ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Վկայ

Նախավ­կա­­­յու­­թիւն

Ի՜նչ բա­­ներու վկայ չե­­ղաւ հա­­յը… Մեր ազ­­գը տե­­սաւ աշ­­խարհի արար­­չութիւ­­նը, երկնի եւ երկնքի եր­­կունքը, ապա ջրհե­­ղեղ մը, տա­­պան մը, մար­­դու երկրորդ կեան­­քը աշ­­խարհի վրայ…։ Հա­­յը տե­­սաւ մար­­դու հա­­ւատա­­րիմն ու դա­­ւաճա­­նը՝ ար­­դար եւ սուտ վկա­­ները։ Մենք, որ­­պէս յա­­րու­­թեան վկա­­ներ, բա­­րեպաշտ ազ­­գի համ­­բաւ վա­­յելե­­ցինք ու ող­­բա­­­ցինք մեր մար­­տի­­­րոսա­­ցած զա­­ւակ­­նե­­­րուն։ Սա­­կայն, եղան օրեր, բնու­­թեան զարթնու­­մի հետ, լու­­սե­­­րես եարի ծո­­ցիկի մէջ եր­­գե­­­ցինք սի­­րոյ բուռն եր­­գեր։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, երբ մեր ազ­­գի հա­­մառօտ պատ­­մութիւ­­նը կը մտա­­բերէի, ես ին­­ծի հարց տո­­ւի, թէ ո՞ր բա­­ռը կա­­րելի էր վկա­­յակո­­չել, որ­­պէսզի ան պատ­­մէր հա­­յոց հա­­ւաս­­տի պատ­­մութիւ­­նը։ «Վկայ» բառն է ան, մտա­­ծեցի, մեր ան­­ցեալի ան­­կեղծ ակա­­նատե­­սը։ Այ­­սօր, երբ վկայ կ’ըլ­­լանք ազ­­գա­­­յին անե­­րեւա­­կայե­­լի ան­­ցուդար­­ձե­­­րու, հայ­­րե­­­նիքի մէջ Եռաբ­­լուրը դար­­ձած է հսկայ վկա­­յարա­­նի մը, ու հա­­յու վկա­­յու­­թիւնը չբա­­ւարա­­րելով օտար­­նե­­­րուն՝ վկա­­ներու «ԵՄ դի­­տորդ» կո­­չուած նոր տե­­սակ մը այս օրե­­րուն Հան­­րա­­­պետու­­թեան արե­­ւելեան սահ­­մա­­­նի վրայ վեր-վար կը վկա­­յագ­­րէ մեր պատ­­մութեան տխուր մէկ այլ էջը, որո­­շեցի յոր­­դո­­­րել, որ այդ միավան­­կը նստի վկա­­յի աթո­­ռի վրայ ու ի՚նքը խօ­­սի եւ մենք լսենք հա­­յոց ճշմա­­րիտ պատ­­մութիւ­­նը։

Հա­­յոց առա­­ջին «վկայ»նե­­րը

«Վկայ» բա­­ռը, մեր մա­­տենա­­գիր­­ներն ու պատ­­միչնե­­րը վկայ, 5-րդ դա­­րուն դար­­ձաւ գրա­­կան բառ։ Այդ օրե­­րուն «վկայ» բա­­ռը ար­­դէն կը նշա­­նակէր թէ՚ ակա­­նատես եւ թէ՝ նա­­հատակ, ինչպէս յու­­նա­­­րէն «մար­­տիս», ասո­­րերէն «սահ­­տա», լա­­տինե­­րէն «տես­­տիս», արա­­բերէն «շա­­հիտ» եւ վրա­­ցերէն «մո­­ծամ» բա­­ռերը։ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի մէջ կայ «վկայ» բա­­ռի 109, «վկա­­յել» բա­­յի 114 եւ «վկա­­յու­­թիւն» գո­­յակա­­նի 376 գոր­­ծա­­­ծու­­թիւն։ Ահա մեր թարգմա­­նիչ հայ­­րե­­­րու գրի առած ըն­­տիր ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Վկայ է ինձ Աս­­տո­­­ւած», «Վկայ ար­­դար եւ հա­­ւատա­­րիմ», «Վկայ հա­­ւատա­­րիմ ոչ ստէ», «Վկայ չար­­չա­­­րանացն Քրիս­­տո­­­սի»։ Սուրբ Գիր­­քի մէջ տե­­սանք նաեւ մար­­դու նենգ տե­­սակը՝ «Սուտ վկայ», երբ կար­­դա­­­ցինք եր­­կու խրատ-զգու­­շա­­­ցում. «Վկայ անօ­­րինաց նեն­­գա­­­ւոր է» եւ «Բոր­­բո­­­քէ զստու­­թիւն վկայ անի­­րաւ»։

