ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Էջ

Այս սիւնակի մէջ, յարգելի ընթերցող, հայոց բառերու ոդիսականը կը կարդանք։ Այդ պատմութիւնները կը գտնենք հայկական տաղարաններու, բառարաններու, երգարաններու, յիշատակարաններու եւ մամուլի այժմէական էջերու մէջ։ Բառերու ստուգաբանութիւնը, ճիշդ չէ՞, մեր առջեւ կը բանայ նաեւ հայոց պատմութեան պանծալի, հերոսական, փայլուն, երբեմն ալ՝ արիւնով թրջուած մութ էջերը։ Բառերու խորհրդաւոր աշխարհի մէջ երբ քալենք, մեր առջեւ կը յայտնուին մերթ լուսաւոր, մերթ կիզուած էջեր։ Այսօր, երբ մեր ազգային պատմութիւնը ունի նոր ելեւէջներ, հանրապետութեան եւ սփիւռքի առջեւ կը յայտնուին անյայտ էջեր, որոշեցի հաւաքել «էջ» բառի գրական հետքերը, յետադարձ ակնարկ մը նետել մեր դեղնած էջերուն ու տեսնել, թէ վերջ ի վերջոյյ այդ միավանկը ի՚նչ պատմութիւններու վկայ է եղած։

«Էջ» մը գիրք

«Էջ» բառի պատմութիւնը, հակառակ իր ժողովուրդի ստուար պատմութեան, կը կազմէ հազիւ գրքոյկ մը։ Եթէ «էջ» արմատով շինուած իւրաքանչիւր բաղադրեալ բառին էջ մը տրամադրենք, այդ համեստ գրքոյկը պիտի բաղկանար լոկ 28 էջերէ։ Ահա այդ ենթադրեալ հրատարակութեան էջերու պարունակութիւնը. էջագիծ, էջադրութիւն, էջակալ, էջակապ, էջատակ, էջանիշ…։ Այս ցանկին կ’առաջարկեմ ներառել «երկիջեան» եւ «վեցիջեան» բառերը։ Այս երկու ընտիր ածականները կը պարտինք 1169 թուականին՝ 16 տարեկանին քահանայ ձեռնադրուած, 22 տարեկանին Տարսոն նահանգի արքեպիսկոպոս կարգուած, Կիլիկիոյ Հայկական Իշխանութեան ականաւոր հոգեւորական, մատենագիր, բանաստեղծ, երաժիշտ, հրապարակախօս, Լեւոն Բ.ի արքունիքի պալատական խորհրդատու եւ թարգմանիչ Ներսէս Լամբրոնացիին։ Իսկ մեր օրերու արհեստագիտութիւնը մեզի շնորհեց «կայքէջ» օգտաշատ բառը։

Միշտ էջերու վրայ

Որպէսզի մեր «էջ» բառի պատմագիրքը ունենայ էջերու աւելի մեծ քաքակ, անոր մէջ կարելի է տեղադրել «էջ»ով շինուած արտայայտութիւններ եւ դարձուածքներ։ Ունինք երեք դարձուածք, որոնք մեր առօրեայ զրոյցները եւ մամլոյ խորագիրները հաճելի կը դարձնեն։ Երբ կ’ուզենք անցեալին անդրադառնալ կը գործածենք «էջերը թերթել» դարձուածքը։ Ուստի մենք կը թերթենք «պատմութեան էջերը», «մեր մանկութեան էջերը», «կեանքի էջերը»… Գրադարանավարները յաճախ կը գանգատին երկրորդ դարձուածքի համար. անուշադիր ընթերցողի թողած հետքն է ան, մատնանիշ մը՝ էջի աջ անկիւնի վրայ յառաջացած ծալքը՝ «էջի ծալուք»։ Դուք տեսա՞ծ էք քաղաքագէտ, գրաւիչ երգչուհի, ոեւէ տեսակի ժամանակակից «աստղ», որու մասին շարունակ կը խօսուի ու կը գրուի։ Բուռն ժողովրդականութիւն վայելող այդ անձերու համար կը գործածենք երրորդ դարձուածքը. «էջերէն չիջնել»։

