ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Պերճ

Ե՞րբ պեր­ճա­ցաւ մեր մայ­րե­նին։ Հա­յը ե՞րբ գնա­հատեց, թէ իր լեռ­նաշխար­հի գա­գաթ­ներն են պեր­ճա­գեղ, դաշ­տե­րը պեր­ճա­զարդ եւ գե­տերը պեր­ճահնչիւն։ Պեր­ճա­տեսիլ այս երկրի բնա­կիչ­նե՞րն, հա­պա… Հա­յը ու­նե­ցաւ պեր­ճա­բար­բառ րա­բու­նա­պետ­ներ, պեր­ճապսակ իշ­խաններ եւ պեր­ճա­քայլ հար­սեր։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ հայ­րե­նիքը կը փոր­ձէ իր նախ­կին պեր­ճանքին տի­րանալ, երբ պեր­ճա­հոս գրիչ­ներ կը պատ­մեն մեր ազ­գի նոր պատ­մութիւննե­րը պեր­ճա­կան՝ ու հա­յոց ոս­կեղնի­կը կը պեր­ճա­նայ պեր­ճա­փայլ նոր միտ­քե­րու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով, որո­շեցի լոյս բռնել «պերճ» բա­ռի պատ­մութեան վրայ։ Կար­ծես կա­խար­դո­ւած՝ այ­ցե­լեցի մեր ըն­տիր գրա­կանու­թիւնը։ Քննար­կե­ցի նաեւ Պեր­ճե­րու եւ Պեր­ճուհի­ներու պատ­կա­նող ծննդեան քա­նի մը փաս­տա­թուղթ։ Ի՜նչ շքե­ղու­թիւն էր ան… Արե­ւել­քէն արեւ­մուտք, ի՜նչ «պերճ» փայ­լա­տակումներ։ Կար­ծես վա­յելուչ քեր­թո­ւած էր անոր պատ­մութիւ­նը հին մա­տեան­նե­րու ու նոր գիր­քե­րու մէջ փռո­ւած…

«Պերճ» բա­ռի ծա­գու­մը յայտնի չէ։ Ի’նչ փոյթ, թէ բնիկ էր, կամ՝ օտա­րամուտ։ Այս միավան­կը յա­ջողե­ցաւ «ե» ձայ­նա­ւորի եւ երեք բա­ղաձայ­նի հա­մերաշ­խութեամբ մեր եր­կի­րը եւ անոր շնչա­ւոր­նե­րը գե­ղեց­կօ­րէն նկա­րագ­րել։ Թէեւ բազ­մա­թիւ էին անոր հո­մանիշ բա­ռերը՝ վսեմ­ներ, ճո­խեր, շքեղ­ներ, շե­ծաշու­քեր, փա­ռահեղ­ներ, փար­թամներ եւ փա­ռաւոր­ներ, սա­կայն ան դա­րէ դար ազ­նի­ւօրէն կա­տարեց իր պաշ­տօ­նը։

