ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պատերազմի ղօղանջներ

13Նոյեմ­բե­րին Իս­թիքլալ պո­ղոտա­յի վրայ պայ­թած ռումբի պատ­րուակով Թուրքիոյ օդա­յին ու­ժե­րը ծանր ռմբա­կոծումներ կա­տարած են Իրա­քի եւ մա­նաւանդ ալ Սու­րիոյ հիւ­սիս արե­ւելեան քրտաբ­նակ շրջան­նե­րու վրայ։

Ռմբա­կոծումնե­րը, որ առա­ջին օր ուղղո­ւած էին 89 կէ­տերու, իրենց թի­րախ ընտրած են քա­ղաքա­ցիական նշա­ւակ­ներ։ Քրտա­կան աղ­բիւրնե­րը ման­րա­մաս­նութիւննե­րով կը ներ­կա­յաց­նեն քա­ղաքա­ցիական զո­հերու մա­սին։

Կաս­կած չկայ թէ տե­ղացի ժո­ղովուրդը ան­գամ մը եւս զո­հը կը դառ­նայ հա­մաշ­խարհա­յին դա­ւադ­րութեան մը։ Նախ նշենք որ թրքա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րու ռմբա­կոծած օդա­յին տա­րած­քը ամ­բողջո­վին ռու­սա­կան ու­ժե­րու հսկո­ղու­թեան տակ կը գտնո­ւի։ Ու­րեմն պարզ է որ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը յար­ձա­կու­մի նա­խօրեակին յօ­ժարու­թիւն ստա­ցած է իր դաշ­նա­կիցէն։ Արեւմտեան աշ­խարհն ալ յար­ձա­կու­մը մեկ­նա­բանած է «Թուրքիոյ իր երկրի անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու իրա­ւունք»ով։ Հետզհե­տէ սո­վորա­կան դար­ձած պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն մը, որու միակ երաշ­խա­ւորն է Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը։ Ցարդ հա­րաւա­յին սահ­մա­նէն ուղղա­կիօրէն Թուրքիոյ սպառ­նա­ցող ոչ մէկ յար­ձա­կում գրան­ցո­ւած է։ Այս գիտ­նա­լով հան­դերձ Թուրքիոյ պե­տու­թեան նման պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը կրկնե­լը միայն մէկ բա­ցատ­րութիւն ու­նի, որն է արեւ­մուտքի անվստա­հելիու­թիւնը։

Ոչ ոքի հա­մար գաղտնիք է թէ 13 Նո­յեմ­բե­րի հե­ղինա­կը ան­յայտ ահա­բեկ­չա­կան արար­քը Թուրքիոյ հա­մար պատ­րո­ւակ մը ըլ­լա­լով շա­հագոր­ծո­ւած է։ Զար­մա­նալի է (կամ ալ չէ) տես­նել թէ երկրէ ներս իբ­րեւ ընդդի­մադիր ներ­կա­յացող ազ­գայնա­կան բո­լոր կու­սակցու­թիւննե­րը, բա­ցառու­թեամբ ՀՏՓ-ի ող­ջունած են այս յար­ձա­կու­մը, նոյ­նիսկ գորշ գայ­լե­րու կու­սակցու­թիւնը կա­տարո­ւածը ան­բա­ւարար հա­մարե­լով պա­հան­ջած է ցա­մաքա­յին ու­ժե­րով ալ ներ­թա­փան­ցել դէ­պի Սու­րիոյ քրտաբ­նակ վայ­րե­րը։

Ար­դա­րեւ նա­խագահ Էր­տո­ղան Գա­թարէ վե­րադար­ձին նա­խագա­հական ինքնա­թիռի մէջ յայ­տա­րարած էր թէ մտա­դիր են սկսած յար­ձա­կու­մը ցա­մաքա­յին ու­ժե­րու ներ­թա­փան­ցումով աւար­տին հասցնել։

Սա­կայն այս վեր­ջին հա­կու­մը մեր­ժո­ւած է թէ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան եւ թէ ԱՄՆ-ի իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ։

Ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մը եւ կոր­ծա­նիչ ինքնա­թիռ­նե­րու ռմբա­կոծու­թիւննե­րը կը յի­շեց­նեն, այն վար­կա­ծը ըստ որ հար­ցա­խոյզնե­րու ըն­թացքին օրըս­տօ­րէ տկա­րացող իշ­խա­նու­թիւնը ընտրու­թիւննե­րը չե­ղար­կե­լու կամ եթէ պի­տի կա­յանան ազ­գայնա­կան գրգռու­թիւննե­րով իր շար­քե­րը ամ­րապնդե­լու ռազ­մա­վարու­թեան մա­սին։ Այդ շրջա­նակ­նե­րը կը յի­շեց­նէին 2015 թո­ւին 7 Յու­նիս եւ 1 Նո­յեմ­բեր թո­ւական­նե­րուն կա­յացող ընտրու­թիւննե­րը։ Այդ ժա­մանակ ալ Էր­տո­ղան 7 Յու­նի­սին իր պար­տութիւ­նով աւար­տած ընտրու­թիւննե­րը մեր­ժած էր եւ 1 Նո­յեմ­բե­րին կրկնո­ւած ընտրու­թիւննե­րով ալ վերստին ապա­հոված առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ ձայ­նե­րը։

Մտա­հոգիչ է պար­զո­ւած պատ­կե­րը, քա­նի որ սկսած են ղօ­ղան­ջել պա­տերազմ ազ­դա­րարող զան­գակնե­րը։

Այս բո­լորը կը պա­տահին այն օրե­րուն, երբ Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ կը գու­մա­րուի Միացեալ Ապա­հովու­թեան Դա­շին­քի գա­գաթա­ժողով մը։ Աշ­խարհի բո­լոր խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը նոյն ու նման դա­ւադ­րութեան մը հետ դէմ յան­դի­ման են եւ իւ­րա­քան­չիւրը մեծ հիաս­թա­փու­թեան մէջ կը փոր­ձեն իրենց ել­քի մի­ջոց­նե­րը որո­նել։

Կար­ծես պա­հը եկած է տու­ժածնե­րու դա­շին­քով մը հա­մաշ­խարհա­յին անհնա­զան­դութեան փո­ղը հնչեց­նե­լու։

pakrates@yahoo.com