Ոս­­կե­­­դարուն, մեր մայ­­րե­­­նին ճշմար­­տա­­­պէս հարստա­­ցաւ։ Վկա՞ն անոր… «Վկայ» բա­­ռով շի­­նուած բա­­ղադ­­րեալ բա­­ռերը, որոնք հո­­սեցան պեր­­ճա­­­խօս պատ­­միչնե­­րու եւ մա­­տենա­­գիր­­նե­­­րու գրի­­չէն, ինչպէս՝ «վկա­­յել»- Եզ­­նիկ Կող­­բա­­­ցի, «վկա­­յանոց»- Փաւստոս Բիւ­­զանդ, «վկա­­յարան»- Եղի­­շէ, «նա­­խավ­­կայ», Ագա­­թան­­գե­­­ղոս։

5-րդ դա­­րուն հա­­յը կեր­­տեց քրիս­­տո­­­նէական առա­­ջին տա­­ճար­­նե­­­րը, որոնք իս­­կա­­­կան վկա­­յարան­­ներ էին, այ­­սինքն վկա­­յի նա­­հատակ­­ման կամ թաղ­­ման տե­­ղը կամ մա­­սունքնե­­րու վրայ կա­­ռու­­ցո­­­ւած շի­­նու­­թիւններ։ Ըստ Ագա­­թան­­գե­­­ղոսի, Հա­­յաս­­տա­­­նի առա­­ջին վկա­­յարա­­նը շի­­նեց Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորի­­չը հոն, ուր Հռիփ­­սի­­­մեանց կոյ­­սե­­­րը նա­­հատա­­կուեր ու իրենց աճիւննե­­րը ամ­­փո­­­փուեր էին։ Հա­­յոց աշ­­խարհի ամե­­նայայտնի եր­­կու այլ հնա­­գոյն վկա­­յարան­­ներն են Երե­­րու­­քի Սուրբ Կա­­րապե­­տի եւ Տե­­կորի Սուրբ Սար­­գիս վկա­­յարան­­նե­­­րը։

Բար­­դա­­­ցած վկա­­յու­­թիւններ

Հա­­յոց մայ­­րե­­­նին այ­­սօր ու­­նի «վկայ» բա­­ռով շի­­նուած հի­­սու­­նի չափ բա­­ղադ­­րեալ բառ՝ անվկանդ վկա­­ներ հա­­յոց լե­­զուի պեր­­ճութեան… վկա­­յաբան, վկա­­յաբեր, վկա­­յագիր, վկա­­յաթուղթ, վկա­­յաքար, ինքնավ­­կայ, վկա­­յասէր, վկա­­յու­­հի։ Մեր առօ­­րեայ զրոյցնե­­րը ճո­­խաց­­նե­­­լու հա­­մար մերթ ընդ մերթ կը վկա­­յակո­­չենք պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­ներ, ինչպէս՝ «Միաբե­­րան վկա­­յու­­թիւն», «Ակա­­նատե­­սի վկա­­յու­­թիւն», «Միակ վկայ» եւ «Գրա­­ւոր վկա­­յու­­թիւն»։ Յի­­շենք, թէ «վկայ» կո­­չուա­­ծը միայն մար­­դը չէ, այլ նաեւ՝, իրադ­­րա­­­ձու­­թիւն, ապա­­ցոյց, նոյ­­նիսկ յու­­շարձան եւ որե­­ւէ բա­­նի եր­­բեմնի գո­­յու­­թեան ապա­­ցոյ­­ցի մնա­­ցորդ կամ ՝ հետք, ինչպէս կը վկա­­յեն հե­­տեւեալ տո­­ղիկ­­նե­­­րը. «Յու­­շարձան­­նե­­­րը Ջու­­ղա­­­յի փա­­ռաւոր ան­­ցեալի լուռ ու մունջ, խօ­­սուն վկա­­ներն են», Ար­­գամ Այ­­վա­­­զեան, «Լոկ մոխ­­րին էր վկան իր հայ­­րա­­­կան տնից», Գուրգէն Բո­­րեան։ «Վկայ» բա­­ռը կը գոր­­ծա­­­ծենք նաեւ եր­­դումնե­­րու մէջ . «Հա­­ցը վկայ», «Աս­­տո­­­ւած վկայ»։

