ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կոչ՝ պատասխանատուութեան

Ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ որ աշ­­խարհ այսքան կարճ ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին կորսնցուց տա­­րինե­­րու հո­­լովոյ­­թով ձե­­ւաւո­­րուած բազ­­մա­­­թիւ ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը։ Կէս գի­­շերո­­ւայ ժա­­մերուն իբ­­րեւ վեր­­ջին պա­­հու զար­­գա­­­ցում, լրա­­տու կա­­յան­­նե­­­րը կը հա­­ղոր­­դեն Լե­­հաս­­տա­­­նի սահ­­մա­­­նամերձ տա­­րածքնե­­րու ռմբա­­կոծու­­մը։ Տա­­կաւին եղե­­լու­­թեան ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը առանց լսե­­լու կը յայտնո­­ւին վեր­­լուծա­­բան­­ներ, որոնք զա­­նազան մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րով կը փոր­­ձեն հա­­ւաս­­տի բա­­ցատ­­րութիւններ ներ­­կա­­­յաց­­նել կա­­տարո­­ւածի ետին թաք­­նո­­­ւած ազ­­դակնե­­րու մա­­սին։

Այն՝ որ այդ պա­­հուն չէր յստա­­կացած կը յստա­­կանայ ժա­­մեր անց։ Մոս­­կո­­­ւա յստա­­կօրէն կը մեր­­ժէ այն վար­­կա­­­ծը, ըստ որու ռումբը ար­­ձա­­­կուած է ռու­­սա­­­կան ռազ­­մա­­­պազա­­ներէն։ Ար­­դա­­­րեւ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու նա­­խագա­­հն ալ չ՚աճա­­պարէր այս մա­­սին ան­­մի­­­ջապէս մեկ­­նա­­­բանու­­թիւն տա­­լու հա­­մար։ Բայց ինչպէս կ՚ըսո­­ւի, ջու­­րը ար­­դէն պղտո­­րած է։ Այս է այժմ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն կո­­չուած նոր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը՝ պղտո­­րել ջու­­րը եւ ապա ձուկ որ­­սալ այդ պղտո­­րու­­թեան մէջ։ Ան­­ցեալին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը ու­­նէր լրջու­­թեան սահ­­մա­­­նում։ Քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծի­­­չը այսպէս ան­­փոյթ չէր ըլ­­լար։ Կը պա­­հէր իր խօս­­քի ծան­­րութիւ­­նը։ Խօս­­քը կշիռ կ՚ու­­նե­­­նար պար­­զա­­­պէս։ Իսկ այ­­սօր խօս­­քը յատ­­կա­­­պէս ալ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծի­­­չի խօս­­քը փու­­չի­­­կի մը նման է։

Կ՚ար­­ձա­­­կուի եւ նոյն պա­­հուն կը կորսնցնէ իր նշա­­նակու­­թիւնը, քա­­նի որ խօս­­քը եւ գոր­­ծը առ­­հա­­­սարակ չեն հա­­մապա­­տախ­­սա­­­նիր իրա­­րու։ Ըսո­­ւածը ու­­րիշ բան է, գոր­­ծո­­­ւածը բո­­լորո­­վին ու­­րիշ։

Մտա­­հոգիչ է այս երե­­ւոյ­­թը եւ իբ­­րեւ վտանգ կը սպառ­­նայ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մարդկու­­թեան։ Այդ վտան­­գի ամե­­նացայ­­տուն դրսե­­ւորումնե­­րը ապ­­րե­­­ցանք, երբ Թրամ­­բի հա­­մախոհ­­նե­­­րը չմար­­սե­­­լով պար­­տութիւ­­նը խու­­ժե­­­ցին Ամե­­րիկեան սե­­նատի վրայ, ոտ­­նա­­­կոխե­­լով բո­­լոր սկզբունքնե­­րը։

Թուրքիոյ մէջ եւս խօս­­քը կշիռ չու­­նի եւ ներ­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան ծա­­ռայող ամ­­բո­­­խավա­­րու­­թիւնը կը յայտնո­­ւի դի­­ւանա­­գիտա­­կան դաշ­­տի վրայ։ Ցա­­ւալի փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ կը հաս­­տա­­­տենք «իրա­­ւունքը զօ­­րաւո­­րին է» դժբախտ հաս­­տա­­­տու­­մը։ Ու­­րեմն ո՞ւր հա­­սաւ Հա­­մու­­րա­­­պիի հիմ­­նադրած օրէնքնե­­րու գե­­րակա­­յու­­թիւնը։ Ո՞ւր մնաց հռով­­մէական իրա­­ւաբա­­նու­­թեան սկզբունքնե­­րը, որ մին­­չեւ օրս կը դա­­սաւան­­դո­­­ւին իրա­­ւագի­­տական բո­­լոր դպրոց­­նե­­­րու մէջ։

Անցնե­­լով նման ճա­­նապարհ այ­­սօր յան­­գիլ ան­­տա­­­ռի կա­­նոն­­նե­­­րուն։ Իս­­կա­­­պէս ցա­­ւալի ար­­դիւնք մը ահա­­ւասիկ։ Քան­­զի իրա­­ւունքը զօ­­րաւո­­րին է հաս­­կա­­­ցողու­­թիւնը վե­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար էին բո­­լոր այդ կարգ ու կա­­նոն­­նե­­­րը եւ աւար­­տին ահա հա­­սած ենք մարդկու­­թեան ամե­­նանախ­­նա­­­կան կէ­­տին։

Բո­­լորիս առ­­ջեւ ծա­­ռացած խնդիր մըն է այս հե­­տեւան­­քով առե­­րեսո­­ւիլ։ Եթէ նման հա­­շուե­­յար­­դա­­­րի առու­­մով թե­­րանանք հա­­շիւը շատ սուղ պի­­տի հա­­տու­­ցենք։ Տա­­նուլ պի­­տի տանք հա­­զարա­­մեակ­­նե­­­րու ըն­­թացքին կու­­տա­­­կուած ամ­­բողջ մշա­­կոյթ մը։

Պար­­տինք յի­­շել հայ ժո­­ղովուրդի մեծ գու­­սա­­­նի՝ Աշուղ Ճի­­վանիի իմաս­­տուն խրա­­տը. «Խել­­քի աշե­­ցէք»։ Մի՛ հնա­­զան­­դիք ամ­­պիոն բարձրա­­ցած աք­­լո­­­րի կան­­չին։ Վեր­­ջա­­­պէս աշ­­խարհը շռայ­­լօ­­­րէն մսխե­­լու հա­­մար մե­­զի վի­­ճակած ժա­­ռանգ մը չէ, այլ ապա­­գայ սե­­րունդնե­­րուն յանձնե­­լու հա­­մար ի պահ դրո­­ւած աւանդ մը միայն։

pakrates@yahoo.com