Աստուած երկինքն ու երկիրը անջատեց իրարմէ։ Անջատեց նաեւ լոյսն ու խաւարը։ Ձեւաւորեց աշխարհի բնութիւնը։ Լեռները, ձորերը, գետերը, ծովերը, ծառերն ու անտառները տեղն ու տեղը դնելէ ետք անասնական աշխարհն ալ ցրելով երկրագունդի երեսին՝ իբրեւ վերջին գործ ափ մը հող առաւ գետնէն, փչեց այդ հողին վրայ եւ շունչ տուաւ Ադամին։ Ապա շուտով անդրադարձաւ անոր մինակութեան եւ կողէն առած ոսկորով մըն ալ սարքեց Եւան։
Ադամը եւ իր որդիները մինչեւ այսօր Եւայի դուստրներէն կը պահանջեն իրենց այդ պակսած կողին հաշիւը։
Չես գիտեր, այդ ինչ երեւակայութիւն է որ մինչեւ օրս կը դասաւանդուի կրօնքի դասապահերուն իբրեւ աշխարհի ստեղծման գիտելիք։
Արդեօք մարդ արարածի կիներու դէմ արհամարհանքին մէջ ի՞նչ է այս յիմար պատմութեան վիճակած բաժինը։
Կրօնք կոչուածը մարդուս խելքդ կղպանքի տակ դնող, մտածելու, հետեւողութիւն ընելու կարողութիւնները փականքի տակ պահող ասոյթ մըն է միայն։ Ասոյթ մը՝ որ չէ գոհացած բարոյական սկզբունքներու դաստիարակութիւնով, չէ յօժարած մարդկային խղճի հրամայականներով։ Փոխարէնը տնօրինած է դժոխքի բոցերուն մէջ պատիժ կամ դրախտի մարգագետնի վրայ պարգեւ։
Այսքանը բաւարար է որ մարդ արարածը գոյացնէ այրիշխան համակարգ մը եւ այդ համակարգի մէջ կեանքը դժոխքի վերածէ կանանց համար։ Իր բոլոր թերութիւնները վերագրէ իգական սեռին եւ անոր վարքով ձեռք բերէ իր մօտ բացակայած պատիւը։
Անվարան կրնանք ըսել որ կնոջ հանդէպ բռնութիւն կիրակող տղամարդը անպատիւ է, պատուէ զուրկ է։ Իր տկարութիւնը կնոջ դէմ բռնութիւնով չէզոքացնելու աշխատող խեղճ մը միայն։
Բայց մենք որքան ալ այպանենք ու նախատենք պահպանողական յիմար միտքը, ան պիտի շարունակէ յամառիլ «նամուս», «ատադ», «նահապետական տոհմնի աւանդութիւն»ի նման յիմարութիւններով արդարացնել իր իշխանութիւնը։
Եթէ վերեւ գործածուած բառամթերքը կը յիշեցնէ նախ մերոնք, յիշենք որ մարդկային միտքի այս բութը համաշխարհային բնոյթ ունի։ Թղթեդրամին վրայ «ՄենքԱստուծոյ կը հաւատանք» գրող մտայնութիւնը այս նիւթին մէջ դոյզն իսկ տարբերութիւն չունի աշխարհի ամենայետամնաց ու քաղաքակրթութենէ զուրկ հաւաքականութիւններուն դիմաց։
Այս է մարդկութեան ամենամեծ շեղումը։ Այդ շեղումի ապացոյցը ապրեցանք նախորդ շաբաթավերջին Իսթանպուլի փողոցներուն վրայ։ Կրօնամոլ իշխանութիւնը ի ծնէ մեղաւորներու դէմ ոստիկանական բռնութեան ամենավայրագ դրսեւորումը ցուցադրեց։ Բազմաթիւ կիներ կիներու դէմ բռնութեան հետ պայքարի օրին ծեծի ենթարկուեցան, ոստիկանական ինքնաշարժներով ոստիկանատուն առաջնորդուեցան եւ ժամեր անց ալ ազատ արձակուեցան։ ի՞նչ է այս բոլորին տեղի տուող գործօնը։ Այրիշխան համակարգի մը կիներու պահանջատիրութեան դէմ անհանդուրժողութիւնը միայն։
Հարեւան երկիր Իրանի մէջ կրօնամոլ համակարգը այդ նոյն անհանդուրժողականութեամբ ուժ կը կիրարկէ կանանց դէմ, որու հետեւանքոգ մահացողներուն թիւը պաշտօնական տեղեկութիւնով գերազանցած է 400-ը։ Իսկ հասարակական կազմակերպութիւններու համաձայն զոհուածներու թիւը 600-էն աւելի է։ Կնոջ մազի թելին երեւիլը մեղք համարող հիւանդագին մտայնութիւնը բովանդակ երկիրը դժոխքի վերածելու համար դոյզն իսկ չվարանեցաւ։ Եթէ պիտի հաւատանք լուսաւոր ապագայի մը, պարտինք գիտակցիլ թէ այդ ապագան կարելի է կերտել միայն ու միայն կիներու վճռակամ դիմադրութեամբ։
pakrates@yahoo.com