Միջ­­նա­­­դարու վկա­­ները

10-րդ դա­­րէն սկսեալ, Նա­­րեկա­­ցինե­­րը, Շնոր­­հա­­­լինե­­րը եւ այլ սուրբ հայ­­րե­­­րը վկայ, «վկայ» բա­­ռը դար­­ձաւ քնա­­րական։ Ամէն վա­­նական վկա­­յու­­թիւն մը եր­­գեց ու մե­­զի տո­­ւաւ հո­­գեւոր խրատ ու պատ­­գամ։ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին 1000-1001 թո­ւական­­նե­­­րուն բա­­ցատ­­րեց, թէ ո՚վ էր Սուրբ Ստե­­փանո­­սը. «Նա­­խասար­­կա­­­ւագն եւ զա­­ռաջին վկայն, զպսակն մար­­տի­­­րոսաց Ստե­­փանոս»։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, նկա­­տենք, թէ «պսակ մար­­տի­­­րոսաց Ստե­­փանոս» ար­­տա­­­յայ­­տութեան մէջ կայ սրա­­միտ բա­­ռախաղ մը. յու­­նա­­­րէն «ստե­­փանոս» բա­­ռը կը նշա­­նակէ՝ «պսակ»։ Իսկ դուք կ՚ու­­զէ՞ք լսել, թէ այդ օրե­­րուն ո՛վ էր այն հո­­գեւոր հայ­­րը, որ Կի­­լիկիոյ Կար­­միր վան­­քի մէջ կը գոր­­ծէր ու 1066 թո­­ւակա­­նին Ամե­­նայն հա­­յոց կա­­թողի­­կոս դար­­ձաւ.- Գրի­­գոր Բ. Վկա­­յասէ­­րը, աւա­­զանի անու­­նով Վահ­­րամ, աշ­­խարհա­­կան անու­­նը Անձրեւ։ Դար մը յե­­տոյ, 1166-ին Ամե­­նայն հա­­յոց կա­­թողի­­կոս ընտրո­­ւեցաւ Ս. Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լին։ Ան իր բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու մէջ վկա­­ներու պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ գրի առաւ. «Ան­­պարտ վկայ Բա­­նին», «Կեն­­դա­­­նի վկայ», «Խա­­չելոյն վկայ եղեալ պսա­­կեցաւ արեամբն իւ­­րով», «Յա­­կոբոս վկայ վա­­ղահա­­սուկ տնկոյն պտուղ…»։ Սուրբ Ստե­­փանո­­սի հա­­մար ան ըսաւ. «Նա­­խասար­­կա­­­ւագ եւ առա­­ջին վկայ / Ստե­­փանո'ս, պսակ շնոր­­հաց զքեզ պսա­­կողին… Սուրբդ Ստե­­փանոս պսակ / Եւ նա­­խամար­­տիկ վկայ»։ Տա­­ղասաց Կա­­րապետ Դպի­­րը ինքնավ­­կան էր իր եւ իր ցե­­ղի տա­­րագիր կեան­­քին. «Այնչափ սաս­­տիկ է եւ դժո­­ւար, / Ղա­­րիպու­­թիւնն, որ չկայ ճար, / Վկայ է տէր եւ սուրբ տա­­ճար, / Եղէ ցա­­ւալից, ցա­­ւալից»։ Նոյն օրե­­րուն «Կռունկ» եր­­գը ըսաւ. «Թղթիկ մի գրեր եմ, տամ քեզ ամա­­նաթ, / Աս­­տո­­­ւած թող վկայ լի­­նի քո վե­­րադ, / Տա­­րեալ հա­­սուսցես զայդ իմ սի­­րելեաց. / Կռու՚նկ, մեր աշ­­խարհէն խապ­­րիկ մի չու­­նի՞ս»… Մի­­քայէլ տա­­ղասա­­ցը տա­­ղաչա­­փեալ ոտա­­նաւո­­րով մը պատ­­մեց Դա­­ւիթ Սե­­բաս­­տա­­­ցիի նա­­հատա­­կու­­թեան պատ­­մութիւ­­նը։ Այդ եր­­կա­­­րաշունչ եր­­կի նա­­խաբա­­նի մէջ բա­­նաս­­տեղծը բա­­ցատ­­րեց, թէ ին­­քը ին­­չո՚ւ ար­­ժա­­­նի չէր այդ նա­­հատա­­կու­­թիւնը ներ­­բո­­­ղելու. «Մե­­ղապարտ եմ եւ ո'չ եմ ար­­ժան ներ­­բո­­­ղել զքա­­ջու­­թիւն քոյդ վկա­­յու­­թեան… Սուրբ վկայ… Քաջ վկայ»։ Մար­­տի­­­րոս Ղրի­­մեցին, որ 1659-60 թո­­ւական­­նե­­­րուն Պոլ­­սոյ պատ­­րիարքն էր, Սո­­ղոմոն ար­­քան վկա­­յակո­­չելով բա­­ցատ­­րեց, թէ հար­­բա­­­ծու­­թիւնը որ­­քա՚ն վնա­­սակար է. «Գի­­նուն շատ մի հե­­տեւիր, / Թէ պատ­­ճառ սի­­րոյ է մեզ նա, / Զբա­­զումս անա­­ռակ առ­­նէ, / Սո­­ղոմոն ար­­քայն է վկայ »։ Ֆրի­­կը, որ մոն­­ղոլնե­­րու Հա­­յաս­­տան կա­­տարած առա­­ջին ար­­շա­­­ւանքնե­­րու վկան էր, որո­­շեց իր ժո­­ղովուրդի եւ աշ­­խա­­­տաւոր մար­­դոց հա­­մար խո­­հական-խրա­­տական քեր­­թո­­­ւած­­ներ գրել։ Ան բա­­ցատ­­րեց, թէ դա­­տաւո­­րի առ­­ջեւ 1000 վկայ ի՚նչ օգուտ, երբ մար­­դը չար է. «Ջանք դիր դուն ու հանց (այնպէս) արա, / Որ զքեզ դու պար­­տա­­­ւորես, / Շատ մեղք ու չա­­րիք ու­­նիս, / Զա­­մէնն մէկ-մէկ դու գի­­տես, / Զա­­մէն մեղք դու ա՚ստ (աշ­­խարհի վրայ) քա­­ւէ, / Որ յան­­դէնն ափ­­սոս դու չա­­սես, / Ափ­­սոսն ան­­դէնն ի՞նչ օգ­­տէ, / Թէ հա­­զար վկայ դու կան­­չես»։ Ֆրի­­կի լե­­զուն որ­­քան պարզ է։ Պարզ է պատ­­ճա­­­ռը։ Բա­­նաս­­տեղծը ու­­զեց հասկնա­­լի եւ յստակ ըլ­­լալ։ Ֆրի­­կը ի՚նքը իր մա­­սին գրեց. «Ֆրի­­կը հան­­ցեղ պարզ է խօ­­սել, որ ամե­­նայն մարդ իմա­­նայ»։

