բառը տեղ գտաւ նաեւ բազմաթիւ այլ խրատներու մէջ։ Գրող, գրականագէտ Գեւորգ Հայրեան արդարամիտ խօսք մը ըսաւ. «Ուրիշի փառքից ստացած ջերմութիւնը երկար տաքացնել չի կարող»։ Արցախեան առած մըն ալ մարդուն կը քաջալերէ արդար ապրիլ. «Հարամ հաց օտողը էրկան ապրել չի»։
Ղարիպի երկար ճամբան
Հայը երբ քալեց պանդուխտի ճամբան, նկատեց, թէ շա՜տ երկար է ան։ Աւետիք տաղասացը հայրենի կարօտով կիզուած՝ ըսաւ, թէ ղարիպութիւնը խիստ դժուար ճանապարհորդութիւն է. «Յառաջ կ’երթամ, ոտքս չ’երթար, / Զի ճանապարհս է խիստ երկար»։ Ո՞վ մխիթարութիւն կրնար տալ պանդուխտին։ Յովհաննէս Թումանեան 1899-ին աղաչական խօսք ուղղեց բանաստեղծին. «Յոյս տուր վհատին, սփոփիր որբին, / Ոյժ տուր պանդխտին իր երկար ճամբին»։
Համառօտ արտայայտութիւններ
Այսօր «երկար» բառով շինուած տասնեակ մը պատկերալից արտայայտութիւններ կը հարստացնեն մեր առօրեայ զրոյցները։ Մենք կը խաղանք «երկար էշ», կը մաղթենք «երկար կեանք», չենք սիրեր «երկար լեզու», կը նախընտրենք «երկար մտածել», մեծ որոշում մը տալէ առաջ «երկար-բարակ» հաշիւներ կ’ընենք։ Գլխացաւ պատճառող գործէ եւ զբաղումէ կը խուսափինք, զայն կոչելով՝ «երկար պատմութիւն»։
Երկարաշունչ
խորհրդածութիւններ
«երկար» ածականը երկա՜ր մտածել տուաւ հայուն։ Այս պարզ երկվանկը խոհական տողերու վերածուեցաւ։ Զապէլ Եսայեան մեկնաբանեց կնոջ ներաշխարհը. «Գաղափարի մը վրայ երկար ատեն թառելու մտածումն է որ քեզ կը խրտչեցնէ, ատիկա կնոջ մտքին յայտնի տկարութիւնն է»։ Սիլվա Կապուտիկեան անհատական մտածում մը գրի առաւ. «Ես չեմ ապրում արդէն ու ես չեմ էլ մեռնում, / Եւ իմ չմեռնելը տեւելու է երկար»։
Երկարի ու կարճի պայքարը
Հայկական մտածողութեան մէջ երկարի ու կարճի պարքար մը կայ։ Ո՞ր մէկն է թանկագին, ցանկալի, կարճը՞, թէ՝ երկարը։ Այս մրցակցութեան մէջ, ցաւօք սրտի երկարը յաճախ կը պարտուի։ Այս նիւթի շուրջ, որպէս մանկավարժ, իր առաջին կարծիքը տուաւ հայ գրող եւ հրապարակախօս Ղազարոս Աղայեանը. «Դաստիարակելու համար ո՚չ թէ երկար ժամանակ է հարկաւոր, այլ՝ կարճ ժամանակի խելացի օգտագործում»։ 1916 թուականին Յովհաննէս Թումանեան գրեց իմաստասիրական քառեակ ու յորդորեց, թէ ո՚վ որ հաւատայ, թէ միտքը երկար է, կը սխալի. «Հե՜յ ագահ մարդ, հե՜յ անգոհ մարդ, միտքդ երկար, կեանքդ կարճ… Խաղաղ անցիր, ուրախ անցիր երկու օրուան էս ճամբէդ»։ 1990-ներուն թատերագիր Ժորա (Գեւորգ) Յարութիւնեանը աւարտեց այս վէճը, ըսելով՝ «Պարանի երկարն է լաւ, խօսքի՝ կարճը»։