Քնարական էջեր

Մինչեւ 19րդ դար, յարգելի ընթերցող, հաճեցէք չթերթել հայկական գրականութեան արձակ կամ չափածոյ էջերը «էջ» մը գտնելու յոյսով։ «Էջ» բառը գրականացաւ 19 դարուն երբ գեղապաշտ գրիչներ զայն նկատեցին որպէս նուրբ զգացումները ընդունարան։ Միսաք Մեծարենցը, պոլսական թաց աշուն մըն էր, «Քուն» բանաստեղծութեան մէջ նկարագրեց իր ներաշխարհը.

Ցուրտ Աշուն մը սարսռագին

Կը հեւայ իմ հոգւոյս մէջ.

Կ՛իջնէ գիշերը. Կեանքին

Գիրքը կու լայ էջ առ էջ։

Մեծարենցի մէկ այլ քերթուածի մէջ ընթարձակ մարգը դարձաւ սիրոյ գաղտնապահ էջ. «Անծանօթ գրքի մը զերթ անծայր էջ, / Մարգն՝ երկիւղած՝ ու լսնազօծ ու կանանչ՝ / Պահեց աղջկան քայլին դրոշմն անճանաչ»։ Երբ ձմեռ էր, ձիւնը որպէս սպիտակ յորձանք՝ խուժեց բանաստեղծի «գորշ խոհանքին» ու պարեց. «Պարն է ձիւնին, փսփսուքը պարիկներուն, / Որ տանիքին վրայ ճերմակ էջ մը կ՛ըլլայ»։ 1907 թուականին երբ Մեծարենցի բանաստեղծութիւնները Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէին, Մէզիրէ քաղաքի Կեդրոնական վարժարանի աշակերտ Համաստեղի մէջ կը ծնէր սէր դէպի գրականութիւն։ Մենք անոր կը պարտինք «էջ» բառի ամենէն քնարական գործածութիւնը։ Հեղինակը այս հատուածի մէջ կը նկարագրէ երկու սիրահարներու՝ Մուրատի եւ Մարուշի առաջին համբոյրը. «Վերը արագիլը կը դառնար տակաւին, Աւետարանի երկու էջերու պէս թեւերը լայն բացած, եւ կ’օրհնէր առաջին երկար տեւող համբոյրը դեռ նոր նշանուած զոյգ սիրողներուն»։ Տիգրան Չէօկիւրեանը «Վանքը» վէպի մէջ մեզի լսել տուաւ հօտաղի սրինգին երգը իր մեղմ ու ծաւալուն ելեւէջներով. «Սիրոյ տաղ մըն էր անիկա, շինական սիրահարի մը աննենգ ու խռովալի սրտին մէկ էջը»։ Ապա հեղինակը յիշատակութիւն մը բերաւ անցեալի երանելի էջերէն. «Կ՚ըսեն թէ մեր երանելի նախնիք իրենց երփնագրութիւնները երբեմն յղկուած շատ նուրբ փղոսկրի էջերու վրայ կը յօրինէին… Կարդացած եմ որ Կիլիկիոյ մեծագործ Լեւոն Բ.ը չորս Աւետարանները նուէր ընդունած էր փղոսկրէ էջերու վրայ»։ 1912 թուականին Թոգաթի մէջ Դանիէլ Վարուժանին ձեռքը անցաւ Թէոդիկի «Տարեցոյցէ եւ «Կաղանդէ գիրքերը։ Բանաստեղծը ընթերցեց երկուքն ալ ու անմիջապէս նամակ մը գրի առաւ. «Սքանչելի էին քու էջերդ «Կաղանդին» մէջ՝ իրապաշտ, աշխարհիկ, դիտուած, ապրուած։ Կեանքն է անոր մէջ՝ սրտովդ լուսանկարուած, յետոյ զգացումիդ ներկերովը երփնազարդուած»։ 1914 թուականին, «Մեհեան» թերթի երրորդ թիւին մէջ Գեղամ Բարսեղեանը փառաբանեց անցեալի պանծալի անունները. «Մեր գուրգուրանքն ու յարգանքը անո՚նց՝ որ, միջնադարէն մինչեւ մեր օրերը, Քուչակէն մինչեւ Զարդարեան, Հայաստանեայց գրականութեան ոգին թրթռացուցին զանազան եղանակներով՝ հանճարեղ երգերու եւ զմայլելի էջերու մէջ»։ Պերճ երազներու ահաւոր փլուզումի նախօրեակին, Սիամանթօն «կարմիր էջ» մը գծագրեց. «Ա՜հ, չնաշխարհիկ մարտնչումներու եւ անկշռելի ցաւի՝ Պատմութեան այն էջը կարմիր՝ / Ուր հայկաշունչ քնարիս մրրիկներէն մտածումս փորձեց մեհեաններ կերտել»։