Վա­­ճառա­­կանի վկա­­յու­­թիւնը

Այն օրե­­րուն, երբ Ջու­­ղա­­­յի եւ Կե­­սարիոյ հա­­յը Վե­­նետի­­կէն Ամսթէր­­տամ, ու Մատ­­րա­­­սէն Սին­­կա­­­փուր հմուտ վա­­ճառա­­կանի համ­­բաւ կը վա­­յելէր, պա­­տուա­­ւոր անձնա­­ւորու­­թիւննե­­րու վկա­­յու­­թեան ներ­­քեւ կնքեց բաց­­մա­­­թիւ գոր­­ծարքներ։ Հայ­­կա­­­կան մա­­տեան­­նե­­­րու յի­­շատա­­կարան­­նե­­­րու մէջ պա­­հուած են այդպի­­սի բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւններ։ Մէջ­­բե­­­րեմ եր­­կու հա­­ճոյա­­լի օրի­­նակ։ 1388 թո­­ւակա­­նին գրի առ­­նո­­­ւած Ճա­­շոց գիր­­քը կ’ըսէ, թէ «բա­­րեպաշտ եւ հե­­զահո­­գի» Յով­­հաննէ­­սը եւ Նուրմե­­լիքը ար­­ծաթ վճա­­րելով, ար­­դար ձե­­ւով ստա­­ցան այդ ըն­­տիր գիր­­քը՝ «յի­­շատակ իւ­­րեանց անջնջե­­լի եւ ծնո­­ղաց իւ­­րեանց»։ Գնման արա­­րողու­­թեան եկաւ «քար­­խա­­­նաճի» մը. «Ես՝ Պուզմիշ հո­­ռոմս՝ քար­­խա­­­նաճիս, վկայ եմ գրոցս», եկաւ խո­­հարա­­րը. «Ես՝ Հնդու­­շայս՝ ապ­­րե­­­փեցս (ապուր եփող), վկայ եմ», եկան գի­­նեվա­­ճառ­­նե­­­րը. «Ես՝ Յե­­վատ­­շայ գի­­նեծախս, վկայ եմք, որ­­դիք Թաֆ­­րեզլո­­ւի»։ Վեր­­ջին ստո­­րագ­­րութեան հա­­մար պա­­րոն մը մա­­գաղա­­թին մօ­­տեցաւ. «Ես՝ Սար­­գիսս Ան­­տո­­­նու [որ­­դի՞]՝ կա­­րեւորս, վկայ եմ»։ 1720 թո­ւակա­­նին Յա­­կոբ­­ջա­­­նի որ­­դի Տէր Աւա­­գը «Մօս­­կօ­­­վի մէջ» պար­­տա­­­մուրհակ մը տո­­ւաւ Օհան­­ջա­­­նին, թէ ին­­քը 40 «թու­­ման կօ­­պէք փող» պար­­տա­­­կան է։ Երեք կնիք հաս­­տա­­­տեց այդ մուրհա­­կը. «Ես՝ Սա­­ֆարս որդի Վա­­սիլ, տէր Աւա­­քին եղ­­բա­­­րօվն վկայ ամ», Կնիք, «Ազա­­րէ որ­­դի Սի­­մոնս տէր Աւա­­քին եղ­­բա­­­րօվն վկայ ամ», Կնիք, «Ես՝ Թա­­սալի որ­­դի Աւէ­­տըս, վե­­րոյ տէր Աւա­­քին եղ­­բա­­­րօվն վկայ եմ», Կնիք։

Սի­­րոյ վկա­­ներ

1720 թո­­ւակա­­նին երբ վե­­րոյի­­շեալ վկա­­յաթուղթը կը ստո­­րագ­­րո­­­ւէր, Սա­­յաթ Նո­­վան ու­­թը տա­­րեկան էր։ Այս պա­­տանին ալ որո­­շեց գան­­ձեր դի­­զել, սա­­կայն ապա­­գայ աշու­­ղի հարստու­­թիւնը սէրն էր, ո՚չ՝ ար­­ծա­­­թը. «Ամէն մարդ չի կա­­նայ խմի՝ իմ ջուրն ո՚ւրիշ ջրէն է. Ամէն մարդ չի կա­­նայ կար­­դայ՝ իմ գիրն ո՚ւրիշ գրէն է»։ Իսկ, ո՞վ էր աշու­­ղի այ­­րած սրտի վկան. Հայր Աս­­տո­­­ւած։ Իր եր­­գե­­­րու մէջ Սա­­յաթ Նո­­վան հինգ ան­­գամ կը յի­­շէ Աս­­տուծոյ անու­­նը. «…Աս­­տո­­­ւած վկայ, աշ­­խա­­­րումս յիս քիզ աւել եար չու­­նիմ»։ Սի­­րով տո­­չորած մէկ այլ աշուղ, ափ­­սոս անա­­նուն է, նախ նա­­յեցաւ իր եարին ապա եր­­կինք. «Կա­­պուտն (եր­­կինք) է մեզ վկայ, որ կու սի­­րեմ զքեզ»։ Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կը, մէկ այլ սի­­րավառ աշուղ՝ ջեր­­մօ­­­րէն ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւեցաւ. «Եր­­կինք ու գե­­տինք վկա՚յ, եմ սի­­րեր ու չեմ մո­­ռանար… Աս­­տո­­­ւած է վերն վկայ որ զքեզ մէ՚կ սրտով կու սի­­րի»։

