Ժամանակն եկած է, որ ես այլեւս մտածեմ վաղուան մասին։ Յօդուածաշարիս մէջ մինչեւ այսօր յիշած եմ 500-է աւելի բառի անցեալը, առանց մտածելու «վաղը»ն։ Ի՞նչ է «վաղը»։ Հայկազնեան բառարանը ունի լուսաւոր բացատրութիւն. «Օրն լուսանալի զկնի այսր աւուր. վաղորդայն. յաջորդ առաւօտ. այգն կամ լուսանալն նորա. վաղուան՝ եգուց օրը, առտուն»։ Վաղըն նաեւ մեր նոր կեանքի առաջին օրն է, սկիզբ, նախաձեռնութիւն, բարի առիթ, կամ՝ հրաժեշտի խօսք։ Այժմ, յարգելի ընթերցող, երբ մեղմիւ իր աւարտին կը հասնի այս օրը, գրասեղանիս առջեւ մտամփոփուած կը փափաքիմ յետահայեացք ակնարկ մը տալ «վաղուան» պատմութեան, այո՝ այսօ՚ր, քանի որ հին իմաստութիւնը կ’ըսէ. «Այսօրուան գործը վաղուան մի՚ ձգեր», աւելին՝ չենք գիտեր, թէ վաղը ի՚նչ բան կը ծնի մեզի համար- բարի առի՞թ, թէ՝ հրաժեշտ։
«Վաղը» բառը ոսկեդարուն գրական հայերէնի բեմը բարձրացաւ անծանօթ կերպարանքով մը՝ «վաղիւ»։ Հայկական հին մատենագրութեան էջերու մէջ, ուստի, մի՚ փնտռէք «վաղը» բառը։ Դուք հոն կը գտնէք այլ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Վաղիւ եղիցին», «Վաղիւն յայսմ ժամու», «Առ վաղիւ», «ի վաղիւն», «Զայսօրն ինձ, եւ զվաղիւն աստուծոյ»։ Յիշենք նաեւ թէ գրաբարախօս մեր նախնիներու համար վաղուան յաջորդող օրն էր՝ «ի միւս վաղիւն»։
5-րդ դարու բարեպաշտ հայը Աստուածաշունչի մէջ կարդաց երկու իմաստուն խօսք. «Մի՛ այսուհետեւ հոգայցէք վասն վաղուի. զի վաղիւն վասն իւր հոգասցի» (Վաղուան համար մի’ մտահոգուիք, որովհետեւ վաղուան օրը իրեն համար պիտի հոգայ», եւ «Մի՛ պարծիր առ վաղիւն, զի ոչ գիտես զի՚նչ ծնանիցի քեզ վաղիւն»։
«Վաղը»ն ունի նաեւ երկուորեակ մը, «էգուց», եւ ան պիտի մնար միջնադարեան տաղերու մէջ կիսամեռ, եթէ Եղիշէ Չարենց զայն 30-ական թուականներուն ֆայտոն նստած ու քիչ մը հարբած՝ գործածած չըլլար սիրոյ նուիրուած կազէլի մը մէջ. «Կ՚ուզեմ հիմի փչէ զուռնեն - հարբած ըլիմ մինչեւ էգուց. / Ամէն մարդու ընկեր ըլիմ -ու բաց ըլիմ մինչեւ էգուց… Ու լաց ըլիմ մինչեւ էգուց… Ու հա՚ց ըլիմ մինչեւ էգուց»։ Այս բառը, գրական հայերէնի մէջ դարձեալ յարութիւն առաւ այն օրը, երբ որպէս գործարանի տնօրէնէ դժգոհ աշխատաւորներու խօսք՝ հայկական մամուլի մէջ լուր դարձաւ. «Ամէն օր էսօր-էգուց է անում, թէ կը վճարի մեր քրտինքով աշխատած գումարները, բայց էդպէս էլ չի տալիս»։ Զարմանալի է, որ հայը աշխատասէր ժողովուրդի համբաւ ունի, ունի նաեւ գործը ձգձգելու նուիրուած երկու դարձուածք. «Այսօր-վաղը» եւ «Հա՛ այսօր, հա՛ վաղը»։
«Վաղն»ն իր մէջ կը պարունակէ խոր ու խորհրդաւոր իմաստութիւն։ Նարեկացիներ, Ֆրիկներ, Վարուժաններ, Ինտրաներ, ինչպէս նաեւ Արցախի պետական քայլերգի հեղինակ Վարդան Յակոբեանը նկատեցին զայն ու ստեղծեցին վաղուան ընթերցողին հասցէին ուղղուած իմաստուն տողեր։ Գրիգոր Նարեկացին չուզեց որ մարդ արարածը ըլլայ «Այսօր՝ մաքուր հոգեկիր, եւ վաղիւ՝ մոլի խելագար»։ Ֆրիկի հոգին մահուան առջեւ սարսափած՝ մարմինին ըսաւ. «Է՜յ տխմար, ողորմ ու լալի, / Վաղըն դատաստան լինի՝ / Զիս առնէ որդի գեհենի»։Քոթան Խլաթեցի տաղասացը իր կեանքի հաշուեյարդարը կատարեց ու տրտմեցաւ. «Վաղըն դժոխքն է ինձ ի դէպ, որ եմ լցեալ մեղօք անդէպ»։ Սայաթ-Նովան շշնջաց. «Չունիմ վաղուան քաղցր փառքս, հիմի դարըն շատացիլ է։ Էսպէս Արութինի ասած, ապրիլի սկզբին, քրոնիկոնի 447-ին (1759)»։ Քոսայ Երէցը մեզի յիշեցուց, թէ կարճատեւ է կեանքը ու պէտք է շուտ վայելել անոր բարիքները. «Սիրուն եարն ելեր է սէյրան, / Դարձի, թէզ արի, թէզ արի, / Այսօր հուր եմ, վաղը կ’երթամ, / Խիստ մի՛ պէզարի, պէզարի»։