«Պերճ» ածա­կանը Ե. դա­րուն երկչոտ քայ­լե­րով մուտք գոր­ծեց հայ­կա­կան գրա­կան լե­զուն։ Աս­տո­ւածա­շունչի մէջ լոկ երեք պատ­կե­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւն տե­սանք անոր հետ զար­դա­րուած. «Ան­թիւ զօրք պեր­ճա­ցեալ», «Քա­ղաք պեր­ճա­ցեալ», «Զօ­րու­թիւն առիւ­ծու, գո­չիւն մա­տակ առիւ­ծու, պեր­ճութիւն վի­շապաց»։ Այդ օրե­րուն Մով­սէս Խո­րենա­ցին մե­զի պար­գե­ւեց «պեր­ճա­գոյն» եւ «պեր­ճա­բան» բա­ռերը։ Մեր պատ­մա­հայ­րը նաեւ ըսաւ. «Հո­սանք ջուրց միաւո­րեալք՝ ʼի ծա­ւալումն գե­տոց պեր­ճա­նային»։ Այ­նուհե­տեւ, ամէն դար մեր մայ­րե­նին պեր­ճա­ցաւ այլ եւ այլ բա­ղադ­րեալ բա­ռերով, որոնք պեր­ճութիւն մը հա­գած էին. «պեր­ճա­սէր», 9-րդ դար, «Բա­բելաց­ւոց թա­գաւո­րու­թիւն, որ ցան­կա­ցողք եւ պեր­ճա­սէրք են», «պեր­ճա­պաճոյճ», 10-րդ դար, «Շի­նեալ եկե­ղեցի պեր­ճա­պաճոյճ [պճ]նե­ղու­թեամբ, եւ նկա­րակերտ յօ­րինուածով», «պեր­ճապսակ», 12-րդ դար, «Պեր­ճապսակ կայսր», «պեր­ճա­կան», 13-րդ դար, «Լու­սապսակ թա­գիւ պեր­ճա­կան»։ Ապա ու­նե­ցանք «Պեր­ճա­պայ­ծառ» մա­կը դի­րը, որ­պէսզի ազ­նո­ւական վեր­նա­խաւի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն կա­րենանք յար­գանքով դի­մել։ 7-րդ դա­րուն պատ­միչ Մով­սէս Կա­ղան­կա­տուե­ցին գրի առաւ եր­կու գե­ղեցիկ պատ­կեր. «Պեր­ճա­զարդ պճնեալ զար­դա­րեաց», «Թա­գաւո­րական ձիոցն թա­գիւ պեր­ճա­ցու­ցեալ»։ 11-րդ դա­րուն Գրի­գիր Նա­րեկա­ցի վա­նակա­նը «Տաղ եկե­ղեց­ւոյ եւ ի տա­ճարն սուրբ» տա­ղի մէջ գրեց. «Հաւ պեր­ճա­բարոյ ցո­փինա­ճեմ սէգ առեալ ի խաղ»։ Նա­րեկա­ցիին կը պար­տինք նաեւ «Պաշ­տե­լի անո­ւամբդ պեր­ճա­ցու­ցեր մաք­րութեամբն պեր­ճա­նային» եւ «Պսակ պեր­ճութեան» ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։ Նոյն օրե­րուն, Հաղ­պատ-Սա­նահին միաբա­նու­թեան ան­դամ Անա­նիա Սա­նահ­նե­ցին «իշ­խա­նապերճ» ածա­կանը գոր­ծա­ծեց Մով­սէս մար­գա­րէի օձը նկա­րագ­րե­լու հա­մար. «Օձն մով­սե­սի եկուլ զօձսն սնո­տիս, եւ ինքն թա­գաւո­րեաց՝ ճե­մելով իշ­խա­նապերճ»։ 1461 թո­ւակա­նին Վա­նայ ծո­վու Ար­ճէշ քա­ղաքի մէջ, հա­ւանա­բար Մե­ծոբայ վան­քի մէջ, ըն­դօ­րինա­կուած յի­շատա­կարա­նը նկա­րագ­րեց հայ­րա­պետի այ­ցե­լու­թիւնը Վան։ Ըստ գրու­թեան այս օր բո­լոր բնա­կիչ­նե­րը կ՚ըն­թա­նային «խունկօք եւ մո­մեղի­նօք», հա­սան Տոսպ գա­ւառ, ապա հայ­րա­պետը «բա­զում եպիս­կո­պոսօք եւ վար­դա­պետօք, քա­հանա­յիւք եւ բազ­մամբոխ ժո­ղովրդօք, ձիօք եւ ձիաւո­րօք […] եւ այնպէս պերճ ու փա­ռաւոր եմուտ (մտաւ) ի քա­ղաքն Վա»։

«Պերճ» բա­ռը աւե­լի պեր­ճա­ցաւ, երբ նո­րանոր ածա­կան­ներ ճո­խացու­ցին անոր բա­ռապա­շարը։ Ահա քա­նի մը գործնա­կան օրի­նակ. Հա­յը «պեր­ճա­գեղ» պատ­մուճան­ներ հա­գաւ, «պեր­ճա­սիւն» դղեակ­ներ կա­ռու­ցեց, «պեր­ճա­խօս» քա­րոզ­ներ յօ­րինեց, «պեր­ճա­ձայն» դպիր­ներ ունկնդրեց ու շի­նեց «պեր­ճա­րուեստ» Անի մը։ Հա­յը նկա­տեց նաեւ, թէ կան ան­ցանկա­լի կի­ներ ու զա­նոնք նկա­րագ­րե­լու հա­մար գոր­ծա­ծեց «պեր­ճա­ղիճ» եւ «պեր­ճա­մոլ» ածա­կան­նե­րը։

1837։ «Պերճ» բա­ռը մար­դա­ցաւ։ Աշ­տա­րակի մէջ ծնաւ հայ գրող Պերճ Պռո­շեանը։

Նոր ժա­մանակ­նե­րուն «պերճ» ածա­կանը նոր ար­տա­յայ­տութիւննե­րով օժ­տուեցաւ։ 1858 թո­ւակա­նին Յով­հան Վա­նան­դե­ցի Միր­զա­յեանը «Կե­րակուր քա­հանա­յից» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ գրեց. «Աս­տուածան­ման կա­տարօ­ծու­թեամբ պեր­ճա­զարդ հան­դի­սանալ»։ 1870ին Ա. Կ. Պէյ­լէ­րեանը «Գեղջկա­կան հար­սա­նիք ի Հա­յաս­տան» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ նկա­րագ­րեց դա­լար դաշ­տե­րու վրայ սէր փո­խադ­րող գար­նան հո­վերը. «Լան­ջուռոյց պեր­ճա­պարա­նոց գո­ռոզ կոյ­սին մը նման կը նա­զին»։