Գրատպութեան էջերը

Հայը 1512 թուականին սկսաւ տպագիր էջեր ստեղծել։ Սակայն «էջ» բառը առաջին անգամ, 510 տարի յետոյ, 1902 թուականին յայտնուեցաւ գիրքի մը շապիկի վրայ, երբ Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ լոյս տեսաւ «Գրիգոր Ջանշեան ռուս մամուլի էջերում» ժողոուածուն։ Աւելի հետաքրքականը այն է, որ հայկական գրատպութեան էջերը թերթելով, յարգելի ընթերցող, մենք ականատես կ’ըլլանք հայոց պատմութեան էջերուն։ Ինչե՜ր տեղի չունեցան 1902 թուականին հետեւող երկու տասնամեակներու մէջ. հայոց պատմութեան ամենէն ճակատագրական էջերը։ Այժմ, «էջ» բառի հետքերը հետեւելով մտաբերենք մեր մօտաւոր անցեալը իր նախկին բաւականին ընթաձրակ մտաւոր աշխարհագրութեամբ եւ ժամանակագրական կարգով։ Այս ցանկը երկարաշունչ է։ Սակայն, սիրելի ընթերցող, կ’արժէ ըլլալ երկայմանիտ ու ընթերցել այդ գիրքերու խորագիրները, քանզի անոնք մեր անցեալի պանծաի ու տխրալի էջերու ականատեսներն են յարգանքի արժանի. «Մի էջ Սասունի նորագոյն դէպքերից», Ժընեւ, 1903, «Արիւն-էջեր», Թիֆլիս, 1903, «Դէպի կռիւ - Հայկական վշտագրութեան մի էջ», Ժընեւ, 1904, «Սրտի էջեր», Կ. Պոլիս, 1906, «Ցայգալոյս- Արձակ էջեր», Կ. Պոլիս, 1910, «Սեւ էջը», Վենետիկ, 1910 եւ Ֆրումոասա, Ռումանիա, 1931, «Մի էջ հայկական ուսուցման պատմութիւնից», Թիֆլիս, 1910, «Թախծոտ էջեր», Շուշի, 1911, «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր», Սելանիկ, 1925, «Հատընտիր էջեր Քուչակեան տաղաշարքեն», Փարիզ, 1926, «Էջեր մեր ազատագրական պատմութենէն», Փարիզ, 1937, «Հայ էջեր», Փարիզ, 1912, «Պատմական էջեր - Թէ ինչպէս ձեռք բերեց ֆրանսիական ժողովուրդը իր ազատութիւնը», Բագու, 1917, «Էջ մը Տիգրանակերտի տարագրութենէն», Հալէպ, 1919, «Ազատ Սիւնիք - Սեւ էջեր եւ փաստեր բոլշեւիկների հնգամսեայ գործունէութիւնից», Գորիս, 1921, «Կիլիկեան դրուագներ - Ֆնտըճագի հերոսամարտը - Յուշատետրէս քանի մը էջ», Փարիզ, 1921, «Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն», Իզմիր, 1922, ու վերջինը, «Գարեգին Նժդեհ - Էջեր իմ օրագրէն», Գահիրէ, 1924։

