Թուրքիոյ մէջ անարդարութեան խորհրդանշական անուններէն մէկն է Օսման Քաւալա։ Ան վերջերս բանտարկութեան հինգերորդ տարին լրացնելով, նամակով մը դիմեց հասարակութեան։ Սրտցաւ նամակ մըն է ան, ուր Օսման Քաւալան կ՚ըսէ թէ բանտարկոած Սիլիվրիի արգելանոցէն կը տեսնէ թէ անարդարութեան զոհը դառնալու խնդրին մէջ ինք միակը չէ։
Ճիշդ է Քաւալայի այդ հաստատումը։ Թուրքիոյ օրինական համակարգը ամբողջովին ենթակայ դարձած է իշխող կառավարութեան։ Դատարանները այդ գիտակցութեամբ է որ վճիռներ կ՚արձակեն։ Փաստացի տուեալներու բացակայութեան կը վճռեն ամենածանր պատիժները եւ կ՚ընեն ընդհակառակը բացայայտ յանցագործութիւններու դիմաց։ Մարդասպաններու համար կը հնարեն արդարացման կամ պատժի զեղչման ծառայող զանազան պատրուակներ եւ եթէ պէտք է այդ պատրուակներով պարգեւի նման պատիժներ կը վճռեն։ Իսկ անդին, եթէ այդպէսը աւելի նպաստաւոր է իշխանութեան համար, չեն վարանիր նոյնիսկ յանցանքներ ստեղծելէ։ Այդ ճամբուն դիմելու լաւագոյն միջոցն է զրպարտութիւնը։
Ինքնութիւնը գաղտնի պահուած իբրեւ թէ ականատեսի մը վկայութեամբ կրնան ծանր մեղադրանքներ բեռցնել քաղաքական գործիչներու դէմ։ Այդպիսի օրինակ մըն է Տիյարպեքիրի ընտրուած քաղաքապետ բժիշկ Սելչուք Մըզրաքլը։
Մըզրաքլը բանտարկուած է իր պաշտօնավարած հիւանդանոցին մէջ ահաբեկիչ մը դարմանած ըլլալու մեղադրանքով։ Համաշխարհային իրաւագիտութեան առումով անընդունելի երեւոյթ մըն է բժիշկի մը հիւանդ մը կամ վիրաւոր մը դարմանելու պատճառաւ պատժի ենթարկուիլը։ Մըզրաքլը ի զուր փորձեց ինքզինք պաշտպանել Հիփոքրաթեան երդումը յիշեցնելով։ Համաշխարհային ընդունելութիւն գտած այդ երդման համաձայն բժիշկը երբեք նկատի չ՚ունենար իր դարմանածին ինքնութիւնը։
Սակայն Թուրքիոյ մէջ տիրող հասկացողութիւնը հասած է այնպիսի կէտի մը, ուր կը յանդգնի մերժել համաշխարհային սկզբունքները եւ կը փորձէ փոխել Հիփոքրաթեան երդման պատճէնը, անոր փոխանակ որդեգրելով ազգային տարբերակ մը։ Հասած ենք այնպիսի հանգրուանի մը, ուր անիմաստ է այլեւս այս տեսակի ընդվզումները։
Ներկայ պահուն յոյսերը պիտի կապենք յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Եթէ թուականը անփոփոխ մնայ եօթը ամիս ետք մեծ հաւանականութեամբ իշխանափոխութիւն մը պիտի կատարուի։ Բայց որքանո՞վ իրաւացի է այդ իշխանափոխութենէն մեծ յոյսեր ակնկալել։
Դիտելով այսօրուայ ընդդիմութեան ընդհանուր պատկերը, վախնանք որ իշխանափոխութիւնը հասկացողութիւններու մեծ փոփոխութիւն մը չի խոստանար։
Արդարեւ իշխանութեան գլխաւոր մրցակիցը համարուող վեցեակի հինգ կուսակցութիւնները կը հետեւին աջակողմեան քաղաքականութեան։ Այդ հինգ կուսակցութիւններէն մէկուն նախագահը նախապէս կ՚անդամակցէր գորշ գայլերու Ազգային Շարժում Կուսակցութեան։ Երկու նախագահներ նախապէս կը գործակցէին նախագահ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան։ Իսկ հինգերորդը, այն կրօնամոլ հոսանքի ժառանգութիւնն է, որուն մէջ աճած էր Հանրապետութեան ներկայ նախագահը։ Վեցերորդը՝ որ կը գլխաւորէ այս վեցեակը Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահն է, որ կը բնութագրէ Թուրքիոյ հիմնադրութեան տարիներու պետական քաղաքականութիւնը։
Անոնց վերագրելու արժանի միակ յոյսն է մենատիրութիւն ծնած նախագահական համակարգէն դէպի խորհրդարանական վերադառնալու խոստումը։
Ցաւալի է տեսնել թէ այդ դոյզն իսկ յոյսը մեծ նշանակութիւն ունեցած է 90 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը համար։
pakrates@yahoo.com