ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կոչ՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու

Բոլորս գի­տենք Ալատ­տի­նի լամ­բը։ Կա­խար­դա­կան հրէշ մը բան­տարկուած է այդ լամ­բին մէջ, որ յարմար կան­չը լսե­լով դուրս կու գայ հրաշքներ գոր­ծե­լու հա­մար։ Սա­կայն եր­բեմն կը պա­տահի որ այդ հրաշքնե­րը փոր­ձանքա­բեր ըլ­լայ։ Փրկու­թեան միակ մի­ջոցն է հրէ­շը կրկին բան­տարկել իր դուրս սպրդած լամ­բին մէջ։ Եկուր տես որ այդքան ալ դիւ­րին չէ լամ­բէն դուրս սպրդած հրէ­շը կրկին բան­տարկել իր եկած տե­ղը։

Այս պատ­մութիւ­նը ըն­դունե­լու­թիւն գտած է աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րու մէջ։ Եթէ արե­ւել­քի մէջ ան կը յայտնո­ւի Ալատ­տի­նի լամ­բա­րով, արեւմտեան մշա­կոյ­թի մէջ ալ դուրս կը սպրդի Փան­տո­րայի սնտու­կէն։ Խոր­հուրդը ընդհան­րա­պէս նոյնն է։ Մենք ենք որ դուրս հա­նած ենք այդ հրէ­շը, ու­րեմն ստի­պուած ենք մեր գոր­ծած սխա­լին հե­տեւանքնե­րուն հետ առե­րեսո­ւելու։

Այս օրե­րուս նման հա­շուե­յար­դա­րի մը նստե­լու հա­մար բազ­մա­թիւ առիթ­ներ կան։ Ահա­ւասիկ ամ­բողջ հա­մայնք մը ըլ­լա­լով դէմ առ դէմ ենք մեզ կե­ղեքող, մեր միաս­նա­կան հարստու­թիւնը շա­հագոր­ծող կա­ռոյցնե­րու հետ հա­շիւ տես­նե­լու։ Բայց հոն եւս կը նկա­տենք մե­զի յա­տուկ թե­րու­թիւններ։ Օրի­նակի հա­մար կը տա­րուինք կեղծ քա­ղաքա­կիրթ վե­րաբեր­մունքնե­րէ եւ չենք հա­մար­ձա­կիր գո­ղին գող, աւա­զակին աւա­զակ ըսե­լու։ Այդ բա­նը կ՚ընենք միայն բամ­բա­սան­քի բնոյ­թով։ Կը փո­խան­ցենք մեր լսած­նե­րը իրա­րու եւ ապա ան­մի­ջապէս կը զգու­շացնենք «ինձմէ լսած մի՛ ըլ­լար» ըսե­լով։

Այդքա­նը ան­գամ բա­ւարար է գործուած սխա­լին մեղ­սա­կից ըլ­լա­լու հա­մար։ Բայց կա­րեւոր եղա­ծը այդ պա­հուն միայն ու միայն մեր սե­փական մաշ­կը փրկելն է եւ ոչ աւե­լին։

Թուրքիոյ հայ ժո­ղովու­դը ան­ցեալին մղած բուռն քա­ղաքա­կան, գա­ղափա­րախօ­սական եւ օրի­նական պայ­քարնե­րու հե­տեւան­քով ձեռք բե­րաւ իր հաս­տա­տու­թիւննե­րը ընտրե­լու ծա­ռայող հա­մակար­գը։ Նոյ­նիսկ բա­ցառու­թիւն մըն է հո­գեւոր առաջ­նորդի, այ­սինքն պատ­րիար­քի ժո­ղովուրդին ձայ­նե­րով ընտրո­ւելու իրա­ւունքը։ Սա­կայն այդ ձեռքբե­րու­մը տա­րինե­րու ըն­թացքին այ­լա­սերո­ղը, ան­գործա­ծելի դարձնո­ղը դար­ձեալ մենք ենք, այդ նոյն տոհ­մի ժա­ռան­գորդներս։ Եր­կար տա­րինե­րու ընդհա­տու­մէ ետք, երբ առա­ջին ան­գամ առի­թը գո­յացաւ ընտրու­թեան մի­ջոցաւ մեր կամ­քը դրսե­ւորե­լու, ընտրե­լու իրա­ւունք ու­նե­ցող­նե­րու միայն 20 տո­կոսն է որ ար­ժե­ւորեց այդ իրա­ւունքը։ Այս պա­հուն հա­ւանա­կան բո­լոր բա­րեփո­խումնե­րու դի­մաց թե­րահա­ւատ գտնո­ւող­նե­րը ուղղա­կի պա­տաս­խա­նատու են տի­րող սնան­կա­ցու­մէն։

Եթէ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րը ջա­րամիտ­նե­րու ձեռ­քին խա­ղալիք կը դառ­նան, այդ ըն­թացքը կա­խեալ է մեր ան­տարբե­րու­թե­նէն։ Այդ ան­տարբե­րու­թեան վստա­հելով է որ Սուրբ Հռիփ­սի­մեանց Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թիւնը կը հա­մար­ձա­կի ընտրու­թիւնը քօ­ղար­կել եւ սահ­մա­նափա­կել միայն իր թա­ղի ցու­ցակնե­րով։

Այդ տե­սակի խար­դա­խու­թիւննե­րը առա­ջին ան­գամ չէ որ կը պա­տահին։ Ան­ցեալին ալ հան­դի­պած էինք նման զեղ­ծա­րարու­թիւննե­րու, որոնց հե­տեւան­քով յան­կարծա­կիի եկած էր ամ­բողջ հա­մայնք մը, լսե­լով որ Պա­լատի Սուրբ Հրեշ­տա­կապետ Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ընտրու­թիւնը կա­տարո­ւած է ան­ցեալ շա­բաթ օր։ Յա­ջոր­դին ոչ ոք առար­կեց այս կա­տարո­ւածին դէմ եւ ինչպէս կ՚ըսէ նա­խագահ Էր­տո­ղան «Ձիաւո­րը Սկիւ­տար հա­սաւ ար­դէն»։ Այ­սօր ալ պատ­կե­րը տար­բեր չէ, քա­նի որ Պիւ­յիւքտե­րէի թա­ղակա­նու­թիւնը նախ փոր­ձած է ընտրու­թիւն անցկաց­նել եր­կուշաբ­թի օրով ու երբ այդ ծու­ղա­կը խան­գա­րուած է, այս ան­գամ ալ կը փոր­ձէ ընտրու­թիւնը միայն ու միայն իր եկե­ղեց­ւոյ մէջ ընե­լով ար­գելք ըլ­լալ հա­սարա­կու­թեան մաս­նակցու­թեան։ Ու­րեմն այս բո­լորի հան­դէպ անհրա­ժեշտ է ժո­ղովուրդի հսկո­ղու­թիւնը։

pakrates@yahoo.com