Էջը դատի տուին

Օր մը հայ էջը դատի տուին։ Ամօթալի բան։ Միջնադարեան հայ մեծագոյն մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի նկարազարդումներով յայտնի Զէյթունի Աւետարանի առաջին եօթը էջերը, - ո՚վ կրնար երեւակայել, գրի՞չը, պատուիրատո՞ւն, կազմարա՞րը, մանրանկարի՞չը - դատաքննութեան առարկայ դարձան։ Բուն գիրքը Մատենադարանի մէջ է, Երեւան, իսկ առաջին եօթը էջերը՝ Փոլ Գետտի թագարանի մէջ, Լոս Անջելես։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւմտեան թեմը, որուն պատկանած էր այդ աւետարանը, դատական հայց ներկայացուց թանգարանի դէմ՝ պահանջելով, որ անոնք վերադարձուին ձեռագրի որբացած էջերը։

Մերօրեայ էջերը

«Էջ» բառը սիրային տողիկներով կը շարունակէ հնչել հայկական ժամանակակից գրականութեան մէջ։ Ահա երեք քնքոյշ օրինակ- «Ինչպէս հին գիրք, թերթում եմ էջերդ», Յովհաննէս Գրիգորեան, «Թերթի՜ր ճերմակ էջերս», Արմենուհի Սիսեան, «Պարզաջրեմ էջերս ցողով առաւօտեան», Կլարա Պօղոսեան։

Մամուլի էջերը

«Էջ» բառի լուրջ քաղաքական եւ զաւեշտական էջերը կը գտնենք մամուլի ամենօրեայ էջերու մէջ։ Նախագահներէն մինչեւ աչքառու երգչուհիներ, բազմաթիւ երեւելիներ կը գրաւեն մամուլի էջերը ու չեն իջներ այնտեղէն։ Ահա քանի մը զգայացունց խորագիր. «Վերջին օրերին էջերս յարձակման էին ենթարկուել», Լիլիթ Յովհաննիսեան, երգչուհի, «Էջերս ակտիւ ռմբակոծման տակ են», Արծրուն Յովհաննիսեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամուլի նախկին քարտուղար, «Արթնանալուց յետոյ առաջինը ստուգում եմ սոցցանցային էջերս», Եւա Բաղդասարեան, դերասանուհի, «մոդել» եւ «բլոգեր», «Ցոյց տուր սոցցանցային էջերդ», Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի նոր պահանջը մուտքի արտօնագիր տրամադրելու համար, «Մակրոնը բացում է Ռուանդայի Ցեղասպանութեան էջերը», մամուլ։

Եղանակաւոր էջեր

Հայկական երգարուեստի մէջ քանի մը երգի մէջ լսելի է «էջ» բառը։ Առաջինը Արթուր Մէսչեանն էր, որ նկատեց այս համեստ բառը. «Բարով մնաք / Դռները մէկ առ մէկ փակում / Կեանքիս անցած էջերի պէս, / Էջերը լոյս պահում սրտում, / Մնացածը տալիս քամուն / Եւ հեռանում, բարով մնաք»։ Ապա, Արման Յովհաննիսեանը բեմ բարձրացաւ ու երգեց «Հզօր Հայաստան» երգը։ Այդ օր կարծես թէ հայոց փառքի էջերն էին յարութիւն առած. «Աստուածածին վանքի դուռը / Դարձել ենք ուխտաւոր… / Հաւաքուել են ահել-ջահել / Խաչքարի շուրջ բոլոր / Ու կարդում են մեր պատմութեան / Էջերը փառաւոր»։

Էջի վերջաբանը

Մինչեւ յաջորդ յօդուածս, յարգելի ընթերցող, յուանք, որ երկինքէն մանանայի նման սպիտակ, անտիպ նոր էջեր իջնեն, նստին մեր հողին, ու ինչպէս Համաստեղը ըսաւ, թող բարի արագիլը սաւառնի մեր ազգի գլխուն վրայ ու Աւետարանի երկու էջերու նման իր թեւերը լայն բացած օրհնէ մեր երկիրը։