Աղջկանց վկա­­յու­­թիւնը

Մեր լե­­զուի ամե­­նասի­­րուն, ամե­­նէն զա­­ւեշ­­տա­­­կան վկա­­յու­­թիւննե­­րը, - ջա­­հել աղ­­ջիկներն ու տղա­­քը վկայ, - ժո­­ղովրդա­­կան եր­­գե­­­րու մէջ են։ Հայ կտրիճ­­նե­­­րը (կամ՝ լա­­ճերը, եթէ կը փա­­փաքիք այսպէս անո­ւանել այդ չա­­րուկնե­­րը) բնու­­թեան զար­­թօնքի հետ սէր եր­­գե­­­ցին ու հա­­մար­­ձակ խօ­­սեցան իրենց սի­­րած­­նե­­­րու հետ։ Ի՞նչ էր տղոց ու­­զա­­­ծը։ Կար­­միր խնձոր մը լոկ։ Իսկ աղ­­ջիկնե­­րը որ­­պէս պա­­տաս­­խան՝ ու­­նէին սրա­­միտ «ո՚չ» մը. «— Աղ­­ջիկնե՚ր, դուք ձեր բախտն ու արեւ, / Տո­­ւէք ձեր ծա­­ռից մէկ կար­­միր խնձոր։ / — Լա­­ճե՚ր, ձեր կա­­նաչ արեւն ի վկայ, / Բաղ­­չի ծառն ի չոր­­ցէ, խնձոր թո­­ռոմէ»։ Այն ի՚նչ, որ լսե­­ցինք՝ բնու­­թեան պարզ ու ան­­մի­­­ջական զա­­ւակ­­նե­­­րու նոյնքան պարզ եր­­կխօ­­սու­­թիւնն էր։ Կայ մէկ այլ հին զրոյց. «Աղ­­ջի­­­կը. — Ինձ պագ որ ասիր, ա՜յ, / Օ՜խ, իմ պա­­րոն, էյ­­նեկ, / Ու է՞ր չես վճա­­րել, ա՜յ։ / Տղան. — Բեր ին­­ձի վկայ, / Աղոր երես, ա՜յ, / Քեզ «պագ» մ՚եմ ասել, ա՜յ. / Օ՜խ, իմ պա­­րոն, էյ­­նեկ»։ Ապա, աղ­­ջի­­­կը պա­­գի հա­­մար պայ­­ման դրաւ. «— Կտրի՚ճ, թէ բե­­րես վկայ՝ / Զպագն տամ աչացս վե­­րայ։ / Տղան. — Վկայ ես ուստի՞ բե­­րեմ, Այդ բա­­նիտ վկայ մի չի կայ, / Զայդ բանդ ես ու դու գի­­տեմք, / Այլ՝ ի վեր Աս­­տո­­­ւած է վկայ / Ու ձեր դռան մի­­ջի օթ­­րախն, / Որ նստանք եր­­կուքս ի վե­­րայ»։

Վեր­­ջին վկա­­յու­­թիւնը

Յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, - գրիչս վկայ - , Խրի­­մեան հայ­­րի­­­կի, Ռու­­բէն Սե­­ւակի ու մեր ժա­­մանա­­կի նոր վկա­­յի պատ­­մութիւ­­նը ըլ­­լա­­­լու է։ Մին­­չեւ այդ օրը, սի­­րոյ վկայ Հայր Աս­­տո­­­ւած պա­­հէ ու պահ­­պա­­­նէ մեր բո­­լոր կտրիճ­­նե­­­րը, անոնց լու­­սե­­­րես եարե­­րը, մեր սահ­­մաննե­­րը վեր-վար, սուտ ու չար վկա­­ներէ հե­­ռու պա­­հէ զա­­նոնք, որ­­պէսզի հա­­յը իր սի­­րոյ եր­­գը եր­­գէ յար։ Կնիք։