Քնարի երկար լարը
Օրեր եղան «երկար» ածականը քնարական դարձաւ։ Ան ծառայեց որպէս սիրային նուրբ զգացումները փոխադրող բառ։ 1500-ներուն աշուղ Նահապետ Քուչակը աղաչեց, որ գիշերը տեւէ շա՜տ երկար, տարի մը գոնէ, քանզի իր եարն էր իրեն հիւր եկեր. «Գիշեր, դուն յերկան կեցիր, տարեկ մի եղիր, թէ կարես»։ Դուք տեսա՞ծ էք անոր եարը, հասակը, մէջքը… Թող տղան պատմէ. «Եղէգն ի շամբին միջին / կու ճօճայ, այն քու անձն է. / Քու մէջքդ է բարակ եւ երկան»։ Իսկ դուք գիտէ՞ք, թէ աշխարհընտիր գեղեցկուհիի մը տիրանալու համար Սիւնեաց իշխան Բակուրը որքա՜ն պայքարեցաւ։ Պատմութիւնը լսենք Դանիէլ Վարուժանի գրիչէն. «Վրաց երկրէն, ուր կիները կը ծաղկին վարդի պէս, / Զայն նիզակովս եմ շահեր, մարտիկներու ընդդէմ վէս / Մղելով երկար պայքարներ»։ Վարուժանը պատճառ եղաւ, որ մենք, յարգելի ընթերցող, մօտենանք Պոլիս։ Բայց զգոյշ։ Նշան Պէշիկթաշլեանը պոլսահայու համար քանի մը ըսելիք ունի. «Պոլսեցին երկար -բարակ բաներ շատ ունի։ Հասակը երկար է, միտքն ալ երկար է, ձայնը երկար է, ոտքը երկար է ու, մարմինը համաչափ ըլլալով, ձեռքն ալ երկար է։ Չկարծուի, թէ ձեռքը երկար ըլլալուն համար՝ կը գողնայ վանքին հաւերը։ Քաւ լիցի»։ Մայրաքաղաքը սակայն ունէր պատուաբեր բանաստեղծներ։ Մատթէոս Զարիֆեանը Փրինքիփօ կղզիին մէջ անհատնում համբերութեանբ սպասեց ի՚ր սիրածին. «Եկա՞ր… / Որչա՜փ երկար / Սպասեր եմ քեզի, գիտե՜ս, / Այս սեւ թուփին տակ անտես»։ Քաղաքի Ասիական ափի վրայ Զապէլ Եսայեան օրուան վերջալոյսին տխրեցաւ. «Զարմանալի չէ որ այսքան անոյշ մելամաղձոտութեամբ տոգորուած երկրի մը մէջ սիրոյ եւ վայելքի երգերը անգամ երկար ողբեր ըլլան, տխրութիւնով լեցուն»։ Նոյն օրերուն Ռուբէն Սեւակը ըսաւ, թէ սիրածին տանող ճամբան երկար է. «Ու ի՜նչ երկար ու դառնօրէն հրակէզ»։ Համաստեղը մեզի պարգեւեց քնքոյշ տողիկներ, ուր գոմէշի թարթիչը եւ գարնան անձրեւը իսկ քնարական են, ինչպէս սիրահարներու համբոյրը. «Գոմէշներուն ու եզներուն երկար - երկար թարթիչներով աչքերուն մէջ գարունի կանաչ հորիզոն մը կը լայննար… Դուրսը անձրեւը կ’իջնէր աւելի յորդ, երկար ու պարան-պարան… Վերը արագիլը կը դառնար տակաւին, Աւետարանի երկու էջերու պէս թեւերը լայն բացած, եւ կ’օրհնէր առաջին երկար տեւող համբոյրը դեռ նոր նշանուած զոյգ սիրողներուն»։ Խորհրդահայ հողի վրայ Պարոյր Սեւակն է, որ նկատեց «երկար» բառի ոգին, գրեց քնարական տողիկներ. «Անձրեւն իր հալուած երկար մատներով / Մատնահարում է լռին մայթերի գորշ ստեղները… Եւ սխալ է, որ մենք վայրկեաններով / Ժամն ենք չափում։ Ճիշտը հակառակն է գուցէ՝ / Կարճ ժամերով չափել վայրկեանները երկար… Վերջալոյսի շեղ շողերի միջնորդութեամբ / Երկարում էր քո ստուերը՝ հմայքի՛դ պէս, / Ու քայլում էր քեզնի՛ց առաջ՝ հմայքի՜դ պէս»։