1889։ Էտիր­նէ քա­ղաքի մէջ ծնաւ հա­սարա­կական գոր­ծիչ, ման­կա­վարժ, գրող, որ­բա­հաւաք, Փա­րիզի մէջ Նան­սէ­նեան գրա­սենեակի ղե­կավար, նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի դպրո­ցական-կրթա­կան հա­մալի­րի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Պեր­ճուհի Պար­տիզպա­նեան-Բար­սե­ղեանը։

1901։ Թիֆ­լի­սի մէջ ծնաւ դե­րասա­նու­հի Պեր­ճուհի Անդրա­նիկը։

20-րդ դա­րի առա­ջին մէ­կու­կէս տաս­նա­մեակը պերճ էր հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան հա­մար։ 1903 թո­ւակա­նին Հան­րա­գիտակ թեր­թի ըն­թերցող­նե­րը Գ. Շա­հինեանի ստո­րագ­րութեան տակ ըն­թերցե­ցին օրի­րոդ «Ռ. Գ.»ին ձօ­նուած քեր­թո­ւած մը. «Տո­ղեր կ՚ու­զէք որ գրեմ ալ­պո­միդ մէջ, օրիորդ… Շա­տեր ծա­ղիկ կամ բա­ռեր դրած են հոն պեր­ճա­զարդ, / Չու­նիմ սա­կայն ես ծա­ղիկ, եւ ոչ շին­ծու ցուրտ մի վարդ»։ Այ­նուհե­տեւ գրա­կան հա­տոր­նե­րու մէջ առա­տօրէն յայտնո­ւեցաւ «պերճ» բա­ռը։ Ահա բու­րումնա­ւէտ փունջ մը. «Պար­տէ­զիդ մէջ իցի՜ւ թէ վարդ մ՚ըլ­լամ ես, / Եւ երբ դու գաս առա­ւօտուն ժպտով պերճ», Պետ­րոս Դու­րեան, «Վար­սա­դիտակ ծա­ռերուն տակ կը կղկա­թիմ լոյ­սին հա­մար. / Արե­ւին պերճ լոյ­սին հա­մար», Մի­սաք Մե­ծարենց, «Քաղ­դէական գի­շեր­նե­րու պերճ երկնա­կամա­րը, որ Տիգ­րի­սի խա­ղաց­քին մէջ կը հո­սի», Ինտրա։ Սիաման­թօն «Առ դի­ցու­հին Անա­հիտ» նա­ւասար­դեան աղօթ­քի մէջ ըսաւ. «Ո՜վ Դի­ցու­հի, ես մեղ­կութեան կրօն­նե­րէն ահա իմ խիղճս լո­ւացի / Ու պեր­ճօ­րէն դե­պի զՔեզ կը քա­լեմ»։ Բա­նաս­տեղծի պերճ գրի­չը յօ­րիներ էր նաեւ եր­կու ըն­տիր տո­ղիկ. «Քու բա­ժակիդ գի­նիէն դեռ գի­նո՜վ եմ… / Ու բա­ցակայ պերճ հա­սակէդ սգա­ւոր. Հար­սին երա­զը», «Սու­րա, սի­րելիս, պեր­ճօ­րէն, զո­ւար­թօ­րէն, կտրի­ճօրէն սու­րա»։ Տիգ­րան Չէօքիւ­րեանի հա­մար վար­դա­պետու­թիւնը «Սեւ պեր­ճանք» էր։ Խրի­մեան հայ­րի­կի հա­մար մար­դու բա­րի ծրա­գիր­նե­րուն խա­փան­ներն էին «սան­ձա­կոտոր ազա­տու­թիւնը, անա­ռակ կեան­քը, չքա­ւորու­թիւնը, ստրկու­թիւնը եւ զեղ­խութեան պեր­ճանքը»։ Բիւ­զանդ Թո­փալեանը հայ­րե­նի արե­ւուն նա­յեցաւ ու հիացաւ. «Արե­ւը բո՛ց ու օրհնու­թիւնն է ահա / Ու տա­րածուող հա­լած ոս­կի պեր­ճի­մաստ»։ Մու­շեղ Իշ­խա­նը «հա­յու տուն» հա­յերէ­նի գով­քը հիւ­սեց. «Քա­նի՜ դա­րեր եւ քա­նի՜ ճար­տա­րապետ հան­ճարներ / Աշ­խա­տեցան անոր տալ վե­հու­թիւն, գեղ ու պեր­ճանք»։ 1906 թո­ւակա­նին Գա­հիրէի մէջ «Շի­րակ» թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը Վե­նետի­կէն ու­ղարկուած պա­հարան մը ստա­ցաւ։ Խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամնե­րը (Ա. Ար­փիարեան, Վ. Թէ­քէեան, Դ. Վա­րու­ժան, Մ. Կիւրճեան) գրե­ցին. «Վե­նետի­կի Մխի­թարեանց տպա­րանէն ելած 1906-ի Գե­ղու­նին ստա­ցանք.։ … Պրա­կը կը բա­ցուի […] քա­ղաքա­կան տե­սու­թեամբ մը, զոր խմբա­գիրը Հ. Սի­մոն Եփ­րեմ գրած է։ Լրջա­խոհ դա­տողու­թիւննե­րովը ու­շագրաւ ու պեր­ճա­լեզու հա­յերէ­նովը հա­ճոյա­բեր պատ­մա­կան յօ­դուած մը…»։