Ժամանակակից գրողի համար «վաղը» բառի հնչիւններու մէջ ամփոփուեցան սիրոյ եւ իմաստութեան խօսքեր։ Ռուբէն Սեւակը քերթուած մը նուիրեց անոր. «—Վա՜ղը…— ըսիր ինձ տրտմաբար / Ա՜խ այդ մէկ վանկը անհնար, / Յաւիտեաններ կը խոստանար. / Շրթունքիդ այդ խաղը՝ «Վա՜ղը…»։ Վաղըն շատ ուշ էր Միսաք Մեծարենցի համար. «Եկո՜ւր. վաղը դուն գուցէ՜ թարշամիս, / Եւ գուցէ տենդով մը մեռնի հոգիս, / Մի՛ խամրեցներ յոյզը պաշտումիս»։ Վաղըն ուշ էր նաեւ պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի համար. «Վաղը շատ ուշ է - ով իմ սիրական - / Վաղը դագաղն է ամէն այսօրուան»։
«Վաղը» բառը հացի բոյր ունէր Դանիէլ Վարուժանի համար. «Հունտն այսօրուան՝ վաղը հունձ է»։ Վաղուան հացը, ազգի ապագան, ըստ Վարուժանի, կախեալ էր մշակի քրտինքէն. «Մշա՛կ, ցանէ՜. յանուն Տիրոջ նշխարին… / Վաղը ամէն մէկ հասկի մէջ կաթնային / Պիտ՛ հասուննայ մաս մ՛Յիսուսի մարմինէն»։ Իսկ հայրենի ամբարները վաղուան գանձն էին. «Անոնք իրենց ծոցին մէջ գանձերն հողին ծրարած՝ / Կարծես լռիկ կը հեգնեն ձմեռն ու սովը վաղուան»։ Վարուժանի համար վաղըն փայլուն էր, ժիր ու պտղաբեր. «Վաղն հողը դուրս պիտ՛ պոռթկայ / Արեւուն տակ հասկեր առլի, կեանք մը նոր, / Վաղն այս բարի արիւնէն վեր պիտ՛ ելլեն / Խառնուելով ցորենին / Նոր Սերունդի կարմիր կարմիր կակաչներ»։ Սիամանթօն իր քերթուածներու մէջ գրի առաւ երկու գրական պատկեր. «Կաթը վաղուան վրէժին…, Լոյսի կաթիլ մը՝ վաղուան»։ Ժագ Սայապալեանի համար յաջորդ քսանչորս ժամը դարձաւ յաւիտենականութիւն. «Ալ սիրտս հանգիստ էր։ Լայն շունչ մը առի, կարծես թէ վաղը չկար ալ, կարծես թէ այդ օրը յաւիտեան պիտի տեւէր»։
Հայկական գրականութեան մէջ «վաղը» բառը շինեց հրաժեշտի ամենագեղեցիկ եւ յուզիչ խօսքերը. «Վաղը սայլակ մը առնէ պիտի տանի զիս նորէն… Վաղն առտու՝ ո՜չ իսկ տեսնեմ պիտի քեզի…։ Մնա՛ս բարո՛վ…», Ինտրա, «Վերջին յուզումը քայքայեց զիս… Վաղը կը մեկնիմ ես վանքէն», Տիգրան Չէօքիւրեան, «Վաղը հայոց գերեզմանատունը պիտի երթամ եւ անկէց ետքը պիտի հեռանամ», Զապէլ Եսայեան։
Վաղը բառը դուք, յարգելի ընթերցող, չկարծէք թէ 24 ժամ կը տեւէ, կամ 12՝ արշալոյսէն մինչեւ մայրամուտ։ «վաղը» բառը, մի զարմանաք, մօտալուտ օրերն են անորոշ ու անհաստատ։ Լեւոն Քիրիշճեանը երբ 1908 թուականին կը վերլուծէր Օսմանեան խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքը, կը մտահոգուէր ազգի ապագայի մասին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղուան Սահմանադրական Թիւրքիան, թէ ի՛նչ նոր պայքարներու ասպարէզ պիտի բացուի մեր առջեւ, որպէսզի կարենայինք [...] պահել մեր ազգային վարչական հաստատութիւնները, մեր դարաւոր աւանդութիւնները, լեզուն, պատմութիւնը, հայկական բարքերն ու կենցաղը»։ Խաչատուր Մալումեանը (Է. Ակնունի)