Երկարակեաց ըլլալու համար ընթերցել…
Հայկական գրատպութեան մէջ «երկար» բառը, յարգելի ընթերցող, մի՚ փնտրէք երկար-բարակ։ Հոն կայ միայն երեք անուն գիրք, որոնք կեդրոնացած են ամենակարեւոր բանի՝ ընթերցողի երկայնակեցութեան վրայ. «Պատերազմ ընդդէմ թշնամեաց մարդկային կենաց կամ առողջ, երջանիկ եւ երկար կեանք անցնելու միջոցները», Կ. Պոլիս, 1872, «Երկար կեանք եւ նորա պայմանները», Մոսկուա, 1882, «Առողջ եւ երկար ապրելու համար ներկայ բժշկագիտութեան վերջին հետազօտութիւնների հետեւանքները», Թիֆլիս, 1911։
Երկար ժամանակ լոյս չի լինի
Հայրենի մամուլը եւ «երկար» բա՞ռը… երկար պատմութիւն։ Խորագիրները կարճ խօսքով պատմեն, թէ ինչպէս է կեանքը հայրենիքի մէջ. «Մարզերում եւ Երեւանում երկար ժամանակով լոյս չի լինի», «Երեւանի մի շարք հասցներում այսօր երկար ժամանակ ջուր չի լինի», «Պլինքըն կարեւոր նկատեց Արցախի տագնապի համապարփակ եւ երկարատեւ կարգաւորումը», «Հայաստան սահմանեց համաշխարհային մրցանիշ՝ օդապարիկով կատարած ամէնէն երկար թռիչքով»։ Իսկ այժմ, Նոր Տարուայ նախաշեմին ձիւնը կը տեղայ երկա՜ր երկա՜ր ու հայրենի քաղաքները կը ստանան գեղատեսիլ տեսարան, ինչպէս Հենրիկ Բաբաջանեանը մանկական բանաստեղծութեան մը մէջ նկարագրեր էր. «Ձմեռ, դու բարով եկար՝ / Ճերմակ փեշերով՝ երկար»։ Իսկ ձախորդ օրե՞րը։ Աշուղ Ճիւանին վստահեցուց մեզ, թէ վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան, անոնք ձմրան նման կու գան ու կ’երթան. «Դառն ցաւերը մարդու վերայ չեն մնայ երկար, / Որպէս յաճախորդ՝ շարուէ-շարան կու գան ու կ’երթան»։
Երկար ու երջանիկ տարիներ
Յարգելի ընթերցող, երբ կը մօտենայ նոր տարին, թող բոլոր սիրտերը լեցուին ջերմութեամբ, ձմեռ օրերը հեռանան, ու երկայնամիտ երկարատեսը ձեզի պարգեւէ երջանիկ, առողջ ու յաջող երկա՜ր տարիներ։ Որպէսզի գարնան ջերմութեամբ եւ լաւատեսութեամբ վերջանայ յօդուածը, ձեզի հրաժեշտ կու տամ Գուսան Աշոտի սէր բուրող երգով մը.
Աշուղ եմ էդ քո սեւ-սեւ աչերիդ,
Էդ անոյշ լեզուիդ, կեռ-կեռ ունքերիդ,
Մուշկ ու ամբար էդ երկար ծամերիդ.
Ոչ մի ծաղիկ քո բուրմունքը չունի,
Ոչ մի մայր քեզ պէս գէօզալ չի ծնի։