Հայ ըն­թերցողն վա­յելե­ցաւ նաեւ արե­ւել­քի պեր­ճանքը։ Ալեք­սանդր Շիր­ւանզա­տէն իմաս­տա­սիրեց. «Կայ լռու­թիւն, որ բա­ռերից պեր­ճա­խօս է», Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը ող­բաց իր ար­ցունքո­տուած սրտի հա­մար. «Պերճ պա­լատ­ներս ցնդե­ցին օդում», Աւե­տիք Իսա­հակեանը քնքոյշ խօս­քեր հիւ­սեց. «Արա­գածը իրար վրայ իր պերճ գոր­գերն է փռել… Քո պերճ վար­դե­րով դու պսա­կիր ինձ», Նա­յիրի Զա­րեանը փա­ռաբա­նեց մայ­րե­նի լե­զուն. «Հա­յոց բար­բառն է պերճ»։

1938։ Աղեք­սանդրիոյ մէջ ծնաւ ար­ձա­կագիր, թա­տերա­գիր, հրա­պարա­կախօս եւ թարգմա­նիչ Պերճ Զէյ­թունցեանը։

Հա­յաս­տա­նի մէջ, հե­տաքրքրա­կան երե­ւոյթ, «պերճ» բառ-ըն­տա­նիքի ամե­նասի­րելի ան­դամն է «պեր­ճա­շու­ք» ածա­կանը։ Փա՞ստն անոր. հայ­րե­նի մա­մու­լը։ Ահա երեք ու­շագրաւ խո­րագիր. «Պեր­ճա­շուք էլի­տար հայ­կա­կան հար­սա­նիք Մոսկվա­յում», «Եկէք Սուրբ Ծնունդը չվե­րածենք պեր­ճա­շուք իրա­դար­ձութեան. Հռո­մի պապ», «Պեր­ճա­շուք հան­գիստ Ծաղ­կա­ձորում 50% զեղ­չով»։

Այ­սօր, հայ­րե­նիքը կը փորձ» իր նախ­կին պեր­ճանքին տի­րանալ։ Անի քա­ղաքա­մօր տեղ Երե­ւանը կը փայլփլի որ­պէս նոր պեր­ճանք։ Պա­րոյր Սե­ւակը, նա­յելով այդ գե­ղեց­կութեան, մտա­ծեց, թէ դիւ­րին չէ խօ­սիլ Երե­ւանի մա­սին, նոյ­նիսկ պեր­ճա­խօս բա­նաս­տեղծի հա­մար. «Կոր­չում է ասես հա­յերէ­նը քո ճոխ», ապա՝ «… Մի «չքնաղ» է մնում. / Մի «հո­յակապ», մի «պերճ»։ Պա­րոյր Սե­ւակը ըսած էր նաեւ, թէ «Ինչքան աղ­քատ է միտքն ու զգա­ցու­մը, նոյնքան պերճ ու սի­րուն են դառ­նում բա­ռերը»։

Այժմ, յար­գե­լի ըն­թերցող, մենք եր­գի վե­րածո­ւած խօս­քե­րու մէջ հայ­րե­նադարձ Յով­հաննէս Ղու­կա­սեանի աչ­քե­րով դի­տենք Երե­ւանը՝ չքնա­ղակերտ մեր նոր Անին.

Իմ երկրի վրայ շո­ղում է

Սա­րը Արա­րատ,

Եւ խա­ղողը, մեր ժպտում է

Քաղցր ոս­կե­հատ։

Փայլփլում է մեր Սե­ւանը,

Լոյս տա­լիս ան­վերջ,

Ու ծաղ­կում է Երե­ւանը,

Իմ քա­ղաքը պերճ։

Թնդա՚, զո­ւարթ, իմ երգ վարար…