«Բողոքի ձայն» յօդուածի մէջ լաւատեսութեամբ նկարագրեց Յուլիս 1908 թուականը. «Հնչում է երգը Ազատութեան [...] պարլամենտը (խորհրդարան) բաց, խօսքը ազատ, ոճրագործը բանտի մէջ, ու այդ բոլորի կողքին՝ յոյսեր եւ աշխատանք վաղուան վերածնութեան անունով»։ Ապագայի նկատմամբ վառ յոյսեր կը տածէր նաեւ Եղիշէ Չարենցը. «Եւ վաղուայ անմար հաւատով լցուած՝ / Երգում է քնարն իմ պղնձաձոյլ»։ Ղարսի զաւակ բանաստղծը կասկած չունէր, թէ այսօր չէ վաղը ինքը կ՚ունենայ իր յաջորդը. «Էլի գարուն կու գայ, կը բացուի վարդը, / Ուրիշ աշուղ կ՚ասէ աշխարհի խաղը, / Ինչ որ ե՚ս չեմ ասէ - նա՚ կ’ասէ վաղը»։ Պոլսահայ գրող, մանկավարժ, բանաստեղծ, հրապարակախօս, տնտեսագէտ եւ թարգմանիչ, Պէրպէրեան վարժարանի հիմնադիր Ռեթէոս Պէրպէրեանը համոզուած էր, թէ Պոլիսը, իր «թոյրէ ու բոյրէ զուրկ քմահաճ» բարբառով արժանի չէր հայկական նոր գրականութիւնը առաջնորդելու, այլ՝ հայկական գաւառը. «Վաղուան գրականութիւնը գաւառացւոյնը պիտի ըլլայ ու պէտք է որ ըլլայ»։ Սուրէն Պարթեւեանը, որ յաճախած էր Պէրպէրեանի վարժարանը, 1898 թուականին Անգլիոյ Մէնչէսթըր քաղաքի մէջ հիմնեց գրական հանդէս ու զայն անուանեց՝ «Վաղուան ձայն»։ Հադրութի Արփագետիկ գիւղի մէջ ծնած, Պաքուի մանկավարժական համալսարանը աւարտած բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանը, որ Արցախի Հանրապետութեան պետական քայլերգի հեղինակն է, անցեալի կարօտով ու ապագայի գիտակից գրիչով խօսեցաւ. «Ես հեռանում եմ, որ վերադառնամ - / Վաղը անպայման հանդիպելու ենք… Անտեսանելին տեսնելու համար / Այսօրուան նայէք վաղուայ աչքերով»։
Այժմ Երեւանի մէջ ի՞նչ իմաստ ունի վաղըն։ Գաղափար կազմելու համար կարդացէք թերթերը նոր ու հին. «Վաղը մի շարք հասցէներում ժամանակաւորապէս լոյս չի լինի», «Վաղը Երեւանի մի շարք փողոցներ փակ են լինելու», «Հայաստանում այսօր եւ վաղը սուգ է»։ Ապա կու գան վերնագիրներ, որոնք կը յիշեցնեն, թէ հայրենիքի վաղըն կը ծագի այլ հորիզոններու վրայ. «Վաղը Սոչիում տեղի կ’ունենայ…», «Վաղը ՀԱՊԿ երկրների ղեկավարները կը քննարկեն Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու համատեղ ջանքերը», «Աստանայում վաղը կը հանդիպեն…»։ Իսկ Արցա՞խը. «Վաղը կը դիտուի ամպամածութիւն, ժամանակ առ ժամանակ սպասւում է անձրեւ եւ ամպրոպ»։ (Արցախի հանրային ռադիօ)
Ի՜նչ սակաւաթիւ են «վաղուան» նուիրուած մեր երգերը։ Ընտիր (բառացիօրէն եզակի) նմոյշ է Յովհաննէս Շիրազի «Սիամանթօ եւ Խջեզարէ» ստեղծագործութեան խօսքերով հիւսուած, թէեւ շատ տխուր, երգը «Ուր ես իմ սէր հասիր ես գալ չեմ կարող, / Հարս կը տանեն լցուել եմ լալ չեմ կարող, / Էլ վաղուանից անունդ տալ չեմ կարող»։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ ամբողջ ազգը խոր յուզումով վաղուան արեւը կը սպասէ, որպէս հրաժեշտի խօսք՝ որոշեցի երիտասարդ երգչուհի Կիսա Դաւթեանի յոյս ներշնչող երգը մէջբերել ու բոլորիդ մաղթել, որ ձեր վաղըն ըլլայ լուսաւոր. «Ապրիր դու, էսօրով ու մի՛ մտածիր դու, վաղը չես լինում, ի՛նչ գիտես, ե՛րբ է գալու, վաղը ե՞րբ ա գալու…»։